ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ծաղկեպսակ Զետեղեց Նահատակ Ռաֆֆի Պչաքճեանի Շիրիմին

Չորեքշաբթի, 8 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Պատկան Մարմինի անդամներու եւ գաղափարակից ընկերներու հետ միասին այցելեց Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ գտնուող հայկական թաղերու պաշտպանութեան հրամանատար, նահատակ Ռաֆֆի Պչաքճեանի շիրիմը:

Տէր Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի աղօթքէն ետք, անոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին եւ խունկ ու մոմ վառեցին հալէպահայ նահատակին շիրիմին առջեւ՝ առ ի յարգանք անոր անմեռ յիշատակին:

Տպել Տպել