Աւստրալիոյ Րայտի քաղաքապետարանը կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը

Սիտնի.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց թէ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի մէջ գտնուող Րայտի քաղաքապետարանը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնն ու անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, Երեքշաբթի 22 Մայիսի 2018ին երեկոյեան տեղի ունեցած քաղաքապետարանի նիստի ընթացքին:

Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման օրէնքի նախագիծը, որ միաձայնութեամբ վաւերացուած էր, ներկայացուցած էր քաղաքապետարանի անդամ հայազգի Սարգիս Ետէլեանը եւ ան երկրորդուած էր Րայտի քաղաքապետ Ճէրօմ Լաքսալի կողմէ: Այսպիսով Րայտի քաղաքապետարանը եղաւ Աւստրալիոյ մէջ երկրորդ օրէնսդիր մարմինը որ կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանէն ետք, որ 2012ին արդէն ճանչցած էր ԱՀ-ը, իսկ առաջին տեղական կառավարական մարմինը:

Ներկայացուած օրէնքի նախագիծը կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւն, կը քաջալերէ անոր մասնակցութիւնը միջազգային ընտանիքէն ներս եւ կոչ կ’ուղէ Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, ու զօրացնելու Աւստրալիոյ կապերը Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին հետ:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը, որ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան գրասենեակին հետ աշխատանք տարած է այս նախագիծին կապակցութեամբ, բարձր գնահատեց Րայտի քաղաքապետարանի որոշումը:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան ըսաւ՝«Րայտի շրջանը Աւստրալիոյ ամենա-հայաբնակ շրջանն է առ այդ զարմանալի չէ որ այդ շրջանի քաղաքապետարանը ըլլայ Արցախի Հանրապետութիւնը իբր հայկական հանրապետութիւն ճանչցող առաջին տեղական կառավարման մարմինը որովհետեւ շրջանի մէջ ապրող հազարաւոր հայորդիներու նախահայրերը ապրած էին Հայաստանի մէջ 1915 թուականի ցեղասպանութենէն առաջ»:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քաղաքապետարանի անդամ Տիար Սարգիս Ետէլեանին որ առաջարկած էր այս օրէնքի նախագիծը, ինչպէս նաեւ երախտապարտ ենք նաեւ քաղաքապետ Լաքսէյլէն որուն հետ Մարտ ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցինք մեր առաջարկները, եւ ան հասկնալով այս հարցին անհրաժեշտութիւնը Րայտի շրջանի մէջ ապրող բազմահազար հայորդիներուն հարկ եղած քայլերուն նախաձեռնեց» աւելցուց Գայսէրեան:

Յիշենք որ Լաքսէյլն ու Ետէլեանը Մարտ ամսուայ ընթացքին հանդիպում մը ունեցան Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէր Արցախի Հանրապետութեան պետ-նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը:

Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան ըսաւ.- «164,000 բնակչութիւն ունեցող Րայտի շրջանի քաղաքապետարանի կողմէ միաձայնութեամբ առնուած որոշումը բարձր գնահատուեցաւ 150,000 բնակչութիւն ունեցող Արցախի Հանրապետութեան խաղաղասէր բնակչութեան կողմէ»։

«Յանուն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Րայտի քաղաքապետարանին որուն որոշումով Աւստրալիան քայլ մը եւս մօտեցաւ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: Ճանաչում մը որ կրնայ խաղաղութիւն բերել Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին» եզրափակեց Միքայէլեան:

armenia.com.au

Ադրբեջանի հերթական պարտությունը Ավստրալիայում

«Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերության «Երկիրն այսօր» հաղորդման հյուրն է Ավստրալիայի Հայ Դատի հանձնախմբի գործադիր տնորեն Հայկ Կայսերյանը:

Տպել Տպել