Ակնարկ. Քրտական Գործօնին Ուղղութեամբ Երեւցող Թուրք-Ամերիկեան Հակասութիւնը

Տարածաշրջանին մէջ քրտական գործօնի ազդեցիկութեան աստիճանաչափը կը բարձրանայ: Ուաշինկթընի որոշումը` ՏԱՀԵՇ-ը արմատախիլ ընելու համար քիւրտերը զինելը նախապայմանական նկատելու շեշտումով, կարելի է նոր շրջափուլի կարեւոր սկիզբ նկատել:

Պարզ է, որ մինչեւ այս յայտարարութիւնը Ուաշինկթըն կը շարունակէր օժանդակել քիւրտերուն, յաճախ ոչ բացայայտ, իսկ երբ անհրաժեշտ ըլլար Անգարային ուղերձ փոխանցել` ուղղակի. յամենայն դէպս քրտական գործօնը էր եւ կը շարունակէ մնալ խաղաթղթային շահարկման ազդակ` տարածաշրջանին մէջ իրավիճակ ստեղծելու կամ որոշակի փոփոխութիւն բերելու գործընթացներուն:

Առայժմ ուղղակի կը յայտարարուի, որ քիւրտերը կարեւորագոյն ազդակ են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին. ուրեմն քիւրտերը զինելը անհրաժեշտ աքթ է, որուն նպատակն ալ ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացումն է: Քիւրտերու զինումը սակայն ուղղուած չէ միայն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ. ահա այստեղ ՏԱՀԵՇ-ն ու Անգարան նոյն ճակատի վրայ կը դիտարկուին եւ կը տեղադրուին:

Նման դիրքորոշումի մեկնաբանութիւնը այն է, որ Անգարան կը դիտուի իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ին սատարող, անոր աջակցող, զայն ֆինանսաւորող եւ իր տարածքներուն վրայ տեղակայման միջավայր տրամադրող ու իր սահմաններէն անարգել եռուզեռ ապահովող պետական միաւոր:

Անգարայի սկսած խաղը կը շրջուի. Անգարան, որ ահաբեկչութիւն յղացքի հաւասարազօր բաղադրիչ կը նկատէր թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ խումբերը եւ թէ՛ քրտական զինեալ ուժերը, այս յայտարարութեամբ եւ դիրքորոշումով խորքին մէջ ինքը կը յայտնուի ՏԱՀԵՇ-ի հետ հաւասարազօր թիրախի դիրքերու մէջ:

Ասիկա նաեւ հակասական պատկերներ կ՛ուրուագծէ միջազգային ընտանիքին հետ լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն եւ Անգարայի առաջադրած ու յանկերգած անվտանգութեան գօտիներուն միջեւ: Չմոռնանք, որ մարդասիրական, ապա անվտանգութեան գօտիներու ստեղծման առաջադրանքը քրտական վտանգի կանխարգիլման միտող զինուորաքաղաքական ծրագիր էր` առաջ մղուած Անգարայի կողմէ: Հիմա արդիւնքը այն է, որ Ուաշինկթըն լարուածութեան մեղմացման գօտի ձեւաւորելու սկզբունքին շուրջ համաձայնելով կը զինէ քիւրտերը:

Էրտողանի արձագանգը չէր ուշացած. ան ըսած էր, որ Միջին Արեւելքի մէջ առանց Թուրքիոյ հետ խորհրդակցելու ոչ ոք կրնայ ձեռնարկել քայլերու, աւելի՛ն` Անգարան շրջանցողները պէտք է սուղ գին վճարեն իրենց քայլերուն համար:

Ակնարկը պարզօրէն կ՛ուղղուի Ուաշինկթընին: Անգարան սուղ գին վճարել տուաւ Եւրոպային` գաղթականներու հարցով ստեղծելով համաեւրոպական մարդասիրական եւ ֆինանսական ճգնաժամային իրավիճակներ. հիմա կը սպառնայ նաեւ Ուաշինկթընին:

Անմիջական հարեւաններու հետ խնդիրները չլուծած, հիմա Էրտողանական Թուրքիան խնդիրներ կը ստեղծէ հեռու հարեւաններու հետ: Հեռու չէ Էրտողանի այցելութիւնը Ուաշինկթըն: Էրտողանէն առաջ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ տեսակցեցաւ Մոսկուայի դիւանագիտութեան պետը եւ յայտարարեց, որ ընդհանուր յայտարարներու հասած են Սուրիոյ տագնապի լուծման պատկերացումներուն մէջ: Առայժմ պարզ չէ, որ Անգարայի հետ մերձեցած Մոսկուան ի՞նչ դեր պիտի ունենայ քրտական գործօնին նկատմամբ Ուաշինկթընի առնելիք քայլերուն ուղղութեամբ: Ասիկա արդէն հզօր ազդակ կը հաղորդէ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի փոփոխութեան գործընթացին նոր շրջափուլ ստեղծելու առումով, եթէ անշուշտ այս հարթութեան վրայ ակնկալուած հակասութիւնները երեւան:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել