Արշաւիր Շիրակեան Հայ ժողովուրդի Արդարահատոյց Բազուկը

Հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներու շարքին փառապանծ ու յաւերժական իր պատուանդանը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 37րդ տարելիցն է Ապրիլ 12ը։

Մ. Նահանգներու մէջ, 12 Ապրիլ 1973ին, այնքա՜ն արիւնահեղութիւն եւ սարսափ տեսած իր աչքերը առյաւէտ փակեց Հայոց Նեմեսիսի քաջասիրտ Ահաբեկիչը։
Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ Արշաւիր Շիրակեան հանդիսացաւ ա՛յն իւրայատուկ դէմքը, որ իր առաքելութեան ազգային–քաղաքական ամբողջական գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ գործեց։ Եւ բարացուցական է, որ իր կեանքի վերջալոյսին, 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնմաեակին առիթով լոյս ընծայած իր յուշերը Շիրակեան կոչեց «Կտակն էր Նահատակներուն»։

Արշաւիր Շիրակեանի կը պատկանի Նեմեսիս Գործողութեան վերաբերեալ այն յստակացումը, թէ «Մեր կազմակերպութիւնը չունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր։ Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց ա՛յն յանցագործները, որոնք ի բացակայութեան դատուած եւ մահուան դատապարտուած էին։ Իսկ հայ դաւաճանները կը գլխաւորէին մեր ցուցակը»։

Հայ արդարահատոյց բազուկը ծնած էր 1900ին, Պոլիս։ Մանկութիւնը անցուց 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հետեւած Պոլսահայ ազատ ու ծաղկուն մթնոլորտին մէջ։ Պատանի տարիքէն ապրեցաւ ու կազմաւորուեցաւ դաշնակցական մտաւորականներու մտերմութեան մէջ։ Այդ պատճառով ալ 1915ին, երբ ցեղասպան թրքական պետութիւնը իր առաջին հարուածը ուղղեց Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան, Շիրակեան կոչուեցաւ պատանի սուրհանդակի առաքելութեան, որպէսզի հայ մատնիչներու դաւաճանական ցուցմունքներուն դէմ զգուշացնէ ընդյատակ կեանքի անցած հայ մտաւորականները։

Մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտն ու զինադադարը, Արշաւիր Շիրակեան ամբողջական փարումով գործեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պոլսոյ կազմակերպութեան շարքերուն մէջ։ Մօտէն հետեւեցաւ Պոլսոյ Օսմանեան Զինուորական Ատեանին կողմէ Իթթիհատի պարագլուխներու (ի բացակայութեան) դատավարութեան։ Վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշայի, ներքին գործոց նախարար Թալէաթի եւ իթթիհատական պարագլուխներ Պեհաէտտին Շաքիրի, Ճեմալ Ազմիի, Նազըմի եւ միւսներուն դէմ Ատեանի արձակած մահապատիժի դատավճիռները, դատապարտուելով մեռեալ տառ մնալու ճակատագրին, նոր ընդվզումի եւ ցասումի կրակը բորբոքեցին արդէն երիտասարդ գործիչին մէջ։ Եւ երբ 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած իր 9րդ Ընդհանուր Ժողովին Դաշնակցութիւնը որոշեց, «Նեմեսիս» գործողութեան ձեռնարկելով, ի՛նք իրագործել թուրք ջարդարարներու մահապատիժը, Արշակիր Շիրակեան առաջիններէն եղաւ, որ ներկայացաւ «Նեմեսիս»ի Պատասխանատու Մարմնին՝ իր սրբազան պարտականութիւնը կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնելով։

Շիրակեան կը լրացնէր անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, որպէսզի նկատի առնուէր «Նեմեսիս»ի արդարահատոյց ահաբեկիչներու փաղանգին մէջ։ Գաղափարական եւ ազգային–քաղաքական պատրաստութիւնը ամբողջապէս ունէր։ Կազմակերպական ուշագրաւ փորձ ունէր Պոլսոյ մէջ ընդյատակեայ գործունէութեան։ Մարտական գործիչի խիզախութեամբ եւ քաջասիրտ նկարագրով կը յատկանշուէր։

Չուշացաւ Շիրակեանի առաջին գործողութեան յանձնարարականը։ Քսանամեայ հայորդիին վստահուեցաւ թուրք ջարդարարներու գլխաւոր գործակիցներէն Վահէ Իհսանի (Եսայեան) ահաբեկումը։ Իհսան ի՛նք կազմած էր ցուցակը Պոլսոյ այն հայ մտաւորականներուն, որոնք 24 Ապրիլ 1915ին զանգուածային ձերբակալութեան ենթարկուեցան։ 27 Մարտ 1920ին, Պոլսոյ մէջ, Շիրակեան իրագործեց Իհսանի դէմ արձակուած Դաշնակցութեան մահապատիժի որոշումը։
Շիրակեան հեռացաւ Պոլիսէն եւ անցաւ Երեւան, ուր Արամ Երկանեանի հետ նոր առաքելութեան մը կոչուեցան։ Թիֆլիսի մէջ իրենց պարտականութիւնը կատարելու նախապատրաստական աշխատանքի ժամանակ, երկուքն ալ կը ձերբակալուին, բայց անհրաժեշտ ապացոյցերու չգոյութեան հետեւանքով ազատ կ՛արձակուին։ Արշաւիր կը վերադառնայ Պոլիս, ուրկէ 1921ի ամառը նոր յանձնարարականով կ՛ուղարկուի Հռոմ։

Արշաւիր Շիրակեանի վստահուած էր իթթիհատական կառավարութեան վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումը։ Սայիտ Հալիմ իթթիհատական պարագըլուխներու ամէնէն տարեց անդամն էր, նաեւ՝ ամէնէն մեծահարուստը, որ ի վիճակի էր լաւագոյնս թաքցնելու իր հետքերը։ Բայց «Նեմեսիս»ի յանդուգն հետախոյզները ի վիճակի եղան գտնելու Սայիտ Հալիմ փաշայի թագստոցը եւ Արշաւիր Շիրակեան, 5 Դեկտեմբեր 1921ին, Հռոմի փողոցներուն վրայ գետին փռեց ցեղասպան թրքական կառավարութեան ատենի վարչապետը։

Գործողութիւնը դարձեալ «մաքուր» էր եւ հայ ահաբեկիչը առանց հետք ձգելու հեռացաւ արդարահատուցման… բեմէն։ Բայց Շիրակեանի հայ ահաբեկչի առաքելութիւնը վերջ չգտաւ Սայիտ Հալիմ փաշայի մահապատիժով։ Հետեւեցաւ նոյնքան յանդուգն գործողութիւնը Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման, որ վստահուած էր Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան երկեակին։

Տխրահռչակ տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիր եղած էր հիմնադիրն ու ղեկավարը իթթիհատական այն յատուկ զօրաբաժնին, որ «յառաջապահ»ի դեր խաղաց Հայկական ցեղասպանութեան գործադրութեան ժամանակ։ Իսկ Ճեմալ Ազմին ծանօթ էր իբրեւ «Տրապիզոնի հրէշը», որ աւելի քան 15 հազար անզէն հայեր ծովամոյն ըրաւ։
17 Ապրիլ 1922ին, Պերլինի փողոցներուն մէջ, Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան միացեալ գրոհով մը գետին փռեցին թուրք ջարդարար զոյգ հրէշները։ Նախայարձակը Շիրակեանն էր, որ առաջին գնդակով զգետնեց Ճեմալ Ազմիին, բայց միայն վիրաւորել կրցաւ Շաքիրի։ Բայց Երկանեան օգնութեան հասաւ եւ ուղիղ ճակտէն մէկ փամփուշտով վերջ տուաւ Պեհաէտտին Շաքիրի յանցագործ կեանքին։

Պերլինի այդ գործողութեամբ վերջ գտաւ Շիրակեանի արդարահատոյց գործունէութիւնը։

Հայ հերոսը վերջնականապէս հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Հ.Յ.Դ. Մ. Նահանգներու կազմակերպութեան կեանքին ու աշխատանքներուն։

Երկար տասնամեակներու լռութենէն ետք, 1965ին, Շիրակեան լոյս ընծայեց իր յուշերը՝ «Կտակն էր Նահատակներուն» խօսուն անունը տալով իր յուշագրութեան։

12 Ապրիլ 1973ի այս օրը փակուեցան աչքերը հայ ժողովուրդի արդարահատոյց բազուկին, որուն անունով այսօր կը կոչուին ե՛ւ դաշնակցական կոմիտէութիւններ, ե՛ւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւն մը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ԱՍՊԱՐԵԶ

Տպել Տպել