Ժողովուրդին Հետ Պէտք Է Ծաւալել Անկաշկանդ Ու Անկեղծ Երկխօսութիւն

Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Անդամ Ժորժիկ Աբրահամեան


Իրանի խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ժորժիկ Աբրահամեանի կարծիքով` վերջին օրերու ընթացքին կազմակերպուած զանգուածային բողոքի արարքները ժողովուրդի արդարացի պահանջներու կուտակման եւ զանոնք անուշադրութեան մատնելու արդիւնքն են, որոնք կը դրսեւորուին այսօ՛ր: Այս մասին ան ըսած է «Խանէ Մելլաթ» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին:

«Ես ականատես եղած եմ, որ ժողովուրդը իր պահանջներու իրագործման նպատակով օրեր շարունակ հաւաքուած է խորհրդարանին առջեւ, սակայն ո՛չ ոք ուշադրութիւն ըրած է անոնց: Եւ բնական է, որ անուշադրութիւնը նման դէպքերու յառաջացման առիթ կը դառնայ, իսկ թշնամին ալ կը փորձէ նման դէպքերը ծառայեցնել ի՛ր նպատակներուն», ըսած է պատգամաւորը:

Ըստ անոր, վերջին օրերու բողոքի ցոյցերը բազմաբնոյթ են, եւ զանոնք անհրաժեշտ է դիտարկել ա՛յդ դիտանկիւնէն. «Կան անձեր, որոնք կը փորձեն չարաշահել բողոքի ցոյցերը ու անկարգութիւններ սադրել: Միաժամանակ ժողովուրդին մեծ մասն ալ ունի որոշակի պահանջներ, որոնց պէտք է ուշադրութիւն դարձնել: Ուրեմն, եթէ այս երկուքը ճիշդ տարանջատենք ու անոնց հետ վերաբերինք օրէնքի սահմաններուն մէջ, ապա հաւատացած եմ, որ իրավիճակը շատ արագ կը լուծուի», ըսած է ան:

Պատգամաւորը անհրաժեշտ նկատած է երկրի ղեկավարութեան նկատմամբ հասարակական վստահութեան վերականգնումը, եւ այդ նպատակով պատասխանատուներուն կոչ կ՛ուղղէ` ժողովուրդին հետ ծաւալելու անկաշկանդ եւ անկեղծ երկխօսութիւն, որ միանշանակօրէն կը նպաստէ հասարակական անդորրի վերականգնման:

aztagdaily.com

Տպել Տպել