«Ազդակ»ի Խմբագրական. Պետականութիւնը Շարունակականութիւն Է (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով)

Հայկական աշխարհը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը: Տարի մը առաջ կազմուած էր 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողով, հիմնականին մէջ միջգերատեսչական ներկայացուածութեամբ: Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ իշխանափոխութիւնը պահ մը դիպաշարին հետեւողներուն մօտ յառաջացուց այն մտահոգութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկները կրնան ընդհանրապէս տեղի չունենալ, կամ լաւագոյն պարագային` ոչ համարժէք արժանավայելութեամբ տեղի ունենան:

Պետականութեան եւ պետականութենէն ակնկալուած գործառոյթները փաստօրէն կը պահեն իրենց շարունակականութիւնը: Համաժողովրդային շարժման ամէնէն թէժ օրերուն գոյացաւ համակողմանի գիտակցական մօտեցում` Ապրիլ 24-ին ցոյցերը, ճամբաները փակելը եւ առհասարակ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումի դրսեւորումները առկախելու եւ ազգովին, համաժողովրդային տարողունակութեամբ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարելու:

Հիմա ակներեւ են նախադրեալները` նախորդ վարչակարգի նախաձեռնած ծրագիրները իրականացնելու:

Այսպէս. դէպի Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ եւ Բաշ Ապարան երթեր, համերգներ, փաստաթուղթերու, արխիւներու ցուցահանդէսներ, մշակութային տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ եւ մանաւանդ գիտաժողովներ կու գան կազմելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու շարքը:

Պետական, ակադեմական եւ ընդհանրապէս քաղաքագիտական շրջանակներու մօտ համոզում կայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը չի սահմանափակուիր ընթացիկ տարուան կտրուածքով:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կեանքի տեւողութիւնը երկուքուկէս տարի էր, հետեւաբար 100-ամեակի նշումները կրնան տարածուիլ մինչեւ 2021: Երկուքուկէս տարուան ժամանակամիջոցին տեղի ունեցաւ բազմաթիւ իրագործումներ, որոնց վերարծարծումն ու անոնց արդի նշանակութիւն տալը օգտակար կ՛ըլլայ պատմութենէն դասեր քաղելու եւ հետագայ գործունէութիւնները նախանշելու առումով:

Շատ ընդհանուր գիծերու մէջ մենք կը խօսինք խորհրդարանական համակարգի, օրուան պայմաններու նկատառումով ժողովրդավարական կարգերու հաստատման, պետական-դիւանագիտական կեանքին մէջ կիներու մասնակցութեան երեւոյթին, բայց նաեւ բանակաշինութեան, համախմբման, օրհասական-ճգնաժամային իրավիճակներու դիմակայման եւ ամէնէն ճնշող ու պարտադրուող կացութիւններու մէջ կարելին, եթէ ոչ անկարելին իրականացնելու փայլուն կատարողականութեան մասին:

Անձեւէն ձեւաւորուող քաոսային պայմաններու մէջ իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները կ՛առաջադրէին արտերկրի հայութիւնը պետական գործին մէջ ներգրաւելու անհրաժեշտութեան գաղափարը: Այսօր այդ առաջադրանքը կը վերահնչէ այժմէական շեշտերով: Պետականութիւնը շարունակականութիւն է: Անիկա առաջնային կարեւորութեամբ ազգի շարունակականութեան գլխաւոր երաշխիքն է:

Այդ երաշխիքին հիմնաքարը 100 տարի առաջ կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնն է:

aztagdaily.com

Տպել Տպել