30 Յունիս 1862. Դիւցազնական Զէյթունի Առաջին Ապստամբութիւնը

Ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս դա­րէ ի վեր, հա­յոց ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րէն միշտ կը հնչէ, եր­բեմն յաղ­թա­գոռ, եր­բեմն դող­դոջ ձայ­նով, փա­ռա­բա­նու­թիւ­նը դիւ­ցազ­նա­կան Զէյ­թու­նի, որ 1862 թո­ւա­կա­նի յու­նի­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն իր ա­ռա­ջին ապս­տամ­բու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ թուր­քե­րու օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թեան դէմ, յաղ­թա­կա­նօ­րէն ետ մղեց հա­յոց ա­նա­ռիկ ար­ծո­ւե­բոյ­նը գրա­ւե­լու թրքա­կան փոր­ձե­րը եւ Ազ­գին ու ­Հայ­րե­նի­քին կտա­կեց իր գօ­տեպն­դիչ քայ­լեր­գը.

Կեց­ցէ՛ ­Զէյ­թուն, ապ­րի՛ ­Զէյ­թուն,
Թող չտես­նէ ստրկու­թիւն.
Քա­նի ու­նի մեզ պէս որ­դիք,
Ապ­րի՛ ­Զէյ­թուն, կեց­ցէ՛ ­Զէյ­թուն:

Զէյ­թու­նի Ա­ռա­ջին Ապս­տամ­բու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ հա­յոց Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի ա­մէ­նէն բուռն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար մղո­ւած պայ­քա­րը ար­դէն մօ­տե­ցած էր իր յաղ­թա­կան ա­ւար­տին։ Գլ­խա­ւո­րա­բար աշ­խար­հա­բա­րի որ­դեգր­ման ու ազ­գա­յին մեր կեան­քի ղե­կա­վար­ման վրայ ժո­ղովր­դա­յին ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­կակշ­ռի հաս­տատ­ման ի խնդիր մղո­ւած պայ­քա­րը սկսած էր տալ իր ա­ռա­ջին պտուղ­նե­րը, երբ ­Զէյ­թու­նը պար­զեց ապս­տամ­բու­թեան դրօշ եւ, այդ­պէ՛ս, նաեւ ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան վառ հո­րի­զո­նը բա­ցաւ ամ­բողջ հա­յու­թեան առ­ջեւ՝ սե­րունդ­նե­րուն ան­վե­հեր պայ­քա­րի երգ ու շունչ տա­լով.

Մենք քաջ տոհ­մի զա­ւակ­ներ ենք, չենք վա­խի.
Մանր-մունր փոր­ձանք­նե­րից չենք փախ­չի.
Մենք դեռ փոք­րուց միշտ սի­րել ենք քա­ջու­թիւն,
Ինչ էլ որ լի­նի՝ չենք հան­դուր­ժի պար­տու­թիւն:

Հան­րա­գի­տա­կան հա­կիրճ տե­ղե­կան­քով՝ ­Զէյ­թու­նը կամ յու­նա­րէ­նով Ուլ­նիան հայ­կա­կան Կի­լի­կիոյ լեռ­նա­յին գա­ւա­ռակ­նե­րէն էր, որ հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան կոր­ծա­նու­մէն ետք, թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան պար­տադ­րած վար­չա­կան սահ­մա­նագ­ծու­մով, մաս կը կազ­մէր ­Մա­րա­շի գա­ւա­ռին։

10րդ ­դա­րէն սկսեալ հայ­կա­կան ­Զէյ­թու­նը իր ու­րոյն տե­ղը ու­նե­ցած է հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ, սկզբնա­կան եւ հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան շրջա­նին իբ­րեւ քա­ջա­կո­րով հայ լեռ­նա­կան­նե­րու ար­ծո­ւե­բոյն, իսկ ­Կի­լի­կիոյ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան կոր­ծա­նու­մէն ետք՝ իբ­րեւ հայ­կա­կան ա­նա­ռիկ ամ­րոց, ո­րուն եր­բեք չկրցան տի­րա­նալ օս­ման­ցի աս­պա­տակ­նե­րը, որ­քան ալ մե­ծա­թիւ ըլ­լար թի­ւը եւ որ­քան ալ գերհ­զօր ըլ­լար ու­ժը ի­րենց ար­շա­ւող զօր­քե­րուն։

Զէյ­թու­նի հա­յու­թիւ­նը զէն ի ձե­ռին պաշտ­պա­նեց իր ան­կախ գո­յա­վի­ճա­կը մին­չեւ 1618 թո­ւա­կա­նը, երբ սուլ­թան ­Մու­րատ Դ.ի գա­հա­կա­լու­թեան օ­րով, նոր ար­շա­ւանք­նե­րու դէմ հե­րո­սա­բար կռիւ մղե­լով ու յաղ­թե­լով հան­դերձ, զէյ­թուն­ցիք ո­րո­շե­ցին հաշ­տու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գիր մը կնքել ­Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ։ ­Սուլ­թան Մու­րատ Դ.ի 1622ի թո­ւա­կիր հրա­մա­նագ­րով՝ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ճանչ­ցաւ Զէյ­թու­նի կի­սան­կախ կար­գա­վի­ճա­կը, իսկ փո­խա­րէ­նը զէյ­թուն­ցիք զի­ջե­ցան, տա­րե­կան նուէ­րի ձե­ւով, 15.000 ար­ծաթ դրամ յատ­կաց­նել Ա­յա-­Սո­ֆիա մզկի­թին…
Հա­կա­ռակ այդ պայ­մա­նագ­րին ու հրա­մա­նագ­րին, սա­կայն, օս­մա­նեան ի­րե­րա­յա­ջորդ սուլ­թան­նե­րը շա­րու­նակ ի­րենց բախ­տը փոր­ձե­ցին եւ մեծ զօր­քով ար­շա­ւե­ցին ­Զէյ­թու­նի վրայ՝ հա­յոց կի­սան­կախ դրու­թեան վերջ տա­լու յոյ­սով, բայց միշտ ալ ետ մղո­ւե­ցան։ Միայն 19րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն, թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը 8 ան­գամ ան­յա­ջող փորձ կա­տա­րե­ցին գրա­ւե­լու ­Զէյ­թու­նը:

1862ին, ­Զէյ­թու­նի մէջ կ­’ապ­րէին 80.000 հա­յեր, իսկ թուր­քե­րու թի­ւը հա­զիւ 8000 էր։

Ա­տե­նի ­Մա­րա­շի կու­սա­կա­լը՝ Ա­զիզ փա­շան 1862ին հրա­հանգ ստա­ցաւ սուլ­թա­նի ­Մեծ Վե­զի­րէն, որ­պէս­զի ան­գամ մը եւս փոր­ձէ նո­ւա­ճել ­Զէյ­թու­նը: Ա­զիզ փա­շա­յին պատ­րո­ւակ էր պէտք եւ ան օգ­տա­գոր­ծեց հե­տե­ւեալ մի­ջա­դէ­պը.
Զէյ­թու­նի գա­ւա­ռա­կի հա­յաբ­նակ Ա­րե­գին գիւ­ղի 70 բնա­կիչ­ներ, ի­րենց մէկ հա­մա­գիւ­ղա­ցիին թուր­քե­րու կող­մէ սպա­նու­թեան հա­մար վրէժ լու­ծե­լով` սպան­նե­ցին 17 թուր­քեր: Ա­զիզ փա­շան պա­հան­ջեց ի­րեն յանձ­նել 70 ա­րե­գին­ցի­նե­րը: ­Զէյ­թու­նի իշ­խան­նե­րը այդ պա­հան­ջը մեր­ժե­ցին՝ յայ­տա­րա­րե­լով, թէ «­Մենք քեզ ոչ միայն 70 հայ, 70 հաւ իսկ չենք տար»:

Այդ­պէ՛ս սկսաւ ­Զէյ­թու­նի հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը՝ 1862ի ­Յու­նի­սի վեր­ջին օ­րը։

Ա­զիզ փա­շան իր տրա­մադ­րու­թեան տակ ու­նէր 12.000 կա­նո­նա­ւոր զօրք: Իր զօր­քին թո­ւա­քա­նա­կը ա­ւելց­նե­լու նպա­տա­կով` Ա­զիզ փա­շան յայ­տա­րա­րեց, թէ ­Զէյ­թու­նի դէմ իր ձեռ­նար­կած ար­շա­ւան­քին միա­ցող­նե­րը՝ հա­յե­րուն ինչ­քե­րը թա­լա­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը ստա­նան: ­Շու­տով Ա­զիզ ­Փա­շա­յի բա­նա­կին միա­ցան հա­յոց ա­րեան ու թա­լա­նի ծա­րաւ 30.000 թուր­քեր: ­Յու­լի­սի կէ­սե­րուն թուր­քե­րը ան­ցան յար­ձա­կո­ղա­կա­նի։ ­Բուռն ընդ­հա­րում­նե­րէ ետք, թրքա­կան բա­նա­կը կրցաւ գրա­ւել Ա­րե­գին եւ Ա­ւագ­կալ գիւ­ղե­րը, ո­րոնց բնա­կիչ­նե­րը մեծ մա­սամբ փա­խուստ տո­ւին, բայց մնա­ցեալ­նե­րը զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րա­ծի են­թար­կո­ւե­ցան։ ­Սա­կայն յա­ջորդ օրն իսկ, Ա­ւագ­կէ­տի­կի կիր­ճին մէջ, զէյ­թուն­ցի­նե­րը ջախ­ջա­խե­ցին թրքա­կան ամ­բողջ հրո­սա­կա­խումբ մը:

Վճ­ռա­կան ճա­կա­տա­մար­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1862ի Օ­գոս­տոս 2ին: ­Շուրջ 500 զէյ­թուն­ցի­ներ, նա­հանջ ձե­ւաց­նե­լով, թրքա­կան զօր­քե­րու հիմ­նա­կան մա­սը մտցու­ցին Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քի եւ ­Զէյ­թուն գիւ­ղա­քա­ղա­քի մի­ջեւ գտնո­ւող ձո­րը: Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զան­գե­րուն ազ­դան­շա­նով՝ զէյ­թուն­ցի­նե­րը կրակ բա­ցին թուր­քե­րուն վրայ: ­Խու­ճա­պի մատ­նո­ւած թրքա­կան բա­նա­կը, ռազ­մի դաշ­տին վրայ ձգե­լով իր 2 թնդա­նօ­թը, փա­խուս­տի դի­մեց: Թշ­նա­մին մար­տա­դաշ­տի վրայ թո­ղած էր 2000 թուրք զի­նո­ւո­րի դիակ: Այս դաշ­տը հե­տա­գա­յին կո­չո­ւե­ցաւ «Ա­րեան ձոր»: Իսկ փախ­չող թուրք զօր­քին զէյ­թուն­ցի­նե­րը հե­տապն­դե­ցին մին­չեւ ­Զէյ­հան գե­տը:

Աղ­բիւր­ներ նաեւ կ­’ա­ւելց­նեն, որ տե­ղե­կա­նա­լով Ա­զիզ փա­շա­յի պար­տու­թեան մա­սին՝ Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­մա­յեց ­Պելկ­րա­տի այդ օ­րե­րու ճա­կա­տա­մար­տի եւ սեր­պե­րու կո­տո­րա­ծի դա­հիճ Ա­շիր փա­շա­յին, որ­պէս­զի 150.000նոց իր զօր­քով ար­շա­ւէ Զէյ­թուն եւ «երկ­րի ե­րե­սէն ջնջէ» հայ­կա­կան ար­ծո­ւե­բոյ­նը:

Զէյ­թուն­ցի­նե­րը ան­շուշտ կը գի­տակ­ցէին, որ նման ահ­ռե­լի ու­ժի առ­ջեւ ի­րենք ի վի­ճա­կի չէին եր­կար ժա­մա­նակ դի­մադ­րե­լու: Ուս­տի ո­րո­շե­ցին Կ. ­Պո­լիս ու­ղար­կել յա­տուկ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, որ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Թուր­քիոյ մօտ Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նին հետ: ­Վեր­ջինս Ֆ­րան­սա­յի ա­տե­նի կայսր ­Նա­փո­լէոն Գ.ին փո­խան­ցեց զէյ­թուն­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած քա­ղա­քա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան ու ա­ջակ­ցու­թեան դի­մու­մը: Ֆ­րան­սա շա­հագրգ­ռո­ւած էր իր տնտե­սա­կան վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը ­Կի­լի­կիոյ վրայ հաս­տա­տե­լու հե­ռան­կա­րով եւ ըն­դա­ռա­ջեց ­Զէյ­թու­նի դի­մու­մին եւ մի­ջամ­տեց ու ճնշում գոր­ծադ­րեց սուլ­թա­նին վրայ: ­Սուլ­թա­նը ստի­պո­ւե­ցաւ վերջ տա­լու ­Զէյ­թու­նի պա­շա­րու­մին։

Այս­պէ՛ս ա­ւար­տե­ցաւ ­Զէյ­թու­նի Ա­ռա­ջին Ապս­տամ­բու­թիւ­նը։ 1865ին Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան եւ զէյ­թուն­ցի­նե­րուն մի­ջեւ կնքո­ւե­ցաւ նոր պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն մը, ո­րուն հի­ման վրայ զէյ­թուն­ցի­նե­րը յանձն ա­ռին Օս­մա­նեան ­Գան­ձա­րա­նին վճա­րե­լու 150.000 ար­ծաթ դրամ: ­Նաեւ՝ ­Զէյ­թու­նի մէջ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ թուրք կա­ռա­վա­րիչ մը՝ թրքա­կան բա­նա­կի զօ­րա­մա­սով մը:

Թէեւ ­Զէյ­թու­նի կի­սան­կախ դրու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս կաշ­կան­դու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ, այ­սու­հան­դերձ՝ 1862ի ապս­տամ­բու­թիւ­նը թափ տո­ւաւ ողջ ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­մի ձգտում­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ ­Զէյ­թու­նի դիւ­ցազ­նա­կան օ­րի­նա­կին ներշն­չու­մով, հայ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը անդ­րա­դար­ձաւ, թէ սե­փա­կան ձեռ­քով ու զէն­քով հնա­րա­ւոր էր պաշտ­պա­նել սե­փա­կան ի­րա­ւունքն ու կեան­քը։

Զէյ­թու­նը բնաւ չխո­նար­հե­ցաւ։ 1870ա­կան եւ 1890ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն եւս ­Զէյ­թու­ն պար­զեց ա­զա­տու­թեան դրօ­շակ, ապս­տամ­բե­ցաւ նաեւ 1914ին ու 1920ին, միշտ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու իր անբռնա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին տէր կանգ­նե­լով։
Զէյ­թու­նի Ա­ռա­ջին Ապս­տամ­բու­թիւ­նը ներշնչ­ման աղ­բիւր ե­ղաւ յատ­կա­պէս Մկր­տիչ Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի ազ­գայ­նա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան եւ ա­նոր «­Թա­ղումն ­Քա­ջորդ­ւոյն» հռչա­կա­ւոր քեր­թո­ւա­ծի հե­տե­ւեալ քա­ռեակ­նե­րով կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել հա­յոց ար­դի պատ­մու­թեան հե­րո­սա­կան այս կա­րե­ւոր դրո­ւա­գին ո­գե­կոչ­ման այս է­ջը.

Ո՛չ փող զար­կինք, ոչ ար­ձա­գանք լեռ­նա­սոյզ
Սա­րէ ի սար չա­րա­շը­շուկ տա­րին լուր,
Ու չեր­գե­ցինք ող­բի եր­գեր սրտա­յոյզ՝
Երբ պա­տան­ւոյն բա­ցինք մը­ռայլ փո­սին դուռ:

Գի­շե­րա­յին մունջ ստո­ւեր­ներ շուրջ կա­յին,
Երբ հրա­ցա­նի կո­թով ըզ­հող փո­րե­ցինք,
Լու­սինն միայն դող­դոջ շո­ղայր մեր գլխին,
Սուգ էր պա­տեր ըզ­դաշտ, բը­լուր եւ եր­կինք:

Պէտք չէր դա­գաղ, եւ ո՛չ ճեր­մակ պա­տանք­ներ,
Ո­րով գո­ցո­ւէր ա­զա­տոր­դի քա­ջոր­դին,
Նա յետ մար­տին կար­ծես յոգ­նած կու հանգ­չէր,
Ու վե­րար­կուն կար­միր՝ բա­ւեր իւր ան­ձին:

Բայց երբ գը­լուխն ի բարձ դը­րինք հո­ղա­շէն,
Տե­սանք ըզ­գեղ ճակ­տին ու վէր­քըն պայ­ծառ,
«Ով պա­տա­նեակ, ը­սինք ա­մէնքս մէկ բեր­նէն,¬
Վասն ­Հայ­րե­նեաց մե­ռար, դու շատ ապ­րե­ցար:»

Գը­նա զրու­ցէ՝ ­Հայ­կա­զար­մից մեծ ո­գո­ւոց,
Որ կան այս­տեղ ա­զատ ու քաջ դեռ ­Հա­յեր,
Ո­րոնք ի բիւր պա­տե­րազ­մաց թէ­պէտ խոց
Մէջ ամպ­րո­պաց ի ժայռ կան­գուն են կե­ցէր»:

Ն.

Տպել Տպել