«Ազդակ» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Շահան Գանտահարյանի ելույթը Հայաստան-Սփյուռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ժամանակ

Թեմա՝ «Որպես հայկական տեղեկատվադաշտ՝ մեր ջանքերը Անկարայի և Բաքվի կողմից միջին արևելյան տարածաշրջանում հակահայկական քարոզչություն անելու փորձերին դիմագրավելու ուղղությամբ», «Հակահայկական քարոզչությունը տեղեկատվական անվտանգության թիրախում» աշխատանոցում։

Միջին Արեւելան տարածշրջանի մէջ հակառակորդներու տարած տեղեկատուական աշխատանքներուն մասին ընդհանուր բնութագրային զեկուցումի համար լուսարձակները պէտք է կեդրոնացնել ինչպէս Անգարայի, այնպէս նաեւ Պաքուի քարոզչամեքենաներու տարածաշրջանային արտադրատեսակների, յաճախ ալ անոնց միացեալ արտադրամասի գործունէութեան տեսանելի բաժիններուն վրայ եւ փորձել ներկայացնել իրավիճակային ուրուագծեր տեղեկատուաքաղաքական առկայ ուղղութիւններուն առումով։

Տեղեկատուադաշտի վրայ այս առումով կայ հետեւողականութեան բացակայութիւն, եղանակային աշխուժութիւն, յաճախ ալ զարմացնող կրաւորականութիւն։

Հակառակ անոր, որ Լիբանանը միակ արաբական երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը երկար ատենէ ի վեր ժխտողականութիւնը թիրախային կէտ չէր Անգարայի համար արաբական մամուլին մէջ` նմանատիպ թեմաներ արծարծելու առումով։ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ անոր յաջորդող անմիջական ժամանակաշրջանին որոշակի աշխուժութիւն ցուցաբերուեցաւ այս ուղութեամբ, երբ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ, Մարոքի, Էմիրութիւններու եւ Քուէյթեան թերթերու ինչպէս նաեւ Լոնտոնէն հեռարձակուող համաարաբական հեռուստացույցերու հաղորդումներուն մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումի տեսակէտները բազմացան։ Համադրուած բանաձեւը այս ուղղութեամբ այն էր որ ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը կը տեղադրուի քաղաքական շանթաժի նպատակներուն տակ եւ ոչ թէ պէտք է ներկայացուի իբրեւ պատմական իրադարձութիւն։

Այլ պարագայ է եգիպտական մամուլի մէջ կայացած երեւոյթը։ Յատկապէս Գահիրէ_Անգարա յարաբերութիւններու լարուածութեան մագլցողականութեան օրերուն, եգիպտական լրատուադաշտը ստեղծեց այն պատրանքը, որ պաշտօնական Գահիրէի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը սարերու ետին չէ։ Այստեղ հակառակ ուղղութեամբ պարզ էր շանթաժի տրամաբանութիւնը. Այնքան մը որ նախագահի թըվիթըրեան էջը ցեղսպանութիւն որակած էր 1915ի իրադարձութիւնները։ Հարցը ի հարկէ տեղեկատուական եւ յայտարարողական հարթութենէն անցում չկատարեց դէպի իրաւաքաղաքական դաշտ։ Հակառակ անոր, որ եգիպտական տեղեկատուադաշտը յորդեցաւ նման արծարծումներով, այնուամենայնիւ չկարողացաւ մուտք գործել խորհրդարան կամ կառավարութիւն։ Այս ընդհանուր շրջածիրին մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ օրուան նախագահի ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի երեւանեան նշումներուն ժամանելու պաշտօնական անձերու կողմէ կատարուած փոխանցումները։

Դիտարժան կէտը այս պարագային այն է, որ Անգարայի ուղղութեամբ տեղեկատուական կրակոցներ արձակող եգիպտական մամուլը ,միշտ այլ պահուածք ունէր եւ ունի արցախեան հարցին մասին։ Խոջալուի ինքնաոչնչացման իրադարձութիւնները եգիպտական մամուլին մէջ յաճախ ներկայացուած են պաշտօնական Պաքուի արտադրանքներուն համահունչ։ Եգիպտական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներու էջերուն յաճախ կարելի է հանդիպիլ տեղւոյն Ազրպէճանի դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութիւներուն, ուր հայկական կողմը կը ներկայացուի իբրեւ բռնագրաւող եւ յարձակողապաշտ։
Սուրիոյ պարագային Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու խզումի եւ պատերազմին բռնկումին առընթեր արտակարգ մերձեցումէն արտակարգ թշնամանքի կտրուկ անցումը տեղի տուաւ նաեւ սուրիացի ամենաբարձր պաշտօնեաներու Հայոց ցեղասպանութեան մասին բարձրաայնումներ կատարելու։ Նոյնիսկ Դամասկոսը Անգարայի հետ իր ունեցած թշնամանքի ամենաբարձր աստիճանաափի օրերուն չօգտագործեց ճանաչումի զէնքը։ Նախագահի տուած հարցազրոյցին մէջ օգտագործուած բառը հակառակ անոր որ տեղ գտաւ նաեւ խորհրդարանական լսումներուն, այդուհանդերձ բանաձեւի կամ որոշումի կարգով չքուէարկուեցաւ։

Սուրիական լրատուադաշտը ընդհանրապէս կը շրջանցէ արցախեան հակամարտութեան թեմայի մասին գնահատակններ տալու մօտեցումները։ Մինչեւ այս պահը սուրիական մամուլը, իր ընդհանուրին մէջ իշխանութեան կողմէ վերահսկուող մամուլ է։ Եւ եթէ ահաբեկիչ տարրերու մէջ ադրբեջանցիներու աշխուժ ներգրաւումը հանրայի ն կարծիքի մօտ հակաազերիական որոշակի տրամադրութիւններ ստեղծած է, այնուամենայնիւ հակաՊաքու քաղաքական դիրքորոշումի ալիքաւորումներ չեն նկատուիր Սուրիոյ տեղեկատուաական դաշտին մէջ։
Իբրեւ տարածաշրջանի երկիր փորձենք կեդրոնանալ նաեւ իսրայլէեան զանգուածային լրատուամիջոցներու վերջին շրջանին դրսեւորած երբեմն հակասական, երբեմն Թել Աւիւի կողմէ համակարգումի տպաւորութիւն ձգող ընդհանուր իրավիճակին վրայ։

Այստեղ եւս Անգարա-Թէլ Աւիւ որոշ պահերու բեմականացուող, երբեմն աւելի ճգնաժամի համոզում փոխանցող ելեւէջները իրենց արտացոլացումը կ՜ունենան նաեւ իսրայէլեան մամուլի ներկայացուցիչներուն վրայ։ Հարցը մուտք կը գործէ խորհրդարան, կ՜երթայ համապատասխան յանձնախումբ եւ անկէ չի կրնար ոստում կատարել դէպի օրէնսդիր ժողով։ Եւ այս տեղապտոյտը կը շարունակուի համարժէք արձագանգումներ ստեղծելով նաեւ մամուլի մէջ։

Կը թուի սակայն, որ Պաքուի տեղեկատուական տեսչութիւնները չեն յաջողիր ապրիլեան պատերազմի օրերուն Իսրայէլի տրամադրած զինատեսակներու հայերու դէմ օգտագործման երեւոյթին առնչութեամբ բարձրացած լրատուական աղմուկը մեղմելու։

Լիբանանի պարագային, հայկական գործօնի կազմակերպ ներկայութիւնը հաշուի կ՜առնուի հակառակորդներու կողմէ առնուելիք մարտավարական քայլերու ընթացքին։

Համարեա բացառուած է ժխտողականութեան որեւէ երեւոյթ լիբանանեան մամուլին մէջ, այսուհանդերձ շեշտակի է յատկապէս արցախեան հակամարտութեան առումով կրօնական երեսի շահարկումով ազրպէյճանական տեսակէտներու թափանցման փորձերը։

Այստեղ թէ՜ Թուրքիոյ եւ թէ՜ Ազրպէյճանի դեսպանութիւնները որդեգրած են զգուշաւոր ու կրաւորական երեւնալու մարտավարութիւնը։ Անոնց տեղեկատուական բաժանմունքները կ՜աշխատին միասին պարագայականօրէն Խոջալուի մասին համեմատաբար զուսպ լրատուութիւններ եւ ըսելաձեւեր սպրդեցնելու լիբանանեան մամուլին մէջ։

Հայկական կողմէն շատ բուռն հակազդեցութիւններու ի տես, լիբանանեան որեւէ լրատուամիջոց զգուշ է հայկական երկու գերակայ ուղղութիւններուն մասին անյարմար կացութիւն չստեղծելու համար։
Փոխարէնը սակայն իսլամ զանգուածներու, թիւրքմէն ազգաբնակչութեան մօտ կայ շատ հետեւողական պետական աշխատանք Անգարայի կողմէ հովանաւորուած համայնք ստեղծելու։ Պէտք է ըսել որ այս քաղաքականութիւնը երկրին մէջ արձանագրած է որոշ տեղաշարժ թրքամէտ մթնոլորտ եւ Թուքիոյ հետ սերտ կապուածութիւններ ստեղծելու ուղղութեամբ։ Այս մէկը ինքնին ուղղակի թէ անուղղակի ստեղծած է հակահայ տրամադրութիւններ, որոնք տարբեր առիթներու երեւցան լիբանանցի յատկապէս սիւննի համաքաղաքացիներու մօտ։

Ապրիլեան պատերազմի օրերուն լիբանանեան այսուհանդերձ համաարաբական արբանեակային հեռարձակումն ունեցող հեռուստացոյցի կարեւոր ընկերութիւններ հայ համայնքի նախաձեռնողականութեամբ փութացին Արցախ լուսաբանելու համար պատերազմը։ Առաջին անգամը չէ որ անոնցմէ ոմանք կը մեկնէին Արցախ. Այդ ենթահողի վրայ միլիոնաւոր արաբ զանգուածները հաղորդակից դարձան հայկական կողմի հիմնաւորումներուն, ազրպէզճանական յարձակողապաշտութեան եւ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման եւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին։ Ադրբեջանական կողմը այս առումով տանուլ տուաւ տեղեկատուական պատերազմը Լիբանանին եւ կարելի է ըսել նաեւ առ հասարակ տարածաշրջանին մէջ։

Լիբանանեան օրինակը մտաբերել կու տայ, որ Անգարա- Պաքու միացեալ ու համակարգուած աշխատանքները չեն կրնար արդիւնքի հասնիլ եթէ ըստ էութեան ճիշդ, նպատակաուղղուած աշխատանք հայկական պետական գերատեսչութիւններ_սփիւռքահայ կազմակերպ գործօններ միաւորները։

Հակառակորդներըու աշխատանքները բնականաբար պէտք չէ թերգնահատել։ Այսօրուան երեւցող կրաւորականութեան ետին կայ, լուռ քուլիսներու ետին տարուող հսկայական աշխատանք արաբ լրագրողներ Անգարա, Պաքու հրաւիրելու, արաբական տեղեկատուական դաշտի անցնցում թափանցման գործողութիւններ կազմակերպելու, յատկապէս կրօնական թեման շահարկելով հակահայ տրամադրութիւններ տարածելու եւ արցախեան հակամարտութեան էութիւնը խեղաթիւրելու։ Վերջին շրջանին այս վարքագիծի արդիւնաւորման համար աշխուժութիւն ապահոված են թէ՜ թրքական եւ թէ՜ ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւններու արաբերէն լեզուով աշխատող բաժինները։

Հայկական կողմը, հակառակորդներու տեղեկատուական քաղաքականութեան մարտավարական նրբութիւնները նկատի ունենալով պիտի յառաջացնէ յատուկ բաժին

Ա.Մշտադիտարկելու հակառակորդ ԶԼՄներու արաբերէն արտադրութիւնները։

Բ.Հետեւիլ արաբ լրագրողներուն թէ՜ Անգարա եւ թէ՜ Պաքու կատարած այցելութիւններուն եւ անկէ ետք արաբական մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն։

Գ.Յատկապէս ապրիլեան 24ի ինչպէս նաեւ Խոջալու եւ Սումկայիթի նախօրէին պատրաստ ըլլայ ոչ միայն հակազդելու, այլ կանխելով խեղաթիւրող լրատուամեկնաբանութիւնները նախաձեռնէ իրադարձութիւններու ճիշդ լուսաբանման։

Ե. Տարուան կտրուածքով տարբեր ամիսներու վրայ երկարող կազմակերպէ արաբ լրագրողներու այցելութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւն.լրագրողներ` որոնք թէ՜ տպագիր մամուլի թէ՜ ելեկտրոնային կայքերու, թէ՜ հեռուստացուցյի եւ թէ՜ րատիոյի աշխատակիցներ են, եւ որոնք ազդեցիկ անուններ են հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ ազդելու առումով։

Զ. Տուեալ արաբական երկրին եւ Անգարայի միջեւ շահերու բախման պահուն , արաբ լրագրողներու նիւթ տրամադրելով, միջնորդաւորուած ձեւով արծարծէ հայկական կողմի գերակայ ուղղութիւններուն վերաբերող թեմաները։

Է.Միջին արեւելեան համայնքներու լրագրողական մարդուժի համագործակցութիւնը Երեւանի համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ անյետաձգելի հրամայական է թէ՜ բովանդակային եւ թէ՜ փրոֆեսիոնալ աշխատելաոճի առումով համակարգաւորուած կերպով մարդուժ պատրաստելու, նպատակուղղուած եւ արդիւնաւէտ աշխատելու համար։

Այս հարթութեան վրայ Հայաստանի հանրապետութիւն- Սփիւռքեան համայնքներ մասնագիտական ոլորտի վրայ կայացած համագործակցութիւնը տեղեկատուական պատերազմէն յաղթական ելք կ՜ապահովէ հայկական կողմին։

Ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ առաւելագոյն սթափ վիճակի պէտք է բերուի հայկական միասնական տեղեկատուադաշտը, դիմագրաւելու համար յառաջիկայ մարտահրաւէրները։

19/09/2017

Տպել Տպել