Ակնարկ. Շրջանցում, Որ Անպայման Ուղենշային Չէ

Հայ-թուրք յարաբերութիւններու հեռանկարային պատկերացումներու մասին խօսելով` վարչապետ Փաշինեան հիմնականին մէջ վերաբանաձեւած էր պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը` կողմ ենք Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման` առանց նախապայմանի: Ճիշդ չէ, որ երրորդ երկրի հետ Անգարան պայմանական հարց արծարծէ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար: Երեւանը կը շարունակէ առաջադրել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, որ նախ եւ առաջ կը նպատակադրէ ցեղասպանութիւններու կրկնութեան կանխարգիլումը:

Փաշինեանի մօտեցումը միաժամանակ թէ՛ արցախեան հակամարտութեան եւ թէ՛ ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցով մերժել է Անգարայի նախապայմանները, ինչ որ համահունչ է Երեւանի ցարդ որդեգրած եւ կիրարկած պաշտօնական կեցուածքին:

Պաշտօնական Անգարան արձագանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի այս յայտարարութեան:

«Տեսնենք, եթէ Հայաստանը Թուրքիոյ նկատմամբ տարիներ շարունակ ունեցած թշնամական դիրքորոշումը փոխէ, հրաժարի Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու նկատմամբ ունեցած սխալ դիրքորոշումներէն, հրաժարի այդ ամէնէն, ցանկայ նոր էջ բանալ, մենք ալ ուսումնասիրելով մանրամասնութիւնները, համարժէք պատասխան կու տանք: Մենք չենք ցանկար ոեւէ մէկուն, յատկապէս մեր դրացիներուն հետ թշնամանալ: Եթէ այդպիսի մօտեցում ըլլայ, բնականաբար մեր պետութեան շահերուն շրջանակներուն մէջ կը քննարկենք զայն»:

Արձագանգը ուղղակի Թուրքիոյ վարչապետ Եըլտըրըմին կը պատկանի: Այսպէս ուրեմն. Անգարան պատրաստ է քննարկելու դիւանագիտական կապերու հաստատման Երեւանի մօտեցումները, եթէ Երեւանը ճանչնայ ընդհանուր պետական այսօրուան սահմանը եւ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Գէթ այս բանաձեւումին մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջէն հրաժարելու ուղղակի պայման չկայ. հրաժարումի պահանջը յստակօրէն տարածքայինին կը վերաբերի:

Բայց աւելի կարեւորը այն է, որ վարչապետ Փաշինեանի արծարծած առաջին խնդիրին չ՛ակնարկեր Եըլտըրըմը: Հրապարակուած այս արձագանգին մէջ Արցախի խնդիրը շրջանցուած է: Թուրք վարչապետը կը խօսի Թուրքիոյ վերաբերող հարցերուն:

Արցախի հարցի շրջանցումը այս պարագային չի կապուիր անշուշտ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին այն մատնանշումին, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման հարցին պէտք չէ առնչել երրորդ կողմը:

Թուրքիոյ վարչապետին այս մօտեցումը ուղենշային նկատելը կանխահաս է հաւանաբար: Այնուամենայնիւ, նախապայմաններու առաջնահերթութեան հարց կը ստեղծէ, երբ արցախեան հակամարտութեան խնդիրը միշտ անմիջականութեամբ եւ հրատապութեամբ կ՛արծարծուէր:

Մէկ հանգամանք եւս որոշ նրբութիւն կը փոխանցէ հարցին ուղենշային բովանդակութիւն տալու ուղղութեամբ: Փաշինեանը պատասխանած է լրագրողի հարցումին եւ ոչ թէ յատուկ յայտարարութիւն կատարած` նոր մեկնարկ կամ նոր գործընթաց սկսելու միտում փոխանցելու իմաստով: Եըլտըրըմը իր հերթին արձագանգած է Փաշինեանի այս պատասխանին մասին դարձեալ լրագրողի տուած հարցումին:

Հայկական կողմը այս պարագային որեւէ փոփոխութիւն չէ բերած հայ-թուրք յարաբերութիւններու հաստատման համար Երեւանի որդեգրած դիրքորոշումներուն, մինչ թրքականը շրջանցած է մէկ նախապայման: Ոչ անպայման ընդառաջելով այն մօտեցումին, որ երկկողմ յարաբերութիւնները պէտք չէ պայմանականացնել երրորդ կողմով:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել