«Ազդակ»ի Խմբագրական. Նախաձեռնութիւն, Միջավայր Եւ Գաղափարախօսական Առանցքներ

(Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողով, Անթիլիաս)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ այսօր բացումը կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովին: Ըստ էութեան, այս համաժողովը այս տարուան 100-ամեակի նշումներուն, ոգեկոչումներուն եւ յատկապէս այս շարքին մէջ առաջինն է, որ համահայկական տարողութեամբ կը մեկնարկուի այսօր:

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէն պետական պաշտօնատարներ, պատմագէտներ, արխիւագէտներ եւ հասարակական գործիչներ կը համախմբուին լոյսին բերելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման պատմագիտական, իրաւապայմանագրային, քաղաքական, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային ոլորտները:

Ճշդուած առանցքային ուղղութիւններն ու անոնց համապատասխան զեկուցումներու նիւթերը կը նախանշեն, որ համաժողովի օրակարգային ներկայացումները չեն վերաբերիր միայն 1918-1920 ժամանակամիջոցին վերաբերող իրադարձութիւններուն, այլեւ հիմնականին մէջ խորհուրդը կ՛առնչեն ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային ժամանակակից երեւոյթներուն: Այլ խօսքով` ընդհանուր թեման կ՛ընկալուի իբրեւ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Սփիւռքի մէջ այս բոլորին վրայ համաժողովական կեդրոնացումը գաղափարախօսական կարեւոր առանցքներ կ՛ընդգծէ: Ընդհանրապէս ընկալուած միտք է, որ սփիւռքը իր կազմակերպ կեանքի հէնքը կառուցած է Ցեղասպանութեան երեւոյթին վրայ` վերապրողներ, ինքնակազմակերպում, քաղաքականացում, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրութիւն: Այս ընդհանրացումը կ՛անտեսէ կարեւորագոյն զուգահեռ առանցք մը:

Իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակուեցան Մայիս 28-ի խորհուրդով: Սփիւռքի քաղաքական միտքի ձեւաւորման մէջ հայրենիքը վերանկախացնելու առաջադրանքը մնաց անշարժելի տեսլական: Մայիս 28-ի խորհրդանիշները վերածուեցան սփիւռքահայութեան ստուար հատուածին ազգային-քաղաքական գոյութեան եւ տեսլականի իրականացման համար դաւանանքային խորհուրդներու:

Եւ եթէ մէկ կողմէ Ցեղասպանութեան եւ հատուցման պահանջատիրութիւնը դարձաւ սփիւռքահայու ազգային-քաղաքական երթի առաջնային բաղադրիչը, միւս կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը շարունակեց կազմել սփիւռքահայութեան քաղաքական առաջնային նպատակը:

Պահն է սփիւռքահայութեան գոյութեան եւ կազմակերպման գաղափարախօսութեան նկատմամբ կիրարկուած միայն Ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ հիւսուած ընդհանրացումի տանող կարծրատիպը շրջելու եւ համաժողովներով նաեւ ընդգծելու, որ սփիւռքահայութեան քաղաքական պայքարի առաջնային նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային ընտանիքին մէջ անկախ միաւորի իրաւակարգ ապահովելն էր:

Սփիւռքի մէջ այս գաղափարախօսութեան ուղղութեամբ տարուած բազմաբնոյթ աշխատանքները այս առիթով լոյսին կու գան անպայման: Բնականաբար վերանկախացման գաղափարախօսութիւնը խոր արմատներ ունեցած է նաեւ խորհրդային կարգերով ղեկավարուած հայրենիքին մէջ: Նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ հայրենիք-սփիւռք կապերը լուռ, հասկնալիօրէն առանց բարձրաձայնումներու առանցքային այդ նիւթը շօշափած են:

Անթիլիասը իբրեւ սփիւռքահայութեան ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կարեւորագոյն կեդրոն կը համախմբէ այս նիւթերու մասնագիտական համահայկական մարդուժը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահին եւ Արցախի պետական ու մտաւորական ներկայացուցչութիւնը այս համաժողովին, կը շեշտէ հայոց պետականութեան վերականգնման ակունքներուն արցախահայութեան մղած ազատամարտին էական, անշրջանցելի խորհուրդն ու նշանակութիւնը: Եւ ատով իսկ հիմնական երաշխիք կ՛ապահովէ իրադարձութիւններու ներկայացման այժմէական իմաստին:

Իսկ Անթիլիասն ու Լիբանանը ընդհանրապէս անդրադառնալ կու տան ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. կաթողիկոսին մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման մէջ ունեցած ուղղակի մասնակցութեան ու դերակատարութեան, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք հանրապետութեան կերտիչներու մէկ կարեւոր փաղանգին Լիբանան անցումին ու կեցութեան: Անոնք էին, որոնք լծուելով կրթական, մշակութային եւ հասարակական գործին հիմնովին նպաստեցին սփիւռքահայ քաղաքական միտքի զարգացման` Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին առընթեր Հայաստանի վերանկախացումը, ազատագրումն ու ամբողջականացումը արմատաւորելով սփիւռքահայ մարդու ազգային-քաղաքական տեսլականին եւ առաջադրանքներուն մէջ:

Այս բոլորն են, որոնք կ՛օրինաչափեն ու կը հիմնաւորեն Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական համաժողովը նախաձեռնող կողմի, անոր միջավայրի եւ ապահովուած ընդգրկուածութեան հանգամանքները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել