«Ազդակ»ի Խմբագրական. Աւանդականի Եւ Ժամանակակիցի Համատեղումով

(Պատանիի Օրուան Առիթով)

Պատանիի օրը, Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին համար աւանդական ընկալումով կը շաղկապուի Խանասորայ արշաւանքին հետ: Սերունդներ ամբողջ այդ օրը, յուլիս ամսու 25-ին կը կատարէին իրենց պատանեկան խոստումը, որ առաջին հաւաքական յանձնառութիւնն էր ծառայելու ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու ճամբով հայրենիքի ազատագրութեան դատին:

Տօնը ուրեմն կուսակցական պատասխանատու մարմիններու որոշումով աղերսուած էր Խանասորայ արշաւանքի յիշատակման օրուան հետ. պարզ այն պատճառով, որ թէ՛ տարողութեամբ, թէ՛ բազմաթիւ առաքինի օրինակներու փոխանցումով Խանասորայ արշաւանքը բարոյական պատգամներ փոխանցելու եւ պատանի սերունդին սրտամօտ ըլլալու բոլոր հանգամանքները կ՛ամբողջացնէր:

Եւ ո՛չ միայն Պատանիի օրը, այլ նաեւ ընդհանրապէս պատանեկան միութիւններուն համար մշակուած դաստիարակչական ծրագիրները հիմնականին մէջ կը վերաբերէին կուսակցութեան պատմութեան մէջ արժանապէս տեղ գտած դրուագներու, դէմքերու, յեղափոխական արարքներու ետին կանգնած բարոյական օրինակներու: Հասկնալիօրէն այս բոլորը բնական կարգով պիտի նպաստէին ապագայ դաշնակցական մարդու կազմաւորման գործընթացին: Օրուան պատանին այդ իտէալներուն վրայ պիտի սեւեռէր իր հայեացքը` անոնց բացած ճամբէն ընթանալու եւ անմնացորդ ծառայելու համար հայրենիքին ու ժողովուրդին:

Ժամանակի ընթացքին դաստիարակչական ծրագիրները պատմականէն անցում պիտի կատարէին նաեւ համեմատաբար ժամանակակից իրադարձութիւններուն` միաժամանակ նաեւ ներառելով ընդհանուր գիտելիքներ կամ աշխարհի անցուդարձերը: Պատանեկան միութիւնները ըստ էութեան տասնամեակներ առաջ կը կատարէին դպրոցի դեր` տրուած ըլլալով, որ անոնց շարքերուն մէկ կարեւոր հատուածը հակառակ անչափահաս ըլլալուն դպրոցականներ չէր:

Վերջին շրջանին ամէնէն յատկանշականը կարելի է նկատել գործադաշտի ընդարձակումը: Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը բնականաբար աշխարհի տարածքին գործող պատանեկան միութիւններուն համար առիթ պիտի ըլլար հայրենիքի մէջ իրենց գործունէութեան առանցքային բաժինները իրականացնելու:

Այսպէս. գործուղումներ, բանակումներ, ճանաչողական ուղեւորութիւններ եկան կապը սերտացնելու դաշնակցական պատանիին եւ հայրենիքին միջեւ:

Հիմա այս ուղղութիւնը հետզհետէ գերակայ հանգամանք կը ստանայ. փաստօրէն, այս տարուան Պատանիի օրուան ընդհանուր բնաբանը «Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին», այդ ուղղութեան կայացման առաջադրանքին համահունչ է:

Մեր պատանեկան միութիւններու հայրենագնացութիւններուն մէջ ամէնէն աշխուժ մասնակիցը ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններն են, որոնք տեղական բանակումներուն առընթեր, իրենց ծրագիրներուն մէջ կը ներառեն հայրենիքի մէջ սեփական բանակավայրի մէջ եւս բանակումներ կազմակերպելը:

Ընդհանուր վարիչ մարմին-վարիչներ-վարչութիւններ-պատանիներ այս փոխկապակցուած շղթայական համակարգը մարդուժի հայթայթման պատրաստութեան համար առաջին փուլն է: Այդ փուլի գործունէութեան ներկայացման եւ մանաւանդ նոր յանձնառութիւններու կայացման օրն է, պահն է Պատանիի օրը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել