Յամեցող հակադաշնակցականութիւնը

(ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՆ)

Մինչ մեր ժողովուրդը Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին կը պատրաստուի մեծ շուքով նշելու Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակը, հայրենի որոշ պետական այրերու, քաղաքական շրջանակներու եւ մտաւորականներու մօտ նշմարելի կը դառնայ մեր անկախ պետականութեան կայացումը լիարժէք կերպով չընկալելու եւ մեր հանրապետութեան հիմնադիր սերունդի բախտորոշ դերակատարութիւնը նսեմացնելու դատապարտելի երեւոյթները։

Ազգայնօրէն մտահոգիչ պէտք է ըլլայ նման վերաբերմունք հանդէպ մեր արդի պատմութեան կենսականօրէն ճակատագրական նուաճումին եւ զայն կերտող հերոսական առաջնորդներուն։ Հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդը ստոյգ անհետացումէ փրկուեցաւ. աւելի քան վեց դարերու պետականազուրկ գոյավիճակը վերացնելով հիմը դրաւ մեր արդի պետականութեան. վերահաստատեց մեր քաղաքական անօթը եւ ռազմական պատուանդանը. անձեւ քաոսէն հայրենիք կերտեց՝ օժտուած իր տնտեսական ու մշակութային կառոյցներով։

Ափսո՜ս, գոյութիւն ունին հայ մարդիկ, որոնք տակաւին դժկամութիւնը ունին ըմբռնելու եւ ընդունելու հետեւեալ պարզ ճշմարտութիւնը.- Սարդարապատեան գոյամարտերու նուաճած Մայիսի 28-ով վերածուեցանք համախումբ ազգութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումով վերածուեցանք միջազգայնօրէն ճանաչուած պետականութեան տէր ժողովուրդի։

Սեդօ Պոյաճեան

Հրաշքի համազօր այս նուաճումը իրենց կամքով, իմացականութեամբ, քրտինքով եւ արիւնով կենսագործեցին նուիրեալ հայեր, որոնց անունն էր Արամ Մանուկեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Դրօ, Զօր. Նազարբեկեան, Զօր. Սիլիկեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Ալեքսանդր Խատիսեան, Սիմոն Վրացեան, Գարեգին Նժդեհ… եւ շարքը այս անուններուն երկար է… Եւ աւելին, իբրեւ հայ պէտք է հպարտութեամբ անդրադառնալ, թէ անոնք բոլորն ալ քաղաքականօրէն թրծուած էին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քուրային մէջ եւ իրենց կրակի մկրտութիւնը ստացած՝ Դաշնակցութեան յեղափոխական գործին ճամբով։

Անընդունելի ու դատապարտելի, սակայն թերեւս հասկնալի էր այս ազգային նուաճումին դէմ պոլշեւիկներու քինախնդիր կեցուածքը։ Պոլշեւիկները եօթը տասնամեակ շարունակ թշնամական եւ ժահրոտ վերաբերմունք ցուցաբերեցին Մայիս 28ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, անոնց կերտիչներուն եւ Դաշնակցութեան դէմ։ Անոնք մինչեւ իսկ յանդգնեցան քուրջի կտոր կոչել մեր սուրբ Եռագոյն դրօշը եւ «Դաշնակ շներ» գոռալ մեր երեսին։

Բայց այս օրերուն, Հանրապետութեան հարիւրամեակի սեմին, երբեք հասկնալի չէ ու չի կրնար ըլլալ, երբեք արդարացուցիչ չէ եւ չի կրնար ըլլալ, մեր հանրապետութեան ու անոնց հիմնադիրներուն դէմ կարգ մը հայրենի քաղաքական այրերու, հրապարակագիրներու եւ մտաւորականներու թշնամական, արհամարհական ու նսեմացնել փորձող ելոյթները, որոնք ժառանգ մնացած են պոլշեւիկեան օրերէն։

Մի քանի օր առաջ այս տեսակի հայ այրերու շարքին միացած է այլապէս յարգելի եւ արժէքաւոր մտաւորական մը՝ Պրն. Սամուէլ Կարապետեան։ Պրն. Կարապետեան յուշարձանագէտ է եւ ղեկավարը՝ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի։

Մի քանի օր առաջ, ի պատասխան այն առաջարկին, թէ Հայաստանի կեդրոնական դրամատան նախաձեռնած նոր թղթադրամներուն վրայ պէտք է զետեղել առաջին հանրապետութեան հիմնադիր հայրերուն նկարները, Պրն. Կարապետեան Դիմատետրի վրայ տեղադրած է հետեւեալ գրառումը. –

«1991-ից սկսուած երկրի ռեսուրսների անխնայ լափոցը, որի ականատես ենք բոլորս եւ որի արդիւնքում քառորդ դարի ընթացքում մեր պետութիւնը բառիս բուն իմաստով սմքել ու քայքայման եզրին է հասել, նոյնութեամբ եւ մինչեւ վերջին թելը խժռուել էր առաջին հանրապետութեան 2,5 տարուայ ընթացքում, ընդ որում այն օրերի պետական պատասխանատուները կարողացան մինչեւ վերջ յուսահատեցնել եւ բարոյազրկել նաեւ հայոց բանակը, երեւոյթ, որ գոնէ ներկայ իշխանութիւնների վերաբերմամբ չենք կարող փաստել…։ Այնպէս, որ այստեղ խնդիրը հակադաշնակցականութեան կամ հակա ինչկանութեան մէջ չէ, այլ փաստերի կշռման եւ հետեւութիւնների։»

Ըստ իր «փաստերի կշռման եւ հետեւութիւնների»ն, Պրն. Կարապետեան կը մատնանշէ վերանկախացած Հայաստանի վերջին 25 տարիներու «լափոցը», որու հետեւանքով մեր պետութիւնը «սմքել ու քայքայման եզրին է հասել», բայց առնուազն իշխանութիւնները չեն բարոյազրկած մեր բանակը։ Սակայն, ոչ միայն նոյնանման «լափոց» տեղի ունեցած է «առաջին հանրապետութեան 2,5 տարուայ ընթացքում», այլ նաեւ «պետական պատասխանատուները կարողացան մինչեւ վերջ յուսահատեցնել եւ բարոյազրկել նաեւ հայոց բանակը»։

Պահ մը շշմեցուցիչ էր վաստակաւոր յուշարձանագէտի մը կողմէ կատարուող ծայրագոյն աստիճանի նենգ որակումը մեր առաջին հանրապետութեան հասցէին։ Կարծէք այս գրութիւնը բառացիօրէն փրցուած է պոլշեւիկեան հակադաշնակցական քարոզչութեան թղթածրարէն։ Ճիշդ պոլշեւիկեան յերիւրածոյ վերագրումներու նման, Պրն. Կարապետեան, առանց առարկայական տուեալներու եւ պատմական փաստերու, կը փորձէ նուաստացնել մեր անդրանիկ հանրապետութիւնը, հիմնադիր սերունդը եւ հայոց հերոսական բանակը։

Սակայն փաստերը այլ իրականութիւն կը հաստատեն։

Առաջին, օտար ուժերու ծառայողները միայն կրնան բարոյազրկել բանակ մը։ Մեր ներկայ պաշտպանական ուժերու եւ բանակի մարտունակ ոգին եւ բարոյական բարձրութիւնը կը պարտինք մեր քաջարի զինծառայողներուն եւ ազատամարտիկներուն։

Երկրորդ, առաջին հանրապետութեան 2,5 տարիները եղան պետական մեքենայի եւ ազգային տնտեսութեան կառուցումը։ Երկիրը աղքատ էր, զրկուած ֆինանսական միջոցներէ։ Կառավարութիւնը մինչեւ իսկ դժուարութիւն կ՚ունենար հոգալու ժողովուրդի կենսական կարիքներուն։ «Լափելիք» ոչինչ կար, որպէսզի «լափոց» տեղի ունենար։

Սակայն «լափոց» տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2, 1920էն ետք, երբ պոլշեւիկեան Յեղկոմը, Կարմիր Բանակի սուիններուն հենելով, տիրացաւ հանրապետութեան ղեկին։ Յաջորդող 2,5 ամիսներու ընթացքին Յեղկոմն ու հայ պոլշեւիկները թալանեցին արդէն իսկ աղքատ եւ ընչազուրկ մեր ժողովուրդին համեստ ունեցուածքը։ Պոլշեւիկեան թալանը հասաւ այն տարողութեան, որ ժողովուրդը հարկադրուեցաւ դիմելու ապստամբութեան՝ ընդդէմ յեղկոմական պոլշեւիկներուն։ Այսպէս, Փետրուար 18, 1921ին,Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ պոլշեւիզմի դէմ առաջին յաջող ժողովրդային ապստամբութիւնը, որուն հիմնական պատճառը պոլշեւիկներու «լափոց»ն էր։

Երրորդ, հայկական բանակի բարոյալքման հեղինակները Հայաստանի կառավարութեան պատասխանատուները չէին, այլ օտար ուժին եւ Կարմիր Բանակին հենած այն հայանուն պոլշեւիկները, որոնք կազմակերպեցին 1920ի Մայիսեան խռովութիւնները եւ ամիսներ շարունակ քանդիչ քարոզչութիւն կատարեցին մեր բանակայիններուն մէջ։ Պոլշեւիկներու նպատակը յստակ էր։ Տիրանալ Հայաստանի իշխանութեան եւ պոլշեւիկացնել մեր երկիրը՝ յանուն պրոլետարիատի յեղափոխութեան եւ ընկեր Վլատիմիր Իլիչ Լենինի։

Ցաւալի է ականատես ըլլալ Պրն. Կարապետեանի նման մասնագէտ մտաւորականի մը մեր պատմութեան ճիշդ ծանօթացման եւ ընկալման մէջ արձանագրած իր այս սայթաքումին։

Կրկնակի ցաւալի է հաստատել որ իր գրառումը զինք զոհ կը դարձնէ պոլշեւիկատիպ հակադաշնակցական քարոզչութեան։

Բայց թերեւս զոհ չէ դարձած, քանի որ այս նոյն Պրն. Կարապետեանը երկու տարի առաջ ծիծաղի կ՚ենթարկէր մեր պետական զինանշանը՝ ակնարկելով «առիւծի բերանի բաց լինելու»ն եւ մեր ազգային օրհներգը կ՚որակէր «ծայրայեղ անկումային»։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Լոս Անճելըս
Յուլիս 16, 2017

Տպել Տպել