Ակնարկ. Երկու Հիմնովին Տարբեր Բանաձեւեր Եւ Համատեղուող Մօտեցումներ

Եւրոպական խորհրդարանը կողմ քուէարկած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին եւ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, վերջին զարգացումներուն, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իշխանափոխութեան խաղաղ եւ սահմանադրական բնոյթը, կարեւոր նկատուած է Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ներառական ընթացակարգի ապահովումը, ընդդիմութեան ներգրաւուածութիւնը բարեփոխումներու հոլովոյթին եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի յանձնարարականներու կատարումը: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հաւանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու:

Բարձրացուած է նաեւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հարցը:

Կարեւոր նկատուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ արագ լուծումը:

Ասոր զուգահեռ, Եւրոպական խորհրդարանը շարք մը պայմաններ ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի կնքումին համար:

Եւրոպական խորհրդարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ապագայ համաձայնագիրը պէտք է ապահովէ հիմնական ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ ենթադրէ պայքար փտածութեան, դրամներու լուացման եւ հարկերէն խուսափելու դէմ: Առանցքային պայմաններէն մէկն է քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը:

Պարզ է քաղաքական ընթերցումը այս երկու լուրերուն: Նախ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ միաժամանակեայ ըլլալը անկախ օրակարգային ընթացակարգի տրամաբանութենէն յստակ ուղերձ կը փոխանցէ: Բացի այս տարբերութենէն, ուղերձը Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղութեամբ դրական է ու քաջալերական, մինչ Պաքուի ուղղութեամբ` պայմանադրական, չըսելու համար բացասական: Յստակացնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան համապարփակ եւ ընդլայնուած փաստաթուղթը քաղաքական արժեհամակարգային եւ որոշ առումով տնտեսական բաղադրիչներ ունի, մինչ Ազրպէյճանի հետ կնքուելիք համաձայնագիրը հիմնականին մէջ տնտեսական բաժին ունի եւ յատկապէս ուժանիւթի խնդիրներու կը վերաբերի:

Այստեղ անշուշտ հիմնական դեր ունեցած են ազրպէյճանական լուացքատան կամ խաւիարային դիւանագիտութեան երեւոյթները, որոնք եւրոպական առումով նման իրաւաքաղաքական գնահատականին արժանացած են:

Ազրպէյճանին վերաբերող բանաձեւը այնքան պայմանադրական է, որ յստակօրէն ու բառացի կ՛ընդգծէ, որ ըմբռնողութեան համաձայնագիրը չի կրնար ստորագրուիլ երկրի մը հետ, որ չի յարգեր եւ չի ճանչնար Եւրոպական Միութեան դաւանած հիմնական արժէքներն ու իրաւունքները:

Բայց հիմա կեդրոնանանք նաեւ արցախեան հակամարտութեան վերաբերող բանաձեւի հատուածին վրայ, այնտեղ յատկապէս լուսարձակի տակ առնելու այն հատուածը, ուր կը խօսուի պայմանական եւ ողջմիտ յանձնառութիւններու մասին` հակամարտութեան խաղաղ լուծում ապահովելու առաջադրանքով. մասնաւորաբար հրադադարի յարգումի, ԵԱՀԿ-ի 2009-ի հիմնական սկզբունքներու իրականացման եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ճիգերուն սատարելու առումներով: Բանաձեւը քննադատական տող վերապահած է նաեւ ռազմականացման համար անհամեմատ ուռճացող պիւտճէի երեւոյթին:

Երբ համաձայնագիրի վաւերացման գործընթացը պայմանադրական շեշտադրումներով կը բանաձեւուի, նախապայմանային սկզբունքները այս պարագային քաղաքական ընթերցումով կ՛ընդհանրացուին եւ չեն սահմանափակուիր միայն Եւրոպական Միութեան դաւանած ընդհանուր արժէքներով եւ իրաւունքներով: Այստեղ արդէն ակնկալութիւնը հրադադարի յարգումն է եւ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափով ձեռնարկուած բանակցային, մշտադիտարկային թէ հետաքննական գործողութիւններու ամբողջական աջակցութիւնը:

Անկախ դէպի հայկական կողմը դրական-քաջալերական եւ դէպի ազրպէյճանական կողմը բացասական-պայմանադրական բանաձեւային ուղերձներ յղելէ, կայ դիտարկելի կարեւոր երեւոյթ:

Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման համար կիրարկուող եղանակներուն, հրադադարի յարգումին, բացառապէս խաղաղ լուծման եւ ԵԱՀԿ-ի գործողութիւններուն սատար կանգնելու մօտեցումներուն միջեւ յստակօրէն կ՛ընդգծուի Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական խորհրդարան մօտեցումներու համատեղելիութիւնը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել