Դիմատետրի Տարածքէն Ներս Զգուշութիւնը Լաւ Բան է

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մինչեւ մօտաւորապէս մէկուկէս տասնամեակ առաջ, լրատուական աշխարհէն ներս մենաշնորհ հաստատած էր դասական մամուլը՝ տպագիր, ձայնասփռուող, հեռատեսիլային կամ կայքէջի ձեւով։
Թերթի մը, կայքէջի մը, կամ լրատու այլ տեսակի հաստատութեան մը տէրը (անհատ, ընկերութիւն, թէ կազմակերպութիւն), ինք կը ճշդէր, թէ տուեալ հաստատութեան խմբագիրը ո՞վ պէտք է ըլլայ, հիմնուելով ենթակային մասնագիտական կարողութեան վրայ։ Իսկ խմբագիրը (կամ պատասխանատուն), իր կարգին գործի կը հրաւիրէ լրագրական մասնագիտութեան տէր անձեր։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ինքնաշարժի նորոգութեան խանութի տէրը աշխատանքի կը հրաւիրէ արհեստաւորներ. ինքնաշարժի մեքենայ նորոգող մը բնականաբար գործի պիտի չհրաւիրէ… խոհարար մը։
Հետեւաբար, երբ մէկու մը ինքնաշարժը խանգարուի, զայն չի տանիր դերձակի մը, այլ՝ ինքնաշարժի մասնագէտի մը։

Նոյնն է պարագան լրատուական աշխարհին։ Երբ մարդիկ ուզեն գիտնալ, թէ ի՞նչ պատահած է երկրին մէջ, մսագործի խանութ կամ «մոլ» չեն երթար տեղեկութիւն հաւաքելու համար։ Այլ՝ կը բանան թերթ մը, կամ ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի կայան մը, եւայլն, որպէսզի լրատու աղբիւրէն առնեն իրենց տեղեկութիւնը, քաջ գիտնալով, որ այդ աղբիւրը կը ղեկավարուի արհեստավարժ, այդ գործին մասնագէտ անձերով, լրագրողներով։

Մէկ խօսքով, շատ տարրական բաներ կ’ըսենք. մեծ գիւտեր չկան մինչեւ հոս։

Այսպէս էր… մինչեւ մէկուկէս տասնամեակ առաջ, երբ յանկարծ Մարք Զիւքըրպըրկ անունով երիտասարդ ամերիկացի մը աշխարհին յայտարարեց՝ «Ժողովուրդ, գիտէ՞ք ինչ, ես ձեզմէ ամէն մէկուդ ձեր սեփական թերթը, կայքէջը, հեռատեսիլի կամ ձայնասփիւռի կայանը ունենալու գործիքը պիտի տամ։ Լրատուութեան բնագաւառի մասնագէտ ըլլաք կամ ոչ՝ կարեւոր չէ»։

Եւ ստեղծուեցաւ դիմատետրը (Facebook)։

Մարդիկ սկսան իրենց հեռաւոր հարազատներուն հետ անմիջական կապի մէջ ըլլալ, գրելով, լուսանկարներ բաժնեկցելով, ընտանեկան պահեր ու յիշատակներ, նորութիւններ կիսելով («Գոհարը յղի է, Սագոն ալ նշանեցինք»), մէկ խօսքով՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով։ Ուրիշներ սկսան իրենց մտածումները, կարծիքները, մինչեւ իսկ անձնական ապրումները կիսել դիմատետրով։ Ուրիշ մը՝ մամուլին մէջ հրապարակուած նիւթ մը կիսելով դիմատետրի իր «ընկերային» միջավայրէն ներս. մէկ ուրիշը՝ թէ ճիշդ այս պահուս ինչ կ’ուտէ եւ ո՞ր ճաշարանին մէջ. մէկ ուրիշը՝ թէ այս նկարին մէջ երեւցող հարսին հագուստը սիրա՞ծ է, թէ ոչ, կամ՝ այս պահուս ո՞ր օդակայանն է կամ ո՞ւր է։ Մէկ խօսքով, ամէն մարդ կը կատարէ իր սեփական «քարոզչութիւնը», իր «սեփական» թերթին՝ դիմատետրին միջոցով։ Ուշադիր՝ սխալի, կամ ճիշդի հարց չենք դներ, այլ պարզապէս կը փորձենք իրականութիւնը պարզել։

Այս յօդուածագիրը եւս կը գործածէ դիմատետրը ընկերային կապերու, ինչպէս նաեւ յօդուածները եւ տեսակէտները աւելի եւս տարածելու նպատակով։

Այս բոլորին մէջ, բնականաբար կայ մեզ ամենաշատ շահագրգռող մասը՝ քաղաքական երեսը։ Տրուած ըլլալով, որ պրն. Զիւքըրպըրկը զինք խմբագիր կարգած է իր «սեփական թերթին», տուեալ անձ մը կը սկսի քաղաքական լրատուութիւն կատարել (կամ բաժնեկցիլ նման նիւթեր), առանց որ լրագրութեան բնագաւառէ հասկցող մը ըլլայ։

Գանք հայկական իրականութեան։

Տալով քանի մը օրինակներ՝ «Նիւ Եորք թայմզ»ը, «Իքոնիմիսթ»ը, «Տեր Շփիկըլ»ը, «Ֆաքս նիւզ»ը, կամ «Լը Մոնտ»ը իւրաքանչիւրը ունի իր առաջնահերթութիւնները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պաշտպանէ տուեալ խաւի մը (դասակարգ, պետութիւն եւայլն) շահերը։ Հարցերը կը դիտէ, կը վերլուծէ, կամ կը ներկայացնէ ա՛յդ շահերուն տեսանկիւնէն։ Կը մերժէ հակառակ տեսակէտները տարածել։ Օրինակի համար, 2003ին Իրաքի դէմ շղթայազրծուած պատերազմի նախօրեակին, «Նիւ Եորք թայմզ»ը վերածուած էր պատերազմի ջատագով թմբկահարի, կրկնելով ու տարածելով այն կեղծ լուրը, որ Իրաքը ունի զանգուածային քանդումի զէնքեր եւ ուրեմն՝ պէտք է չէզոքացնել այդ «վտանգը». կարեւոր չէին հակառակ տեսակէտը փաստացի տուեալներով ներկայացնող ՄԱԿի համապատասխան յանձնախումբի մասնագէտ անդամներուն կարծիքները (ներառեալ ամերիկացի Սքաթ Ռիթըրի)։ Այդ օրերու ամերիկեան վարչակազմին շահերը կը պահանջէին Իրաքի վրայ յարձակիլ եւ ամերիկեան մամուլը ծառայեց այդ նպատակին համար նպաստաւոր հանրային կարծիք ստեղծելու գործին։ Այս երեւոյթը անշուշտ մերօրեայ համաշխարհային մամուլին տագնապն է, որ ուրիշ նիւթ է, որուն կը խոստանանք անդրադառնալ այլ առիթով մը։ Բայց հիմակուհիմա մնանք կառչած դիմատետրի երեւոյթին։

Գանք հայկական իրականութեան, ուր (գէթ սկզբունքով եւ մեր կարծիքով) մամուլին դերը պէտք է ըլլայ ամէն բանէ առաջ պաշտպանել ու առաջ մղել Հայաստանի ու հայութեան շահերը։ Նախ՝ չտարածել թշնամիին համար նպաստաւոր տեղեկութիւններ կամ վերլուծումներ, ապա՝ Հայաստանի ու հայութեան համար նպաստաւոր տեղեկութիւնները, տեսակէտները տարածել ու այս ձեւով հայկական ընդհանուր «պաշտպանական համակարգ»ին մէջ դերակատարութիւն ստանձնել։

Գալով հայկական ներքին հարցերուն, հասկնալի է, որ տուեալ լրատուամիջոց մը կրնայ պաշտպանել, կամ քննադատել Հայաստանի ու հայկական միջավայրէն ներս պարզուած երեւոյթ մը։ Թերթ մը կրնայ պաշտպանել իշխանութիւնները, ուրիշ մը իրաւունքը ունի քննադատաբար վերաբերելու։ Անիշխանութիւնը եւ աւերը կը սկսի հոն, երբ տուեալ լրատուամիջոց մը կը սկսի առաջնորդուելու «ամէն ինչ սեւ է», կամ «ամէն ինչ վարդագոյն է» սկզբունքով։ Կը յիշեմ անցեալ Ապրիլի պատերազմէն քանի մը ամիս վերջ, Հայաստանի «օլիկարխներէն» մէկուն պատկանող «սուփըրմարքէթները» սկսան յաւելեալ այսքան դրամ գանձել յաճախորդներէն՝ իւրաքանչիւր փլասթիք տոպրակի համար (բան մը, որ տարիներէ ի վեր կը կիրարկուի գէթ Ամերիկայի տարածքին՝ կենսոլորտային մտահոգութիւններէ թելադրուած). պէտք էր տեսնել «ընդդիմադիր» կոչուած մամուլին աղմուկը, թէ՝ «տեսէ՛ք, ժողովուրդը կողոպտելու ինչ նոր հնարքներ են գտել», փոխանակ քաջալերելու, որ երեւոյթը ընդհանրանայ՝ ի շահ երկրի կենսոլորտի մաքրութեան։ Կամ՝ իշխանամէտ մամուլին քար լռութիւնը, ի տես նոյն այդ ընչաքաղց խաւին կառուցած եւ բազմամիլիոն տոլար արժող դղեակներուն։ Բարձրացէք Երեւանի Զէյթուն, կամ Մոնումենտ թաղամասերը եւ միայն սիրտխառնուք պիտի ունենաք, ի տես դղեակներու տեսքով ցուցաբերուող լկտիութեան։ Այս մասին, հայաստանաբնակ մեր եղբայրները թրքերէն բառ մը գործածեն, որ այս պարագային շատ տեղին է. ներեցէք որ ես ալ գործածեմ՝ «կէօրմէմիշ» (չտես)։

Երբ «արհեստավարժ» ու գործին «մասնագէտ» համարուած շրջանակներն են այս էապէս կողմնակալ ու վնասակար վարքագիծին հեղինակները, ալ ի՞նչ սպասել դիմատետրը գործածող պարզ անհատներէն, որոնք լրագրողական ասպարէզին հեռուէն կամ մօտէն առնչութիւն չեն ունեցած։ Հանրութեան հասցէին մեղադրանքի շեշտադրումով չենք ըսեր ասիկա, այլ պարզապէս ցոյց տալու, որ երբ «մասնագէտ» նկատուածը շեղած է, ինչպէ՞ս կրնայ չշեղիլ իրապէ՛ս ոչ մասնագէտը։

Բայց եւ այնպէս, աւեր կը գործուի հայկական ընկերային ցանցերուն մէջ։ Չէ՞ որ մարդիկ ազատ են իրենց կարծիքներուն մէջ. այս սկզբունքը նուիրական է բնականաբար։ Սակայն կարծիք յայտնողը պիտի վստահ ըլլայ, որ տուեալ նիւթին կը տիրապետէ։ Կարելի չէ կարծիք յայտնել նիւթի մը մասին, որմէ գաղափար չունի ենթական. կամ՝ յայտնել այդ կարծիքը միայն իր ունեցած տեղեկութիւններուն չափով։ Օրինակի համար, անցեալ տարուան ապրիլեան պատերազմէն ետք, ապշելու բան էր երբ նկատեցինք, որ դիմատետրի վրայ բազմահարիւր անձեր սկսան «հեղինակաւոր» կարծիքներ յայտնել զինուորական, ռազմագիտական ու զինուորական մարտավարութեան այնպիսի խրթին հարցերու մասին, որոնք հասու են միայն մասնագէտ զինուորականներու։ Բազմահարիւր (կամ՝ բազմահազար) անձեր ալ, առանց մտածելու, թէ հայկական իրականութեան մէջ ինչպիսի՛ վնասակար մթնոլորտ ու հանրային կարծիք կրնայ ստեղծուիլ հայկական միջավայրէն ներս, առանց երկմտանքի, իրենց դիմատետրի էջերով տարածեցին այդ էապէս վնասակար տեսակէտները։ Պահ մը տարուեցանք մտածելու, որ այսքան ռազմագէտ եւ զինուորական արուեստի հմուտ մարդիկ կան եղեր մեր մէջ եւ ոչ ոք լուր ունի…

Աւելի՛ վտանգաւորը սակայն այս պարագային այն է, որ մեր թշնամիները կը հետեւին հայկական ընկերային ցանցերուն, կը նշմարեն ու կ’արձանագրեն այս երեւոյթները։ Ոչ միայն այդ, այլեւ կեղծ հայկական անուններով դիմատետրի էջեր կը բանան ու կը փորձեն թափանցել հայկական ընկերային ցանցերէն ներս, հոն իրենց սեւ գործը ընելու համար։

Մեր կարծիքով, իւրաքանչիւր հայորդի, որ դիմատետր կը գործածէ, գէթ Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած արտաքին քաղաքական խնդիրներու պարագային, անհրաժեշտ գիտակցութիւնը ցուցաբերելու պարտաւորութեան տակ պիտի զգայ ինքզինք, որպէսզի ակամայ զոհ չդառնայ թիւրիմացութիւններու, կամ անտեղեակութեան։ Այս գիտակցութիւնը բաղձալի է, որ տարածուի հայկական ընկերային ցանցերուն մէջ։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Տպել Տպել