Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան (1882-1918). Ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան կեր­տու­մին զո­հա­բե­րո­ւած ա­խո­յեա­նը

Նո­յեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, 1918 թո­ւա­կա­նին, նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նը ծանր ցնցու­մի եւ խոր սու­գի մէջ էր։

Նո­յեմ­բե­րի 14ին (նո­րա­յայտ տո­ւեալ­նե­րով՝ ամ­սու 11ին), եղ­բայ­րաս­պան փամ­փուշ­տի զոհ գնաց վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ աշ­խա­տան­քի եւ հան­րա­յին խնա­մա­տա­րու­թեան նա­խա­րար ­Խա­չա­տուր Կար­ճի­կեան։

Նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ՝ Յ. Քաջազնունիի հա­մախմ­բա­կան (կոա­լի­սիոն) կա­ռա­վա­րու­թեան ժա­մա­նակ էր։ Խ­նա­մա­տա­րու­թեան նա­խա­րա­րի իր ա­ռանձ­նա­սե­նեա­կին մէջ, գրա­սե­ղա­նի ե­տին նստած, ըստ իր սո­վո­րու­թեան՝ ժրա­ջան աշ­խա­տան­քի լծո­ւած էր դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րա­րը։ ­Յան­կարծ նա­խա­րա­րի աշ­խա­տա­սե­նեա­կը մուտք գոր­ծեց ­Կար­ճի­կեա­նի մտե­րիմ­նե­րէն՝ նոյն­պէս դաշ­նակ­ցա­կան ծա­նօթ գոր­ծիչ սպայ Ե­գոր ­Տէր-­Մի­նա­սեան, որ սա­կայն, ա­նակն­կա­լօ­րէն, ատր­ճա­նա­կը հա­նե­լով՝ սկսաւ կրա­կել եւ ե­րեք փամ­փուշ­տով մա­հա­ցու վի­րա­ւո­րեց գա­ղա­փա­րի ըն­կե­րո­ջը։
Ող­բեր­գա­կան այդ պա­հը ամ­փոփ նկա­րագ­րող ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի («­Յու­շա­պա­տում Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, 1890-1950», էջ 506) վկա­յու­թեամբ՝ «­Խա­չի­կի վեր­ջին խօս­քը» ե­ղաւ՝
«- Ե­գո՜ր, ի՞նչ ես ա­նում»…

Այդ­պի­սի՛ դառն վախ­ճան ու­նե­ցաւ, 36 տա­րե­կա­նին, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ակ­նա­ռու դէմ­քե­րէն ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան, որ իր կեան­քով ու գոր­ծով մարմ­նա­ւո­րեց ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ ­Պե­տա­կան ­Գոր­ծի­չի դաշ­նակ­ցա­կան ինք­նու­րոյն հա­մադ­րում մը։

Կով­կա­սա­հա­յու ամ­բող­ջա­կան կեր­պար մը հան­դի­սա­ցաւ ­Կար­ճի­կեան.-

1) Ե­ղաւ ռու­սա­կան ի­րա­կա­նու­թեան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան խմո­րում­նե­րուն եւ ձգտում­նե­րուն յա­ռա­ջա­դէմ ար­տա­յայ­տիչ­նե­րէն մէ­կը։
2) ­Միա­ժա­մա­նակ՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յոց ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն ան­նա­հանջ պաշտ­պան կանգ­նե­ցաւ։
3) Անդր­կով­կա­սը ազ­գա­մի­ջեան հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դե­լու կո­չո­ւած դրօ­շա­կիր­նե­րէն էր։
4) ­Մա­նա­ւա՛նդ ­Դէ­պի Եր­կիր ուղ­ղո­ւե­լու եւ ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւե­լու դաշ­նակ­ցա­կան յանձ­նա­ռու­թեան ան­կեղծ զի­նո­ւորն էր։
Յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ ­Պե­տա­կան ­Գոր­ծի­չի այ­սօ­րի­նակ դժո­ւա­րին հա­մադ­րում մը ի­րա­պէ՛ս հնա­րա­ւոր դարձնե­լու անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ­նե­րը ու­նէր ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան։

Մէկ կող­մէ՝ օժ­տո­ւած էր ըն­կե­րա­կան, դիւ­րա­հա­ղորդ եւ կեն­ցա­ղա­վար ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ։

Իսկ միւս կող­մէ՝ կը յատ­կան­շո­ւէր գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու, սկզբուն­քա­յին կե­ցո­ւածք­նե­րու եւ գործ­նա­կան լու­ծում­նե­րու կառ­չած հան­րա­յին ու մտա­ւո­րա­կան գոր­ծի­չի ան­զի­ջող հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ եւ հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ պա­շա­րով։
Այդ պատ­ճա­ռով ալ, որ­քան ա­րագ ե­ղաւ իր մագլ­ցու­մը հան­րա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց աս­տի­ճան­նե­րէն, այն­քան շեշ­տա­կիօ­րէն սխալ հասկ­ցո­ւե­լու եւ ան­հաշտ հա­կա­ռա­կորդ­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու դառն ճա­կա­տա­գիր մը բա­ժին հա­նո­ւե­ցաւ ­Կար­ճի­կեա­նին։

Ծ­նած էր 1882ին ­Վա­ղար­շա­պատ (Էջ­միա­ծի­նի շրջան), հա­մեստ աշ­խա­տա­ւո­րի մը յար­կին տակ։ ­Գիւ­ղի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին մէջ տար­րա­կան ու­սու­մը ստա­նա­լէ ետք, ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը, ո­րուն դա­սա­րա­նա­կան բա­ժի­նը ա­ւար­տե­լէ ետք՝ ան­ցաւ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Գիմ­նա­զիո­նը եւ ա­ւար­տեց փայ­լուն նի­շե­րով։

Կր­թան­պաս­տի ար­ժա­նա­ցաւ եւ մեկ­նե­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ո­րուն հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նու­թեան բաժ­նին մէջ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ։ Ապ­րուս­տի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ նիւ­թա­կան սեղ­մում­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ ­Խա­չա­տուր ընդ­հա­տէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան իր ու­սու­մը, վե­րա­դառ­նայ ­Հա­յաս­տան եւ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն­ներ ստանձ­նէ նախ Ա­խալց­խա­յի եւ, ա­պա, Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։

Ք­սա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բի այդ տա­րի­նե­րուն Անդրկով­կա­սը հայ­կա­կան եւ հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռում­նե­րով ե­ռե­ւե­փու­մի մէջ կը գտնո­ւէր։ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ ու­սա­նո­ղա­կան շար­ժում­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած եւ ար­դէն Դաշ­նակ­ցու­թեան միա­ցած ­Կար­ճի­կեան, Ա­խալց­խա­յի եւ յատ­կա­պէս Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի դպրոց­նե­րէն ներս իր ծա­ւա­լած գա­ղա­փա­րա­կան լու­սա­ւո­րու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն շնոր­հիւ, ա­տե­նի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան, մա­նա­ւա՛նդ դաշ­նակ­ցա­կան ու­սա­նո­ղու­թեան սի­րե­լի՝ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ու­ղի բա­ցող «­Խա­չիկ վար­ժա­պե­տը» ե­ղաւ։

Յա­ռա­ջա­պահ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցա­րա­կան բռնագ­րաւ­ման դէմ ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան բո­ղո­քի շար­ժու­մին, ինչ­պէս եւ ա­ւե­լի ուշ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեան հրահ­րած հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը մա­րե­լու ճի­գե­րուն՝ Անդր­կով­կա­սի մէջ ազ­գա­մի­ջեան հա­մե­րաշ­խու­թիւն քա­րո­զե­լով եւ բնա­բա­նի վե­րա­ծե­լով իր այն հա­մո­զու­մը, որ «երբ հրդեհ կայ, ո­ճիր է փո­թո­րիկ բարձ­րաց­նե­լը»…

Կր­թա­թո­շա­կի հա­մար իր կա­տա­րած նիւ­թա­կան խնա­յո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­պա­ւի­նե­լով՝ ո­րո­շեց վե­րա­դառ­նալ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար իր ի­րա­ւա­բա­նա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը։ 1900ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան դար­ձաւ Փե­թերս­պուր­կի հայ ու­սա­նո­ղու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մղիչ ու­ժե­րէն մէ­կը։ ­Թէեւ իր հետ ­Փե­թերս­պուրկ գա­ցած կնոջ ու զա­ւակ­նե­րուն ապ­րուս­տի հո­գը ծանր կը ճնշէր Կար­ճի­կեա­նի վրայ եւ, մաս­նա­ւոր դա­սեր տա­լով, կեն­ցա­ղա­յին կա­րիք­նե­րու ա­պա­հով­ման ճի­գե­րը շատ ժա­մա­նակ խլե­ցին իր­մէ, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Կար­ճի­կեան ի վի­ճա­կի ե­ղաւ ոչ միայն ի­րա­ւա­բա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ուս­ման իր դա­սե­րուն հաս­նե­լու, այ­լեւ՝ հան­րա­յին-կու­սակ­ցա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու։ Այդ շրջա­նին էր, նաեւ, որ ­Կար­ճի­կեան սերտ կա­պեր հաս­տա­տեց հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան կրա­կը ար­ծար­ծող ռուս, վրա­ցի եւ թա­թար ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ՝ հա­մա­ռու­սա­կան «դե­մոկ­րա­տա­կան» շարժ­ման զար­գաց­ման մէջ իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լով։
1910ին, ար­դէն ի­րա­ւա­բան վկա­յո­ւած, ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան վե­րա­դար­ձաւ Անդր­կով­կաս, հաս­տա­տուե­ցաւ ­Թիֆ­լիս եւ իբ­րեւ օգ­նա­կան աշ­խա­տե­ցաւ ծա­նօթ եր­դո­ւեալ հա­ւա­տար­մա­տար Եա­կու­լեա­նի մօտ։ Ոչ միայն բա­րե­լա­ւեց նիւ­թա­կան իր վի­ճա­կը, այ­լեւ՝ աչ­քի զար­կաւ իբ­րեւ կա­րող փաս­տա­բան։ Իր առ­ջեւ բա­ցո­ւե­ցան հան­րա­յին եւ ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց դռնե­րը եւ ­Կար­ճի­կեան պա­տո­ւով դուրս ե­կաւ ի­րեն վստա­հո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րէն։ Իր այդ վար­կով ալ ստանձ­նեց 1912ին սկսած «­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Դատ»ին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ռուս ա­կա­նա­ւոր փաս­տա­բան­նե­րու կող­քին, իբ­րեւ հա­յե­րէն փաս­տա­թուղ­թե­րու հա­ւաք­ման, մշակ­ման եւ պաշտ­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն։ ­Պե­տա­կան գոր­ծի­չի եւ յե­ղա­փո­խա­կա­նի դաշ­նակ­ցա­կան հա­մադ­րու­մին ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր փոր­ձա­քա­րը հան­դի­սա­ցաւ այդ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ւար­տէն ետք, Օ­գոս­տոս 1913ին, ­Կար­նոյ մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ­Կար­ճի­կեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան ­Բիւ­րո­յի ան­դամ։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէէն մին­չեւ 1918ի իր ող­բեր­գա­կան մա­հը եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեա­նի հա­մար, դար­ձաւ բա­ռին բուն ի­մաս­տով ամ­բողջ կեանք մը լեց­նող ու ար­ժե­ւո­րող ԳՈՐ­Ծի հանգ­րո­ւան։

Իբ­րեւ գխա­ւոր դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման ծրագ­րու­մին ու կազ­մա­կեր­պու­մին՝ յատ­կա­պէս Խ. ­Կար­ճի­կեա­նի պնդում­նե­րով, հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը ռու­սա­կան զօր­քե­րու յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րը գրա­ւե­ցին ­Ռու­սեւթր­քա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տին վրայ, որ­պէս­զի ա­ռա­ջի­նը ի­րենք հաս­նին նա­հան­ջող թրքա­կան զօր­քե­րու կող­մէ կո­տո­րա­ծի մատ­նո­ւած հա­յու­թեան փրկա­րար պաշտ­պա­նու­թեան։ Նաեւ՝ Ե­ղեռ­նէն փրկո­ւած հայ որ­բե­րու եւ տե­ղա­հան գաղ­թա­կա­նու­թեան խնա­մա­տա­րա­կան գոր­ծին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը շալ­կեց իր ու­սե­րուն՝ 1916-1917 տա­րի­նե­րուն։

Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեա­նի հայ­րե­նա­կան ար­խի­ւին նո­րա­յայտ նիւ­թե­րու լոյ­սին տակ, այ­սօր ար­դէն հան­րա­ծա­նօթ ճշմար­տու­թիւն է, որ ե­ղե­րա­բախտ այս գոր­ծի­չը ա­ռա­ջի­նը ա­հա­զանգ հնչե­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ ռուս մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ցու­ցա­բե­րած պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան ո­րո­գայթ­նե­րուն դէմ…

Յատ­կա­պէս Անդ­րա­նի­կի ուղ­ղո­ւած իր 26 ­Փետ­րո­ւար 1916ի թո­ւա­կիր ըն­կե­րա­կան նա­մա­կին մէջ, Խ. ­Կար­ճի­կեան դառ­նու­թեամբ եւ ընդվ­զու­մով դի­տել կու տայ, թէ հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը ռու­սա­կան բա­նա­կին մէջ ձու­լե­լու ռուս պե­տա­կան քայ­լե­րը չեն ծա­ռա­յեր ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին, այլ հե­տա­մուտ են պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին ­Թուր­քիոյ հետ ­Ռու­սաս­տա­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը խան­գա­րող գոր­ծօ­նէ մը՝ հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժի մեր ազ­գա­յին յաղ­թա­թուղ­թէն ի յա­ռա­ջա­գու­նէ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու նպա­տա­կին։

Իսկ երբ 1917ի ­Փետ­րո­ւա­րին պայ­թե­ցաւ ­Ռու­սա­կան ­Մեծ ­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը, ­Խա­չա­տուր Կար­ճի­կեան ա­ռա­ջին­նե­րէն էր, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թեանց անդր­կով­կա­սեան մար­մին­նե­րուն մէջ։ ­Նոյ­նիսկ ­Լե­նի­նի ­Հոկ­տեմ­բե­րեան յե­ղաշր­ջու­մէն ետք, երբ Անդր­կով­կա­սի մէջ քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան ո­րո­նում­նե­րու եւ բուռն հա­կադ­րու­թեանց իս­կա­կան խառ­նի­ճա­ղանճ մը ա­ռա­ջա­ցաւ՝ ազ­գա­մի­ջեան խուլ, այ­լեւ սուր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րով ու բա­խում­նե­րով ծան­րա­բեռ­նո­ւած, ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան ա­ռանց­քա­յին դեր ստանձ­նեց հայ­կա­կան շա­հե­րու ան­զի­ջող պաշտ­պա­նու­թեան մէջ՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ա­մէն ճիգ թա­փե­լով, որ Անդր­կով­կա­սը դառ­նայ բո­լոր ազ­գու­թեանց ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու­ժե­րու հա­մե­րաշ­խու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քը։

Կար­ճի­կեան ո­գի ի բռին պայ­քա­րե­ցաւ, որ­պէս­զի Անդր­կով­կա­սի հայ եւ ռուս, վրա­ցի եւ թա­թար «դե­մոկ­րատ»նե­րը միա­ցեալ ճա­կա­տով եւ հա­մե­րաշխ ու­ժե­րով դի­մագ­րա­ւեն թրքա­կան վտան­գը։ ­Բայց ռու­սը ար­դէն տա­րո­ւած էր պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան միջ­նա­բեր­դը պաշտ­պա­նե­լու հո­գե­րով եւ ժա­մա­նակ չու­նէր ­Հա­յաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած օր­հա­սին մա­սին մտա­ծե­լու, ուր մնաց օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու։ Իսկ վրա­ցի եւ թա­թար «դե­մոկ­րատ»նե­րու ազ­գայ­նա­մո­լա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րը ծա­նօթ պատ­մու­թիւն են. Անդր­կով­կա­սի թա­թար բնակ­չու­թիւ­նը, «դե­մոկ­րատ» իր ա­ռաջ­նորդ­նե­րով հան­դերձ, անձ­կու­թեամբ կը սպա­սէր թրքա­կան յաղ­թա­նա­կին. մինչ վրա­ցի­նե­րը, սե­փա­կան գլու­խը հո­ղին մէջ թա­ղե­լով պաշտ­պա­նուիլ ու­զող ջայ­լա­մի օ­րի­նա­կով, ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան հաշ­ւոյն զի­ջում­նե­րու գնով կը փոր­ձէին ա­պա­հո­վել թրքա­կան ներ­խու­ժող բա­նա­կին… «նե­րո­ղամ­տու­թիւն»ը։

Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեան ի զուր պայ­քա­րե­ցաւ դէպ­քե­րու այդ թա­ւալգ­լոր գա­հա­վի­ժու­մին դէմ։ Երզն­կա­յի եւ ­Կար­նոյ ան­կու­մէն ետք կար­գը հա­սաւ ­Կար­սին, ուր հայ­կա­կան զօր­քը ծան­րա­գոյն գին վճա­րեց հա­մա­ռու­սա­կան «դե­մոկ­րա­տիա»յի ա­նու­նով ծայր տո­ւած դա­սալ­քու­թեան։ Եւ ­Կար­սի անկ­ման մեծ ող­բեր­գու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք՝ բո­լո­րի՛ն — դաշ­նակ­ցա­կան թէ ընդ­դի­մա­դիր — մատ­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Խա­չա­տուր Կար­ճի­կեա­նը, իբ­րեւ ­Սէյ­մի եւ Անդր­կով­կա­սեան ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քը, ա­նոր վրայ բար­դե­լով վրա­ցա­կան եւ թա­թա­րա­կան սադ­րանք­նե­րուն դէմ հա­տու պա­տաս­խան տո­ւած չըլ­լա­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Ա­հա ծան­րա­գոյն մե­ղադ­րանք­նե­րու այդ մթնո­լոր­տին մէջ, երբ ­Հա­յաս­տան յաղ­թա­նա­կած էր ­Մա­յի­սեան հե­րո­սա­մարտ­նե­րու ըն­թաց­քին եւ ար­դէն տի­րա­ցած էր իր ան­կա­խու­թեան, պա­տա­հե­ցաւ ճա­կա­տագ­րի դառն հեգ­նան­քը։ Երբ Խ. ­Կար­ճի­կեան տեն­դա­գին լծո­ւած էր հա­յոց նո­րա­հաս­տատ պե­տա­կա­նու­թեան հի­մե­րու ի­րա­ւա­կան ամ­րապն­դու­մին՝ յա­ռա­ջա­դէմ օ­րէնք­նե­րու մշա­կու­մով եւ հաս­տա­տու­մով, ­Հայ­կա­կան Բա­նա­կի սպայ եւ ­Կար­ճի­կեա­նի տա­րի­նե­րու մտե­րիմ Ե­գոր ­Տէր-­Մի­նա­սեան գոր­ծեց եղ­բայ­րաս­պան իր ծան­րա­գոյն ո­ճի­րը։

Կար­սի ան­կու­մին հա­մար ՍԷՅ­Մի բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու ինք­նագ­լուխ ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցած էր Ե­գոր, բայց որ վրա­ցի­նե­րուն եւ թա­թար­նե­րուն պա­տու­հա­սե­լու փո­խա­րէն, իր ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծը ուղ­ղեց դաշ­նակ­ցա­կան իր ըն­կե­րոջ ու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին…

Այդ­պէս ան­հիմ­նօ­րէն ու ա­նար­դա­րօ­րէն ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ հա­մակ նո­ւի­րում եւ սկզբուն­քա­յին հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւն շնչա­ւո­րած կեան­քը ­Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեա­նի, որ քա­ւու­թեան նո­խա­զը դար­ձաւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կերտ­ման տա­ժա­նա­գին եր­կուն­քին։

14 ­Նո­յեմ­բեր 1918ին, Հ.Հ. խնա­մա­տա­րու­թեան նա­խա­րա­րի իր աշ­խա­տա­սե­նեա­կին մէջ, եղ­բայ­րաս­պան փամ­փուշ­տով վերջ գտաւ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի, յե­ղա­փո­խա­կան անձ­նո­ւի­րու­մի եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան կեր­տու­մին լծո­ւած վաս­տա­կա­շատ կեան­քը Խա­չա­տուր ­Կար­ճի­կեա­նի։

Դար­ձեալ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի վկա­յու­թեամբ՝

«­Կար­ճի­կեա­նի մա­հով ոչ միայն ­Հա­յաս­տանն էր զրկւում իր ա­մե­նա­խո­շոր պե­տա­կան մի գործ­չից, այ­լեւ բո­վան­դակ ­Կով­կա­սը… Ա­րա­մից յե­տոյ, նա ա­ռա­ջինն էր՝ կո­չո­ւած կեր­տե­լու ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան շէն­քը»։

Ն.

Տպել Տպել