Այսօրուան մեր գերխնդիրը սուրիահայութեան օգնութեան փութալն է

Քանատայի տարածքին ցարդ հանգանակուած է 135 հազար տոլար

Հարցազրոյց Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Համադրիչ Մարմինի ատենապետ Ժան Հալլաճեանի հետ


Հարց.- Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով, ներկայացուցէք սուրիահայութեան վիճակը աշխարհաքաղաքական զարգացումներու տեսանկիւնէն դիտուած:

Պատ.- Միջին Արեւելքի մէջ խմորուող քաղաքական եւ զինուորական նոր կացութիւնները եւ իրենց հետ զուգորդուած վտանգաւոր ապահովական մթնոլորտը, ստեղծեցին պայթուցիկ կացութիւն մը, ո՛չ միայն խնդրոյ առարկայ երկիրներուն մէջ, այլ սպառնացին փոթորկել ամբողջ տարծաշրջանի կայունութիւնը, նոյնիսկ վտանգելով ազգերու համակեցութիւնը:

Այս աննախանձելի միջավայրին մէջ յայտնուեցաւ Սուրիան, թատերաբեմ դառնալով մեծապետական ուժերու հաշուեյարդարին:

Սուրիահայութիւնը, կենսունակ մէկ բաղադրիչ մասնիկը հանդիսանալով Սուրիոյ ժողովուրդի խճանկարին, իր բաժինը ստացաւ քայքայիչ եւ կործարար միջազգային ուժերու պարտադրած ռազմական քաղաքականութենէն: Օրըստօրէ թէժացող զինուորական գործողութիւնները, ուղղակի ամլացուցին հայկական գաղութային կարողականութիւնը, չէզոքացնելով այնքա՜ն եռուն միութենական, ազգային, եկեղեցական կեանքը: Աւելին, տիրող անապահով կացութեան պատճառով, ժողովրդային անհանգստութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, ստեղծելով ընկերային, տնտեսական, ապահովական, անհամեմատելի անձուկ կացութիւն, որոնց ամբողջական դարմանը եւ լուծումը, անհասանելի է սուրիահայ գաղութի տեղական ուժերուն, ըլլա՛ն անոնք ազգային բարեգործական, եկեղեցական եւ կամ կուսակցական կառույցներ:

Առաջին օրերու իրավիճակը, անցողակի տագնապի թելադրողականութեամբ՝ պարզեց պատկեր մը, որ կարճ ժամանակի թաւալումով, ստեղծեց արտահերթ կացութիւն, որը շատ արագ վերածուեցաւ աղէտի համազօր վիճակի: Ի տես պարզուած այսօրուան կացութեան, ոչ թէ պերճանքը չ՚ունինք սպասելու կամ ուշանալու, այլ ես աւելին կ՚ըսեմ , թէ պերճանքը չունինք մտածելու ի՛սկ:

Հարց.- Վերջին շրջանին, սուրիայէն արձագանգող գրիչներ կ՚ահազանգեն կացութեան օրհասական ըլլալու մասին: Ի՞նչ կ՚ըսէք այս առնչութեամբ:

Պատ.- Օրըստօրէ, ցասումով լի բանաւոր եւ գրաւոր Սուրիահայ ազգայիներու արտայատութիւններուն վկաները կ՚ըլլանք, որոնք ահազանգի շեփորը կը հնչեցնեն, աղաղակելով, թէ յաջորդ իրենց կանչը՝ կարապի երգը կրնայ ըլլալ այն գաղութին, որուն համար կ՚ըսուէր Մայր գաղութ:
Հակառակ այս ցասկոտ ձայներուն, սուրիահայութիւնը տագնապի բոլոր հանգրուաններուն, կը ցուցաբերէ խոհականութին, ու մինչեւ այսօր հայ հասարակութեան ներկայացաւ ամրակուռ շարքերով, կազմակերպուածութեամբ եւ միասնականութեամբ, բոլորիս համար դառնալով ուսանելի օրինակ մը:
Մենք՝ հասկացողութեամբ կը լսենք ու լայնախոհութիւն կը ցուցաբերենք ցասկոտ նմանօրինակ պոռթկումներու, որոնք դուրս կը ժայթքին՝ ճնշուած առօրեայով, ապահովական մղձաւանջով բեռնաւորուած, մաքառող հայորդիներու կոկորդներէն, որոնք իրենց տարերքով, հոծ զանգուածներու կարիքներուն հասնելու անյետաձգելի խնդիրը ունին: Այդ նուիրեալները, պատնէշի վրայ մաքառելով, իրենց ընձեռնուած սահմանափակ կարելիութիւններով, կ՚ակնկալեն ունենալ ամրակուռ թիկունք: Բոլորանուէր համազգային խանդավառութիւն ստեղծող ճիգերէն անդին՝ անոնք կը սպասեն գործնական քայլեր, որոնք ի զօրու են կանխել ազգային պատուահասի իրավիճակի հասնող այս ծանր կացութիւնը:

Հարց.- Ի՞նչպէս սկիզբ առաւ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Համադրիչ Մարմինի գործունէութիւնը:
Պատ.- Ի գործ դրուած համազգային բոլոր ճիգերը ուղորդուած են թեթեւցնելու Սուրիահայութեան ծանրաբեռնուած կենցաղային առօրեան:Միեւնոյն ատեն պատրանքը չունինք, որ այդ բոլոր ազնիւ ճիգերը կը բաւարարեն ճգնաժամի բոլոր կարիքները:Այդ բոլորանուէր համազգային մասնակցութիւնը կը նմանցնեմ այն խճաքարի դերին, որ փոքրաչափ ըլլալով հանդերձ, կրնայ ծառայել որպէս հաւասարակշռող յենարան մեծածաւալ կուժի կամ կաթսայի կայունութեան:

Ակնյայտ է, որ այս աղէտի առթած բոլոր տեսակի դժուարութիւնները սուրիահայութիւնը առանձին չի կրնար դիմակալել:

Արդարեւ՝ տարօրինակ չէր, որ սուրիահայութեան իրավիճակը դառնար կիզակէտը ողջ հայութեան ու առօրեայ հետաքրքրութեան առարկան բոլոր գաղութներու պատասխանատու մարմիններուն, հայ կրօնական անձնաւորութեանց, հասարակական գործիչներու ու մասնագէտներու:

Իր կարգին՝ Քանատահայութիւնը, ինչպէս վարժ էր միշտ, նմանօրինակ ազգային աղէտներու օրերուն, այս անգամ ե՛ւս բոլորանուէր մասնակցութիւն բերելու դիտաւորութեամբ, սուրիահայութեան տագնապի դժուարութիւնները թեթեւցնելու առաջադրանքով, համախմբուածութեամբ, միահամուռ ճիգերով, կազմեց մարմին մը, «Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Համադրիչ Մարմին» անունին տակ, բաղկացած երեք հայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներէն, ազգային երեք կուսակցութիւններէն (ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ), առաւել ՀՕՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի նրկայացուցիչներէն: Հիմնական նպատակը այս համախմբումին, շուտաթափոյթ ձեւով մարդասիրական եւ նիւթական նպաստներ առաքելն է, Սուրիոյ տարածքին պատերազմական իրավիճակէն ազդուած ու տուժած հայ զանգուածներուն անխտիր:

Այս մարմնի աշխատանքները կեդրոնացան Քանատայի տարբեր գաղութներու մէջ հանգանակային գործը կարգաւորելու եւ համադրելու նպատակին: Իւրաքանչիւր քանատական գաղութ մեկնելով իր տեղական հայկական իւրայատկութիւններէն, կազմեց հանգանակիչ յանձնախումբեր, ուր հոն ե՛ւս համախմբուեցան գաղութի մէջ գործող եկեղեցիները, կազմակերպութիւնները, հայրենակցական միութիւնները եւ կարգ մը արհեստակցական միաւորներ: Այս համախմբուածութեան համայնապատկերը, իր ստեղծած միասնական դրական մթնոլորտով, խթանեց բոլոր մասնակիցները, որպէսզի իրենց առաւելագոյնով՝ յաջողութեամբ պսակեն այս շատ կենսական անժամանցելի դրամահաւաքի աշխատանքը:

Հարց.- Այսօրուան դրութեամբ ո՞ւր հասած են միացեալ մարմնի հանգանակային աշխատանքները:
Պատ.- Ցարդ տարուած աշխատանքները կեդրոնացան Վանգուվըրի, Համիլթընի, Սէնթ աթրինզի, Ուինտզըրի, Մոնթրիալի, Լաւալի եւ Թորոնթոյի հայ գաղութներուն մէջ: Ամէն մէկ կազմակերպական միաւոր, իր անմիջական անդամներու ու համակիրներու ճամբով նախաձեռնեց հանգանակային աշխատանք: Յատուկ ձեռնակրներով, հեռաձայնային կապերով, եւ մասնակի նախաձեռնութիւններով զօրակցական եւ ժողովրդային հաւաքներու ճամբով, հայ հասարակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ ու իր լուման ներդրեց այս նպատակին: Այդ հաւաքներուն ընթացքին, նաեւ հանրութիւնը հաղորդ դարձաւ Սուրիոյ հայութեան իրադարձութիւններուն ու այժմու կացութեան: աղութներու մէջ կազմակերպուած հաւաքներու ընթացքին, գաղութները լսեցին համապարփակ զեկոյց ցարդ տարուած հանգանակային աշխատանքներու մասին: Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ, բոլոր յարանուանութիւններու խանդավառ մասնակցութիւնը այս առաքելութեան մէջ, ուր հովիւները իրենց հաւատացեալներուն քաջալերեցին, որ առաւելագոյն մասնակցութիւն բերեն այս նուիրական աշխատանքին:

Հարց.- Ի՞նչ ձեւաչափերով եւ օրինական դրոյթներով կը կատարէք նուիրահաւաքի աշխատանքը:
Պատ.- Համադրիչ մարմինը ցարդ ունեցած է 4 հանդիպումներ: հանգանակուած նիւթականի առաքումները պիտի ըլլան CAMAM-ի ճամբով: Քանատայի մէջ կատարուող այս նուիրահաւաքի բոլոր նուիրատուներուն, պիտի տրուի տուրքէ զերծ համապատասխան ստացականներ Centre d՚Assistance Mondiale Arménien de Montréal (CAMAM)-ի անունով: Այս բարեսիրական գանատական կառոյցին նպատակն է՝ օժանդակել այն կարիքաւոր հայերուն, հոն ուր անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի, աշխարհի որ ծայրամասին մէջ ալ գտնուին անոնք: CAMAM իր աշխատանքները կեդրոնացուցած է զանազան մարդասիրական բնոյթի նպաստներ տրամադրելով՝ ուսումնական, ընկերային եւ մարդասիրական ծրագիրներու:

Հանգանակուած գումարները ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի կարգադրութեամբ, յատուկ դրամատնային հաշիւով պիտի փոխանցուին Սուրիա, յանձնուելով հոն կազմուած Սուրիահայութեան Միացեալ Շտապի տրամադրութեան: Սուրիոյ մէջ գործող Միացեալ Շտապը, Քանատայի մէջ գործող համադրիչ մարմնի օրինակով, միացեալ մարմին մըն է, որուն բաղադրիչ մասերը ներկայացուցչական մասնակցութեամբ կը մարմնաւորեն Սուրիոյ տարածքին գործող հայ ազգային բոլոր շերտաւորումները ու յարանուանութիւնները: Քանատայի համադրիչ Մարմինը, յաղթահարելով զանազան դժուարութիւններ, անյապաղ, յաջողեցաւ առաքել առաջին փոխանցումով՝ $25 000: Ուրախ ենք յայտարարելու, որ $50 000 տոլարի երկրորդ առաքումն ալ պատրաստ է արդէն: Նիւթական փոխանցումներու պատկերի մասին, մամուլով մեր հասարակութիւնը տեղեակ պիտի պահենք ամէն պատեհ առիթի: Նաեւ պարբերաբար պիտի հրապարակենք ամբողջական ցանկը բոլոր մեր նուիրատուներուն, ջանալով ըլլալ թափանցիկ մեր նիւթական գործառնութիւններուն մէջ: Այս ներդրումները, Սուրիոյ շտապին կողմէ պիտի յատկացուին կարիքաւոր ընտանիքներու սնունդի, բժշկական, կենցաղային, բնակարանային զանազան պէտքերը հոգալու:

Նշենք նաեւ, որ բոլոր նուիրատուներուն, պիտի տրուի տուրքէ զերծ համապատասխան ստացականներ Centre d՚Assistance Mondiale Arménien de Montréal (CAMAM)-ի անունով: Տեղական մարմինները փոխան նուիրատուութեան, ներկայիս կու տան առժամեայ ստացականներ, աւելի ուշ՝ բոլոր նուիրատուները CAMAM-ի ճամբով պիտի ստանան տուրքէ զերծ համապատասխան ստացականներ:

Հարց.- Քանատահայ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ կատարուած հանգանակութեանց պատկերը կարելի՞ է ներկայացնել ընթերցողներուն:
Պատ.- Ցարդ, CAMAM-ին տրամադրուած Քանատայի տարածքին հանագանակուած գումարները հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.-

Վանգուվըր $16 000, Cambridge $5000, Hamilton $6000, St. Catharines $3000, Toronto $65 000, Montreal/ Laval $40 000: Ընդհանուր գումար՝ 135 հազար տոլար:

Այս գումարը չի ներառեր գանատահայ այն կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն հանգանակած գումարները, որոնք իրենց անմիջական խողովակներով կ՚ուղարկուին սուրիահայութեան օժանդակութեան:
Ներկայացուած պատկերը չ՚ենթադրէր, որ հանգանակային աշխատանքները դադրած են կամ իրենց լրումին հասած են: Այնքան ատեն, որ Սուրիահայութեան համար գոյութիւն ունին ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական խնդիրներ, մեր աշխատանքները դադար պիտի չ՚ունենան:

Նաեւ ուրախ ենք յայտարարելու, որ Սուրիոյ հայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Համադրիչ Մարմինը, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրցաւ ունենալ իր յատուկ երկլեզու կայքէջը www.supportsyrianarmenians.ca, որուն միջոցով հանրութեան կը ներկայացուին Քանատայի մէջ ծաւալած աշխատանքները, եւ կը բացատրուի թէ մեր համախմբումը ի՞նչ է, ո՞վ ենք: Նոյն կայքէջով, սուրիահայութեան առնչուող լուրերով, յայտարարութիւններով, լուսանկարներով, տեսանիւթերով, կը փորձենք աւելի կենդանի պատկեր մը փոխանցել հայկական թաղամասերուն մէջ տիրող կացութեան մասին:

Կայքէջի ամենէն կարեւոր բաժինը կը հանդիսանայ, համացանցի ճամբով նուիրատուութիւն ընելու կարելիութիւնը, բոլոր անոնց, որոնք այլ միջոցներով հնարաւորութիւն չունին իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս նուիրահաւաքին, կրնան ուղղակի համացանցով կատարել իրենց նուիրատուութիւնը:

Աւելցնենք, որ Կայքէջի միջոցով, այլ բարիքներ ալ կը կատարուին:Այսպէս, ոչ հայկական շրջանակներ որոնք շահագրգռուած են Սուրիահայութեան օժանդակելու հարցով, իրենց տեղեկութիւնները քաղելով կայքէջէն, համապատասխան նուիրատութիւններ կ՚առաքեն այս մարդասիրական նպատակին:

«Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Համադրիչ Մարմին»ը կոչ կ՚ուղղէ համայն քանատահայութեան, որ իր մասնակցութիւնը բերէ այս առաքելութեան: Այսօրուան մեր գերխնդիրը սուրիահայութեան օգնութեան փութալն է, ի գործ դնելով հայութեան ամբողջ կարողականութիւնը, ազգային մեր ներուժը: Յիշեալ առաքելութիւնը պէ՛տք է անպայման դառնայ մեր առաջնահերթութիւնը: Հայ ազգի զօրաշարժի ժամն է…

Հարցազրոյցը՝ «ՀՈՐԻԶՈՆ»Ի

Տպել Տպել