«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Միտքերու Փոխանակման Վալս Մը՝ Վիեննայի Մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մահմետիարովի հանդիպումը Վիեննայի մէջ, Դեկտեմբեր 7-ին, շարունակութիւնն է փրոթոքոլային բնոյթով վերջերս Ժընեւի մէջ կայացած նախագահներ Ալիեւի եւ Սարգսեանի հանդիպումին:

Գրեթէ բոլոր աղբիւրները կը տեղեկացնեն, թէ հանդիպումին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է` Արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման բարենպաստ պայմաններու ստեղծման շուրջ: Արդէն իսկ որոշուած է յառաջիկայ հանդիպումը տարեսկիզբին կատարել: Միտքերու փոխանակման վալս մը, որ կը կրկնուի միեւնոյն շարժումներով, անփոփոխ միօրինականութեամբ:

Տեղին է անդրադառնալ անցուդարձերուն՝ վայրկեանի մը համար։

Արդարեւ, հազիւ քանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ օդուժի հրամանատարը պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Պաքու եւ տեսակցած՝ ազերի պաշտպանութեան նախարարին հետ: Երկու երկիրներուն ներկայացուցիչները շեշտած էին, թէ պէտք է աւելի եւս զարգացնել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ռազմական սերտ համագործակցութիւնը: Յատուկ օրակարգի վրայ եղած է նաեւ ռազմափորձերու շարունակութիւնը Նախիջեւանի մէջ: Վերջին ամիսներուն, թուրքեւատրպէյճանական աշխոյժ ռազմափորձեր տեղի կ՚ունենան Նախիջեւանի մէջ, ինչ որ Հայաստանի ազգային ապահովութեան լուրջ սպառնալիք մըն է:

Միեւնոյն օրերուն, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան կը կատարէր աշխատանքային այցելութիւն մը Արցախ՝ տեսակցելու համար նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, եւ փոխադարձ գործակցութիւն ընդլայնելու երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու միջեւ:

Երկու նախագահները, իրենց կողքին ունենալով պաշտպանութեան նախարարներն ու զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարները, մօտէն հետեւած էին Արցախի Հանրապետութեան հարաւարեւելեան (Նախիջեւան կատարուած փորձերէն ոչ շատ հեռու) հատուածին մէջ պաշտպանութեան բանակի համահաւաք զօրախումբին կողմէ կազմակերպուած ռազմափորձերուն:

Վերոյիշեալ իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ոչ մէկ բան կարելի էր ակնկալել Նալպանտեան – Մահմետիարով տեսակցութենէն: Ըստ երեւոյթին, այդպէս ալ պատահած է։ Վստահաբար, Եդուարդ Նալպանտեան շատ աւելի մանրամասնութեամբ ներկայացուցած է ստեղծուած գոյավիճակը Վիեննայի կատարուած եւրոպական երկիրներու եւ Եւրոպայի միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն խորհրդակցութեան։

Այսպէս, Տանուպի ափին միտքերու փոխանակման վալսը կրկնուեցաւ:

hairenikweekly.com

Տպել Տպել