ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Յուլիսի 11ին եւ Ուրբաթ, 13 Յուլիսի թիւերով «Ասպարէզ» հրատարակեց շրջանաւարտ աշակերտներու երկու խմբանկար։ Չէ, այդ լուսանկարները կապ չունին ժամանակակից միջնակարգ կամ երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտներուն հետ։
Այդ զոյգ լուսանկարները կը գտնուին իրարմէ 94 տարուան հեռաւորութեան վրայ։ Առաջինը անոնցմէ կը թելադրէ նահատակումն ու կորուստը երկիրին ու ժողովուրդին ու նաեւ վերապրումի գրաւականը։ Երկրորդ նկարը ցոյց կու տայ կրկին շրջանաւարտներու խումբ մը՝ աւելի երիտասարդ, աւելի անխնամ հագուած, եւ մեր ժամանակները ցոլացնող տղաք ու աղջիկներ, որոնք տէրն են իրենց երկիրին եւ որոնք վստահաբար այս օրերուն անսահման երջանկութիւն պատճառած են իրենց ծնողներուն։ Անոնք առաջիններուն կորսնցուցած երկիրին որոնումին մէջն են, այդ որոնումով կը չափեն անյաղթելի թուացող դժուարութիւնները, զորս պիտի դիմակալեն երբ սկսին անոր վերատիրանալու պայքարին։ Իրենց Երկիրը այնքա՜ն հեռու եւ եղերականօրէն այնքան մօտիկ։ Անոնց՝ այդ երիտասարդներու աչքերուն մէջ Երկիրը կը տեսնէ իր վերջնական ազատագարումը «երբ օրը գայ վերջապէս եւ ըլլայ մարդը մարդուն… հաւասար»։ Միշտ ի մտի ունենալով թէ մարդը, որմէ պիտի վերատիրանան իրենց հայրենի հողին, մարդ չէ այլ կենսաբանօրէն անսահմանելի ու եղափոխական ձեւաչափերով անտարազելի գոյակցութիւն։

Նկարներէն մին, լոյս տեսած «Ասպարէզ»ի Յուլիս 13ի թիւին մէջ, առնուած է Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Ս. Փրկի»չ ամսաթերթի Մարտ-Ապրիլ, 2012, թիւէն։ Լուսանկարը առնուած է 1918ին, Եղեռնի սկզբնաւորութենէն երեք տարի ետք։ Հաւանաբար Յունիս-Յուլիս ամիսներուն, Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն քանի մը ամիս առաջ։ Նկարին մասին ծանօթութիւններ կու տայ տիկին Մաքրուհի Յակոբեանը՝ թերթին խմբագիրը, վերջաւորութեան ուղղակիօրէն զետեղելով զայն մեր համազգային ողբերգութեան շրջանակէն ներս «…անցեալի մը՝ վշտի, արցունքի եւ տառապանքի կնիքով օծուած»։ Սքանչելի բնութագրում, պատմական այդ անստգիւտ նկարին։
Երբ կը թղթատէի թերթը՝ քիչ մը հապճեպօրէն, նշմարեցի նկարը ու զայն շփոթեցի տարբեր խմբանկարի մը հետ ուր, ներկայ է նաեւ Է. Ակնունին եւ շարունակեցի աչքէ անցընել թերթին մնացեալ էջերը։ Աւարտելէ ետք զիս հետաքրքրող նիւթերուն ընթերցումը, վերադարձայ նկարին։ Առաջին ակնարկս շփոթեցնող ըլլալէ բացի, մղեց զիս մօտէն քննելու եւ կարդալու անոր ընկերացող «Ասպարէզ»ի խմբագիրին բացատրութիւնն ու տիկին Յակոբեանի արժեւորումը։
Նկարին մէջ կայ 47 անհատ։ Բոլորն ալ տղամարդ եւ բոլորն ալ շրջանաւարտ Պոլսոյ բժշկական համալսարանէն։ Բոլորն ալ բացի 4-5 հոգիէ, հագած են սեւ, լազուարթ կամ աւելի բաց գոյնով կերպասէ համազգեստներ։ Բացառելով նոյն այդ 4-5 հոգին, մնացեալները բոլորն ալ հագած են ճերմակ, օսլայուած շապիկ եւ կապած փողկապ բացի երկու անձերէ որոնք կապած են թիթեռնիկ փողկապ։ Հագուած-շտկուած են այնպէս, ինչպէս բոլոր բժիշկները կը ներկայանան մեզի՝ միշտ պաշտօնական եւ լուրջ։ Անոնք՝ բժիշկները եկած են Փոքր Ասիոյ (Անատոլուի) կամ աւելի ճիշդ, Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն։ Երբ կը նկարուէին, իրենց հայրենականտուները հաւանաբար քանդուած էին եւ իրենց ծնողներն ու հարազատները տեղահանուած ու աքսորուած եւ աքսորի ճամբուն նահատակուած։ Տեղեակ էի՞ն այդ բոլորէն։ Թերեւս՝ հետեւցնելով բոլորին շատ լուրջ արտայայտութիւններէն, չկայ մէկ հատիկ անձ, որու դէմքը լուսաւորուած ըլլար պայծառ ժպիտով։ Ի՛նչ եղան այդ բոլորը։ Ի՞նչ էին իրենց անունները։ Հոն, Պոլիս մնացի՞ն։ Փորձեցի՞ն երթալ հայրենի տուն, իրենց ծնողները փնտռելու։ Անոնցմէ որեւէ մէկը զոհ գնա՞ց այդ փնտռտուքին ընթացքին։ Քաղաքէն հեռացողներ եղա՞ն, եւ եթէ հեռացան, դէպի ո՞ւր։
Այդ լուսանկարէն 94 տարի է անցած։ Եթէ միջին տարիքը անոնց 27-30 տարեկան էր, կը նշանակէ թէ անոնք բոլորն ալ մեկնած են այս աշխարհէն ու միացած իրենց հարազատներուն Էնդիի աշխարհին մէջ։ Այս սքանչելի բժիկշները՝ մարդոց հիւանդութենէ, փորձանքներէ, մահէն պիտի փրկէին, բայց անոնց համար՝ իրենց ծնողները, որոնց էն առաջ պիտի բժշկէին, օգնէին, չկային արդէն, զոհուեր էին սպանդին։ Իրենց հարազատներուն չկարենալ օգտակար ըլլալու կոտտացող ցաւը հաւանաբար մինչեւ վերջ, իրենց կազմած ընտանեկան բոյներուն մէջ իսկ եւ իրենց նորածին երախաներու լացի կարկաչին մէջ փորձեցին խեղդել՝ կորուսեալ հարազատներու, կորուսեալ երկրի բուրվառուող կրակով։ Երբեւիցէ ամբողջութեամբ յաջողեցա՞ն նման պակուցիչ անդորրութեան հասնիլ։
***

Երկրորդ խմբանկարը ճշգրիտ հակադրութիւնն է առաջինին։ Կրկին երբ «Ասպարէզ»ի այդ թիւը կը թղթատէի նշմարեցի «ԵՊՀ» տառերու ներկայութիւնը վերնագիրին մէջ։ Շարունակեցի թերթել եւ կարդալ լուրերը։ Կրկին, վերջաւորութեան վերադարձայ այդ լուսանկարին որովհետեւ «ԵՊՀ»ն կ՛ակնարկէ «Երեւանի Պետական Համալսարան»ին։ Հետեւաբար, հետաքրքրական էր գիտնալ, թէ այդ աշակերտները ի՛նչ կ՛ընէին։ Ուշադրութեամբ դիտեցի նկարը։ Միւս նկարին հետ հակադրութիւնը ատկէ աւելի ցնցող չէր կրնար ըլլալ։ Աշակերտներ են կրկին, այս անգամ՝ իրենց Փրոֆեսորին հետ։ Թիւով 100, այլ խօսքով առաջին նկարի բժիշկներու թիւին կրկինէն քիչ մը աւելի։ Բոլորն ալ հաւանաբար 22-24 տարեկան եւ նորաբողբոջ աւարտական համալսարանականներ։ Եթէ առաջինին մէջ միայն տղամարդիկ էին բժիշկները, այս նկարին մէջ աղջիկները գրեթէ կէսը կամ թերեւս կէսէն ալ քիչ մը աւելին կը կազմէին։ Պաշտօնական համազգեստի հետքն իսկ չկայ նկարին մէջ։ Ընդհանրապէս ամերիկեան «քապոյ»ի տափատներով են, երբեմն կարճ տափատով նաեւ անթեւ կամ կարճաթեւ շապիկներով։ Ուրիշ յատկանշական երեւոյթ մը այս նկարին մէջ՝ երեք կամ չորս աշակերտուհիներ, իրենց գլուխներուն վրայ ունին շրջանաւարատութեան տափակ գդակը։ Շատերուն դէմքին գոհունակութեան, բան մը իրագործած ըլլալու գիտակցութեան լուսացնցուղ ժպիտը կայ։ Ուրախ են եւ գոհ։ Բայց ի՞նչն է, որ այս լուսանկարը կը վերածէ յատկանշական երեւոյթի։
Ոչինչ կայ ծրագրուած բայց սքանչելի զուգադիպութեամբ մը, այդ նկարները լոյս տեսան միեւնոյն թերթին մէջ, միեւնոյն շաբթուան մէջ, իրարմէ երկու օր տարբերութեամբ։ Այս ԵՊՀի նկարը գրեթէ կ՛աղաղակէ բանաստեղծին
«Յարութեան շունչն է ահա» վստահութիւն ներշնչող պատգամ-կոչը։ Հարիւրն ալ մեկնած կորսուսեալ բայց միշտ ներկայ հայրենի հողը՝ սկսելով Անիէն Վան ու ապա Աղթամար կղզին, որպէսզի հոն Սուրբ Խաչ մայր տաճարի սրբալոյս ներկայութեան կատարուէր շրջանաւարտութեան արարողութիւնը եւ հոն ստանային իրենց վկայականները ԵՊՀի Պատմութեան բաժանմունքի վարիչ դասախօսէն։ Ուրեմն, սխալ չըլլար այս կրակի պէս երիտասարդներէն ակնկալել, որ գալիք տարիներուն իրենցմէ ոմանք պիտի փոխարինեն Մանանդեանն ու Աբեղեանը, Գարեգին Յովսէփեանցն ու Մալխասեանցն ու Լէօն եւ Աղբալեանը եւ միւս պատմաբան գիտնականները, որոնք օր մը ձգեցին ամէն ինչ ու մեկնեցան Երկիր՝ հասկալու զայն, իմանալու անոր պատմութիւնը իր կործանած տաճարներէն, անոր մոխրացող ճարտարապետութենէն։ Այս կեանքին ու գիտութեան բացուող երտասարդներուն ուշադրութենէն ոչինչ չէ վրիպած եւ ազգային գիտակցութեան հարազատութիւնը մնացած անաղարտ ու ոչ մէկուն զիջող։ Կ՛անդրադառնան իրենք՝ երեւոյթին անդրդուելիութեան «տիփլոմաների յանձնումը Սուրբ Խաչ եկեղեցու բակում իրօք պատմական էր, որ կ՛ուղեկցի մեր ամբողջ կեանքում» եւ հայրենական զգայնութիւններու ալեբախումը այս երիտասարտներուն մօտ կ՛ընթանայ կշռոյթովը իրենց սիրտերու տրոփին եւ հաստատ գիտակցութեամբ թէ «ուղեւորութիւնը թողեց աննկարագրելի տպաւորութիւն, վառ յիշողութիւններ, երբեւէ վերադառնալու վճռականութեամբ… եւ աւելի ամրապնդեց պահանջատիրութեան գաղափարը»։
Առաջին լուսանկարի մէջէն մեզ դիտող բժիշկներու հոգիները լոյսերու մէջ մնան եւ ըլլան հանգիստ ու վստահ թէ իրենց հարազատներու պատարագումը երկրին մէջ եւ կորուստը երկրին, եւ անոր վերատիրանալու անյողդողդ կամքը կը ջահավառէ հոգիներն ու մտքերը իրենց յաջորդած սերունդներուն։ Այդ տղոց ու աղջիկներուն վճիտ, խելառ ու ցօղաթուրմ, ոչ ոքի զիջող հայրենասիրութեամբ, իրենց հաստատակամ, անբռնաբարելի հաւատոյ հանգանակին են վերածած՝ վերջնականապէս սրբելու իրենց երկրի ճակտէն՝ Յակոբ Օշականի բառերով «անգթութեանց մրցարան» ջլատող խարանը։ Այլակերպուելով կրկին հայ ստեղծագործ վարար քրտինքով երկնող հայրենական հրաճակատ ու տաղանդաշատ, անպարտելիօրէն ինքնավստահ գիտնականներու յոյլին, որոնք պիտի վերակերտեն ու կոթողեն Նոր Հայաստանը՝ «լոյսի Հայրենիք»ը նոր։
[email protected]
18 Յուլիս, 2012
Լոս Անճելըս
«ԱՍՊԱՐԷԶ»








