Ընկերային արդարութեան հրամայականը

Կարօ Արմենեան

«…ՀՀԿ-ի ու ՀՅԴ-ի գործակցութիւնից պէտք է շահի երկիրը: Հասարակութիւնը պէտք է իմանայ ՀՅԴ-ի աշխատանքի մասին որպէս կոալիցիոն գործընկեր: Սակայն ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն տարբերւում են իրարից: ՀՅԴ-ի օրակարգը սոցիալական արդարութիւնն է: Մենք պէտք է պահենք մեր դիմագիծը, չ՚ըսպառենք այն բարոյական կապիտալը, ինչը որ կայ: Այս խորհրդաժողովը կ՚օգնի, որ ծնուի ՀՅԴ տնտեսական ամբողջական հայեցակարգը, որի առանցքը կը լինի սոցիալական արդարութիւնը»:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
Սեպտեմբեր 16, 2017
Աղուերան

Յստակ է, որ Դաշնակցութիւնն ու Հանրապետական Կուսակցութիւնը գաղափարական գործընկերներ չեն։ Այն դաշինքը, որ այժմ ի մի բերած է երկու քաղաքական ուժերը, կոչուած է հնարաւոր դարձնելու երկու կուսակցութեանց համագործակցութիւնը ազգային գերամեծար նպատակներու շուրջ և յատկապէս երկրի դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքներու մարզին մէջ։

Միւս կողմէ, պէտք է կարևորութեամբ արձանագրենք, որ Մայիսի 18-ին արտասանուած ՀՀ Նախագահի ճառը Ազգային Ժողովի անդրանիկ նիստի ամպիոնէն հանգամանօրէն կը դնէ ընկերային արդարութեան առաջնահերթութեան խնդիրը։ «Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ ենք յայտարարում անարդարությանը», կ՚ըսէ Պր. Նախագահը գէթ սկզբունքային հողի վրայ իւրացնելով Դաշնակցութեան օրակարգը։ Հետևաբար երկու ղեկավար ուժերը իրենց առաջին դէմքերու իսկ հրապարակային ելոյթներով կու գան հաստատելու, որ միասնական աշխատանքի կոյս տարածք մը գոյութիւն ունի այսօր երկրէն ներս ընկերային արդարութեան կենսական առաջնահերթութիւնը լիարժէք թափով հետապնդելու։ Պր. Նախագահէն եկող այս հաւաստիքը հանրութիւնը պէտք է ընդունի որպէս անժամանցելի պարտամուրհակ։

Ըսած եմ ասկէ առաջ և կը կրկնեմ։ Գործող դաշինքին մէջ Պր. Նախագահի կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ մենաշնորհային համակարգի դասակարգային շահերը, իսկ Դաշնակցութիւնը կը ներակայացնէ հանրութեա՛ն շահերը։ Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօ՞ք այս երկու շահակցական շերտերու հանդիպումը հնարաւոր է այս կէտին վրայ, երբ երկրի արտադրողական միջոցները լայն չափերով կը գտնուին մենաշնորհային համակարգի հակակշռին տակ, որ ընկերային անարդարութեան գլխաւոր գործօնն է երկրէն ներս։ Այս հարցումին պատասխանը կը բխի դաշինքի յառաջիկայ օրերու և ամիսներու արդիւնաւոր ընթացքէն։ Փաստը այն է, որ յանկարծ քաղաքական բեմը — գէթ սկզբունքօրէն — ծնունդ տուած կը թուի ըլլալ հանգիտութեան իր նոր եզրերուն…Յանկարծ երկու ուժերու հաւաքական յանձնառութեամբ կը թուի բիւրեղացած ըլլալ ընկերային գործի գործադաշտը «պատերազմական» յայտարարելով գոյութիւն ունեցող արդարութեան ճգնաժամը երկրէն ներս…

Ուրեմն եկած է ժամանակը լոզունգներէն անդին անցնելու։ Եկած է ժամանակը Դաշնակցութեան պլատֆորմը դաշինքէն ներս վերածելու գործօն քաղաքականութեան։ Եկած է ժամանակը խիզախ քայլերով կազմաքանդելու ազգային տնտեսութեան կեանքը պատուհասող մենաշնորհային համակարգը։ Ընկերային արդարութեան հրամայականը այսօր մէկ առաջնահերթ թիրախ ունի միայն Հայաստանի մէջ։ Իշխանութիւնը պէտք է կարողանայ տարանջատել ինքզինք մենաշնորհային համակարգի շահերէն և սկսի գործել որպէս հանուր ազգի ներկայացուցիչը արմատականօրէն կարգաւորելով երկրի տնտեսակարգը և զայն բերելով մրցակցային դաշտէն ներս։ Ասով պէտք է նշանաւորուի դաշինքը որպէս հաւաքական մտատեսիլ։ Ընկերային արդարութիւնը կը պահանջէ ընկերային կարգավիճակի հիմնական յեղաշրջում աշխատատեղերու ստեղծման գործօնները խթանելով և ազգային եկամուտի շարունակական վերաբաշխումը ապահովելով։ Հայ մարդը պիտի զգայ, որ այս երկրին տէրն է ինք և իր զաւա՛կը՝ իրմէ ետք։ Միայն այդ հողին վրայ է, որ մենք կ՚ունենանք արտագաղթի խայծերը մերժող ԱԶԳ-ԲԱՆԱԿ, որ պատրաստ է ինքզինք նուիրաբերելու երկրի բոլոր մարտահրաւէրներուն և ինքզինք դնելու պատմութեան նժարին վրայ այժմ և միշտ և յաւիտեան։

Կարօ Արմենեան

Սեպտեմբեր 18, 2017
Ուաշինկթըն

Տպել Տպել