Վարչապետին անվտանգութեան եւ պաշտպանական երաշխիքը


Սեդօ Պոյաճեան

Մինչ վարչապետ Փաշինեան կը շարունակէ իր կառավարութեան կազմութեան ամբողջացման գործընթացը, մեկնաբանութիւնները արդէն իսկ սկսած են ցարդ նշանակեալ նախարարներու մասին։

Այս մեկնաբանութիւններու մէջ նորանշանակ նախարարներու մասին դրական, ժխտական կամ վերապահ կարծիքները պէտք է բնական նկատել։ Սակայն, բոլորիս համար կարեւորը եւ էականը պէտք է ըլլայ այն կեցուածքը թէ, անկախ մեր ունեցած կարծիքներէն, պէտք է համբերել եւ առիթ տալ որ նոր կառավարութիւնը գործէ։ Կրկին, անկախ մեր արտայայտած կարծիքներէն, մենք պէտք է պարտաւորութիւնը զգանք օժանդակելու եւ զօրակցելու նոր կառավարութեան ու անոր բաղկացուցիչ իւրաքանչիւր նախարարին եւ նախարարութեան։

Ժամանակը կու գայ կառավարութեան աշխատանքը քննելու, գնահատելու կամ քննադատելու։ Սակայն նոյնիսկ այս մարզէն ներս պէտք է հեռու մնալ կատարուածը անհատականացնելու փորձութենէն։ Կատարուած գործն է, որ քննարկումի առարկայ է։

Ցարդ կատարուած նշանակումներուն մէջ կը բացայայտուի խիստ էական ու հիմնական վարքագծային մօտեցում մը հայրենիքի, ներառեալ Արցախի, անվտանգութեան բնագաւառէն ներս։ Վարչապետը մեր ժողովուրդին յստակ կը դարձնէ հայրենիքի ապահովութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ի խնդիր իր ամուր եւ ինքնավստահ կեցուածքը։

Այս կեցուածքը կը բխի հայրենիքը եւ հայրենական սահմանները արտաքին եւ ներքին սպառնալիքներէ պաշտպանելու վարչապետի յանձնառութենէն։

Այս յանձնառութիւնը ինքնըստինքեան կը հաստատէ մեր անվտանգութեան ազգային ռազմավարութեան շարունակականութիւնը պահպանելու վարչապետական համոզումը։

Ներքին իմաստով, այս յանձնառութեան ապացոյցն է ոստիկանութեան պետի եւ անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօններուն համար վարչապետին կատարած նշանակումը։

Աւելի յատկանշականը, արտաքին բնագաւառէն ներս արտգործնախարարի եւ պաշտպանութեան նախարարի նշանակումներն են։ Երկու նախարարներն ալ իրենց մարզերէն ներս մասնագէտ եւ փորձառութիւն վաստկած պետական անհատներ են։

Արտգործնախարար Զոհրապ Մնացականեան չորս տարիէ ի վեր կը ծառայէր ՄԱԿ-ի մօտ իբրեւ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, իսկ նախապէս երեք տարի ծառայած է իբրեւ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ։

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եօթը տարի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը վարելէ ետք, տարի մը առաջ նշանակուեցաւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար։

Այս բոլորը կ՚երաշխաւորեն Հայաստանի համար իմաստուն արտաքին քաղաքականութիւն եւ ապաւինելի պաշտպանական դրութիւն։

Առանց այս կրկնակ երաշխիքներու կարելի չէ մեր կառավարութեան համար նախաձեռնել տնտեսական ու սոցիալական այն բարեփոխումներուն, որոնց շնորհիւ կառավարութիւնը պիտի կարողանայ կառուցել նոր համակարգ՝ իրագործելու համար ժողովուրդին պահանջած Արդար Հայաստանը։

Մայիս 12, 2018
Լոս Անճելըս

Տպել Տպել