25 Յունիս 1878. Բացում՝ Պերլինի Վեհաժողովին. Եւրոպական դիւանագիտութեան տխրահռչակ Դաշնագիրը եւ Հայկական Հարցի մի­ջազ­գայ­նաց­ման դա­սե­րը

140 տա­րի ա­ռաջ, 1878ի ­Յու­նիս 25ին (հին տո­մա­րով՝ 13 ­Յու­նի­սին), կայ­սե­րա­կան Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Պեր­լի­նի մէջ, վար­չա­պետ Օ­թօ ­Ֆոն ­Պիս­մարք պաշ­տօ­նա­պէս կա­տա­րեց բա­ցու­մը այս­պէս կո­չո­ւած «խա­ղա­ղու­թեան» եւ «հաշ­տու­թեան» եւ­րո­պա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին։

Հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ տխրահռչակ իր տե­ղը ու­նի 1878ի ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ա­միս մը տե­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին, 24 ­Յու­լի­սին, կնքո­ւե­ցաւ ­Պեր­լի­նի հան­րա­ծա­նօթ ­Դաշ­նա­գի­րը։ ­Դաշ­նա­գիր մը՝ որ գլխի­վայր շրջեց ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի մի­ջազ­գա­յին եւ ի­րա­ւա­կան նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը կա­տա­րող ­Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի ­Դաշ­նա­գի­րը, ա­նոր հա­յան­պաստ 16րդ ­յօ­դո­ւա­ծը փո­խա­րի­նե­լով քա­ղա­քա­կա­նա­պէս ա­մուլ եւ հա­յավ­նաս 61րդ ­յօ­դո­ւա­ծով։

Թէեւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը ա­ւե­լի ընդ­հան­րա­կան եւ մե­ծակ­շիռ՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «հի­ւանդ մարդ»ու ան­դա­մա­հատ­ման հե­տա­մուտ Ա­րե­ւե­լեան ­Հար­ցին մէջ մի­ջազ­գա­յին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նաց­նող հա­մեւ­րո­պա­կան ա­ռա­ջին քայ­լը հան­դի­սա­ցաւ ­Պեր­լի­նի ­Դաշ­նա­գի­րը, այ­դու­հան­դերձ՝ ա­նոր գոր­ծած ա­նար­դա­րու­թիւ­նը եւ հա­յավ­նաս ար­դիւն­քը նա­խա­դէպ դար­ձան մի­ջազ­գա­յին հե­տա­գայ նմա­նօ­րի­նակ սայ­թա­քում­նե­րու։ Ա­մէ­նէն դառն ու դա­ժան կրկնօ­րի­նա­կին հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­կա­նա­տես ե­ղաւ ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վէն 45 տա­րի ետք, դար­ձեալ 24 ­Յու­լի­սին, բայց ար­դէն 1923 թո­ւա­կա­նին ստո­րագ­րուած ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նագ­րով, երբ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը նոյն ո­գիով եւ ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ մեղ­սակ­ցու­թեամբ՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս թա­ղել փոր­ձեց Հայ­կա­կան ­Հար­ցը։

Կ’ար­ժէ նշել, որ ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն ան­տես­ման ա­ռու­մով տխրահռ­չակ ե­ղաւ ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վը, այ­լեւ՝ հա­մեւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով, իր գոր­ծած սխալ­նե­րով ու ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րով, ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վը պատ­մու­թեան ան­ցաւ, ըստ ա­մե­նայ­նի, իբ­րեւ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հա­մո­լու­թեան, գաղ­թա­տի­րու­թեան եւ մա­քիա­ւե­լեան կար­ճա­տե­սու­թեան տխրահռ­չակ բե­մագ­րու­թիւն մը։

Փաս­տօ­րէն ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վին գոր­ծած սխալ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ «­Հին Աշ­խարհ»ը թա­ւագ­լոր գա­հա­վի­ժե­ցաւ դէ­պի Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ան­դուն­դը, որ «յար­մար պա­հը» ըն­ձե­ռեց թրքա­կան պե­տու­թեան, որ­պէս­զի գոր­ծադ­րէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իր հրէ­շա­յին ծրա­գի­րը։

Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վի գու­մար­ման նա­խա­ձեռ­նեց գեր­ման վար­չա­պետ ­Պիս­մարք, որ իր վար­չա­պե­տա­կան նստա­վայ­րին՝ եր­բեմ­նի կայ­սե­րա­կան ­Րա­ցո­ւիլ ա­պա­րան­քին մէջ հիւ­րըն­կա­լեց հա­մա­գու­մա­րին լիի­րաւ մաս­նա­կից վեց մեծ տէ­րու­թեանց՝ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, Ի­տա­լիոյ, Աւստրօ-­Հուն­գա­րիոյ, ­Ռու­սաս­տա­նի եւ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ միայն ի­րենց ճա­կա­տագ­րին առն­չո­ւող օ­րա­կար­գով գու­մա­րո­ւած նիս­տե­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­լու ի­րա­ւունք ստա­ցած ­Յու­նաս­տա­նի, Ռու­մա­նիոյ, ­Սեր­պիոյ եւ ­Մոն­թե­նեկ­րո­յի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը։

Վե­հա­ժո­ղո­վին գլխա­ւոր օ­րա­կար­գը ­Պալ­քա­նեան ­Թե­րակղ­զիի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր սահ­մա­նագ­ծումն ու ի­րա­ւա­կար­գումն էր։ ­Բայց շար­ժա­ռի­թը նոյ­նինքն Պալ­քան­նե­րու խռո­վա­յոյզ վի­ճա­կը չէր այն­քան, որ­քան Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րա­գըն­թաց տկա­րա­ցու­մին եւ փլու­զու­մին նոյն­քան եւ ա­ւե­լի ա­րա­գու­թեամբ հե­տե­ւող ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի ու­ժե­ղա­ցումն ու վե­րել­քը՝ ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րու ընդ­լայ­նու­մով՝ ա­րեւ­մուտ­քէն դէ­պի ­Պալ­քան­ներ ու ­Սեւ ­Ծով, իսկ հա­րաւ-ա­րե­ւել­քէն դէ­պի հայ­կա­կան նա­հանգ­ներ ու ­Պարս­կաս­տան։
Ան­շուշտ ­Պալ­քան­նե­րը, ազ­գայ­նա­կան զար­թօն­քի եւ սլա­ւո­նա­կան-ուղ­ղա­դա­ւան ինք­նա­հաս­տատ­ման շար­ժում­նե­րու բուռն մթնո­լոր­տին մէջ, ինք­նին ստեղ­ծած էին մի­ջազ­գա­յին ա­ռու­մով պայ­թու­ցիկ ի­րա­վի­ճակ մը, որ ե­թէ մէկ կող­մէ ան­խու­սա­փե­լի դար­ձու­ցած էր թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան թօ­թա­փու­մը, միւս կող­մէ ալ, սա­կայն, վտան­գի են­թար­կած էր Աւստ­րօ-­Հուն­գար ­Կայս­րու­թեան եւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ «շա­հե­րը» Պալ­քան­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս ամ­բողջ Ա­րե­ւել­քի մէջ։

Տա­կա­ւին նոր ա­ւար­տած էր 1877-1878ի ­Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մը՝ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նե­լով Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը թէ՛ կով­կա­սեան եւ թէ պալ­քա­նեան ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ։

Մարտ 1878ին կնքո­ւած էր ­Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի ­Դաշ­նա­գի­րը, որ ի նպաստ ­Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի՝ լուրջ զի­ջում­ներ պար­տադ­րած էր ­Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան։

— ­Պալ­քան­նե­րու մէջ, ­Բարձ­րա­գոյն ­Դու­ռը հա­մա­կեր­պած էր ­Պուլ­կա­րա­կան ինք­նա­վար եւ ընդ­լայ­նո­ւած սահ­ման­նե­րով Իշ­խա­նա­պե­տու­թեան մը ա­ռա­ջա­ցու­մին, սուլ­թա­նի ա­նո­ւա­նա­կան տի­րա­պե­տու­թեան ներ­քեւ։

— Իսկ Ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տի վրայ, օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ոչ միայն ամ­բողջ նա­հանգ­ներ զի­ջած էր յաղ­թա­կան ­Ռու­սաս­տա­նին, այ­լեւ՝ դրո­ւած էր հայ­կա­կան բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ի­րա­գործ­ման քա­ղա­քա­կա՛ն ճնշու­մին տակ։

Այս­պէ՛ս, մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը լրջօ­րէն խախ­տած էր, բայց ոչ միայն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ան­կու­մին եւ ­Ցա­րա­կան ռու­սաս­տա­նի հզօ­րաց­ման ա­ռու­մով։

Ա­րեւմ­տեան կողմն Եւ­րո­պա­յի եւս տե­ղի ու­նե­ցած էին նոյն­քան եւ ա­ւե­լի մե­ծակ­շիռ փո­փո­խու­թիւն­ներ։

Պիս­մար­քի ­Գեր­մա­նիան կրցած էր պար­տու­թեան եւ նա­հան­ջի մատ­նել Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիան եւ Ֆ­րան­սան։ Այս վեր­ջին­նե­րուն ծանր հա­րո­ւած հաս­ցու­ցած էր նաեւ Ի­տա­լիոյ միա­ւոր­ման ազ­գայ­նա­կան շար­ժու­մը, որ յաղ­թա­կան վե­րել­քի իր տա­րեր­քին մէջ էր եւ եւ­րո­պա­կան գաղ­թա­տի­րու­թե­նէն ա­ւա­րի իր բա­ժի­նը կը պա­հան­ջէր։

Ֆ­րան­սա­յի հա­մե­մա­տա­կան տկա­րա­ցու­մով եւ ­Գեր­մա­նիոյ հզօ­րա­ցու­մով, փաս­տօ­րէն, Եւ­րո­պա կորսն­ցու­ցած էր իր ֆրան­սա­ցի «հո­մա­նու­հին» եւ գտած էր իր նոր՝ գեր­մա­նա­ցի «տի­րա­կալ»ը, ինչ­պէս որ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին եւ­րո­պա­ցի պատ­մա­բան մը պատ­կե­րա­ւոր ձե­ւով բնու­թագ­րած է։

Իսկ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիան, եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սէն հե­ռու՝ ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քի եւ հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի իր գա­ղութ­նե­րուն հո­գե­րով տա­րո­ւած, Կ­լատս­թո­նի կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով ան­տե­սու­մի մատ­նած էր նոյ­նինքն Եւ­րո­պան եւ յան­կարծ կ’անդ­րա­դառ­նար, որ ­Պալ­քան­նե­րու մէջ վե­րա­նա­յու­մի կ­՛են­թար­կո­ւէր մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ընդ­հա­նուր քար­տէ­սը՝ ­Գեր­մա­նիոյ եւ ­Ռու­սաս­տա­նի հա­մա­խո­հու­թեամբ ու դաշ­նադ­րու­թեամբ եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ բա­ցա­կա­յու­թեամբ ու ան­տե­սու­մով։

Այդ պատ­ճա­ռով ալ յատ­կա­պէս ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի ­Դաշ­նագ­րին դէմ։ Ան­մի­ջա­պէս օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րեց Եւ­րո­պա­յի «­Հի­ւանդ ­Մարդ»ուն։ ­Գաղտ­նի գոր­ծար­քի մէջ մտաւ ­Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ եւ, կան­խի՛կ, ­Կիպ­րո­սը նո­ւէր ստա­նա­լով՝ ի նպաստ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­հա­զանգ հնչե­ցուց ­Պալ­քան­նե­րուն սպառ­նա­ցող սլա­ւո­նա­կան վտան­գին դէմ։ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի ան­հա­կակշ­ռե­լի հզօ­րա­ցու­մով ան­հանգս­տա­նա­լու պատ­ճառ­ներ ու­նէր նաեւ ­Գեր­մա­նիան. ­Պիս­մարք լուրջ մտա­վա­խու­թեամբ կը հե­տե­ւէր ոչ միայն ­Պալ­քան­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ­Ռու­սաս­տա­նի յաղ­թա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին, այ­լեւ Եւ­րո­պա­յի մե­ծա­պե­տա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան խախ­տու­մին եւ ­Գեր­մա­նիոյ նկատ­մամբ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ թշնա­մա­կան տրա­մադ­րու­թեանց սրու­մին։
Պիս­մարք անհ­րա­ժեշտ հո­տա­ռու­թիւ­նը ու­նէր, որ­պէս­զի ա­րագ շար­ժէր եւ պահ­պա­նէր կա­ցու­թեան տէ­րը ըլ­լա­լու իր ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը։

Այդ­պէ՛ս ալ ե­ղաւ։
Պիս­մարք նա­խա­ձեռ­նեց ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վին գու­մա­րու­մին եւ ան­ձամբ ղե­կա­վա­րեց ա­նոր աշ­խա­տանք­նե­րը՝ աշ­խար­հի ճա­կա­տա­գի­րը միաս­նա­բար ղե­կա­վա­րե­լու ընդ­հա­նուր հա­մա­խո­հու­թիւն մը ա­ռա­ջաց­նե­լով եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց մի­ջեւ։

Բայց ի՞նչ գնով։
Պեր­լի­նի ­Դաշ­նա­գի­րը դժգոհ ձգեց ա­ռա­ջին հեր­թին ­Պալ­քա­նեան թե­րակղ­զիի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ուղ­ղա­դա­ւան ըլ­լան ա­նոնք թէ կա­թո­լիկ, ո­րոնք Օս­մա­նեան Կայս­րու­թե­նէն ա­զա­տու­թիւն ու ան­կա­խու­թիւն կը պա­հան­ջէին։

Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի մէջ կեան­քի կո­չո­ւած կի­սան­կախ եւ միա­ցեալ մեծ ­Պուլ­կա­րիան, որ Պալ­քան­նե­րու քրիս­տո­նեայ ազ­գու­թեանց հա­մա­կե­ցու­թեան եւ հե­տա­գայ ան­կա­խաց­ման ե­րաշ­խի­քը պի­տի ըլ­լար, վերս­տին մաս­նա­տո­ւե­ցաւ եւ ամ­բող­ջա­պէս դրո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ։ Պիս­մարք շատ լաւ կ­’անդ­րա­դառ­նար, որ պար­զա­պէս ա­ւա­րի բա­ժան­ման շուրջ գո­յա­ցած հա­մա­խո­հու­թիւն էր իր ձեռք բե­րած… յա­ջո­ղու­թիւ­նը ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին։

Ա­զա­տու­թիւն եւ ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ձայ­նը պար­զա­պէս խեղ­դո­ւե­ցաւ ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վին՝ մեծ տէ­րու­թեանց նեղ-շա­հա­մո­լո­լա­կան յաղ­թա­գոռ ե­լոյթ­նե­րու ճնշու­մին տակ։Ա­ւե­լի՛ն. պատ­մա­բան­նե­րու ընդ­հա­նուր եզ­րա­կա­ցու­թեամբ, ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վը պար­զա­պէս ծա­ռա­յեց ­Պալ­քա­նեան վա­ռօ­դի տա­կա­ռը սոսկ ծած­կե­լու նպա­տա­կին…

Եւ այ­սօր, ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վի բա­ցու­մէն 140 տա­րի ետք, որ­քան դի­պուկ իր ախ­տա­ճա­նա­չու­մը կը պահ­պա­նէ նոյ­նինքն ­Պիս­մար­քի մար­գա­րէա­կան նա­խա­տե­սու­թիւ­նը՝ ­Պալ­քան­նե­րու մէջ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց դրսե­ւո­րած ըն­չա­քաղ­ցու­թեան եւ կար­ճա­տե­սու­թեան հե­տե­ւան­քին վե­րա­բե­րեալ.-«Եւ­րո­պան այ­սօր վա­ռօ­դի տա­կառ մըն է, իսկ ա­նոր ղե­կա­վար­նե­րը նման են զի­նա­րա­նի մը մէջ ծխող մար­դոց…մէկ հա­տիկ փոքր կայծ մը կրնայ ա­ռա­ջաց­նել այն­պի­սի պայ­թիւն մը, որ պի­տի սպա­ռէ բո­լորս… ­Չեմ կրնար ը­սել ձե­զի, թէ այդ պայ­թիւ­նը ե՞րբ պի­տի պա­տա­հի, բայց կրնամ ը­սել, թէ ո՞ւր…

«­Պալ­քան­նե­րու մէջ ա­նի­ծեալ ա­պուշ բան մը պի­տի ա­ռա­ջաց­նէ այդ պայ­թիւ­նը…»Դժ­բախ­տա­բար ի­րա­կա­նա­ցաւ ­Պիս­մար­քի նա­խա­տե­սու­թիւ­նը։ Ամ­բողջ մարդ­կու­թեան գլխուն պայ­թե­ցաւ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մը՝ աշ­խար­հա­կոր­ծան իր հե­տե­ւանք­նե­րով։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը ծան­րա­գոյն գի­նը վճա­րեց ­Մե­ծա­պե­տա­կան ­Խա­ղին՝ զոհ եր­թա­լով թրքա­կան պե­տու­թեան ծրագ­րած ու գոր­ծադ­րած 20րդ ­դա­րու Ա­ռա­ջին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վին ծան­րակ­շիռ դա­սե­րը այ­սօր եւս կը պա­հեն ի­րենց այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը եւ պար­բե­րա­բար պէտք է բա­նալ ա­նոր ծալ­քե­րը, որ­պէս­զի վա­ղը դար­ձեալ չիյ­նանք մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծի տակ։

Այ­սօ­րո­ւան պայ­ման­նե­րը հիմ­նո­վին բա­րե­փո­խո­ւած են ան­շուշտ։

Ն.

Տպել Տպել