«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Համահայկական խոհեր եւ մտորումներ

Սեպտեմբեր 2014-ին գումարուած Հայաստան-Սփիւռք հինգերորդ համաժողովին, Հ.Հ. նախագահը փակման իր խօսքին մէջ, առաջարկած էր գործօն պահել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը եւ վերանուանել «Համահայկական Խորհուրդ», որ այսպէս պիտի դառնայ մշտական հարթակ՝ համահայկական հրատապ խնդիրներու քննարկման:

Հետեւաբար, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի յաջորդող նիստի ընթացքին, այս ժողովականները, վերլուծելէ եւ քննելէ ետք հարիւրամեակի ձեռնարկները, քայլ մը աւելի առջեւ երթալով որոշեցին այս յատուկ ծրագրի համար պատրաստուած յանձնախումբը վերածել մնայուն համահայկական խորհուրդի:

Այս մտայղացումը հաւանաբար արագ ակնարկով եւ պատշաճ գործադրումով տրամաբանական եւ շինիչ որոշում մը նկատուի, յատկապէս կազմ ու պատրաստ պահելով ենթակառոյցները, որոնք որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգած են եւ երկար վազքի վրայ, յառաջիկայ տարիներուն կրնան կատարել նմանօրինակ ձեռնարկներ:

Հոս տեղին է նշել, թէ միեւնոյն ժամանակ կայ մետալին միւս երեսը, որ լրջօրէն կը մտահոգէ յատկապէս սփիւռքահայ հայորդին:

Հակառակ ապրելակերպի եւ գործելաձեւի արդիականացման, նմանօրինակ համահայկական խորհուրդ պիտի ունենայ կեդրոնացեալ բնոյթ եւ ազդեցութիւն, որոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենան աշխարհատարած գաղութներուն վրայ:

Ի վերջոյ, ցայսօր եւ ապագային ալ դասական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու հետեւողական ճիգերով ու ջանքերով է որ սփիւռքահայը իր Հայ Դատի, հայապահպանման եւ հայակերտման աշխատանքը կը տանի, միշտ ալ գերադասելով հիմնարկը, կազմակերպութիւնն ու կուսակցութիւնը՝ անձէն, անձնականէն, «ես»էն ու «եսական»էն, պարզ ու մեկին՝ ազգային եւ «ժողովրդային» շահերը գերադասելով անձնասիրութենէն եւ եսասիրութենէն:

Այդպէս է որ կը դառնայ սփիւռքահայուն անիւը:

Կարելի չէ փոխել եւ պիտի՛ չփոխուի:

Նաեւ, տեղին է հաստատելը, թէ բազմիցս «սփիւռքահայ» բառը նշելով, ո՛չ մէկ կրաւորական բաժանում կամ մութ հաշիւներու սադրանքով ճեղք ստեղծելու փորձեր կը կատարուին, այլ ընդհակառակը իրապաշտօրէն գաղութներու մէջ տիրող իրապաշտ իրավիճակն է որ կը ներկայացուի: Իրավիճակ մը, որուն մօտէն թէ հեռուէն քաջատեղեակ են թէ՛ հայորդին եւ թէ՛ սփիւռքահայը…մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ Ովկիանիոյ բացերը:

Սոյն գաղափարին միտք բանին յստակ է, բայց միեւնոյն ժամանակ դժուար է նման մարմնի մը անդամակցութեան ճիշդ ձեւը բնորոշելը: Մարմին մը, ուր սփիւռքեան իւրաքանչիւր կազմակերպութեան պիտի ապահովուի իսկական կշիռին համապատասխանող ներկայութիւն:

Դեռ քայլ մը աւելի ներս թափանցելով, այս մարմնին համահայկական տարաբնոյթ կազմակերպութիւններ համախմբելու ազնիւ ու ջինջ պատկերը կը մատուցուի, բայց ըստ էութեան այն կրնա՛յ եւ պիտի՛ վերածուի քաղաքական դերակատարի, որուն մէջ ցաւօք սրտի…տեղ պիտի գրաւեն քաղաքականութեան հետ առնչութիւն չունեցող միաւորներ ու անփորձ անհատներ, որոնք իրենց եսակեդրոն ներկայութեամբ պիտի դժուարացնեն հայութիւնը յուզող քաղաքական որոշումներ ձեւաւորելու ամէն ճիգ եւ գործընթաց:

Հոս է որ նմանօրինակ կացութիւն մը կրնայ դուռ բանալ մտահոգիչ երեւոյթներու:

Եւ այսպէս օտար եւ մութ ձեռքեր անոնց առիթ կրնան ստեղծել, գործակցելով այդ «ես»ը կազմակերպութենէն ու կուսակցութենէն աւելի բարձր գերադասող անձնաւորութիւններու հետ: Անոնք նման խակ եւ անխոհեմ գործունէութեամբ կրնան վտանգել Հայ Դատն ու իր գործունէութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան «Յիշում Եմ…Եւ Պահանջում»ը, ճանաչումն ու հատուցումը:

hairenikweekly.com

14/09/2017

Տպել Տպել