25 Յուլիս 1897. Հայկական Արեան Հեղումը Անպատիժ Չի՛ Մնար. Խանասորի Արշաւանքին Անմոռանալի Դասերը

Յուլիս 25ին, 113 տարի առաջ, Երկիրն Հայոց յեղափոխական իր տարերքին ամէնէն բուռն պոռթկումը ապրեցաւ։
Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց միջեւ երկատուած ու գերեվարուած հայ ժողովուրդը, քաջարի իր յեղափոխականներուն ուժերու գերագոյն լարումով, պատմութեան թատերաբեմին վրայ իր արժանի տեղը ունենալու իրաւունքը նուաճեց։

Մէկ օրուան մէջ իրագործուեցաւ Խանասորի արշաւանքը։ Քանի մը ժամէն քիւրտ յանցագործներու կարմիր արեամբ ներկուեցաւ Խանասորայ կանաչ դաշտը։
Հարիւրաւոր անմեղ հայերու արեան հեղումին պատասխանատուն՝ քրտական Մազրիկ ցեղախումբը արեա՛մբ պատժուեցաւ՝ Դաշնակցութեա՛ն որոշումով։

24էն 25 Յուլիսի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, թուրք–պարսկական սահմանը յանդգնօրէն հատեցին 253 դաշնակցական մարտիկներ, որոնց 40ը՝ ձիաւոր։ Արշաւախումբը ճամբայ ելաւ Սալմաստէն, արագօրէն կտրեց Արաուլ լերան լանջը եւ, լեռնային ճանապարհով, ուղղուեցաւ դէպի Վանայ Լիճին հարաւ–արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտը։ Խանասորայ դաշտը ամառնային բանակավայրն էր քրտական տխրահռչակ Մազրիկ ցեղախումբին, որ իր արիւնարբու աշիրաթապետ Շարաֆ պէյի ղեկավարութեամբ, տարի մը առաջ, ուղղակի կոտորածի ենթարկած էր Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկները։ Դաշնակցական Պետոյի, արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի գլխաւորութեամբ աւելի քան երեք հարիւր հայ երիտասարդներ – մարտիկներ եւ անզէն տղաք – զոհ գացին Մազրիկ ցեղախումբի հայատեացութեան։

Հայկական արիւնի այդպէս վատաբար ու անարգ հեղումը, քիւրտ հրոսակներու ձեռամբ, անպատասխան եւ անպատիժ չէր կրնար մնալ ու չմնաց։
Եւ Խանասորի արշաւանքը եկաւ հայոց նորագոյն պատմութեան այդ հատո՛ւ պատասխանը խորհրդանշելու։ Եւ թրքական բռնատիրութեան ծառայակոչուած Մազրիկ ցեղախումբը ստացաւ իր արդար պատիժը։

Դաշնակցութիւնը շատ երկար մտածեց եւ նպատակայարմարութեան ու յաջողութեան իր բոլոր երեսներով եւ մանրամասնութիւններով քննեց ու կշռադատեց իր քայլը, գործնական որեւէ նախաձեռնութեան դիմելէ առաջ։ Հարկ եղաւ սպասել մինչեւ 1896ի տարեվերջին եւ 1897ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ ՀՅԴ Ռայոնական (շրջանային բարձրագոյն-Խմբ.) Ժողովի գումարումին՝ եզրակացնելու եւ որոշելու համար, որ այո՛, պէ՛տք էր այդպէս՝ մեծաթիւ արշաւախումբով մը քրտական ցեղախումբը պատժել եւ, նախ, անհրաժեշտ դասը տալ բոլոր անոնց, որոնք հայու արիւն կը հեղէին՝ անպատժելիութեան ապաւինելով։

Միաժամանակ՝ Աւետիսեաններու, Մարտիկներու եւ Պետոներու նահատակութեան վրէժը լուծել։ Ու, տակաւին, հաւասարապէս թէ՛ ջարդարար Սուլթանին, թէ՛ Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուացող Եւրոպային ազդարարել, որ այլեւս կարելի չէ բիրտ ուժով լռութեան մատնել կամ արեան բաղնիքներու մէջ խեղդել փորձել հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի արդարութեան ու իրաւունքի մարտունակ ձայնը։

Նախ՝ հայ ժողովուրդին ճակատագրակից քրտական ցեղախումբերը այլեւս պէտք է հասկնային, որ իրենց իսկ իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանութեան սիրոյն զէնք պէտք չէ բարձրացնէին հայ ժողովուրդին ու անոր յեղափոխական զաւակներուն դէմ։ Նոյնիսկ եթէ Սուլթանն էր քրտական ցեղախումբերը զինողը եւ քիւրտ աշիրաթապետներուն հայ ժողովուրդին դէմ դրդողը, քրտական ազգային մտածողութիւնը պէտք է սթափէր այլեւս եւ տեսնէր, որ թշնամին հայն ու Հայաստանը չէ, այլ՝ նոյնինքն թրքական պետութիւնն է։

19րդ դարու վերջերուն, նաեւ քիւրտերուն համար արդէն դժուար չէր տեսնել ու հասկնալ, թէ Սուլթանի կառավարութեան խաղը ճիշդ ի՛նչ էր, հայն ու քիւրտը իրարու դէմ հանելով՝ հաւասարապէս երկուքն ալ իր կամքին եւ կեղեքման հպատակեցնելն էր։ Իսկ քրտական ազգայնականութիւնը արդէն սկսած էր սթափումի նշաններ ցոյց տալ եւ արհամարհելի չէր թիւը այն քիւրտ ցեղախումբերուն ու աշիրաթապետներուն, որոնք հայկական յեղափոխութեան մէջ կը տեսնէին իրենց ազգային զարթօնքին բնական դաշնակիցը…

Աւելի՛ն. Մազրիկ ցեղախումբին եւ անոր մեծաւորին՝ Շարաֆ պէյի օրինակով անուղղայ բարբարոսներուն հարկ էր տալ այնպիսի՛ «համոզի»չ դաս, որ բոլորն ալ անդրադառնային, թէ այլեւս կարելի չէ հայու արեան ու ինչքին հետ այդպէս վարուիլ՝ անպատիժ սպաննել ու յափշտակել, գողնալ ու աւերել։
Ապա՝ նոյնինքն Սուլթանին եւ անոր հիւանդ մարդու սնարին շուրջ հաւաքուած, միայն Օսմանեան Կայսրութեան «ժառանգէն» առիւծի բաժին խլելու կայսերապետութեամբ կլանուած եւրոպական մեծ տէրութիւններուն հարկ էր լսելի ու հասկնալի դարձնել միեւնոյն հատու պատգամը. Հայը այլեւս անցեալի ռայան ու ստրուկը չէ, այլ՝ ազգային իր իրաւունքներուն, Ազգի եւ Հայրենիքի ազատագրութեան համար «Ազատութիւն կամ Մահ» վճիռով զէնք բարձրացուցած աննկուն մարտիկն է։ Թէեւ իր շղթայազերծման առաջին տասնամեակը հազիւ աւարտած էր հայոց յեղափոխական պոռթկումը, այսուհանդերձ՝ արդէն կտրած էր ինքնահաստատման այնքան կարեւոր ուղի, որ ի վիճակի էր այդպէս՝ 250է աւելի մարտիկներով արշաւախումբ կազմակերպել եւ պատժել հայ ժողովուրդին ու հայ յեղափոխականներուն սպառնացող «ցեց»երը…

1897ի տարեսկիզբին գումարուած թիֆլիսեան իր Ռայոնական ժողովէն եւ անոր հաստատած ա՛յս որոշումէն ետք ալ, Դաշնակցութիւնը շարունակեց յեղափոխական շրջահայեցութեամբ շարժիլ Խանասորի արշաւանքի կազմակերպման իր աշխատանքներուն եւ նախապատրաստական քայլերուն մէջ։ Մինչեւ Յունիս 1897 շարունակուեցան բուռն քննարկումները եւ տարակարծութիւնները Նիկոլ Դումանի կողմէ ներկայացուած եւ Ռայոնական Ժողովի հաւանութեան արժանացած պատժական արշաւախումբի առաջարկին շուրջ։ Թէեւ ոչ ոք վիճելի կը նկատէր հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին կենսունակութիւնն ու մարտունակութիւնը վերահաստատելու հրամայականը, այդուհանդերձ՝ կային հիմնաւոր առարկութիւններ այդպիսի մեծաթիւ արշաւախումբով ցուցական քայլի մը արդիւնաւէտութեան, նպատակայարմարութեան եւ, ինչու ոչ, նաեւ յաջողելու հաւանականութեան հանդէպ։

Ատրպատական հաւաքուեցաւ դաշնակցական գործիչներու եւ ֆետայիներու ամբողջ փաղանգ մը։ Հոն էին Նիկոլ Դումանն ու Վարդանը (Մեհրապեան), Իշխան Յովսէփ Արղութեանն ու Կարոն (Արիստակէս Զօրեան, Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը), Յարութիւն Շահրիկեանն ու Վազգէնը (Տիգրան Տէրոյեան), Գուրգէնն (Պաղտասար Մալեան) ու Սեւքարեցի Սաքոն, Քրիստափոր Օհանեանն ու Գալուստ Ալոյեանը, Փոխիկն ու Ախպերը, տակաւին նորագիր պարզ զինուոր Անդրանիկն ու շատ–շատեր։ Շուրջ երեք հարիւրի կը հասնէր անոնց թիւը։

Արշաւախումբի գաղափարին համաձայն չէին Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, Վարդանի եւ Վազգէնի տարողութեամբ հեղինակաւոր գործիչներ, որոնք Երկրի մէջ՝ յատկապէս Վասպուրականի տարածքին, յեղափոխական առաջին կառոյցներու եւ դաշնակցական կուռ կազմակերպութեան ստեղծման ռահվիրաները եղած էին։ Անոնք կը նախընտրէին զինական թէ մարդկային ուժերը խնայողաբար գործածել, շարունակել լուռ եւ անաղմուկ կազմակերպչական գործը ու նոր թափ տալ Երկրի զինման եւ մարտական ուժեղացման աշխատանքներուն՝ խուսափելով ցուցական քայլերէ, որոնք մեծ քաղաքներու մէջ աւելի ազդու կրնային ըլլալ։ Մանաւանդ որ նոր պատահած էր Պոլսոյ մէջ Օսմանեան Դրամատան գրաւումը։

Բայց Նիկոլ Դումանի երկաթեայ տրամաբանութիւնը այս անգամ եւս յաղթող դուրս եկաւ։ Ան կրցաւ պատժական արշաւախումբի գաղափարին շուրջ համախոհութիւն առաջացնել։ Դումանի մօտեցումներուն ջերմ պաշտպանն էր ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ ուղարկուած լիազօրը՝ Յարութիւն Շահրիկեան, որ Թաւրիզ առաքուած էր յատկապէս Արշաւանքին վերաբերեալ Ռայոնական Ժողովի որոշումին գործադրութիւնը փութացնելու յանձնարարութեամբ։ ՀՅԴ Ատրպատականի Կ. Կոմիտէն Յունիսի վերջերուն վճռահատեց հարցը՝ արշաւախումբի կազմութիւնը արագացնելով եւ, զուգահեռաբար, Վազգէնին ու Գուրգէնին յանձնարարելով, որ լաւապէս զինուած 30 հոգինոց խումբով մը ուղղուին դէպի Վան ու Սասուն։

Նոյնինքն Վարդան եւ Իշխան Արղութեան նշանակուեցան արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար։ Հարիւրապետներ նշանակուեցան Փոխիկ եւ Ախպեր։ Իսկ Նիկոլ Դուման, որ գլխաւոր դարբինն էր պատժական արշաւանքի գաղափարին, նշանակուեցաւ արշաւախումբի չորս յիսնապետներէն մէկը։
Ճշդուեցան նաեւ տասնապետները։ Սեւքարեցի Սաքոյին վստահուեցաւ ձիաւոր խումբի պատասխանատուութիւնը։ Եւ 21էն 25 Յուլիս 1897ին իրագործուեցաւ Խանասորի արշաւանքը։

25 Յուլիս 1897ին Խանասորի դաշտին վրայ գտնուող Մազրիկ ցեղախումբի բոլոր տղամարդիկ արեամբ քաւեցին իրենց մեղքը։ Հայ յեղափոխականները ձեռք չերկարեցին կանանց եւ մանուկներու վրայ։ Դաշնակցական ֆետայիներու այդ վեհանձն գաղափարականութենէն օգտուեցաւ նոյնինքն Շարաֆ պէյ, որ կանացի հագուստ հագած կրցաւ ճողոպրիլ։ Սպաննուեցաւ նաեւ անոր անձնական հիւրը եղող թուրք հարիւրապետը։

Արշաւախումբը յաջողութեամբ աւարտեց իր առաքելութիւնը, բայց դէպի պարսկական սահման նահանջի իր ճամբուն վրայ ընդհարումներ ունեցաւ մերձակայ լեռներէն խուժած քիւրտ զինեալներու հետ։ Մղուեցան բուռն կռիւներ, որոնց հետեւանքով արշաւախումբը ունեցաւ ծանր կորուստ. նահատակուեցան քսան մարտիկներ, որոնց շարքին՝ հարիւրապետի օգնական Կարոն, յիսնապետի օգնականներ Խանը, Կրետացին եւ Սաղաթել խան Զօհրաբեանը, ինչպէս նաեւ տասնապետներ Շաւարշն ու Խաչիկը։

Այսօր 113 տարի անցած է Խանասորի արշաւանքի պատմական այդ օրէն, բայց կարծէք նաեւ այսօրուան մեր սերունդներուն ուղղուած պատգամ էր արշաւախումբի հրամանատարին՝ Վարդանի կոչը Խանասոր արշաւողներուն.- «Ցոյց տանք մեր հասարակութեան թերահաւատ մասին, որ ընդունակ ենք յեղափոխական – թէեւ անհաւասար – կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու. ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայն էլ գիտէ կռուել ազատութեան համար»։ Իրապէս ալ, նաեւ մեր ժողովուրդի շարքերուն մէջ, Խանասորի յանդուգն արշաւանքը կամքեր կռանեց եւ ինքնավստահութիւն ջրդեղեց։

Հայրենի հողին, սեփական ինչքին ու պատուին տէր ու տիրական կանգնելու յանդգնութեամբ լեցուց նորահաս սերունդներու սիրտն ու միտքը։
Զգաստացուց քիւրտն ու թուրքը։

Իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու պարտաւորութեան առջեւ դրաւ ազատախոհ Եւրոպան։

Եւ յատկապէս հայ ազգային–ազատագրական շարժման առջեւ բացաւ կռիւը նորովի թափով շարունակելու եւ ծաւալելու լայն հորիզոններ՝ անխուսափելի անկումներու եւ հերոսական յաղթանակներու արնաներկ ճամբով հասնելու համար «Վարդահեղեղ արշալոյսներուն», որոնց «ոտնաձայնները» արդէն սկսած էր առնել «Ցեղին Սիրտը», ինչպէս որ վկայեց Դանիէլ Վարուժան։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ԱՍՊԱՐԵԶ

Տպել Տպել