«Ազդակ»ի Խմբագրական. Երկու Պատկերներու Սահմանադրական Հիմքը

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական եւ հասարակական հարթութիւնները տարբեր ուղղութիւններ դրսեւորելու ընթացքին մէջ են։ Հասարակականէն աւելի հաւանաբար ուսանողական-երիտասարդական դիմագիծի շեշտը պէտք է ընդգծել այն առումով, որ վարչապետի թեկնածուի առաջադրումի գործող մեծամասնութեան որոշումին դէմ հիմնական բողոքողները այդ խաւի ներկայացուցչիներն են։ Ուղղութիւնը հասարակական է այնքան, որ այդ խաւը բնականաբար հասարակութեան ամէնէն աշխուժ խաւն է։

Թէ՛ իրաւապահներու եւ թէ՛ ցուցարարներու մօտ կայ կարմիր գիծերը պահպանելու, չհատելու եւ երկկողմանի գործողութիւններուն տալու խաղարարար, քաղաքակիրթ բնոյթ։

Վարչապետի թեկնածութեան առաջադրումին բողոքող խաւը պէտք է ունենայ առիթը ազատօրէն ինքնադրսեւորուելու եւ իր կամքը կամ այս պարագային անհամաձայնութիւնը յայտնելու արձանագրուող գործընթացներուն նկտամամբ։ Ի վերջոյ նորացուած Սահմանարութիւնը պետականութեան մաս համարելով նաեւ ընդդիմութիւնը, անոր գործունէութեան եւ որոշումներու գործընթացներուն ազդեցիկութիւն ապահովելու յատուկ իրաւադրոյթներ ապահոված է, հակակշիռ քայլեր օրինականացնելու նպատակով։ Եւ բնականաբար ընդդիմութիւնը միայն պետական հաստատութիւներու մէջ չէ, այլ նաեւ հասարակական հնչեղութիւն ապահովելու համար օրէնքի կարգով սահմանուած գործողութիւններ կազմակերպելու իրաւունքներ վաստակած է։

Այն ինչ կը պատահի այս օրերուն Երեւանի փողոցներուն մէջ ուրեմն, եթէ չի հատեր կարմիր գիծի սահմանները, եթէ կը մնայ օրինականութեան սահմաններուն մէջ, եթէ քաղաքացիական անհնազանդութեան չվերածուելով տեղի չի տար խուլիկանական արարքներու, ապա նոյնինքն նորացուած Սահմանադրութեամբ եւ անոր լոյսին ներքոյ գործող օրէնքներով հաստատուած ընթացք է եւ ուրեմն` ընդունելի։

Նման պատկերներու ,նման տեսարաններու կարելի է հանդիպիլ եւրոպական սահմանադրական արժեհամակարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ, ուր կան , կը գործեն մարդու իրաւունքներ, ազատ կարծիքի ազատութիւն եւ բողոքի գործողութիւններ կազմակերպելու հնարաւորութիւններ` օրէնքի սահմաններուն մէջ։

Միեւնոյն սահմանադրութիւնը եւս ճշդած է այս պարագային վարչապետի թեկնածուի առաջադրման եւ ընտրութեան կարգ։ Այդ իրաւունքը, ժողովրդավարական իսկ հիմունքով կը պատկանի գործող մեծամասնութեան, որ նախ իր կուսակցութեամբ կը յանգի թեկնածուի առաջադրման որոշումին, ապա զայն կ՛առաջադրէ խորհրդարանին մէջ։ Եւ նոյնքան իրաւաչափ է, որ այդ թեկանծուն ըլլայ մեծամասնութիւն ունեցող կուսակցութեան նախագահը։

Այս պատկերներուն ալ ականատես կ՛ըլլանք յատկապէս խորհրդարանական համակարգերով կառավարուող երկիրներու պարագային, երբ մեծամասնական կուսակցութեան նախագահը կ՛առաջադրուի վարչապետի պաշտօնին, մինչեւ այն ատեն, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք տուեալ կուսակցութիւնը հաւաքած է քուէարկողներու կայուն մեծամասնութիւնը։

Երկու պատկերներն ալ ուրեմն սահմանադրական հիմքեր ունին եւ կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ համահունչ են նորացուած սահմանադրութեան ոգիին։

Եւ եթէ իրողապէս համաժամանակ թէ՛ իրաւապահ մարմինները եւ թէ՛ ցուցարարները երկկողմանիօրէն դրսեւորեն ժողովրդավարական եւ սահմանադրական բարձր գիտակցութիւն մէկ կողմէ քաղաքական գործընթացները իրաւական հանգրուաններէն անցընելու, միւս կողմէ օրէնքի սահաններուն մէջ բողոքի գործողութիւններ կազմակերպելու, ազատօրէն կամք դրսեւորելու եւ այդ բոլորին հասարակական հնչեղութիւն ապահովելու, ապա կարելի է ըսել որ մեր երկիրը նորացուած Սահմանադրութեան եւ խորհրդարանական համակարգի անցումով յաւելեալ ժողովրդավարացման ուղին բռնած է։

Իսկ այստեղ արդէն երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենայ այն, որ երէկուան գործող նախագահի պաշտօնավարման եղանակը կը շարունակուի վարչապետի պաշտօնով եւ որ յամենայնդէպս միեւնոյն լիազօրութիւնները չունի, եւ դարձեալ նորացուած Սահմանադրութեամբ յաւելեալ հաշուետուութեան ընթացակարգերով պէտք է ներկայանայ խորհրդարանական համակարգին։

aztagdaily.com

Տպել Տպել