«Ազդակ»ի Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

«Ազդակ»-ի կայքի այցելուներու թիւին եւ այցելուներու վայրին մասին կատարուած ուսումնասիրութիւնները կը խօսին հասանելի ընթերցանութեան մը ընդլայնուած աշխարհագրութեան մասին: Ամերիկեան ցամաքամասէն մինչեւ Աւստրալիա, Եւրոպա, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, միջինարեւելեան երկիրներէն մինչեւ նոյնիսկ Չինաստան` «Ազդակ»-ի կայքը օրական կշռոյթով տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներ ունի:

Ընթերցողներու աշխարհագրութեան վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ աշխատակցողներու աշխարհագրութիւնը: Ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի բացառիկ համարները, այլ նաեւ օրաթերթի աշխատակիցներու ցուցակը կարեւոր մասամբ Սուրիայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն կանոնաւոր հերթականութեամբ յատուկ «Ազդակ»-ին համար գրող յօդուածագիրներ ունի:

Այս աշխարհագրութեան ընդլայնումը որոշ բաժինով աղերս ունի այսօրուան տեղեկատուական ընդհանուր համակարգին հետ, երբ հեռաւորութիւններու նշանակութիւնը նուազագոյնի իջած է, երբ տարածականութեան սահմանները ջնջուած են բոլոր իմաստներով:

Հետեւողները նկատած պիտի ըլլան նաեւ, որ թէ՛ մեր կայքի տեսակէտներ բաժինին մէջ եւ թէ՛ «Ազդակ»-ի դիմատետրային տարածքներուն վրայ առաւելաբար արտալիբանանեան մեր ընթերցողներն են, որոնք կը հակազդեն, կը բաժնեն կամ կը քննադատեն տուեալ գրութիւնը: Ասիկա անպայման չի նշանակեր, որ Լիբանանէն դուրս գտնուող մեր ընթերցող հասարակութիւնը աւելի ներգործօն դերի մէջ է «Ազդակ»-ի հետ իր կապերը կենդանի պահելու առումով, այլ պարզապէս ընդհանուր ընթերցողներու թիւի համեմատութեան հետ կապ ունի երեւոյթը: Եւ գաղտնիք չէ, որ «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն նկատառելի քանակը Լիբանանէն դուրս կ՛ապրի:

Անտեղի պիտի չըլլար այստեղ «Ազդակ»-ի հասանելիութիւնը ընդհանրապէս նուազող տպաքանակներու իրողութեամբ չափելու թիւր տպաւորութիւնը շրջելը. ճիշդ է, որ տպաքանակները կայուն պահելու դժուար գոյակռիւ կը մղեն «Ազդակ»-ի պատասխանատուները, այսուհանդերձ հասանելիութիւնը ամիսէ ամիս նոր նշաձողեր կ՛ապահովէ ելեկտրոնային տարածքներու վրայ, բոլոր ժամանակներէն աւելի թերթի բովանդակութեան հասանելիութեան նոր մրցանիշեր ամրագրելով: Այս միտումին կ՛օգնեն թէ՛ կայքը, թէ՛ դիմատետրային էջերը, թէ՛ «Թուիթըր»-ը եւ թէ՛ հետզհետէ Էփի ներբեռնում կատարողներու կտրուկ աճ գրանցողները:

Այս բոլորին մէջ կարեւոր է նշել, որ «Ազդակ»-ի ընթերցող լսարանին բազմապատկուող թիւերով աւելցած է հայաստանեան միջավայրը. անկախ համապատասխան գերատեսչութիւններու օրական մշտադիտարկման ընթերցանութիւններէն, «Ազդակ»-ի հետեւողական ընթերցողներ են միջինարեւելեան երկիրներէ հայրենադարձ եղած, ինչու չէ նաեւ ընդհանրապէս Հայաստան ապրող մեր հայրենակիցները:

Տեղեկատուական ոլորտի յարաբերութիւններու սերտացումը Արցախի մեր գործընկերներուն հետ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Արցախի լրագրողական շրջանակի միացումին` «Ազդակ»-ի ընթերցող զանգուածին:

Այսպիսով, իր 90-ամեակին, «Ազդակ» թէ՛ աշխատակիցներու եւ թէ՛ մանաւանդ ընթերցողներու ուղղութիւններով արձանագրեց նկատառելի ընդլայնուածութիւն իր նուաճած աշխարհագրութեամբ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել