Արցախ-Ատրպէյճան վերջին լարուածութեան շուրջ

Ատրպէյճան կը շարունակէ լարել արդէն սրուած իրավիճակը Արցախ – Ատրպէյճան շփման գիծին վրայ: Երէկուընէ մինչ այսօր չորս հայ զինուորներ նահատակուեցան Ատրպէյճանի կողմէ հայկական դիրքերուն դէմ իրագործուած ռմբակոծութեան հետեւանքով:

Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին արձանագրուեցան ապրիլ 2-5 2016 քառօրեայ պատերազմէն ետք զինադադարի ամենէն լուրջ խախտումները:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ պարտականութեան վրայ զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն:

Գրասենեակը կը յիշեցնէ նաեւ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ դատապարտեցին Ատրպէյճանը, իբրեւ զինադադարը խախտող կողմ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Եւրոպայի մէջ իրենց երկրէն ներս Մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան ահռելի խախտումներուն, ինչպէս նաեւ խաւիարային դիւանագիտութեան ձախողութեան եւ Ատրպէյճանի կարգ մը «լոպիիսթ»ներու դէմ դատական հետապնդումներու պատճառով ճնշման տակ ըլլալով, կը փորձեն ուշադրութիւնը շեղել դէպի Արցախ:

«Այն նոյն օրը երբ Եւրոպական միութեան հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութեանց յանձնակատար Եոհաննէս Հան Պաքու կ’այցելէ Ատրպէյճան – Եւրոպական միութիւն նոր համաձայնագրին շուրջ խօսակցութեանց համար՝ Ատրպէյճանը իր հարեւանները կը գրգռէ եւ երեք զինուոր կը սպաննէ, անգամ մը եւս ցոյց տալով Ալիեւի վարչակարգի իսկական պատկերը», ըսաւ Կարապետեան: «Եւրոպայի ուժանիւթային բազմազանութիւնը պիտի չյաջողի Պաքուի մէջ վիճելի բռնապետ մը քաջալերելով, որ կը սպառնայ շրջանային խաղաղութեան», եզրափակեց Կարապետեան:

Պրիւքսել,
17 յունիս, 2017

Տպել Տպել