Հաղորդագրութիւն. 2018ին՝ ՀՄԸՄի Շաբաթը Հայաստանի Մէջ

Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձին օրը, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական Մարմինի խառն նիստը, որ ամիսներու քննարկումներէ ետք՝ վերջնականացուց 2018 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք յոբելինական կեդրոնական ձեռնարկներուն շարքը։

Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ, որ 19-29 Յուլիս 2018 երկարող օրերը հռչակուի ՀՄԸՄ-ի շաբաթ եւ այս առիթով Հայաստանի մէջ իրագործուին հետեւեալ ձեռնարկները.- Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի բացման հանդիսաւոր տողանցք Երեւանի մէջ, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր երրորդութեան բարձրաքանդակներու զետեղում ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնի մուտքին, նահատակ ՀՄԸՄ-ականներու յարգանքի տուրք Եռաբլուրի մէջ եւ մահացած ՀՄԸՄ-ականներու հոգեհանգստեան պաշտօն, Վահան Չերազի արձանի կառուցում եւ զետեղում Գիւմրիի մէջ, պաշտօնական հանդիսութիւն Օփերայի սրահին մէջ, ցուցահանդէս-գիտաժողով, 100-ամեակի նամականիշերու շնորհահանդէս եւ 100-ամեակի ճաշ-պարահանդէս։

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական Մարմինի խառն նիստը քննեց նաեւ այս առիթով յառաջացուած հինգ յանձնախումբերուն (քարոզչական, տնտեսական, ընկերային, գիտաժողովի, գործադիր) աշխատանքի ընդհանուր ուղղութիւնները եւ համապատասխան թելադրանքներ կատարեց յանձնախումբերու իր ներկայացուցիչներուն, որպէսզի 100-ամեակի տարուան առաջին օրէն անոնք աշխատանքի լծուին յոբելինական տարին համահայկական շուքով եւ համա-ՀՄԸՄ-ական տարողութեամբ նշելու համար։

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

asbarez.com

17 Նոյեմբեր 2017

Տպել Տպել