Ակնարկ. Բառապաշար, Հակազդեցութիւն Եւ Այսօրուան Տեղեկատուական Համակարգը

Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական բեմերուն վրայ արձանագրուածները դուրս եկան երկրի սահմաններէն եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներու թողարկումներուն բերումով սեփականութիւնը դարձան միջազգային հանրութեան:

Քաղաքական հռետորութեան ընթացքին օգտագործուած բառապաշարի եւ իբրեւ անոր հակազդեցութիւն փողոցային դրսեւորումներու տեսանիւթերը շատ արագ շրջագայեցան եւ նուաճեցին դիտողականութեան մեծ լսարաններ:

Պատահարներու քաղաքական ենթաշարժառիթներուն վրայ կեդրոնանալէ առաջ, կ՛արժէ նաեւ տեսանիւթի սպրդումին եւ անոր ձգած ազդեցութեան մասին ակնարկ կատարելը:

Հակառակ հանրապետութեան նախագահ-խորհրդարանի նախագահ երկկողմանի յայտարարութիւններով ստեղծուած հեռակայ բանավէճի յառաջացուցած լարուածութեան, այնուամենայնիւ կ՛ենթադրուէր, որ արտաքին գործոց նախարարը հրապարակային որեւէ պաշտօնական լրատուամիջոցի նման որակումով պիտի չբնութագրէր քաղաքական հակադիր դիրքի վրայ յայտնուած որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնակատար մը:

Այս պարագային, փակ լսարանի առջեւ կատարուած քաղաքական զեկուցումի մը ընթացքին, անմիջականօրէն ներկաներէն մէկուն հեռախօսով կատարուած նկարահանումն է, որ կը զանգուածայնանայ ընկերային ցանցերու միջոցով:

Ահա այստեղ է այսօրուան բաց համակարգին օգտագործման բացասական հետեւանքի առկայութիւնը: Հաստատումը որեւէ ձեւով արդարացման չի միտիր արտաքին գործոց նախարարի հնչեցուցած որակումները: Խնդիրը այն է, որ ներկայ համակարգին մէջ, բաւական բարդ է տարբերել ներքին, փակ լսարանի համար օգտագործուած լեզուն եւ բառապաշարը` արտաքին պաշտօնական հրապարակումներու ընթացքին գործածուող ըսելաձեւերէն: Եթէ հաւաքական լսարանի յատկացուած է հանդիպումը, ապա չեն բացառուած նկարահանումները եւ նոյնիսկ ուղիղ եթեր հեռարձակումը:

Քաղաքական նշանակութիւն ունեցող եւ իրավիճակ ստեղծող բարձրաձայնումներու պատահական կամ ծրագրուած նկարահանումները ո՛չ միայն կրնան յայտնուիլ ընկերային ցանցերու վրայ` սեփականութիւնը դառնալով բազմաթիւ օգտատէրերու, այլ նաեւ որդեգրուիլ մինչեւ այս կամ այն համաշխարհային զանգուածային լրատուամիջոցին կողմէ` իբրեւ զգայացունց, սպրդած տեղեկութիւն, որ տուեալ երկրին մէջ պատճառ դարձած է ճգնաժամի ստեղծումին:

Մասնակիօրէն այս պարագային օրինակ Եուրոնիուզը, ո՛չ սեփական թղթակից ունէր քաղաքական զեկուցումի լսարանին (գէթ պաշտօնապէս), ո՛չ ալ այնտեղ կատարուածին իբրեւ հակազդեցութիւն փողոցի պատահարները նկարահանող խումբ: Այդ բոլորին գործը կատարած էր ընկերային ցանցը` սպրդած տեսանիւթը եւ այնուհետեւ կրակոցները, արգելակումներն ու անիւներու հրկիզումները հեռախօսային նկարահանումներով զանգուածայնացուցած տեսանիւթերը հասցնելով արբանեակային հեռարձակումներ ունեցող հեռատեսիլի ընկերութիւններուն:

Երկու օրէ ի վեր միջազգային հանրութիւնը կ՛իրազեկուի Լիբանանի մէջ օգտագործուող ոչ պատշաճ բառամթերքին, հարցերը կրակոցներով եւ հրկիզումներով լուծելու անցեալի ոճի վերաթարմացման օրինակներուն: Այս բոլորը կը նպաստեն անշուշտ Լիբանանի նկատմամբ տարիներու վրայ երկարած հանրապատկերի (image) վերաամրագրումին, կարծրատիպերու վերահաստատման:

Երկար տարիներու վրայ ձեւաւորուած այդ հանրապատկերն ու կարծրատիպերը շրջելու աշխատանքին մէջ եղող Լիբանանի պետական բոլոր պատասխանատուները պէտք է իմանան, որ այս երկիրը իրաւամբ պէտք ունի աւելի պայծառ ու առողջ պատկերի միջազգային ընկալման: Եւ այդ երթին ճիշդ հունաւորման համար մտածեն օգտագործուած որակումներուն եւ հակազդեցութեան եղանակներուն մասին` ի մտի ունենալով այդ բոլորը կայծակնային արագութեամբ միջազգային հանրութեան սեփականութիւնը դարձնող այսօրուան համակարգին ընձեռած կարելիութիւնները:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել