Ամբողջական Հայաստանի խոստումով ծնաւ հարիւրամեայ հանրապետութիւնը


Սեդօ Պոյաճեան

Մեր անկախութեան եւ ազգային պետութեան հիմնադրման հարիւրամեակը մեզի կը շարունակէ յուշել այն պարզ խոստումը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ծնաւ ազատագրելու համար մեր ժողովուրդը եւ ամբողջացնելու համար հայրենիքը։

Ըմբռնելու համար այս խոստումին եւ անոր առաքելութեան ազգային իմաստը, պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ անդրադառնանք, թէ Սարդարապատի, Պաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի գոյամարտերը չէին նպատակը, այլ՝ Մայիս 28-ի անկախութիւնը եւ անոր պատուանդանին վրայ բարձրացած մեր ազգային պետութիւնը։ Այդ գոյամարտերը տեղի ունեցան, որպէսզի ծնի անկախութիւնը եւ իրագործուի պետականադրութիւնը։

Այս իրողութիւնը մեր պատմութեան թէ՛ թելադրանքն է, թէ վճիռը։ Որովհետեւ, Հայկական Յեղափոխութեան ընդմէջէն երեք տասնամեակներ շարունակ պայքարեցանք մէկ տեսլականի համար – ազատ ազգութիւն, ամբողջական հայրենիք, անկախ պետականութիւն եւ արդար հասարակարգ։ Ասոնք եղան ու կը մնան մեր ազգային տեսլականի եւ հաւաքական ճիշդ գիտակցութեան անխորտակելի վէմերն ու մնայուն հիմնաքարերը։

Հայ իշխանապետութեանց փլուզումէն ետք, աւելի քան վեց դարեր շարունակ հայկական լեռնաշխարհի հայ մարդուն կեանքի ուղին՝ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար ընթացաւ միշտ դէպի ազատութիւն, անկախութիւն եւ արդարութիւն։

Այսուհանդերձ, մեր քաղաքական անօթի փշրումէն եւ առաջնորդող ղեկավարութեան վերացումէն ետք, աւելի քան վեց դարեր հայկական բարձրաւանդակի հայը ենթարկուեցաւ զրկանքի ու հալածանքի, ջարդի ու տարագրութեան։ Հայկական աշխարհը ապրեցաւ անլուր շղթաներու բռնութեան մէջ։ Հայը համբերութեամբ համակերպեցաւ օտարի լուծին, քանի որ անկարող էր այլ ձեւով դիմադրել։

Բնականաբար թաւալող ժամանակը իր հետ բերաւ հոգեկան, հոգեբանական եւ մտային նոր գիտակցութիւն եւ նորոգուած շրջադարձ։ Մինչեւ այդ փոփոխութիւնը, լեռնական հայը մոռցած էր իր նկարագրային մարտունակ յատկութիւնը, պահած էր միայն իր աշխատունակութեան յատկանիշը։ Միա՛յն արօրն ու մաճը կը պատկանէին շինարար ու գիւղացի հայուն։ Մաշած էր ազատագրման ի խնդիր հայուն կռուելու եւ զոհուելու վճռակամութիւնը։ Մանաւա՛նդ, մոռացութեան տրուած էր զինք պաշտպանող զէ՛նքը։

Շնորհիւ Հայկական Յեղափոխութեան, հայը դարձեա՛լ վերագտաւ իր մարտունակութիւնը։ Իր ազգային տեսլականին համար ան վճռեց կռուիլ բռնակալին դէմ, պաշտպանել իր ինչքը, կայքը եւ արժանապատուութիւնը։ Հայուն համար միայն կառուցելը բաւարար չէր ալ, միայն ցանելն ու հնձելը բաւարար չէին ալ։ Բռնակալը կը քանդէր շինածը, կը սեփականացնէր հունձքը։ Կառուցուածը պահելու համար անհրաժեշտ էր կռուիլ։ Հունձքը ազատօրէն հնձելու համար անհրաժեշտ էր զէ՛նք։ Արժանապատուութիւնը փրկելու համար անհրաժեշտ էր զէ՛նք։ Վերջապէս, օտարի լուծէն ազատագրուելու եւ մեր ազգային տեսլականը նուաճելու համար անհրաժեշտ էր՝ դարձեա՛լ զէնք։ Որովհետեւ, Հայկական Յեղափոխութիւնը վկա՛յ, մեր հայրենական բնաշխարհին մէջ ապրելու համար պէ՛տք էր կռուիլ, ապրելու համար պէ՛տք էր մեռնիլ։

Մեր յեղափոխութիւնը ուսուցանեց, որ ազատագրական պայքարի մէջ մենք չենք մեռնիր, այլ՝ կ՛ապրինք։ Կը հիւծինք եւ կը մեռնինք միայն այն ատեն երբ չունինք ապրելու կամքը եւ կռուելու վճռականութիւնը։ Սակայն, կռիւի մէջ յաջողելու համար պէտք է ժողովուրդը ըլլայ բանակ եւ բանակը՝ ժողովուրդ։ Այս հասկացողութեամբ մեր ժողովուրդը ընկալեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան տեսաբան Միքայէլ Վարանդեանի համաժողովրդային բանակի տեսութիւնը։ Այս ըմբռնումով մեր ժողովուրդը կիրարկեց անզուգական ֆետայի եւ Արցախի հարազատ զաւակ՝ Նիկոլ Դումանի համաժողովրդական բանակի ռազմավարական եւ մարտավարական առաջադրանքները։ Այսպէս է որ ժողովուրդը վերածուեցաւ բանակի եւ բանակը՝ ժողովուրդի։ Այս վերափոխութեան դարբինը Դաշնակցութիւնն էր։

Երեսուն տարիներ մեր ժողովուրդ-բանակը անընդհատ ծառացաւ թշնամիին դէմ՝ «ազատութիւն կամ մահ» հայակերտ տարազի ամբողջական խորհուրդով։

Երեսուն տարիներ ետք, 1918ի Մայիսեան օրերուն, Քրիստափորեան յարատեւ կռիւի պսակաւորումը կատարեց մեր ժողովուրդ-բանակը՝ Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատներուն վրայ։ Ժողովուրդ-բանակը կենսագործեց յաղթանակը, որպէսզի իրագործուի մեր ազգային տեսլականը։ Այսպէս է որ իրագործեցինք մեր ազգային տեսլականը՝ ազատ հայրենիքը, անկախ պետութիւնը եւ անոնց վրայ ծածանող եռագոյն դրօշը՝ 1918ի Մայիսի 28ին։ Այս անգամ, ժողովուրդ-բանակին հարուածող բազուկները եղան Նժդեհներն ու Դրոները։ Անոր մղիչ ուժը եւ ոգին եղաւ Արամը։ Եւ ինչպէս միշտ, անոր մէջ ու անոր կողքին կանգնեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարական, մարտական եւ կազմակերպական հզօրանքը։

Մայիսի 28ն անցեալի, այսօրուան եւ վաղուան հայութեան ազգային ինքնաճանաչման եւ գիտակցութեան ներշնչման աղբիւրն է՝ ի խնդիր մեր ազգային տեսլականի հետապնդման։ Մայիսի 28ով վեց դարերու կախեալ ու պետականազուրկ մեր գոյութեան շրջադարձը կատարեցինք։ Առանց Մայիսի 28ի անկախութեան, մենք ոչինչ էինք իբրեւ ժողովուրդ։ Առանց մեր վերահիմնած պետականութեան, մենք պիտի մնայինք ոչնչութիւն՝ իբրեւ ազգութիւն։

Մայիսի 28ով վերածուեցանք համախումբ ազգութեան։ Հայաստանի հանրապետութեան հաստատումով վերածուեցանք միջազգայնօրէն ճանաչուած պետականութեան տէր ժողովուրդի։ Անձեւ քաոսէն կերտեցինք արի ու հպարտ ժողովուրդ եւ պետութիւն։ Հիմնեցինք խորհրդարանական պետական համակարգ։ Ստեղծեցինք ազգային, ընկերային, տնտեսական եւ գիւղատնտեսական պետական կառոյցներ։ Առաջացուցինք ազգային կրթութիւն եւ մշակոյթի զարգացման կառավարական հիմնարկներ։ Իրագործեցինք ազգային բանակի դրութիւն եւ դիւանագիտական կորպուս։ Աւելին, ընդարձակեցինք հազիւ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթր հաշուող տարածքը 50 հազար քառակուսի քիլոմեթրէ աւելի հաշուող հայրենական հողատարածքի։ Եւ այս բոլորը կատարեցինք հազիւ երկու տարիներու ընթացքին։

Այս բոլորը կատարեցինք մեր նորանկախ պետութեան ամբողջական Հայաստանի խոստումին հաւատքով։ Մեր պետութիւնը որոշեց՝ «Հայաստանը պիտի լինի Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ»։ Սկսանք կերտել ազատութիւնը եւ ամրապնդել անկախութիւնը։ Միեւնոյն ատեն հետամուտ եղանք հայրենական հողերու ամբողջացման։ Ասոնք մեր ազգային տեսլականի հիմնական նախադրեալներն էին։ Ասոնց իրագործման խոստումն է, որ մեզի կատարեցին մեր անկախ պետութեան խորհրդարանն ու կառավարութիւնը։

Այդ խոստումը նաեւ կտակն է մեր հարիւրամեայ պետութեան՝ իրմէ ետք եկող բոլոր կառավարութիւններուն, խորհրդարաններուն եւ հայ պետական այրերուն։ Ներկայիս, մենք բոլորս ժառանգորդներն ենք այդ խոստումին եւ կտակակատարները՝ ամբողջական հայրենիքին։

Սակայն ներկայիս կը լսուին խռպոտ ձայներ մեր պետական այրերու շրջանակէն։ Ձայներ, որոնք հայ քաղաքացիին պահանջատիրութիւնը կը պիտակաւորեն իբրեւ «ռազմահայրենասիրութիւն»։ Ձայներ, որոնք կը փորձեն ազգը անջատել իր բանակէն եւ բանակը իր ազգէն։ Ձայներ, որոնք կրնան վաղը մինչեւ իսկ զիջիլ ազատագրուած հայրենական հողեր եւ համակերպիլ տակաւին ազատագրելի հայրենական հողերու բռնագրաւման օրինականացումին։

Բռնագրաւողին հետ բարի դրացնութեան եւ սահմաններու բացման համար նման գին վճարելու պատրաստ որոշ պետական այրեր նոյնիսկ կրնան պատրաստ ըլլալ դրժելու մեր հարիւրամեայ պետութեան ամբողջական Հայաստանի խոտումն ու կտակը։ Ու ապա, վերջնական ու օրինաւոր համարեն այսօրուան պարտադրուած սահմանագծումները։

Կրնան փորձել, բայց պիտի ձախողին։ Որովհետեւ,«ազատութիւն կամ մահ» պատգամը կենսագործող, Մայիսեան գուպարներուն յաղթանակող, Սփիւռքի մէջ յեղափոխական աւանդներով պահանջատիրութիւն հետապնդող եւ Արցախի պապենական հողերը ազատագրող մեր ժողովուրդը թոյլ պիտի չտայ, չի կրնար տալ։

Մեր հարիւրամեայ անկախ հանրապետութիւնը ծնաւ ամբոջական Հայաստանի խոստումով։ Այդ խոստումի հետապնդումը գոյութեան իմաստն իսկ է մեր այսօրուան պետական առաջնորդներուն։ Այդ խոստումի իրագործումը սրբազան յանձնառութիւնն է մեր ժողովուրդին։

Մենք կրնանք միայն տէր կանգնիլ մեր հարիւրամեայ պետութեան խոստումին, որպէսզի լիագործենք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կտակը։

Մայիս 26, 2018
Լոս Անճելըս

Տպել Տպել