«Ազդակ»ի Խմբագրական. Քաղաքականօրէն Անկախը Կախեալութեան Հականիշը Չէ

(Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 26-Ամեակին Առիթով)

Անկախութիւնը բացարձակ արժէք ըլլալով իր բացարձակութեան մէջ կիրարկելիութեան խնդիր ունի: Անկախը այս պարագային կախեալութեան հականիշ է բառացիօրէն, սակայն քաղաքական-քաղաքագիտական տրամաբանութեամբ միեւնոյն իմաստը կրնայ չունենալ:

Անկախ պետութիւնները իրաւական նշանակութիւն ունին նախ եւ առաջ, իբրեւ պետական զատ միաւոր ճանչցուած, աշխարհագրական որոշ տարածքի վրայ գործող, սահմաններ պաշտպանող եւ ժողովուրդ ղեկավարող գոյութիւն: Անկախ պետութիւնն է միայն, որ իբրեւ լիիրաւ անդամ մաս կրնայ կազմել միջազգային ընտանիքին:

Սակայն որեւէ երկրի ու պետութեան անկախութեան ճանաչումը չ՛ենթադրեր անպայման, որ ըստ էութեան եւ գործնապէս բոլորովին անկախ որոշումներու տեղի կու տայ, այս կամ այն միջազգային ընկերակցութեան անդամակցելու ինքնուրոյն որոշումներ կը կայացնէ եւ տարբեր ոլորտներու մէջ առանց արտաքին հանգամանքներ նկատի ունենալու կը դիրքորոշուի եւ համապատասխան քայլեր կ՛առնէ:

Քաղաքագիտական այս տեսութիւններուն նկատառումով կը բացատրուի մեր երկրին Ռուսիոյ ռազմավարական յատուկ դաշնակից ըլլալը, Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններ վարելով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցիլը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամակցութեամբ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցիլը (եւ երբեմն չմասնակցիլը) եւ այլն:

Յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան նման կիսաշրջափակուած, կիսապատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրի մը համար անկախ գործելաեղանակի բոլոր ստորոգելիները չէ որ կը գործեն:

Եւ այստեղ անպայման գաղափարական սկզբունքայնութիւնն ու քաղաքական գործնապաշտութիւնը պէտք չէ հակադրուած տեսնել: Քաղաքականութիւնը ի վերջոյ կարելիին արուեստն է եւ այդ արուեստի առարկայացման տարբեր փուլերու ընթացքին ճկունութեան, որոշումներու ուղղակի կամ անուղղակի համաձայնեցման պահեր կը ստեղծուին հասկնալիօրէն:

Բնականաբար աւելի դիւրին կ՛ըլլայ պատասխանատու եւ որոշում կայացնողի հանգամանքէն հեռու, անկախութեան վերաբերող դասեր եւ յորդորներ տալը: Այս կամ այն գերտէրութեան հաշուարկը չընելու, երկիրը ապագաղութայնացնելու եւ ազատագրելու կոչեր հնչեցնելը:

Մինչ կառավարող ուժերուն համար այդ կոչերուն ընդառաջումը արկածախնդրական քայլ կ՛ընկալուի, որուն հետեւանքներուն ծանրութիւնը անպայման հաշուի կ՛առնուի:

Անկախութեան պահպանումը մեր երկրին ու պետութեան համար, աշխարհագրական, քաղաքակրթական, ռազմական եւ տնտեսական թելադրանքներ, մղուած, համադրողի, կամրջողի, դերակատարութիւն կը վերապահէ եւ կարելիի սահմաններուն մէջ հաւասարակշռութիւնները պահպանելու քաղաքականութիւնը կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը կը յուշէ հրամայականօրէն:

Անկախութիւնը ուրեմն, նաեւ այս բոլոր յորձանուտներուն մէջ կարենալ նաւարկելն է, քամիի մէկ ուղղութեամբ չընթանալն է, բազմախարիսխ նաւավարումի սկզբունքն է:

Անկախութիւնը կարգախօս չէ, ամբոխահաճոյականութիւն չէ, արկածախնդրութիւն չէ: Այլապէս անժխտելի են ապագաղութային ըլլալը, բոլոր տեսակի ուժերու ազդեցութիւններէն ձերբազատիլը, բացարձակ անկախ ըլլալը եւ խաղի օրէնք միայնակ թելադրելը:

Աշխարհաքաղաքական կացութիւնները, քաղաքական գործընթացները, գերտէրութիւններու շահագրգռուածութեան տարողութիւններու ալիքաւորումը կը յուշեն անկախութիւն պահպանելու համար բազմակողմ դիւանագիտութեան աշխուժ կիրարկումը, կամրջելու դերի ստանձնումը եւ փոխանակ բախման, համագործակցութեան շառաւիղներու որդեգրումը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել