100-ամեակ. Մեր Մասնակցութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով մեր թերթի նախաձեռնած աշխատանքները իրենց աւարտին չեն հասած. տարին ամբողջ յոբելենական է, եւ տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն առաջարկներ Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարուան իրագործումները նշելու, պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու այժմէականացման փորձեր կատարելով քննարկման եւ հրատարակչական նոր տարածքներ ձեւաւորելու:

Հիմա գանք մեր փոքր ածուին` նկատելու համար «Ազդակ»-ի կատարած մինչ այժմեան աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը:

Հիմնական երկու յայտարարուած առաջադրանքներ կատարուած են արդէն: Առաջինը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած բացառիկ թիւի հրատարակութիւնն էր: Թիւի բովանդակութիւնը ներառած է Ազգային ակադեմիայի գիտաշխատողներու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէ մամուլի աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններ, մտածումներ, հրապարակախօսական յօդուածներ: Բացառիկէն որոշ քանակութիւն ուղարկուած է Ազգային ակադեմիա, որ 100-ամեակի շրջագիծին մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւններու ներկայացման ծրագիրներուն մէջ ներառած է նաեւ «Ազդակ»-ի հրատարակութիւնը:

Ազգային գրադարանին հետ մեր համագործակցութիւնը յանգած էր Ա. Հանրապետութեան օրերուն լոյս տեսած մամուլի նկարահանուած օրինակներու մեր կեդրոնին մէջ թուայնացման: Այսօր արդէն կարելի է ըսել, որ Ա. Հանրապետութեան մամուլի օրինակներու այն հաւաքածոն, որ կը գտնուի Ազգային գրադարանին մէջ, թուայնացուած իր վերջնական տեսքով տրամադրելի վիճակին մէջ կը գտնուի:

Այս երկու առաջադրանքներուն առընթեր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերաբերող գրականութեան, ալպոմներու, լուսանկարներու թուայնացման եւ ելեկտրոնային արխիւացումի որոշ նախաձեռնութիւններ կայացած են իբրեւ աշխատանքի առաջին փուլ: Շնորհիւ ընտանեկան արխիւներէ խմբագրութեան տրամադրուած լուսանկարներու, այսօր մեր ելեկտրոնային արխիւին մէջ կը գտնուին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետէն, կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարարէն, յատուկ բանագնացէն, Շիրակի նահանգապետէն, զինուորական նախարարէն եւ հանրապետութեան այլ կերտիչներէն եւ անոնց անմիջական մտերմութեան մէջ եղած ազգային-կուսակցական գործիչներու անտիպ լուսանկարներ: Լուսանկարներու ելեկտրոնային արխիւը համալրուած է նաեւ Հայաստանէն երիտասարդ գիտաշխատողներու մեզի տրամադրած դարձեալ անտիպ լուսանկարներու նմուշներով: «Ազդակ» իր հերթին փոխադարձած է անոնց ուղարկելով իր մօտ գտնուած անտիպ լուսանկարներու ելեկտրոնային օրինակները:

«Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանը հարստացած է այս առիթով Սիմոն Վրացեանի հաստափոր հատորով` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը»: Ապա իբրեւ նորագոյն հրատարակութիւն, արդէն աւարտած է այս ուղղութեամբ աշխատանքը Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը գեղատիպ լուսանկարներ ամփոփող ալպոմին, ուր լոյս տեսած են ոչ միայն Ա. Հանրապետութեան առնչուող լուսանկարներ եւ համապատասխան բացատրութիւններ, այլ նաեւ բնագրային ձեռագիրներ, վաւերաթուղթեր:

«Ազդակ» նպատակ ունէր այս առիթով Արամ Մանուկեանի վերաբերող երեք հրատարակութիւնները թուայնացնելու: Կը սպասէինք, որ լոյս տեսնէր «Արամ Մանուկեանի նամականի»-ն, որ համալրեց «Արամը» հատորն ու Արամ Մանուկեան փաստաթղթերի եւ նիւթերի հաւաքածոյ»-ն:

Այսպիսով, Հրաչ Տասնապետեանի, Ամատունի Վիրապեանի եւ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած եւ Արամին նուիրուած հատորներու ելեկտրոնային տարբերակները յուլիսի աւարտին արդէն վերջնական պատրաստ վիճակի մէջ կ՛ըլլան:

Ինչպէս ըսուեցաւ, 100-ամեակը ո՛չ մայիս ամիսով, ո՛չ ալ յոբելենական տարիով կը սահմանափակուի: Իսկ ժամանակի այս յղացքը մեզ կը մղէ շարունակելու մեր ոլորտին հետ առնչուած նախաձեռնութիւններու իրականացման աշխատանքները:

Ազգային գրադարանին կողմէ նկարահանուած եւ Ա. Հանրապետութեան պետական գործիչներու յատկապէս յուշագրական գրականութեան թուայնացման հեռանկարը մեզ կը մղէ անդադար աշխատելու այս ուղղութեամբ: Մինչ, Ազգային արխիւի հրատարակած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պառլամենտի նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» արդէն ամբողջացուցած են թուայնացման աշխատանքի առաջին փուլը:

Բացառիկի հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք եւ նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում, նկարահանում, ելեկտրոնային գրադարանի համալրում, Ա. Հանրապետութեան մամուլի թուայնացում, ընդհանրապէս Ա. Հանրապետութեան հետ առնչուած հնատիպերու եւ յատկապէս Արամի նուիրուած հատորներու թուայնացում` գործակցութեամբ Ազգային ակադեմիայի, Ազգային գրադարանի, գիտահետազօտողներու եւ «Ազդակ»-ի բարեկամներու, մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել