Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

Հետեւողականութիւն բառը այս պարագային հակաքաղաքագիտական կամ զուտ բարոյական առումով պէտք չէ ընկալել: Պարզ է, որ հետեւողականութիւնը քաղաքական գործընթացներու մէջ սկզբունք չէ եւ շատ արագ կրնայ շեղումներու ենթարկուիլ եւ հուն փոխել: Այստեղ խնդիրը առաւելաբար կը վերաբերի ամերիկեան վարքագիծի մը, որ սերտօրէն կապուած է անոր արտաքին քաղաքականութեան` Թուրքիոյ նկատմամբ արձանագրուող ուղղութեան հետ:

Ինչպէս մարդկային իրաւունքները, այնպէս նաեւ կրօնական ազատութիւններու պահանջները ունին զուտ քաղաքական շարժառիթներ եւ ընդամէնը խաղաթուղթ են կամ ճնշամիջոց գերտէրութեան մը կողմէ տուեալ պետութեան նկատմամբ որոշակի քաղաքականութիւն իրականացնելու ընթացքին:

Եթէ մէկ կողմէ քրտական գործօնը Արեւմուտքի համար միջինարեւելեան տարածաշրջանի զինուորաքաղաքական գործընթացներուն շահարկելի իրականութիւն է, միւս կողմէ` Թուրքիոյ հետ պարանաձգութեան միջոցին ճնշումը զօրացնելու միջոց: Քրտական խմբաւորումներէն ետք, թէեւ ոչ անոնց չափ ազդեցիկ, այսուհանդերձ կան նաեւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններ, որոնք ներթրքական հասարակութեան մէջ ուշագրաւ կէտեր են այս պարագային Ուաշինկթընի համար:

Ո՛չ կրօնական ազատութեան սկզբունքը, ո՛չ ալ մարդու իրաւունքներու յարգումի արժէքը շարժառիթներ են, որ Ուաշինկթըն հանդէս գայ բանաձեւերով, պահանջներով եւ հիմա զեկուցումի ճամբով ճնշումներով: Քաղաքական տրամաբանութեամբ աւելի քան պարզ է, որ Ուաշինկթընի համար հիմնական խնդիր չէ, թէ Սուրբ Խաչի մէջ հայկական պատարագ արտօնուա՞ծ է մատուցելը, թէ՞ ոչ: Ո՛չ ալ ազգապատկան կալուածները իրաւատիրոջ վերադարձնելու խնդիրը: Եւ կամ «Քամփ Արմէն»-ի համար նախաձեռնուած պայքարին քանի օր տեւած ըլլալը:

Այս բոլորը կրնան շատ արագ հուն փոխել եւ քաղաքական մեղրամիսային եղանակի մը յայտնուելու պարագային կա՛մ մոռացութեան ենթարկուիլ, կա՛մ ալ կրնան որդեգրուիլ ճիշդ հակառակ բանաձեւեր եւ գնահատականներ, որոնք կ՛ընդգծեն Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու եւ կրօնի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգումի օրինակները:

Քաղաքական տրամաբանութեան եւ գործընթացներու փիլիսոփայութեան այս օրինաչափութիւնները նկատի ունենալով է, որ ազգաբնակչութիւններու քաղաքական գործունէութիւնները յատուկ արուեստով կը մշակեն իրենց պահանջներու, ակնկալութիւններու ծրագիրները: «Քամփ Արմէն»-ի քանդումին դէմ պայքարողները քաղաքացիական շարժումի աշխուժացման ընդհանուր մթնոլորտին մէջ կը նախաձեռնէին բողոքի գործողութիւններու առանց անպայման նախատեսելու, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումին մէջ յատուկ պիտի նշուէին:

Արդար պահանջի հիման վրայ տեղին եւ օրինաչափ նկատուող բողոքի գործողութիւն մը սակայն Թուրքիոյ նման կտրուկ շրջադարձներ կատարող երկրի մը մէջ կրնայ ընկալուիլ իբրեւ արկածախնդրութիւն, Թուրքիոյ մասնատումը առաջադրած ուժերու համար ներքին գործիք եւ նման ամբաստանութիւններու նշանակէտ:

Ամերիկեան վարքագիծը բնականաբար որեւէ մտահոգութիւն չ՛ապրիր, թէ իր յայտարարութիւնները եւ ներթրքական գործընթացներու վրայ բացած լուսարձակները ի՛նչ տեսակ հետեւանքներ կրնան ունենալ դէպի սուլթանութիւն վերադարձ կատարած երկրին մէջ:

Կրօնական ազատութեան յարգումի սկզբունքին տակ կը տեղադրուին Սուրբ Խաչի մէջ պատարագ մատուցելը, Տիգրանակերտի եկեղեցիներու վերադարձը, Սիսի կաթողիկոսութեան դատը, իսկ իբրեւ փոքրամասնութեան իրաւունք` «Քամփ Արմէն»-ի պայքարը:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ ըսելաձեւով ներկայացուած է: Որոշ կէտեր ուղղակի պահանջուած են զեկուցումին մէջ, այլ կէտեր անուղղակի:

Ընդգծելին այն է այս պարագային, որ Ուաշինկթընը հետեւողականութիւն պահած է թրքական իշխանութիւններուն վրայ կրօնական ազատութեան կարգախօսին տակ ճնշումներ բանեցնելու:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել