«Ազդակ»ի Խմբագրական. Սումկայիթէն Թալիշ` Պետական Ահաբեկչութեան Դրսեւորումները

Սումկայիթեան եղեռնագործութեան նշումի արձագանգումները հետզհետէ ներազգային հարթութենէն անցում կը կատարեն դէպի արտաքինը եւ կը ստանան միջազգային հնչեղութիւն: Հայկական կողմէն պաշտօնական տեսակէտներ կը հնչեն, որ Սումկայիթի ոճիրներուն պէտք է տրուի քաղաքական եւ իրաւական գնահատական:

Այս շրջագիծին մէջ սումկայիթեան եղեռնագործական արարքները եզակի չեն. Պաքուի, Կիրովապատի, Մատաղիսի հայութեան դէմ իրականացած ջարդերու վարքագիծը Պաքուի պետական քաղաքականութեան ամէնէն կարեւոր բաղադրիչի վերածուած է` հասնելու համար մինչեւ ապրիլեան պատերազմի ընթացքին Թալիշի մէջ ո՛չ միայն զոհուած զինուորներու, այլ նաեւ անզէն ազգաբնակչութեան դէմ իրականացուած ամէնէն անմարդկային գործողութիւններ:

Պետական ահաբեկչութեան, պատերազմական ոճրագործութեան այս վարքագիծը միջազգային ատեաններու մէջ չէ գտած իր արժանի իրաւական գնահատականը: Հայկական կողմի համապատասխան գերատեսչութիւններու փաստահաւաքի աշխատանքը միջազգային մակարդակի վրայ անպայման կը հունաւորուի դէպի իրաւական ընթացակարգ եւ քաղաքական պայմաններու պատեհ առիթի ստեղծման հետ այդ թղթածրարի իրաւական արձագանգումներուն ականջալուր կ՛ըլլանք անպայման:

Սումկայիթը, Պաքուի ահաբեկչական պետական վարքագիծի մեկնարկային հանգամանքը ունենալով, սկզբունքով, հիմնական տարբերակային երանգ ունի քաղաքական ընկալումի առումով: Այստեղ, եղեռնագործութեան իբրեւ հետեւանք զոհերուն թիւը, կամ ազգային պատկանելիութեան հիման վրայ կայացած սպանութիւնները կը դիտարկուին իբրեւ ցեղային զտումի կանխամտածուած քաղաքականութեան մը առաջին գործողութիւնները:

Սումկայիթի ո՛չ միայն բարբարոսութեան եւ ի գործ դրուած եղանակներուն բացայայտումն է լուսարձակի տակ բերուելիքը, այլեւ այն, որ Սումկայիթը կը մատնէր Ազրպէյճանի ամբողջական ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը ընդհանրապէս արցախահայութեան նկատմամբ:

Սումկայիթեան այս կանխամտածուած ծրագիրին բացայայտումը կը կապուի արցախահայութեան ինքնապաշտպանուելու հաւաքական որոշումին կայացման հիմնական պատճառին հետ: Բռնատիրական կարգերու դէմ ապստամբելու համաարցախեան որոշումի կայացման շարժառիթներուն մէջ կար նաեւ մարդկօրէն ինքնապաշտպանուելու բնազդը. գիտակից` ցեղային զտումի արարքներու չենթարկուելու:

Սումկայիթը, ուրեմն, կազմելով մէկ օղակը Պաքուի ջարդարարական շղթային, այս իմաստով առանձին մեկնարկային հանգամանքի նախադրեալներ ունի, որոնց վրայ լուսարձակները պէտք է բանալ: Ընդգծելու համար հայոց ինքնապաշտպանուելու իրաւունքը, ապա իրաւաքաղաքականօրէն ինքնորոշուելու եւ եղեռնագործական ծրագիրներու ու գործողութիւններու թղթածրարի ամբողջականացումով շեշտելու արցախահայութեան անհամատեղելիութիւնը Պաքուի իշխանութիւններուն հետ:

Մենք գործ ունինք պետական ահաբեկչութեան հետ, որ Սումկայիթէն մինչեւ Թալիշ չէ հրաժարած ցեղային զտումի իր ռազմաքաղաքական վարքագիծէն: Եւ եթէ մէկ կողմէ հայկական պաշտպանական համակարգը կը շարունակէ փաստել, որ պետական ահաբեկչութեան զինեալ ուժերը չեն յաջողիր կրկնել որեւէ Սումկայիթ, միւս կողմէ հայկական դիւանագիտութիւնն ու Արցախի միջազգային ճանաչումի առաջադրանքի իրականացման լծուած հասարակական կազմակերպութիւնները կ՛աշխատին դէպի իրաւական գործընթաց առաջնորդել պատերազմական յանցագործութիւններով հարուստ Պաքուի թղթածրարը:

Սումկայիթի եւ բոլոր սումկայիթներուն կը տրուի քաղաքական եւ իրաւական գնահատական: Այդ գնահատականները առնչուած են Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին հետ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել