«Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Ապահովելու Նպատակով Պիտի Պայքարինք Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մշակումը տեւած է աւելի քան ութ տարի, որուն բոլոր փուլերէն ինք լաւատեղեակ է` նկատի ունենալով, որ անդամ եղած է ընտրական օրէնքի մշակումի յանձնախումբին` Տոհայի համաձայնագիրէն սկսեալ:

«Կարեւորը այն է, որ կարելի եղաւ վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը, որ մեծամասնականէն անցաւ համամասնական դրութեան: Ժողովրդավարական երկիրներուն համար համամասնական ընտրական օրէնքը արդի օրէնք մըն է, որ սակայն իր պայմանները ունի: Այդ օրէնքը աւելի դրական եւ ազդու օրէնք մըն է այն երկիրներուն մէջ, որոնք համայնքային չեն, այլ` կուսակցութիւններու դրութեան վրայ հիմնուած: Սակայն Լիբանանի մէջ կրցանք համամասնական ընտրական օրէնքը միաձուլել շրջաններուն, կուսակցութիւններուն եւ համայնքներու իւրայատկութիւններուն: Կարելի է նկատել, որ յանգած ենք օրէնքի մը, որ աւելի լաւ է, քան մեծամասնական օրէնքը, սակայն այդ մասին կրնանք գիտնալ 7 մայիսին եւ տեսնել, թէ արդեօք 1960-ի եւ Տոհայի ընտրական օրէնքները իսկապէ՞ս սատանայական էին», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ: «Հոս յիշեցնեմ, որ ընտրական օրէնքի փոփոխութիւնը կատարուեցաւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու խորագիրին տակ: Իսկ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կը վերաբերի համայնքներու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցչութեան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն այսօր ընտրական իր դաշինքներուն ընդմէջէն կ՛աշխատի խորհրդարանին մէջ իր ներկայացուցչութիւնը ճշգրիտ դարձնել:

«Մեր առաջադրելիք թեկնածուները տակաւին յստակ չեն, սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ տարբեր շրջաններուն մէջ իր թեկնածուները պիտի առաջադրէ: Կայ տպաւորութիւն մը, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր թեկնածուները կուսակցական են, սակայն պէտք է ըսել, որ խորհրդարանական բոլոր կազմերուն մէջ ՀՅԴ-ն միայն մէկ կուսակցական երեսփոխան ունեցած է, իսկ հայկական երեսփոխանական պլոքները, որոնք կը կազմուէին, կ՛ունենային նաեւ հայկական այլ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Այսինքն` պատմական իրողութիւնը այն է, որ այդ պլոքը բնաւ ՀՅԴ-ի երեսփոխաններու պլոք չէ կոչուած, այլ` Հայկական երեսփոխանական պլոք, որուն թիւը աւելցնելու կարելիութիւնները ներկայիս առկայ են», շեշտեց ան:

Պատասխանելով այն ամբաստանութեան, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն միայն կուսակցականներու թեկնածութիւն կ՛առաջադրէ, Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ոչ մէկ անգամ այդպէս եղած է կացութիւնը: Ան հարց տուաւ, թէ նախկին նախարար Խաչիկ Պապիկեանը, Սուրէն Խանամիրեանը եւ այժմու երեսփոխան Արթիւր Նազարեանը ՀՅԴ շարքերուն մա՞ս կը կազմեն:

Երեսփոխան Բագրատունի խստիւ քննադատեց այն մտայնութիւնը, որ ՀՅԴ-էն բացի բոլոր կուսակցութիւնները իրաւունք ունին թեկնածուներ առաջադրելու: «Ի վերջոյ մենք կուսակցութիւններ ենք եւ ունինք մեր թեկնածուները. անշուշտ կը հասկնանք նաեւ, որ կան նաեւ այլ թեկնածուներ», յայտնեց ան:

Լրագրող եւ ներկայիս երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Փոլա Եագուպեանի հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ-ի նկատմամբ արձանագրուած անուղղակի մեղադրանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մենք օր մը օրանց չենք վճռած մէկու հայ եւ ոչ հայ ըլլալը, իսկ տիկին Փոլա Եագուպեանը մեզի համար սիրելի եւ յարգելի անձնաւորութիւն մըն է: Վերջերս ան հովանաւորած էր Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան առիթով մատուցուած Համազգայինի երգչախումբին ելոյթը, եւ մենք մեր մամուլով անդրադարձանք այդ ձեռնարկին եւ հովանաւորին: Ան հարցազրոյց մը ունեցաւ նաեւ «Վանայ Ձայն»-էն: Փոլա Եագուպեանի հետ իմ ծանօթութիւնս «Այ. Սի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին օրերէն է: Չեմ հասկնար, թէ այդ զգացումները կամ մեղադրանքները ինչպէ՞ս կը յառաջանան»:

Յ. Բագրատունի զարմանքով պատասխանեց ՀՅԴ-ի եւ Փոլա Եագուպեանի միջեւ ստեղծուած հեռաւորութեան մասին հարցումի մը` նշելով. «Տակաւին ովքեր իրենք թեկնածութիւնը պիտի առաջադրեն, եւ ասիկա բնական ընթացք է: Մենք կ՛ուղղուինք դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ եւ ոչ թէ փառատօնի կամ խրախճանքի: Օրինակ` Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ պիտի դաշնակցի եւ ՀՅԴ-ի դէմ մրցակից թեկնածու պիտի առաջադրէ: Ընտրութիւններ են: Ո՛չ անոնք թող գէշ զգան, որ մեզի դէմ թեկնածուներ կ՛առաջադրեն եւ ո՛չ ալ սպասեն մեզմէ, որ լուռ մնանք եւ դիտենք, թէ ինչպէ՛ս մեզի մրցակից թեկնածուներ կ՛առաջադրեն: Կարելի չէ ըսել, որ մեզի դէմ թեկնածուներ առաջադրելը արգիլուած է, սակայն նաեւ պէտք չէ մեզմէ ակնկալել, որ երեսփոխանական աթոռը արծաթեայ ափսէի վրայ իրենց յանձնենք»:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ 2000-ին արձանագրուած անիրաւութիւնը եւ ոչ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը եկաւ հաստատելու, որ ՀՅԴ-ն հայութեան քանի՛ տոկոսը կը ներկայացնէ, իսկ այլ հայ ներկայացուցիչներ ի՛նչ կը ներկայացնեն:

Անդրադառնալով «լիբանանցի-հա՞յ ես», թէ՞ «հայ-լիբանանցի ես» հարցումին, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ էջը արդէն շատոնց փակուած է: Ան աւելցուց, որ այդ հարցումը ընդվզեցուցիչ է` ընդգծելով, որ ինք հպարտ է լիբանանեան իր ինքնութեամբ եւ ինքզինք լիիրաւ լիբանանցի կը զգայ, սակայն նաեւ կը հաստատէ, որ իր հայ ըլլալը անկարելի է մոռնայ, որովհետեւ եթէ մոռնայ զայն, ապա ապերախտ կ՛ըլլայ եւ ապագային կրնայ նաեւ մոռնալ իր լիբանանեան ինքնութիւնը:

Ընտրաշրջաններուն մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցչութեան պատկերին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Էշրեֆիէի մէջ ՀՅԴ ունի երկու տարբեր անցման համեմատութիւն: «Անշուշտ Դաշնակցութիւնը պիտի ունենայ իր ընտրական դաշինքները, որոնցմէ կարելի է յայտարարել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իր դաշինքը, որ հաստատ է` բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ: Պէյրութի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ դաշինքը անբաւարար է, հետեւաբար խորհրդակցութիւններ կան քաղաքական այլ ուժերու հետ, որոնցմէ գլխաւորը Մուսթաքպալ հոսանքն է: Իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ վերջին խորհրդակցութիւնը Նոր տարիէն առաջ էր եւ կարելի չեղաւ համաձայնիլ, որովհետեւ Լիբանանեան ուժերուն տեսակէտը այն է, որ եթէ իրենց առաջադրած ընտրացանկին երեսփոխանը յաջողի, ապա ան մաս պիտի կազմէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքին: Էշրեֆիէի մէջ հաստատ ընտրապայքար կայ», ըսաւ ան:

Մեթնի պարագային երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը յիսնամեայ դաշնակիցը կը նկատուի երեսփոխան Միշել Մըրի, իսկ 2005-էն ի վեր ան դաշնակիցն է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան: «Մենք միշտ ալ հանգիստ ու գոհ եղած ենք եւ կը շարունակենք գոհ մնալ Միշել Մըրի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ: Ճիշդ է, որ քաղաքականութեան մէջ պարկեշտութիւն գոյութիւն չունի, սակայն պահպանողական մօտեցումէ մեկնելով, եթէ ըսենք, որ մենք մեր դաշնակիցին հետ յիսնամեայ հաւատարմութիւնը պիտի խզենք, ապա Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կրնայ ըսել հետեւեալը. «Ո՛վ Դաշնակցութիւն, 50 տարուան ձեր ամուր դաշինքը ծախեցիք` երեսփոխանական աթոռի մը համար. մենք 12 տարուան դաշնակիցներ ենք, եւ եթէ օր մը պայմանները նպաստաւոր ըլլան ժամանակաւոր շահեր իրականացնելու, արդեօք ի՞նչ պիտի ընէք», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի:

Ան յայտնեց, որ Մեթնի մէջ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ՀՅԴ-ի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ երեսփոխան Միշել Մըրի միջեւ միացեալ ընտրացանկի մը յանգելու: «Քաղաքականութեան մէջ պէտք է համբերատար ըլլալ եւ հաւատալ, որ մետասաներորդ պահուն կարելի է համաձայնութեան յանգիլ: Մեթնի մէջ գոց դռներ չկան, իսկ ՀՅԴ-ն ունի անցման համեմատութիւն», հաստատեց ան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ դաշնակցելու կարելիութեան մասին երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնած է, թէ ան չի փափաքիր երկրին իշխանութիւնը կազմող քաղաքական ուժերուն հետ գործակցիլ` աւելցնելով, որ ընտրութիւններու մասին Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ ցարդ խորհրդակցութիւններ չկան:

Անդրադառնալով Զահլէ շրջանին` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Զահլէի մէջ թեկնածուներուն թիւը մեծ է` աւելցնելով, որ այդ ընտրաշրջանին մէջ քուէարկող լիբանանահայոց թիւը մեծ չէ: «ՀՅԴ անցման համեմատութիւն չունի, հետեւաբար իր դաշնակիցներուն շնորհիւ պիտի ջանայ յաջողցնել իր թեկնածուն», ըսաւ ան:

Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ թափօններու թաղման վայրի ընդարձակում չկայ: Ան նշեց, որ Պուրճ Համուտ տարիներէ ի վեր աղբի տագնապէն կը տառապի: «Պէտք է հաստատել, որ Պուրճ Համուտը տագնապը չէ, այլ լուծումը: Մարդիկ մոռցած են, որ 40 մեթր բարձրութեամբ աղբակոյտ մը կար, որ կը քանդէր ամբողջ կենսոլորտը, իսկ այսօր արդէն այդ աղբակոյտը վերացած է: Ո՞վ հարց կու տայ այսօր, թէ ո՞վ էր այդ աղբակոյտը բարձրացնողը: Արդեօք այսօրուան ամէնէն սուր քննադատները այս հարցը կու տա՞ն: Ո՞ւր են այն կողմերը, որոնք աղբակոյտին ներքեւ գտնուող նաւթի խողովակներէն կ՛օգտուէին, կամ անոնք, որոնք աղբակոյտերուն տակ դիակներ կը թաղէին: Ճիշդ է, որ երկու տարի առաջ, երբ թափօններու թաղման վայրեր ստեղծուեցան, աղբի տեսակաւորման հոլովոյթին մէջ սխալներ արձանագրուեցան, սակայն կրցանք կասեցնել աշխատանքը եւ սրբագրել սխալները: Աւելի ուշ պիտի վերադառնանք «Լինոր»-ի ծրագիրին եւ Պուրճ Համուտէն «Քազինօ տիւ Լիպան» երկարող ճամբաներու եւ փապուղիներու ծրագիրներուն, որոնք ո՛չ միայն Մեթնը, այլեւ Քեսրուանը կը փրկեն երթեւեկի ահռելի խճողումներէ եւ քաղաքացիին կ՛ապահովեն կէս ժամուան ընթացքին հիւսիսային Լիբանան հասնելու կարելիութիւնը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

aztagdaily.com

Տպել Տպել