Ակնարկ. ԳՕՏԻՆԵՐ (Ոմանց Համար Լարուածութեան Մեղմացման, Այլոց` Անվտանգութեան, Ուրիշներու` Արգելակման)

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթընն ու Մոսկուան Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու հաստատման ընթացքին պիտի երաշխաւորեն, որ Իսրայէլի շահերը նկատի առնուին, ուշագրաւ մեկնաբանութիւններու տեղի տուաւ:

Լաւրով խորքին մէջ կ՛արձագանգէր Իսրայէլի վարչապետին այն յայտարարութեան, որուն համաձայն, Թել Աւիւ կը մերժէր Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութիւնը երկարաձգող զինադադարի հաստատման վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը:

Թեհրանի ներկայութիւնը Իսրայէլի անմիջականութեան մէջ սպառնալիք կը նկատուի Թել Աւիւի համար: Փաստօրէն, Հըզպալլա կազմակերպութիւնը այս պարագային կ՛ընկալուի իբրեւ իրանեան բանակի ստորաբաժանումը: Հըզպալլան լիբանանեան կազմակերպութիւն ըլլալով սուրիական տարածքներու վրայ կը պատերազմի սուրիական կառավարական ուժերու կողքին` մաքրազտելու համար տարածքները իսլամական ահաբեկչական տարրերէն:

Ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը կը տարածուի նաեւ Իրանի վրայ. մասամբ նաեւ Անգարայի վրայ, որ ամէն պատեհ առիթ կ՛օգտագործէ քիւրտ զինեալները հարուածելու` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընդհանուր կարգախօսին տակ:

Կը թուի, որ զինադադարի որոշումը փոխկապակցուած է նաեւ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան հետ: Լարուածութեան մեղմացման գօտիները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ ազդեցութեան գօտիներ, իւրաքանչիւր գերտէրութեան կողմէ հովանաւորուած:

Երեւցող անհանգստութիւնը կը վերաբերի Իսրայէլին: Ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի»-ն աւելի կը պարզաբանէր Թել Աւիւի անհանգստութեան պատճառը: Թերթը կը յայտնէր, որ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ, որ Հըզպալլան հեռու պահուի Կոլանի բարձունքներէն:

Ազդեցութեան գօտիներու շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւնն է, որ աւելի ազդեցիկ կը դարձնէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Մինչ այս համաձայնութիւնը գետնի վրայ զգալի տեղաշարժ կամ մաքրազտման գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը չէր զգացուեր: Հետզհետէ շօշափելի կը դառնայ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը:

Իրադրութիւնները սակայն կը յուշեն, որ ամէն ինչ այնքան հեզասահ եւ համաձայնեցուած ու վերահսկելի վարքագիծերով չէ, որ կ՛ընթանայ:

Որքան ալ իսլամական ծայրայեղականութիւնը արմատախիլ ընելու վճռակամ եւ համակարգուած գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան, տակաւին ենթահողը չէ ձեւաւորուած քաղաքական տարածաշրջանային համաձայնութեան: Նման խմբաւորումները տակաւին գործիքի դեր ունին կատարելիք:

Գործիքի դեր կը տրուի նաեւ քրտական գործօնին, որ այս պարագային Անգարան կ՛անհանգստացնէ: Ուրեմն մէկ կողմէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատնէշներ կամ արգելակիչ գօտիներ կ՛առաջադրուին Թել Աւիւի կողմէ, միւս կողմէ Թուրքիոյ եւ քրտական տարածքներու միջեւ անվտանգութեան գօտիներ կը հետապնդուին Անգարայի կողմէ:

Լարուածութեան մեղմացման գօտիներ բառակապակցութիւնը իբրեւ անվտանգութեան գօտի կամ արգելակիչ գօտի կ՛ընկալուի անհանգստութիւն ունեցող պետութիւններուն կողմէ:

Համաձայնութիւնը ցարդ զինադադարին կը վերաբերի. լարուածութեան մեղմացման գօտիները մինչ այժմ յստակօրէն չեն սահմանագծուած: Զինադադարը ընդամէնը թայմ աութ է` ազդեցութեան գօտիներու շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան յանգելու բանակցութիւնները աշխուժացնելու համար:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել