Համաստեղ (Համբարձում Կէլէնեան, 1895-1966).

Թերեւս ուրիշ ազգերու պարագային հազուադէպ կը պատահի, որ յոբելեար մը, իր մեծարման նուիրուած հանդիսաւոր պահուն, երբ իր վաստակն ու ժառանգութիւնը ըստ արժանւոյն կը փառաւորուին, այդպէս յանկարծակի, բեմէն իր շնորհակալութեան խօսքն ու պատգամը փոխանցած ժամանակ, կաթուածահար իյնայ եւ առյաւէտ փակէ իր աչքերը։

Բայց հայ իրականութեան մէջ, յատկապէս յետ¬եղեռնեան ժամանակաշրջանի առաջին տասնամեակներուն, հազուադէպ չեղան հանդիսաւոր բեմի վրայ յանկարծակի մարած ու շիջած վառ աստղերը։

Այդօրինակ տարաբախտ վախճան ունեցաւ հայ գրականութեան անզուգական մեծութիւններէն Համաստեղ։

1966ի այս օրը՝ Նոյեմբեր 26ին, Քալիֆորնիոյ մէջ իր ծննդեան 70ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութեան աւարտին, երբ օրուան եզրափակիչ ելոյթը կþունենար՝ բեմին վրայ յանկարծամահ ինկաւ հայրենի հողին ու գիւղին, հայ գիւղացիին եւ պարզ ու վճիտ հայկականութեան սրտակէզ երգիչը։
Յետ¬Եղեռնեան շրջանի հայ ժողովուրդին տարագիր բազմութիւնները, աշխարհի ո՛ր ծագին ալ յայտնուած ըլլային, հայրենի իրենց արմատներուն եւ ազգային յիշողութեան տէր կանգնելու ամէնէն հարազատ եւ վաւերական կանչը ստացան Համաստեղի գրականութենէն։

Տարեց թէ պատանի, հայրենամերձ գօտիները ինկած թէ հեռաւոր ափեր տարտղնուած հայու բեկորները իրենց սրտին երգը, մտքին լոյսը եւ հայկականութեան համն ու հոտը գտան Համաստեղի բանաստեղծութիւններուն եւ պատմուածքներուն մէջ։ Սիրեցին ու կապուեցան անոր եւ, իրերայաջորդ սերունդներով, հայ գրականութեան ամէնէն ժողովրդական տաղանդի պատուանդանին արժանացուցին Համաստեղը։
Աւազանի անունով Համբարձում Կէլէնեան՝ Համաստեղ ծնած էր Խարբերդի մեծ գիւղերէն Փերչէնճի մէջ, 1895ին։ Ինչպէս որ հետագային իր ինքնակենսագրութեան մէջ Համաստեղ պիտի շեշտէր, Փերչէնճի հողն ու երկինքը, մարդիկն ու անասունները իրենց նմանը չունէին որեւէ այլ տեղ. իւրայատուկ եւ անկրկնելի էին…

Գիւղական դպրոցը աւարտելէ ետք, Համաստեղ իր ուսումը ստացաւ Խարբերդ նահանգի մեծ քաղաքներէն Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով հայ գիւղագրութեան հիմնադիրներէն Թլկատինցիի եւ հայ բանաստեղծաշունչ արձակի վարպետներէն Ռուբէն Զարդարեանի, որոնք Համաստեղի մէջ ցանեցին արգասաբեր սերմերը նրբաճաշակ հայերէնի եւ բարձրորակ գեղարուեստական ոճի։

1911ին աւարտեց Կեդրոնականը, տարի մը ուսուցչութիւն ըրաւ իր ծննդավայրի գիւղական դպրոցին մէջ, միաժամանակ իր գրական առաջին փորձերը լոյս ընծայելով «Փիւնիկ» հանդէսի էջերուն։ 1913ին մեկնեցաւ Մ. Նահանգներ՝ միանալու համար տարի մը առաջ հոն պանդուխտ գացած հօրը։ Հետեւեցաւ բարձրագոյն ուսման եւ գրականագիտական իր պատրաստութիւնը հարստացուց Քոլումպիայի եւ Հարուըրտի համալսարաններուն մէջ։

Այնուհետեւ մինչեւ մահ Համաստեղ ապրեցաւ ու ստեղծագործեց Նիւ Եորքի մէջ, որուն բազմազգեան մեծ քաղաքի խայտաբղէտ ու խաժամուժ մթնոլորտը ի վիճակի չեղաւ ապականելու հայրենի հողին ու ջուրին, հայ գիւղացիին եւ անոր պարզ ու վճիտ բարութեան պաշտամունքով եւ անմար յիշողութեամբ բաբախուն Համաստեղի սիրտն ու միտքը։ Ընդհակառակն՝ Նիւ Եորքի բազմազգեան մեծ մշակոյթի աւազանին մէջ Համաստեղ թաթխեց եւ բիւրեղացուց տարագիր հայու իր ազգային ուրոյն արժէքները եւ ստեղծեց, աշխարհացրիւ հայ հոգիները ջերմացնող, հայրենական կարօտի ճառագայթները ամէնուր հասցնող համաստեղեան լոյսի վարար աղբիւր մը։

Ինչպէս որ իր մտերիմները եւ կենսագիրները կը վկայեն, նոյնինքն Նիւ Եորքի մէջ Համաստեղ ստեղծեց իր «Հայաստան»ը, տան պարտէզը մշակեց եւ հողագործութիւնը դարձուց կեանքի վայելքներէն մէկը։ Գտաւ նաեւ իր աշխարհայեացքն ու հայու յուզաշխարհը լիովին կիսող կեանքի ընկերը՝ Սրբուհի Համաստեղը, որուն հետ աւելի քան երեսուն տարի իրենց կեանքը լեցուցին հանրանուէր գործունէութեամբ՝ իրենց երկու դստրերուն ալ վարակելով հայաշունչ առօրեայով։

Համաստեղի գրական տունը դարձաւ Պոսթընի «Հայրենիք»ը, որուն էջերուն՝ օրաթերթ եղած ժամանակ, 1917ին, լոյս տեսան Համաստեղի առաջին բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները։ Իսկ 1922էն ետք, երբ Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրութեամբ սկսաւ «Հայրենիք Ամսագրի» հրատարակութիւնը, Համաստեղ դարձաւ անոր մնայուն աշխատակիցը՝ միաժամանակ ամէնէն աւելի կարդացուող ու փնտռուած ստորագրութիւնը։

Ինչպէս որ իր գրականութեան մէջ իրաւ արժէքներու անդաւաճան փարած հեղինակը մնաց, այնպէս ալ ազգային¬հանրային կեանքի մէջ, երիտասարդ իր տարիքէն, Համաստեղ եղաւ Դաշնակցութեան հաւատաւոր գործիչներէն, որ իր լայնախոհութեամբ եւ ազնուականութեամբ սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ նաեւ հակադաշնակցական շրջանակներու կողմէ, նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ միջ¬կուսակցական վէճերն ու հակադրութիւնները, քաղաքական ու գաղափարական վէճերու առումով, անշնչելի դարձուցած էին հայ իրականութիւնը։

Համաստեղ անխոնջ ստեղծագործող էր եւ «Հայրենիք»ներու թէ հայ մամուլի այլ պարբերականներու էջերուն լոյս տեսած իր գործերը աւելի քան եօթը մեծադիր հատորներ կը կազմեն։ Իր առաջին գործերը՝ «Գիւղը», «Անձրեւ»ը եւ «Քաջն Նազար եւ 13 պատմուածքներ» հատորները 1920ականներու վերջերուն արդէն հրատարակուած էին՝ հետագային արժանանալով մէկէ աւելի վերահրատարակութեանց։ Իր մեծագոյն երազն էր ամբողջացնել 1920ականներուն սկսած «Սպիտակ Ձիաւորը» երկհատոր վէպը, որ 1950ականներու վերջերուն իրականութիւն դարձաւ։ Բանաստեղծական իր ժառանգութեան յիշարժան գործերը կը հանդիսանան «Այծետոմար» եւ «Աղօթարան» հատորները։ Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին, ծննդեան 70ամեակի յոբելեանին առիթով, Համաստեղ ամբողջացուց եւ «Համազգային»ը լոյս ընծայեց մեծարժէք գրողին «Առաջին Սէրը» վիպակը։

Պէտք է կարդալ եւ ըմբոշխնել Համաստեղի գրականութիւնը՝ լիարժէք պատկերացում կազմելու համար հայ գրականութեան այս անզուգական ասպետին արժանաւորութեան մասին։

Համաստեղի տարաբախտ վախճանը արագացաւ, երբ 1965ի Մարտին կորսնցուց իր կեանքի ընկերը՝ Սրբուհին, որուն մահուան պատճառած վիշտը ուղղակի հիւանդացուց Համաստեղի սիրտը։ Արդէն քանի մը անգամ թեթեւ ուժգնութեամբ սրտի կաթուածներ անցուցած էր այնուհետեւ, երբ յոբելինական տարուան հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուելու համար շրջագայեցաւ տարբեր նահանգներ, մինչեւ որ Նոյեմբեր 26ին, Քալիֆորնիոյ յոբելինական հանդիսութեան աւարտին, բեմին վրայ իր արտասանած խօսքը չկրցաւ ամբողջացնել եւ այդպէս յանկարծակի վերջին հրաժեշտը տուաւ իր պաշտած ժողովուրդին։

Մեր ժողովուրդը անխառն պաշտամունքով սիրեց ու փարեցաւ Համաստեղի գրականութեան եւ հայոց անմահներու համաստեղութեան մէջ լուսաւոր աստղի անմար փայլքին արժանացուց Համաստեղ անունն ու ժառանգութիւնը բարի եւ ազնուասիրտ Հայու այս իմաստուն երգիչին, որ հայրենական անապակ կարօտի իր շունչով հայացուց օտար ափերու վրայ լոյս աշխարհ եկած հայոց սերունդներ։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել