Պաղ պատերազմի ուրուականին ներքեւ` Ուաշինկթըն-Մոսկուա ուղղակի բանակցութիւններ

Տապլինի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարեց. «Գոյութիւն ունի շարժում դէպի տարածաշրջանի խորհրդայնացում: Ի հարկէ, գործընթացը այսպէս չի կոչուիր: Անոր անունը կրնայ ըլլալ «Մաքսային միութիւն» կամ «Եւրասիական միութիւն» եւ այլն: Մոլորութեան մէջ չիյնանք: Մենք գիտենք ինչ է նպատակը, եւ մենք կը փորձենք մշակել արդիւնաւէտ ուղիներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է դանդաղեցնել կամ կանխել այս գործընթացը»:

Դիւանագիտական հարթութեան վրայ բաւական կոշտ բնոյթ ունեցող այս յայտարարութիւնը ուղիղ Ռուսիոյ դէմ է: Օգտագործուած բառերը եւս նկատի չեն ունեցած որեւէ նրբանկատութիւն: Սեւով ճերմակի վրայ յստակօրէն Մոսկուան կ՛ամբաստանուի խորհրդային կայսրութիւն վերահաստատելու փորձ կատարելու յանցանքով: Տակաւին. ամբաստանութիւնը ունի այլ բաժիններ: Մոսկուան մոլորութեան մէջ կ՛ուզէ ձգել շահագրգիռ կողմերը եւ խաբկանքի քաղաքականութիւն կիրարկելով` մաքսային միութիւն կամ Եւրասիական միութիւն բառեզրերը շահարկելով խորքին մէջ գործադրել տարածաշրջանը ռուսականացնելու քաղաքականութիւն: Ըստ արտաքին գործոց նախարարին, այս բոլորին դիմաց Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար ձեռնպահ մնալ. իմանալով նպատակը, Միացեալ Նահանգներ որոշած են կասեցնել կամ դանդաղեցնել Մոսկուայի ձեռնարկած գործընթացը:

Այսքան պարզ է յայտարարութիւնը եւ ուղղակի: Պաղ պատերազմի ուրուականի վերադարձը նախանշող բնոյթ ունի Հիլըրի Քլինթընի առանց բառերը ծամծմելու ըսածը:

Բայց փորձենք դիտարկել յայտարարութեան նախորդած ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուած քաղաքական իրադրութիւններու պատկերը: Այսպէս. նոյն օրերուն, աւելի ճիշդը Տապլինի հաւաքէն քիչ առաջ Անգարայի մէջ տեղի կ՛ունենար Փութին-Էրտողան հանդիպումը: Լրատուութիւններու մեծ մասը կեդրոնացած էր Սուրիոյ խնդիրին հանգուցալուծման հաւանական բեմագրութիւններուն վրայ` կանխատեսելով, որ Սուրիան գրաւած է երկու առաջնորդներու բանակցութիւններու բովանդակութեան առիւծի բաժինը: Այս անշուշտ կրնայ համապատասխանել իրականութեան: Որոշ լրատուամիջոցներ տեղեկացուած ըլլալով թէ ենթադրելով ակնարկած էին նաեւ հայկական խնդիրներու քննարկման:

Այս հանդիպումը, որուն ներառուած էր Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական կայանի կառուցման ընդհանուր համաձայնութիւնը, բնականաբար աննկատ կարելի չէր ձգել շատ ու շատ պատճառներով, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի աղերս ունին հայկական գործօնին հետ: Սուրիոյ խնդիրը, ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ Մոսկուայի կողմէ հիւլէական կայանի կառուցումը կապ ունին հայկական աղերս ունեցող գործընթացներու հետ: Բոլորն ալ կապուած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջափակած Անգարայի հետ, որ կ՛օժանդակէ մեր երկիրը իր հերթին շրջափակած Ազրպէյճանին եւ ապաշրջափակումները կը պայմանաւորէ Պաքուի կողմէ յառաջ քշուող նախապայմաններով: Խնդիրը չի վերաբերիր սոսկ քաղաքական դասական այն տեսութեան, որուն համաձայն, հայկական կողմը կը տուժէ ամէն անգամ, որ ռուս-թրքական մերձեցում կ՛արձանագրուի:

Ճիշդ է, որ Անգարան Մոսկուային իբրեւ խաղաքարտ կը մօտենայ` Միացեալ Նահանգներուն, Արեւմուտքին ու Եւրոպային ուղերձներ ու պատգամներ փոխանցելու համար: Ուղղակի ըսելով` կը սպառնայ Եւրոպային, շրջադարձ կատարելու դէպի Եւրասիական միութիւն, եթէ ան շարունակէ պատնէշներ կառուցել իր անդամակցութեան քաղաքականութեան դէմ: Ուղերձ յղուած է նաեւ Ուաշինկթընին. փաստօրէն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը շատ կոշտ հակազդեցութիւն ունեցած է այս առիթով:

Սակայն միաժամանակ նման ենթադրեալ մերձեցումի ցուցադրութիւն կը շահարկէ նաեւ Մոսկուան: Հրատապ օրակարգը անշուշտ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացին մէջ Սուրիոյ հանգոյցն է, որուն լուծման համար անմիջական բանալիները կը գտնուին ինչպէս Մոսկուայի, այնպէս նաեւ Անգարայի մօտ:

Եւրասիան, հիւլէական կայանը, մաքսային միութիւնը եւ հայկական գործօնը կը մշուշապատեն ամենաթէժ օրակարգը: Այդ օրակարգի քննարկման բացայայտ արդիւնքներ տակաւին պարզ չեն:

Պարզը այն է, որ Փութին-Էրտողան հանդիպումէն անմիջապէս ետք, Ուաշինկթընն ու Մոսկուան համաձայնած են ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ քննարկումներ կատարելու եւ Ժընեւի համաձայնութիւնները օրակարգի վերածելու: Մինչ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական բանբերը կը հերքէր, թէ Սուրիոյ բանակը քիմիական զէնքեր տեղաշարժի ենթարկած է:

Տարածաշրջանի խորհրդայնացման եւ պաղ պատերազմի ուրուականի վերադարձի յայտարարութիւններուն ներքեւ կը սկսի Սուրիոյ օրակարգով Ուաշինկթըն-Մոսկուա ուղղակի բանակցային փուլը:

«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել