14 Օգոստոս 1896. Պանք Օթոմանի Գրաւման Անժամանցելի Դասերը

14 Օգոստոսին, 114 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Կոնստանդնուպոլիսը թատերաբեմ դարձաւ քաղաքական ահաբեկչութիւններու պատմութեան մէջ աննախադէպ գործողութեան մը։

1896ի Օգոստոս 14ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով եւ Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ գործադրուեցաւ օսմանեան կայսերական դրամատան Պանք Օթոմանի գրաւման յանդուգն ծրագիրը։

Ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան ելեւմտական կեանքին մայր երակը, այլեւ եւրոպական դրամագլուխներու ու գործառնութեանց դրամական–տնտեսական գլխաւոր կեդրոններէն էր Պանք Օթոմանը։ Յատկապէս ֆրանսական եւ բրիտանական դրամագլուխներու արիւնատար երակն էր Արեւելքի մէջ։ Շուրջ երկու հարիւր պաշտօնեայ հաշուող դրամատան անձնակազմն ու վարչական ղեկավարութիւնը առաւելաբար եւրոպացիներ էին։ Իբրեւ այդպիսին՝ ապահովական լուրջ հսկողութեան տակ կը պահուէր Պանք Օթոմանը։

Հետեւաբար, կրկնակիօրէն յանդուգն էր Դաշնակութեան նետած քայլը։ Յանդուգն էր նախ Եւրոպան ցնցելու առումով, ապա նաեւ օսմանեան պետութեան խոցելիութիւնն ու ապիկարութիւնը մերկացնելու իմաստով։
Յանդգնութեան նման նախադէպ ծանօթ չէր յեղափոխական շարժումներու պատմութեան մէջ։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ բռնակալութեան դէմ պայքարող յեղափոխական շարժում մը իր հարուածը կ՚ուղղէր իշխանաւոր ուժին տնտեսական եւ ելեւմտական հիմերուն, կռուաններուն ու կենսական շահերուն դէմ։
Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարին հեղինակն ու անոր իրագործման կազմակերպչական ծրագիրը յղացողը 23ամեայ Բաբգէն Սիւնին էր, որուն անունը նոյնացաւ Պանք Օթոմանին հետ նաեւ եղերականօրէն, որովհետեւ գրաւման կազմակերպիչն ու ղեկավարը գործողութեան առաջին իսկ փուլին նահատակուեցաւ…
Աւելի քան 11 տասնամեակ անցած է Պանք Օթոմանի գործողութենէն ասդին եւ ինչպէս հայ ազգային–ազատագրական շարժման գլխաւոր բոլոր քայլերուն շուրջ, այնպէս եւ մանաւանդ Օսմանեան Դրամատան գրոհին ազգային–քաղաքական եւ գաղափարական–բարոյական արժեւորման վերաբերեալ դեռ միասնական գնահատումի չէ յանգած հայ քաղաքական միտքը։

Հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ չորս սերունդներու ընկալման մէջ՝ արժեւորման մէկ բեւեռին տիրական եղաւ ու ժամանակի թաւալքին հետ հերոսական իր նշանակութիւնը շեշտեց եւ նոր սխրանքներու ներշնչման աղբիւր դարձաւ Պանք Օթոմանի գրաւումը, մինչ միւս բեւեռին՝ տարբեր կարգի վերապահումներու եւ արժեզրկման քարոզարշաւներու թիրախի վերածուեցաւ հայու յեղափոխական յանդգնութեան անկրկնելի այս թռիչքը։
Մեր սերունդները «Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան Կոմիտէն» երգելով գտան եւ արմատաւորեցին հայու իրենց էութիւնն ու ազգային–գաղափարական ինքնահաստատման ուղին։

Բայց մեր կողքին միաժամանակ ապրեցան եւ ամբողջ տասնամեակներ, Պանք Օթոմանի հերոսներուն «Սթամպուլը պիտի լինի արեան ծով» յանդգնութիւնը ծաղրի ու լուտանքի նշաւակ դարձնելով, հայ պահպանողականութեան ստրկամիտ համակերպումի եւ խորհրդային օտարամոլութեան պարտուողական «իրատեսութեան» գաղափարներով սնանեցան սերնդակիցներ։

Նոյնիսկ մեր օրերուն, երբ վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ալեքսանդր Թոփչեանի արժէքով բարձրորակ գրողի «Բանկ Օտոման« վէպը դրուած է սերունդներու յիշողութիւնն ու գաղափարական աշխարհը անցեալի ուրացումներէն մաքրազտելու բագինին, տակաւին կը յամենան արձագանգները հեռաւոր թէ մօտաւոր անցեալի վերապահումներուն եւ թիւր արժեւորումներուն՝ Պանք Օթոմանի նշանակութեան եւ արժէքին, յատկապէս ժամանակի մաշումին չենթարկուող ու այժմէական իր թելադրականութիւնը վերանորոգող դասերուն վերաբերեալ։ Եւ յատկապէս այսօր հայ քաղաքական մտքի պարտքն է Պանք Օթոմանի գրաւումը արժեւորել իր գաղափարական մաքրութեամբ՝ ամէն կարգի ժանգ կապած կեղտերը անցեալի աղբանոցին մէջ թափելով։

Պանք Օթոմանի գրաւման անժամանցելի դասերուն շարքին առաջնահերթաբար յստակացման եւ միասնական գնահատանքի արժանի են գլխաւորները.

Ա.– Միայն վրէժխնդրական քայլ չէր Պանք Օթոմանի գրաւումը։ 1894–1896ի Համիտեան կոտորածներուն երեք հարիւր հազար անմեղ զոհերուն վրէժը լուծելու հրամայականը անշուշտ կար եւ մղիչ ուժն էր Բաբգէն Սիւնիի եւ իր ընկերներուն հերոսական յանդգնութեան։ Վրէժխնդրական քայլ էր նաեւ այն առումով, որ 1896ի գարնան Վանէն հեռացող հայ յեղափոխականներու, դաշնակցական Պետոյի, արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի գլխաւորութեամբ աւելի քան երեք հարիւր հայ երիտասարդներու դէմ կատարուած ջարդը (քրտական Մազրիկ ցեղի աշիրաթապետ Շարաֆ պէկի պատասխանատուութեամբ) անպատասխան պէտք չէ մնար։ Բայց վրէժխնդրութեան կողքին գոյութիւն ունէր եւ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութեան կիզակէտը կը կազմէր քաղաքական հատու Ազդարարութիւնը՝ ուղղուած ատենի եւրոպական մեծ տէրութիւններուն եւ Սուլթանի կառավարութեան, որ այդպէս անպատիժ չեն կրնար մսաղացի պէս վարուիլ հայ ժողովուրդին հետ, որուն յեղափոխական Ոգին սանձակոտոր զարթնած էր այլեւս։

Ահա՛ առաջին դասը Պանք Օթոմանի պատմակշիռ քայլին։

Բ.– Հայ ազգային–ազատագրական շարժման էութիւնը եւ յեղափոխական յանդգնութիւնը չեն ըմբռներ բոլոր անոնք, որոնք միայն եւրոպական դիւանագիտութիւնը շարժման մէջ դնելու եւ այսպէս կոչուած հայկական նահանգներու բարենորոգումներու Մայիսեան Ծրագրին շուտափոյթ գործադրութիւնը պահանջելու առաջադրանքով կը փորձեն բացատրել Պանք Օթոմանի գործողութեան քաղաքական նշանակութիւնը։

Անշուշտ որ Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ.Կոմիտէն նման պահանջով յայտարարութիւն մը յղեր, Պանք Օթոմանի գրաւման պահուն, եւրոպական մեծ տէրութիւններուն եւ Սուլթանի կառավարութեան։ Բայց նոյնինքն յայտարարութիւնը հատու ազդարարութիւն մըն էր բոլորին, որ կոտորածներով կարելի չէ խեղդել յանուն ազատութեան եւ ինքնավարութեան զէնք բարձրացուցած հայ ժողովուրդի յեղափոխական ոգին։ Իբրեւ այդպիսին՝ Պանք Օթոմանի գրոհը ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Հայկական յեղափոխութեան ահաբեկչական զէնքին առջեւ բացաւ նոր հորիզոն՝ Սուլթանի ու եւրոպական տէրութիւններու տնտեսական կենսական շահերուն հարուածելու իր ընդունակութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ամրագրելով։

Այս առումով ծանրագոյն անարդարութիւնը կը գործեն Պանք Օթոմանի գրաւումը իբր եւրոպական՝ սիոնական պատուէր ներկայացնելու փորձութեան անձնատուր եղող մերօրեայ հայ հեղինակները, որոնք հայկական յեղափոխութեան հաշւոյն Համիտի հետ »առեւտուր«ի մէջ մտած սիոնական պարագլուխի բանակցութիւններուն եւ Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան հրեայ գործակալին դերակատարութեան վերաբերեալ արխիւային բացայայտումները հիմք կը նկատեն եզրակացնելու համար, թէ Պանք Օթոմանի գրաւումը իբր թէ Եւրոպային կողմէ պատուիրուած էր… Բաբգէն Սիւնիներուն։
Ո՛չ եւ հազար անգամ Ո՛չ։

Յետադարձ հայեացքով կարելի է, միշտ ալ, պատմութեան մասին մեկնաբանութիւններ մշակել եւ հիմնաւորումներ յայտնագործել։ Բայց պատմութիւնը միշտ ալ իր ճշգրտումներով մտքի մարզանքի սահմաններուն դատապարտած է նման մեկնաբանութիւնները, այս պարագային՝ Պանք Օթոմանի գործողութեան իբր թէ Եւրոպայի պատուէր ըլլալը։

Գ.– Պանք Օթոմանը մանուկ հայկական յեղափոխութեան հասունացման քայլը եղաւ։ Հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածներով Հայկական Հարցը թաղելու Սուլթանի քաղաքականութեան հարկ էր աշխարհաքաղաքական հատու պատասխան տալ եւ Պանք Օթոմանը եղաւ յանդուգն սկիզբը հետագայ ծաւալուն գործունէութեան։

Պանք Օթոմանի գործողութեան անժամանցելի այս դասերը նորահաս սերունդներուն լիարժէք փոխանցելու մերօրեայ պարտականութիւնը ունի հայ քաղաքական միտքը։

Յատկապէս ունի պարտականութիւնը ըստ արժանւոյն գնահատելու Պանք Օթոմանի յանդուգն գրոհին հետ նոյնացած Բաբգէն Սիւնիի։
Աւազանի անունով Պետրոս Փարեան՝ Բաբգէն Սիւնի ծնած էր 1873ին, Ակնի Բինկեան գիւղը։ Աղքատ ընտանիքի զաւակ էր, բայց կը սերէր հին ազնուական տոհմէ։ Ուսումնատենչ, ուղղամիտ եւ ծայր աստիճան արդարութեան ու ազատութեան փարած յեղափոխականի նկարագիր եւ աշխարհայեացք ունէր։ Փայլուն արդիւնքով աւարտած էր Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը‘ արժանանալով թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ դասընկերներուն անվերապահ գնահատանքին, համարումին ու ամբողջական վստահութեան։

Անհաշտ հակառակորդ էր բռնատիրութեան, յատկապէս թրքական բռնապետութեան, որուն «հոտած լէշ» անունը տուած էր։ Իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեամբ, ուսանողական տարիքէն արդէն, Բաբգէն Սիւնի գաղափարական հասունութեամբ կը պատգամէր. «Կառավարութիւն մը հանրային իղձերու մարմնացումը եւ անոնց արդար գործադիրը պիտի ըլլայ. բայց այդպէս չեն ըլլար բռնաւորները. ուրեմն հարկ է, որ հասարակութիւնը իր բարի ցանկութիւնները չվստահի այդ տեսակ ապիկարներու, որոնց ձեռքին մէջ ամէն ազնիւ ներշնչում, ուշ կամ կանուխ, մարդախողխող դաշոյնի կը փոխարկուի եւ պատուհաս կը դառնայ խաղաղ ժողովուրդներու»։

Իր տարածած այս գաղափարներուն եւ բողոքի շարժումներուն իր բերած մասնակցութեան համար, Կեդրոնականի նախավերջին տարին, Բաբգէն Սիւնի կը ձերբակալուի եւ կարճ ժամանակ բանտ կը մնայ։ Բայց այդքանն իսկ բաւարար պատրուակ կը ծառայէ, որպէսզի թրքական ընկերութեան մը մէջ աշխատող հօրը գործէ հեռացնեն։ Ընտանիքը աւելիով անձկութեան կը մատնուի, բայց Բաբգէն Սիւնի այդ բոլորէն ընկճուողը չէր։ Ընդհակառակն‘ շարունակ կը շեշտէր, թէ ծնողքին եւ իր ապրած դժուարութիւնները բաժին հանուած էին ամբողջ հայ ժողովուրդին ու հարկ էր պայքարիլ ընդհանուրին համար ի խնդիր հայ ժողովուրդի կեցութեան արմատական բարեփոխումին։

Կեդրոնականը աւարտելէ ետք, կը յաճախէ Պոլսոյ Նաւային վարժարանը (Ազար Գափու)։ Այդ շրջանին է, 1892ի վերջերը, որ նորակազմ Դաշնակցութեան կողմէ Յովհաննէս Եուսուֆեան Պոլիս կու գայ եւ կը ձեռնարկէ դաշնակցական խումբերու կազմութեան։ Բաբգէն Սիւնի արդէն կազմած է «Սիւնիք» անունով իր խումբը՝ ուսանող թէ պանդուխտ հայ երիտասարդներու մասնակցութեամբ։ Ամբողջ խումբով կը միանան Դաշնակցութեան եւ Բաբգէն Սիւնիի համար կը սկսի յեղափոխական կենդանի պայքարի բուռն շրջանը։

Պոլսոյ հայութեան ամէնէն դժուարին ժամանակահատուածին զուգադիպեցաւ Բաբգէն Սիւնիի դաշնակցական գործունէութիւնը։ Որքան վարակիչ կը դառնար հայ յեղափոխական շարժումը, այնքան կատաղի խստութեամբ թափ կ՛առնէր սուլթանի կառավարութեան հակադարձութիւնը, իսկ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանն ու անոր շուրջ բոլորուած յետադիմական ու պահպանողական խաւը ոտքով–գլուխով կը խորասուզուէր Բ. Դրան հաճոյանալու ծառայամտութեան տիղմին մէջ բանադրելով հայ յեղափոխականները, նաեւ ոստիկանութեան մատնելով զանոնք։

Պոլսոյ մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Եուսուֆեանի եւ Արշակ Վռամեանի անմիջական գործակիցն ու աջ բազուկը դարձած Բաբգէն Սիւնի, որ արդէն Դաշնակցութեան նորակազմ Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին գաղափարական ոգին եւ կազմակերպական մղիչ ուժն էր, ստիպուեցաւ միաժամանակ դիմագրաւել թէ՛ կառավարութեան հետապնդումները, թէ՛ պահպանողական շրջանակներու մատնութիւնները։ Խստագոյն հալածանքի՝ ոստիկանական հետապնդումի եւ հայադաւներու մատնութեանց պայմաններուն մէջ, Բաբգէն Սիւնի թրծուեցաւ իբրեւ ընդյատակեայ յեղափոխական գործի մեծ հսկայ։ Զէնք ու զինամթերքի տեղափոխութիւն եւ պահեստաւորում, ռումբերու պատրաստութիւն, նորագիրներու գաղափարական դաստիարակութիւն եւ զինավարժութիւն, կազմակերպական աշխատանքներ եւ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ քաղաքական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու ամէնօրեայ հեւքը կլանեցին անոր առօրեայ կեանքը։

Ամէնէն ծանր բաժինը եղաւ, անշո՛ւշտ, հայանուն լրտեսներու, մատնիչներու եւ ոստիկաններու դէմ պատիժներու որոշումն ու գործադրութիւնը, որոնք կռանեցին Բաբգէն Սիւնիի երկաթեայ կամքն ու յեղափոխական դաժանութիւնը։ Բաբգէն Սիւնի հազիւ քսան տարեկան էր, երբ դաժանագոյն այդ առճակատման պրիսմակէն դիտեց, ճանչցաւ եւ դիմագրաւեց հայութեան բաժին հանուած կեանքի իրականութիւնը։

Ահա՛ այսպիսի պայմաններու մէջ հասունցաւ սուլթանի կառավարութեան ուժեղ հարուած հասցնելու, Կարմիր Սուլթանը զգաստացնելու եւ փարիսեցիութեամբ համակուած Եւրոպան իր պատասխանատուութեանց առջեւ կանգնեցնելու գաղափարը ընդհանրապէս հայ յեղափոխականներուն եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցական առաջին սերունդի գործիչներուն մօտ։

Այդպէ՛ս ձեւաւորուեցաւ, Բաբգէն Սիւնիի մտքին մէջ, Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարը։ Եւ հակառակ անոր, որ սուլթանի կառավարութիւնը կրցած էր աւելի արագ շարժիլ բուն Երկրի մէջ յեղափոխական նախաձեռնութիւնները վիժեցնելու առումով՝ Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն, Բիւրոյի հետ համախորհուրդ, կանաչ լոյս տուաւ Բաբգէն Սիւնիի ծրագրին։

Դիւրին գործողութիւն չէր, ընդհակառակն հսկայական դժուարութեանց յաղթահարումը պահանջող ծրագիր էր Պանք Օթոմանի գրաւումը։ Բաբգէն Սիւնիի մանրամասն ուսումնասիրուած ծրագրին համաձայն, շուրջ 70 նուիրեալներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտ էր, որպէսզի երեք ուղղութիւններով յառաջանար գործողութիւնը։ Դրամատունը գրաւող գլխաւոր խումբի կողքին պիտի գործէին երկու աջակից խումբեր։ Մէկը՝ մեծաթիւ, որ ռումբերով իրարանցում պիտի առաջացնէր դրամատան մերձակայ Սամաթիոյ մէջ, ուր կը գտնուէր բանակին զօրանոցը եւ, մեծ հաւանականութեամբ, կառավարութիւնը հոնկէ պիտի շարժման մէջ դնէր դրամատունը գրաւողներուն դէմ յարձակող իր զօրքը։ Իսկ երկրորդը՝ կապի եւ յարաբերութեան խումբը պիտի ըլլար, որ յանուն դրամատունը գրաւող Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին, դեսպանատուններուն եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հայոց պահանջները պիտի փոխանցէր եւ բանակցութիւնները վարէր։

14 Օգոստոսի կէսօրուան ժամը 1ին, որ գրաւումը սկսելու ժամկէտ ճշդուած էր, միայն 24 յեղափոխական ներկայացած էր։ Բաբգէն Սիւնի իր գլխաւոր օգնականներուն, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչ Թիրեաքեանի հետ խորհրդակցաբար, ժամ մը ուշացուց յարձակումը, բայց ճարահատ եղած ուժերով ժամը 2ին անցաւ գրոհի։

Դրամատան մուտքին պահակ ոստիկանները բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին։ Թէեւ սպաննուեցան եւ յարձակող խումբը մտաւ դրամատան շէնքը, բայց յետսապահ դիրք ստանձնած ու խումբի ռումբերուն եւ ուժանակի պայուսակներուն անվտանգ շէնք մուտքին հսկող Բաբգէն Սիւնին, երբ ի վերջոյ իր կարգին կը բարձրանար շէնքի սեմի աստիճաններէն, փամփուշտ ստացաւ եւ ձեռքի ռումբի պայթումին հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ։ Ընկերները կրցան շէնք մտցնել հերոսին կիսամեռ մարմինը եւ փակել դռները, բայց այլեւս փրկութիւն չկար դաշնակցական մեծ հսկային համար։
Մինչեւ Օգոստոս 15ի վաղ առաւօտեան ժամերը Պանք Օթոման մնաց հայ յեղափոխականներու գրաւման տակ։ Արմէն Գարօ եւ Հրաչ միասնաբար ստանձնեցին գրաւման ղեկավարութիւնը։ Դուրսը, Սամաթիոյ խումբը կրցաւ անհրաժշտ ճնշումը գործադրել զօրանոցին վրայ, բայց փաթթոցաւոր ուսանողներու առաջնորդութեամբ կատաղած ամբոխը յարձակեցաւ դրամատան վրայ։ Ռումբերու տարափին տակ ամբողջ մեծ կորուստներ տալով խուճապահար փախուստի դիմեց։ Սկսաւ բանակցութիւններու մաշեցնող փուլը, ուր ռուսական դեսպանատան թարգման Մաքսիմովը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ՝ մէկ կողմէ Սուլթանի կատաղութիւնը սանձելով, իսկ միւս կողմէ բերանացի խոստումներ տալով դրամատունը գրաւած խումբին, որ եւրոպական պետութիւնները հետամուտ պիտի ըլլան բարեկարգումներու ծրագրի գործադրութեան։

Առանձին քննարկման նիւթ է, անշուշտ, որ ինչո՞ւ Արմէն Գարօ եւ Հրաչ բաւարարուեցան բերանացի այդ խոստումով եւ օդը չհանեցին դրամատունը ինչպէս որ կը սպառնային տարբեր լեզուներով հրապարակուած իրենց յայտարարութեանց մէջ, եթէ ընդառաջում չգտնէր դեսպանութեանց կողմէ բարեկարգումներու ծրագիրը կեանքի կոչելու գրաւոր երաշխիք ստանալու պահանջը։ Նոյնպէս առանձին քննարման նիւթ է նոյնինքն ամբողջ գործողութեան քաղաքական արդիւնաւէտութեան հարցը. որքանո՞վ մեծ տէրութիւնները պատրաստ էին Պոլիսը գրաւելու եւ Սուլթանի իշխանութիւնը փոխարինելու, որովհետեւ միայն այդ քայլով հնարաւոր էր հայկական նահանգներու բարեկարգութեանց ծրագիրը լրջօրէն գործադրել։ Ամէն պարագայի, Պանք Օթոմանի գրաւումը վերջ գտաւ ողջ–առողջ մնացած 17 յեղափոխականներու Պոլսէն ապահով հեռացումով եւ Համիտի վրայ եւրոպական ճնշումով, որպէսզի չդիմէ հակադարձութեանց։
Պանք Օթոմանի գրաւումը ինչպէս օրին, այնպէս ալ հետագային երկար ժամանակ իր ազդեցութիւնը զգալի դարձուց հայոց ազգային–ազատագրական շարժման մակընթացութեան մէջ։

Սուլթանը զգաստացաւ, եւրոպական տէրութիւններու օրակարգին վրայ հայկական բարենորոգումներու պահանջները յաւելեալ այժմէականութիւն ստացան, իսկ Բաբգէն Սիւնիի հերոսական յանդգնութիւնը ներշնչման անսպառ աղբիւր դարձաւ իրերայաջորդ սերունդներու համար։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ԱՍՊԱՐԵԶ

Տպել Տպել