Ակսէլ Բակունց (Ալեքսանդր Թեւոսեան 1899-1937). Հայոց աշխարհի «երգերի եւ գոյների» խտացեալ գրականութիւնը

Հայ­կա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան հան­ճա­րեղ վար­պե­տին՝ ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նին ուղ­ղո­ւած իր նա­մակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, հա­յոց քնա­րեր­գու­թեան մեծ վար­պե­տը՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան գրած է.

— «­Կո­մի­տա­սի եր­գե­րի եւ քո գոյ­նե­րի մա­սին խօ­սում են որ­պէս բա­ռե­րով ան­թարգ­մա­նե­լի հրաշք­նե­րի մա­սին։ ­Բայց դա այն­քան էլ ճիշդ չէ։ ­Հա­յաս­տա­նում կայ մի գրող, ո­րի բա­ռե­րը զրնգում են կո­մի­տա­սեան շնչով եւ փայ­լա­տա­կում են քո կտաւ­նե­րի գոյ­նե­րով։ ­Դա Ակ­սէլ ­Բա­կունցն է»։

Ի­րաւ այդ­պի­սի՛ն էր, հա­յոց բնաշ­խար­հի եւ յու­զաշ­խար­հի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն ու խոր­հուրդ­նե­րուն, ե­րազ­նե­րուն եւ տեն­չե­րուն, ա­ւան­դու­թեանց ու նո­րա­րար եր­կուն­քին մեծ նկա­րիչն ու եր­գիչն էր Ակ­սէլ ­Բա­կունց, ո­րուն ծննդեան 118րդ ­տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Յու­նիս 13ի այս օ­րը։

Հա­յե­րէն ար­ձա­կը, յատ­կա­պէս ­Բա­կուն­ցի գրի­չով, նո­ւա­ճեց պար­զու­թեան եւ խտու­թեան, պատ­կե­րա­ւոր գե­ղեց­կու­թեան եւ խո­հա­կան ընդգր­կու­մի ե­զա­կի բար­ձունք մը՝ ժա­մա­նակ­նե­րէն վեր բարձ­րա­ցող եւ յա­ւեր­ժի ու­ղին լու­սա­ւո­րող ինք­նա­տիպ գա­գաթ մը դառ­նա­լով ոչ միայն ա­րե­ւե­լա­հայ, այ­լեւ ամ­բողջ հայ ար­ձա­կագ­րու­թեան երկ­նա­կա­մա­րին վրայ։

Ան­կաս­կած ­Բա­կուն­ցի ե­ղե­րա­կան վախ­ճա­նը՝ 1937ին ստա­լի­նեան ա­հա­ւոր խոր­շա­կին զոհ եր­թա­լու դառն ու դա­ժան հա­րո­ւա­ծը ա­ւե­լիով շեշ­տեց մե­ծու­թիւ­նը հայ գրա­կա­նու­թեան այս հսկա­յին։ ­Չա­րենց եւ ­Բա­կունց փաս­տօ­րէն ե­ղան ան­բա­ժան եր­կու ե­րես­նե­րը հայ­կեան հան­ճա­րին միեւ­նոյն մե­տա­լին. ի­րար­մէ այն­քա՜ն տար­բեր ի­րենց նկա­րագ­րով եւ յու­զաշ­խար­հով, բայց եւ միա­ժա­մա­նակ այն­քա՛ն հա­րա­զատ ու զի­րար ամ­բող­ջաց­նող ի­րենց տա­ղան­դով, ա­ռա­քե­լու­թեան կո­չու­մով եւ ե­ղե­րա­կան վախ­ճա­նով։ Մեծն ­Բա­կուն­ցի ող­բեր­գա­կան այդ վախ­ճա­նի 80ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած է, միան­գա­մայն, վկա­յու­թեան եւ մե­ծա­րան­քի այ­սօ­րո­ւան ա­ռի­թը։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ա­լեք­սանդր Ս­տե­փա­նի ­Թե­ւո­սեան՝ Ակ­սէլ ­Բա­կունց ծնած էր 1899ի Յու­նիս 13ին, ­Գո­րիս՝ հա­յոց ­Զան­գե­զուր աշ­խար­հի բնա­կան գե­ղեց­կու­թեան եւ խորհր­դա­ւո­րու­թեան ծո­ցին մէջ։

Գո­րի­սի ծխա­կան դպրո­ցը ա­ւար­տե­լէ ետք, ­Բա­կունց 1910ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նի Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը, ուր եօ­թը տա­րի ոչ միայն ա­շա­կեր­տեց ժա­մա­նա­կի հայ դպրու­թեան վա­ւե­րա­կան բո­լոր մե­ծե­րուն, այ­լեւ՝ տի­րա­պե­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, այդ բո­լո­րով հար­թե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի դժո­ւա­րին ու­ղին դէ­պի նոր ժա­մա­նակ­ներ անց­քի։

Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի գա­ղա­փա­րա­շունչ մթնո­լոր­տը թրծեց նաեւ ­Բա­կուն­ցի քա­ղա­քա­ցիա­կան ու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ճա­ռա­գայ­թող կեր­պա­րը՝ իբ­րեւ հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման փա­րած ջեր­մե­ռանդ դաշ­նակ­ցա­կա­նի, իբ­րեւ հա­յոց գիւ­ղա­կան աշ­խար­հի ա­նանց ար­ժէք­նե­րու հա­մա­կար­գին պա­հա­պա­նի եւ, միա­ժա­մա­նակ, ար­դիա­կա­նաց­ման յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րի։
Իբ­րեւ ­­Հայ ­­Կա­մա­ւո­րա­կան ­­Շարժ­ման զի­նո­ւո­րի՝ ­­Բա­կունց մաս­նակ­ցե­ցաւ 1918ի Ան­կա­խու­թեան մար­տե­րուն՝ ­­Կա­րի­նէն մին­չեւ ­­Կարս եւ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ։ Եւ երբ ան­կա­խա­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը ամ­բողջ թա­փով լծո­ւե­ցաւ իր ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռու­ցու­մին՝ ­­Բա­կունց իր կար­գին վե­րա­դար­ձաւ գրա­կան-հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէո­ւէու­թեան։ Ինչ­պէս ինք նշած է իր սեղմ ինք­նա­կեն­սագ­րա­կա­նին մէջ, 1918-19ին ­­Բա­կունց Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­ղած է «սրբագ­րիչ եւ ռե­պորտ­յոր (թղթա­կից, լրագ­րող)»: Իսկ 1919էն մին­չեւ 1920ի ­­Յու­նի­սը «­­Պո­լի­տեխ­նի­կու­մի ու­սա­նող» եւ «որ­բե­րի գիմ­նա­զիա­յի ու­սու­ցիչ»: ­­Միա­ժա­մա­նակ եւ ինչ որ ա­ւե­լի ու­շագ­րաւ է ու կա­րե­ւոր, ­­Բա­կունց 1919ին ընտ­րո­ւած նո­րան­կախ ­­Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ խորհր­դա­րա­նին մէջ — 1919ի ­­Յու­նիս մէ­կէն մին­չեւ 1920ի ­­Դեկ­տեմ­բեր մէ­կը, այ­սինքն՝ խորրհր­դա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն մին­չեւ վեր­ջի­նը — ե­ղած է խորհր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նեայ քար­տու­ղա­րը (ոչ-պատ­գա­մա­ւոր) եւ կազ­մած է ա­նոր նիս­տե­րուն ա­տե­նագ­րու­թիւն­նե­րը: (Ի դէպ հե­տա­գա­յին, իր բան­տար­կու­թեան ժա­մա­նակ, ­­Բա­կուն­ցին դէմ ներ­կա­յա­ցո­ւած է նաեւ այս փաս­տը՝ զինք մե­ղադ­րե­լով, թէ ըլ­լա­լով դաշ­նակ­ցա­կան՝ «ծա­ռա­յել ես այդ կու­սակ­ցու­թեա­նը»): Ի մի­ջի այ­լոց փաստ է նաեւ, որ 1923ին հա­մայ­նա­վար­նե­րու սար­քած՝ բե­մադ­րած «Հ.Յ.Դ. լիկ­վի­դա­ցիա­յի հա­մա­գու­մար»ին մէջ, ­­Բա­կունց ե­ղաւ ժո­ղո­վին նա­խա­գա­հո­ղը եւ հան­դէս ե­կաւ հիմ­նա­կան զե­կոյ­ցով: Ա­մէն պա­րա­գա­յի, ­­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան խոր­տա­կու­մէն եւ խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, ­­Բա­կունց վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ու­սուց­չու­թեան՝ նո­րա­հաս սե­րուն­դին հա­յոց լե­զուն եւ գրա­կա­նու­թիւ­նը, պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը սոր­վեց­նե­լու սրբա­զան գոր­ծին։ ­­Նոյն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին էր, որ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր գոր­ծե­րու կող­քին՝ ­­Բա­կունց ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ հայ գիւ­ղի ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան հո­գերն ու ցա­ւե­րը դար­մա­նե­լու, զար­գաց­ման ու­ղին ճշդո­րո­շե­լու եւ առ­կայ ա­պօ­րի­նու­թիւն­ներն ու ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու աշ­խոյժ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան։
Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի, ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի եւ ­Րաֆ­ֆիի ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւան­դին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հա­մադ­րու­մը կայ ­Բա­կուն­ցի մէջ, որ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նաց­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն գրա­կան պայ­քա­րի աս­պա­րէզ նե­տո­ւե­ցաւ՝ հի­նի եւ նո­րի հա­կադ­րու­թիւնն ու բա­խու­մը ազ­գա­յին հու­նով յա­ռաջ մղե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով, թէ՛ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր գրա­կա­նու­թեան, թէ՛ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն շեշ­տե­լով դա­րե­րով պահ­պա­նո­ւած լաւն ու գե­ղե­ցի­կը, ար­դարն ու մարդ­կա­յի­նը պահ­պա­նե­լու եւ նո­րո­գե­լու, ար­դիա­կան շուն­չով զար­գաց­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։

Միեւ­նոյն մղու­մով էր, նաեւ, որ ­Բա­կունց 1920ին գնաց ­Խար­կով՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման տի­րա­նա­լու եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան մէջ մաս­նա­գի­տա­նա­լու ո­րո­շու­մով։ 1923ին, ու­սու­մը ա­ւար­տե­լով, ան վե­րա­դար­ձաւ ­Զան­գե­զուր, ուր եւ ստանձ­նեց գիւ­ղատն­տե­սու­թեան մէջ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն։

Բա­կունց սկսաւ գրել կա­նուխ տա­րի­քէն։ 1915ին, ­Շու­շիի «­Փայ­լակ» թեր­թին մէջ, լոյս տե­սաւ ­Գո­րի­սի քա­ղա­քա­պե­տին ա­նօ­րի­նու­թիւն­նե­րը քննա­դա­տող իր հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ակ­նար­կը, ինչ որ սկիզ­բը դրաւ բա­կուն­ցեան ժա­ռան­գու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն, որ հայ գիւ­ղին, հայ գեղ­ջու­կին եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ե­ղաւ, ա­ւան­դա­կանն ու ար­դիա­կա­նը հա­մադ­րա­բար զար­գաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։

Այդ ուղ­ղու­թեան ծնունդ ե­ղան 1920ա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին կի­սուն, ­Թիֆ­լի­սի «­Մար­տա­կոչ» եւ Ե­րե­ւա­նի «­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան» թեր­թե­րուն մէջ իր ստո­րագ­րած հրա­պա­րա­կագ­րա­կան է­ջե­րը՝ «­Մեր գիւ­ղե­րում», «­Գա­ւա­ռա­կան նա­մա­կա­նի» եւ «­Նա­մակ­ներ՝ գիւ­ղից» խո­րա­գի­րը կրող շար­քե­րով։

Նաեւ հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան թե­մա­նե­րով եւ հայ­կա­կան ա­զա­տա­մար­տի ներշն­չու­մով յատ­կան­շուե­ցաւ ­Բա­կուն­ցի հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւ­նը։ 1918ին, Ե­րե­ւա­նի «­Ժո­ղո­վուրդ» թեր­թի է­ջե­րուն, ան հրա­տա­րա­կեց Ան­կա­խու­թեան պայ­քա­րէն ներշն­չո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան իր ակ­նարկ­նե­րը, ո­րոնք հե­տա­գա­յին ի­րենց ար­ձա­գան­գը գտան խորհր­դա­յին պաշ­տօ­նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ ազ­գա­յին ուղ­ղու­թիւ­նը գտնե­լու, յայտ­նա­բե­րե­լու եւ զար­գաց­նե­լու ­Բա­կուն­ցի հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րուն ընդ­մէ­ջէն, ո­րոնց հա­մար ալ իր կեան­քով ծանր գին վճա­րեց հայ ար­ձա­կագ­րու­թեան մեծ վար­պե­տը։

Ակ­սէլ ­Բա­կուն­ցի գրա­կան տա­ղան­դը ռում­բի պէս պայ­թե­ցաւ 1927ին՝ «Մթ­նա­ձոր» ա­նու­նով պատ­մուածք­նե­րու իր ժո­ղո­վա­ծո­ւին հրա­տա­րա­կու­թեամբ։ ­Խորհր­դա­յին պոլ­շե­ւիզ­մի քան­դիչ մո­լեգ­նու­թեան նո­րո­վի բոր­բոք­ման տա­րի­ներն էին, հի­նը ա­մէն գնով մեր­ժե­լու եւ քան­դե­լու հի­ւան­դա­գին շրջանն էր եւ, ա­հա՛, կո­մի­տա­սեան շուն­չով եւ սա­րեա­նա­կան գոյ­նե­րով ո­ղո­ղո­ւած իր ար­ձա­կով՝ ինչ­պէս քննադատ­նե­րը պի­տի վկա­յէին տաս­նա­մեակ­ներ ետք, ­Բա­կունց հրա­պա­րակ կ­’իջ­նէր «յա­ւի­տե­նա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րի կող­քին» վար­պե­տօ­րէն ար­տա­յայ­տե­լով հայ կեան­քի «դառն ու լուռ ցա­ւե­րը, ո­րոնք յար ու նման էին աշ­խար­հի ծայ­րե­րում ապ­րող մարդ­կանց ցա­ւե­րին: ­Նա չէր ի­դէա­լա­կա­նաց­նում բնաշ­խար­հը, այլ մտա­հոգ էր բնու­թեան ան­զու­գա­կան գե­ղեց­կու­թեան մէջ վեր հա­նե­լու ժո­ղովր­դի դա­ռը կա­ցու­թիւ­նը: ­Հա­մա­կիր­նե­րը շատ էին, բայց քիչ չէին չա­րա­խօս թշնա­մի­նե­րը: ­Չա­րեն­ցը ան­հանգս­տա­ցած նա­խազ­գու­շաց­նում էր ­Բա­կուն­ցին, որ Մթ­նա­ձո­րում չկորց­նի իր պայ­ծառ ու­ղին,փոր­ձի դուրս գալ նոր ու­ղե­ծիր.

Քո «Մթ­նա­ձո­րում» թա­խիծ է ծո­րում
Եւ կա­րօտ ման­կութ հա­րա­զատ ձո­րի,
Աշ­խա­տիր, սա­կայն, որ այդ մութ ձո­րում
Քո պայ­ծառ ու­ղին ան­դարձ չկո­րի:

«­Բա­կուն­ցը ան­յող­դողդ էր, հա­րա­զատ իր հա­մոզ­մունք­նե­րին, հին ար­ժէք­նե­րի կող­քին դնում էր իր սրբա­տաշ որ­մը, նո­րի իր ա­րա­րու­մը: ­Նա ցան­կա­նում էր ձեր­բա­զա­տո­ւել հող­ժող­կո­մա­տի՝ իր ծա­ռա­յու­թիւ­նից եւ անց­նել ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի»:
Եւ ի­րա­պէ՛ս մեծ ոս­տու­մով ­Բա­կունց գրա­ւեց հայ գրա­կա­նու­թեան հրա­պա­րա­կը՝ 1927-1937 տաս­նա­մեա­կին։ «Մթ­նա­ձոր»ին հե­տե­ւե­ցաւ «­Յով­նա­թան ­Մարք» եր­գի­ծա­կան վի­պա­կը, իսկ 1933ին լոյս տե­սաւ «­Սեւ ­Ցե­լե­րի սերմ­նա­ցա­նը», որ «Մթ­նա­ձոր»ով ան­մա­հա­ցած հայ ար­ձա­կագ­րու­թեան ան­մահ է­ջե­րը հարս­տա­ցուց նոյն­քան եւ ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ՝ ան­կորն­չե­լի պատ­մո­ւածք­նե­րով։
Բա­կունց ձեռ­նար­կեց նաեւ շար­ժան­կա­րի հա­մար բե­մագ­րու­թեանց եւ ստեղ­ծեց «­Զան­գե­զուր» շար­ժան­կա­րի բնա­գի­րը, որ սա­կայն բնաւ չնկա­րա­հա­նո­ւե­ցաւ իր բա­կուն­ցեան հա­րա­զա­տու­թեամբ, այլ՝ խե­ղա­թիւ­րո­ւած տար­բե­րա­կով հրամ­ցո­ւե­ցաւ հայ սե­րունդ­նե­րուն, խորհր­դա­յին հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան թոյ­նով լեց­նե­լով ա­նոնց հո­գին։

Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­ղի պայ­քար ծա­ւա­լե­ցին ­Բա­կուն­ցի դէմ, 1936ին ձեր­բա­կա­լե­ցին, քա­նի մը ա­միս ա­մէ­նէն ա­հա­ւոր չար­չա­րանք­նե­րու են­թար­կե­ցին հայ­կա­կան ար­ձա­կի փառ­քը մարմ­նա­ւո­րող մեծ գրո­ղին, բայց չկրցան ­Բա­կուն­ցին պար­տադ­րել «խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ» եւ ի վեր­ջոյ կար­ճա­տեւ, հա­զիւ 25 ռո­պէ տե­ւած «դա­տա­վա­րու­թե­նէ» մը ետք, մա­հո­ւան դա­տա­պար­տե­ցին եւ ան­մի­ջա­պէս, գնդա­կա­հա­րե­լով զինք, պո­կե­ցին կեան­քի թե­լը հայ­կեան հան­ճա­րին այս ար­ձա­կա­գիր ճա­ռա­գայ­թու­մին։
Ինչ­պէս որ «­Սո­վո­րենք հա­յե­րէն» ե­լեկտ­րո­նա­յին կայ­քէ­ջի վկա­յու­թիւ­նը կ­’եզ­րա­փա­կէ, «­Դե­ռեւս 30ա­կան թո­ւա­կան­նե­րից այ­լա­խո­հի պի­տա­կի տակ էին ա­ռել շա­տե­րի հետ նաեւ Բա­կուն­ցին: Գ­րա­կան հա­կա­ռա­կորդ­նե­րի կող­մից ծայր էին ա­ռել բամ­բա­սանքն ու բան­սար­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս ինքն էր գրում.զրպարտւում էր «մա­հա­ցու բո­լոր մեղ­քե­րի մէջ»:

Քա­ղա­քա­կան ծան­րա­գոյն մե­ղադ­րանք­ներ են բարդ­ւում ­Բա­կուն­ցի հաս­ցէին. 1936 թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տո­սի 9ին շա­տե­րի հետ նաեւ ձեր­բա­կա­լում են նրան: ­Նոյնն էր մե­ղադ­րան­քը՝ «հա­կա­յե­ղա­փո­խա­կան, հա­կա­խորհր­դա­յին, ազ­գայ­նա­մո­լա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն»:
Բան­տա­յին խիստ պայ­ման­նե­րում 11 ա­միս ա­նընդ­մէջ ­Բա­կուն­ցին են­թար­կում են կտտանք­նե­րի: Ն­րա ինք­նար­դա­րաց­մանն ճի­գե­րը ա­պար­դիւն են անց­նում, իսկ յու­զիչ նա­մակ­նե­րը՝ մնում ան­պա­տաս­խան: ­Նա­մակ­նե­րից մէ­կում այս­պէ՛ս է ներ­կա­յաց­նում իր հո­գե­վի­ճա­կը. «­Ծա՜նր է, շա՜տ ծանր…Մ­տա­ծում ես մէկ ժամ, եր­կու, ե­րեք, մեկ օր, եր­կու օր, մտա­ծում ես յի­մա­րա­նա­լու աս­տի­ճա­նի, մին­չեւ յի­շո­ղու­թիւնդ փուլ է գա­լիս, եւ չգի­տես՝ գի­շե՞ր է, թէ՞ ցե­րեկ, միայն պարզ գի­տակ­ցում ես, որ կեան­քը մնաց փակ դռնե­րի ե­տե­ւում…Երբ ես հարց­նում եմ, թէ ի՞նչ է լի­նե­լու յե­տոյ, յու­սա­հատ­ւում եմ, գի­տակ­ցու­թիւնս մթագ­նում է, ջղաձ­գու­թիւն­նե­րը խեղ­դում են կո­կորդս…Ի՞նչ է լի­նե­լու ինձ հետ…­Գո­յու­թեան միակ նպա­տա­կը մնում է գրա­կա­նու­թիւ­նը… Ինձ գրե­լու եւ կար­դա­լու հնա­րա­ւո­րու­թի՜ւն տո­ւէք, ինձ գիրք ու մա­տի՜տ տո­ւէք…»

Գիրք ու մա­տի­տի ա­ղեր­սա­կան այդ ճի­չը շրթնե­րուն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դէն առ­յա­ւէտ խլե­ցին եւ սպան­նե­ցին ­Բա­կուն­ցին։

Կի­սա­ւարտ մնաց ա­նոր «­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան» եւ «­Կարմ­րա­քար» ծա­ւա­լուն գոր­ծե­րը։ Բայց ինչ որ ան հաս­ցուց վե­րա­դարձ­նե­լու իր ժո­ղո­վուր­դին՝ ան­մահ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան ար­ժա­նա­ցուց միայն 38 տա­րի ապ­րած, բայց դա­րե­րուն դի­մա­ցող ա­րուեստ կեր­տած Ակ­սէլ ­Բա­կուն­ցին։ ­Բա­կուն­ցի ծննդեան տա­րե­դար­ձը նշե­լու եւ ա­նոր պատ­գա­մով հա­ղոր­դո­ւե­լու թող ծա­ռա­յէ ա­նոր խո­հե­րէն կազ­մո­ւած պա­տա­հա­կան այս փուն­ջը.-
— ­Մա­քուր լե­զո­ւի, կենտ­րո­նա­ձիգ լե­զո­ւի խնդի­րը պէտք է դնել: Ես գտնում եմ, որ այդ լե­զուն խարս­խուած պէտք է լի­նի ժո­ղովր­դա­կան լե­զո­ւի վրայ:
— Էա­կան հար­ցե­րից մէ­կը գրե­լա­ձե­ւի եւ նիւ­թի մի­մեանց հետ մե­րո­ւելն է: …­Կա­րե­ւորն այն չէ, թէ հին կամ նոր կեանք է պատ­կեր­ւում. կա­րե­ւո­րը պատ­կե­րե­լու մէջ նոր ձեւ ստեղ­ծելն է…
— ­Մե­ծա­միտ դա­տար­կա­պոր­տը մխի­թա­րում է ինքն ի­րեն նրա­նով, որ… մեծ մարդ­կանց սկզբում հա­լա­ծում են, յե­տոյ մե­ծա­րում:
— Գ­րող­նե­րը փո­խա­նակ ի­րենց եր­կե­րի ձե­ւը կա­ռու­ցեն՝ բուն նիւ­թի էու­թիւ­նից ել­նե­լով, այդ նիւ­թը խո­թում են յանձ­նա­րա­րո­ւած ժան­րի շրջա­նա­կի մէջ:
— ­Պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րի քննա­դա­տա­կան վե­րա­նայ­ման ու­ղին ար­ժէ­քա­ւո­րա­գոյն մի­ջոց է գրա­կա­նու­թեան մէջ նոր ա­ւանդ­ներ մու­ծե­լու հա­մար:
— Որ­տե՞ղ է ճշմա­րիտ ու­ղին.- Այդ ու­ղին վե­րա­դարձն է դէ­պի սկզբնաղ­բիւր­նե­րը, դէ­պի ժո­ղովր­դա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը:
— ­Մեր գրող­նե­րի պար­տա­կա­նու­թիւնն է քննել, ու­սում­նա­սի­րել դրանք, քննա­դա­տօ­րէն վերց­նել այն­տե­ղից է­պի­կա­կա­նու­թիւ­նը, ար­տա­յայտ­ման խստու­թիւ­նը, լե­զո­ւի հարս­տու­թիւն­նե­րը, բա­ռե­րի ժլատ տնտե­սու­մը:
— ­Ժո­ղովր­դի լե­զուն պի­տի հաս­կա­նաս ու գրես բնու­թեան լե­զո­ւով, որ ա­մէն ինչ լե­զու ա­ռած խօ­սի հո­գուդ հետ:

Ն.

Տպել Տպել