ՀՅԴ 127 ամեակի խանդավառ տօնակատարութիւն` Միւնիխի մէջ

Շաբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոն վստահաբար երկար պիտի յիշուի միւնիխահայութեան կողմէ: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գերմանիոյ ընտանիքին, Միւնիխի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Դաշնակցութեան 127 ամեակը, որուն ներկայ գտնուելու համար Միւնիխ ժամանած էին նաեւ Վիեննայէն, Համպուրկէն, Ֆրանքֆորթէն եւ Գերմանիոյ այլ քաղաքներէ մեծաթիւ ազգայիններ, մանաւանդ` երիտասարդներ:

Նազարէթ Աղէկեան
Հրաչ Վարժապետեան
Այգիկ Քահանայ Յովհաննիսեան

127 ամեակի տօնակատարութեան հանդիսավարութիւնը խնամքով եւ որակով կատարեց ընկերուհի Մեղրիկ Սարգիսեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական փայլուն յայտագիր: ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմը ազգային-հայրենասիրական-յեղափոխական երգերու փունջով մը թնդացուց հոծ ներկայութեամբ սրահը, ստեղծելով խանդավառ բացառիկ տրամադրութիւն ու մթնոլորտ, որ ապա շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամեր, որուն ընթացքին նոյնանման հոյակապ մասնակցութիւն ունեցաւ Միւնիխի հոգեւոր հովիւ Տէր Այգիկ քահանայ Յովհաննիսեան, որ իր անսպառ ձայնով ու ոգեշունչ ապրումով մեկնաբանեց արցախեան ազատամարտի նուիրուած մեր երգերը, արժանանալով ներկաներու անվերջանալի ծափողջոյններուն:

Ասմունքով դիպուկ ու տպաւորիչ ելոյթ ունեցան Անէթ Քաֆէճեան ( Ուխտ` Արարատի, Անդրանիկ Ծառուկեան ) եւ Յակոբ Սահակեան ( Դարերու Վրէժ, Սիամանթօ ):

ՀՅԴ Միքայէլ Վարանդեան Առանձնակի Կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Նազարէթ Աղէկեան փոխանցեց իր պատգամը: Ան ընդգծեց Հայ ժողովուրդին Դաշնակցութեան մատուցած գլխաւոր նուիրաբերութիւնները, սփիւռքեան պայմաններուն ունեցած անգնահատելի ներդրումը եւ հաստատեց, որ ժողովուրդին ծոցէն ծնած կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր անսակարկ նուիրաբերումը մեր ժողովուրդին, մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն ձեռքբերումը:

Օրուան բանախօսն էր Հրաչ Վարժապետեան, որ իր խօսքին առանցքը դարձուց ներկայ ազատ ու անկախ Հայաստանը, որ հիմնաքարն է վաղուան մեր դաւանած ամբողջական հարենիքին: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը բանիւ եւ գործով կը գործէ յանուն մեր պետականութեան ամրապնդման: Հայաստանի բարգաւաճումը, արհեստագիտական, տնտեսական, ճարտարարուեստական զարգացումը, ընկերային հաւասարութեան ու կենսամակարդակի բարօրութիւնը, ազգային բանակի տակաւ արդիականացումն ու հզօրացումը , հուսկ` հաստատութենական ամուր ու կազմակերպ պետութեան կերտումը մեր կուսակցութեան համար հրամայական խնդիր է, աւելի՛ն, նպատակ է, ըսաւ ան, վստահեցնելով, որ ՀՅԴ ինչպէս ամբողջ իր 127 ամեայ պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս կը շարունակէ գործել միայն ու միայն յանուն ազգին ու հայրենիքին:

Տպել Տպել