«Հայրենիք»ի խմբագրական. Լուացարանին լուացքը

Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ.- «Աղտոտն ու կեղտոտը որքան որ լուա՛ս, միշտ ալ կը մնան աղտոտ ու կեղտոտ»:

Հաւանաբար, այս խօսքը անհասկնալի կամ անընդունելի նկատուի այս բնագաւառին մէջ մասնագիտացած քիմիագէտներու եւ գործատէրերու: Սակայն, փոխաբերական իմաստով, յստակ է թէ «բանն ինչումն է»: Իսկ եթէ խնդրոյ առարկայ լուացարարը Ատրպէյճանի Ալիեւ ընտանիքն է, այդ պարագային յստակ է թէ ի՞նչ տեսակի մաքրութեան դեղի կամ պարարտացուցիչի մասին կը խօսուի:

Տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող թնճուկ մըն է պատահածը, որ շարունակ փորձուած է լուսանցքի տակ առնուիլ, «ծածկուիլ» ու մոռցուիլ:

Սակայն, ըստ երեւոյթին, կարգ մը լրատուամիջոցներ, հիմնարկներ եւ կազմակերպութիւններ որոշած են թմբիրէն դուրս բերել այս «Ատրպէյճանական փողալուացք»ը, համաշխարհայնացած լեզուաշխարհին մէջ աւելի ծանօթ Azerbaijani Laundromat անունով:

Ատրպէյճանի եւ անոր ծաւալապաշտ ղեկավար Ալիեւի կատարած միլիոնաւոր տոլարներու հասնող զեղծարարութիւններու մասին է արծարծուած հարցը, որուն մասին վերջերս մանրամասն թղթածրար մը պատրաստած է Կազմակերպուած Ոճիրի Եւ Զեղծարարութեան Տեղեկագրական Ծրագիրը (Organized Crime and Corruption Reporting Project), յանձինս մասնագիտացած տնտեսագէտներու, որոնց կարգին եւրոպացիներ եւ ազերի այլախոհներ:

Դանիական դրամատան մը Էսթոնիոյ մասնաճիւղին միջոցաւ, լուացարար Ալիեւ կրցած է բրիտանական չորս ընկերութիւններու խողովակով իր միլիոնները հասցնել եւրոպական շարք մը երկիրներ, նաեւ Ղազախստան, Պարսկաստան եւ … անշուշտ Թուրքիա, ի նպաստ Ատրպէյճանի ներկայ ղեկավարութեան արտայայտուող անձնաւորութիւններու:

Այսպէս, աւելի քան 13 հազար դրամատնային փոխանցումներ կատարուած են վերոյիշեալ գործընթացով, եւ դեռ աւելին։ Հարցը խիստ խորհրդապահական եւ «փակ» պահելու մտայնութեամբ, վերոյիշեալ բրիտանական ընկերութիւնները, այդ գործառնութիւնները հարկերէ զերծ պահելու համար, հեռաւոր օֆշորային դրախտ երկիրներու ճամբով կատարած են այս թանկագին փոխանցումները:

Շօշափելի գումար երկրէն դուրս բերելու դժուար գործընթացին ազդանշանը տրուած է խնդրոյ առարկայ երկրին՝ Ատրպէյճանի մէջ, ուր շատ աւելի դիւրին է զեղծելն ու կաշառակերութիւն կատարելը, «հովանոց»ային ընկերութիւններ հիմնելով եւ այդպէս ալ պէտք եղած դրամը երկրէն դուրս մատակարարելով: Հակառակ ամէն գնով «սուսիկ-փուսիկ» գործելաձեւին, յստակ փաստեր կան, որ այս նիւթական առաքումները պետական բարձրաստիճան խողովակներով ուղղուած են այն անձերուն, որոնք գործած են եւ դեռ ալ կը գործեն ի նպաստ ներկայ ազերի ծաւալապաշտ ղեկավարութեան:

Ահաւասիկ, խաւիարային դիւանագիտութեան կողքին այլ ատրպէյճանական զեղծարարութիւն մը՝ Ալիեւի հովանաւորութեամբ կատարուած փողալուացքը, նոյնքան վտանգաւոր, որքան ուղեղալուացքը:

Այս նուիրատուութիւնները յատուկ թափ ստացած են ի մասնաւորի 2012-էն 2014 թուականներուն։ Այն աստիճան, որ Եւրոխորհրդարանը, շնորհիւ կարգ մը «գնուած» ներկայացուցիչներու, կրցած է դէմ քուէարկել պատշաճօրէն եւ ամենայն մանրամասնութեամբ Ատրպէյճանը քննադատող զեկոյց մը…որ այս փողալուացքի լոյսին տակ, մինջեւ տարեվերջ, վերատեսութեան պիտի ենթարկուի:

hairenikweekly.com

08/09/2017

Տպել Տպել