«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ընթացակարգային Եւ Քաղաքական Բնոյթի Հարցադրումներ

Պաշտօնական Ռիատի առած քայլին հետեւանքները կը թուի, որ երկարատեւ դրոյթ ունին: Օրերու թաւալումը աւելիով կը համոզէ, որ տասը օր առաջ հրաժարական ներկայացուցած Լիբանանի վարչապետին տունդարձը, հակառակ յայտարարութիւններուն եւ պահանջներուն, մօտալուտ չէ, ինչ որ իր հերթին դուռ կը բանայ անմիջական պատասխաններ սպասող հարցադրումներու:

Քաղաքական հետեւեալ բեմագրութիւններուն կրնանք ականատես ըլլալ:

Առաջին. վարչապետը, հիմնուելով իր կեանքի սպառնալիքի գոյութեան մասին կատարած յայտարարութեան վրայ, կ՛առկախէ իր վերադարձը: Նախագահը առայժմ կը մնայ իր հրապարակումով կատարուած այն հաստատումին վրայ, թէ հրաժարականը ընդունելու համար անհրաժեշտ է, որ վարչապետը վերադառնայ Պէյրութ եւ խորհրդակցի իրեն հետ հրաժարականին տուն տուող պատճառներուն մասին: Այդ պարագային, եթէ սահմանադրականօրէն չէ ընդունուած վարչապետին հրաժարականը, կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը կը պահէ իր լիազօրութիւնները եւ նախարարները, ոչ իբրեւ ընթացիկ աշխատանք վարող նախարարի պաշտօնակատարներ, այլ իբրեւ լիազօր նախարարներ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:

Անմիջապէս հետեւող հարցումը` կառավարութեան նիստ կը գումարուի՞: Գումարուելու պարագային եւ որոշումներու կայացման պահուն ո՞վ է վարչապետի լիազօրութիւնները ստանձնողը եւ անոր բացակայութեան նախագահին առընթեր անոր փոխարէն որոշում ստորագրողը: Արտակարգ իրաւավիճակի մը մասին ուրուագծային պատկերացում մը կազմելու համար կրնայ ստեղծուիլ այն կացութիւնը, որ գոյութիւն ունի իրողապէս հրաժարած վարչապետ, սակայն չհրաժարած կառավարութիւն:

Երկրորդ տարբերակը կրնայ առարկայանալ վարչապետին որեւէ պահու կարճատեւ Պէյրութ այցելութեամբ եւ այդ պարագային հրաժարականի ամրագրումով: Ընթացակարգի համաձայն, նախագահին կողմէ ձեռնարկելի խորհրդակցութիւններու արդիւնքը թէական առումով կրնայ յանգիլ նոր թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութեան: Այդ պարագային պիտի վերստեղծուի՞ համալիբանանեան համախոհութիւնը` բոլոր համայնքներու իրողական ուժերու ներկայացուցչութեամբ կառավարութիւն կազմելու: Այլ խօսքով, աւելի մասնաւորելով` վարչապետի գլխաւորած հոսանքը, որ մինչեւ ճգնաժամի յառաջացումը սկզբունքային համաձայնութիւններով եւ փուլ առ փուլ մասնակից էր լիբանանեան պետական մակարդակի վրայ տարիներէ ի վեր քարացած հանգոյցներու լուծման, այժմ միեւնոյն քաղաքական մտադրութիւններով շարժելու ազատութիւնը պիտի ունենա՞յ:

Առաջադրուած եւ հազիւ կայացած համակողմանի համաձայնութեան շեշտակի խախտումը Լիբանանը կրնայ վերադարձնել քաղաքական անորոշութեան միեւնոյն կէտին, որ հիմնականին մէջ կ՛արգելակէ կառավարութեան կազմութիւնը, խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ որոշուած ժամկէտին կատարելը, հետեւաբար երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի օրէնսդիր ժողովի անդամալուծում:

Հեռակառավարուող Լիբանանը, հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք, քաղաքական կամք դրսեւորելու իրերայաջորդ փաստեր տուած էր: Միացեալ Նահանգներու մէջ վարչապետ Հարիրիի լուռ վերապահ մնալը` իր ներկայութեան կառավարական գործընկեր Հըզպալլայի հասցէին դատապարտող վերագրումներ հնչեցնելու ամերիկեան քայլին դիմաց կամ պաշտօնական Իրանի ներկայացուցիչին հետ բնականոն հանդիպում ունենալը, դրսեւորումներ էին, որ հակառակ տակաւին յամեցող հարցերուն, այնուամենայնիւ Լիբանանը վճռականօրէն ընտրած էր հանրապետութեան նախագահին շուրջ համախմբուելու եւ պետական կեանքը վերագործարկելու կառուցողական ուղին:

Հեռակառավարումը նոր փորձութեան կ՛ենթարկէ այս երկիրը: Քաղաքականօրէն ալ շատ պարզամիտ պէտք է ըլլայինք, եթէ վստահ մնայինք, որ այդ ուղին արգելակող կամ խանգարող միջադէպեր պիտի չպատահէին:

Ճիշդ է, որ խնդիրը զուտ լիբանանեան չէ, եւ ըստ էութեան տարածաշրջանային ու միջազգային: Այդ բոլորով հանդերձ, սակայն, քաղաքական փորձութիւնները յաղթահարելու համար նախապայմանը համալիբանանեան ազգային-քաղաքական կամքի դրսեւորումն է` այս երկիրն ու պետութիւնը իր ժողովուրդով վերստին անել ճամբաներու չառաջնորդելու:

aztagdaily.com

Տպել Տպել