Ակնարկ. Քաղաքական Ֆութպոլ

Ամէն ինչ քաղաքական պրիսմակէ դիտելու կամ տարբեր ոլորտներու իւրաքանչիւր գործընթաց քաղաքականօրէն մեկնաբանելու համատարած երեւոյթը ֆութպոլի համաշխարհային մրցաշարքի առիթով ինքզինք աւելի տիրական դարձուց։ Զանգուածային լրատուամիջոցներուն առընթեր ընկերային ցանցերը եւս գերյագեցուած էին մեկնաբանութիւններով, ծաղրանկարներով, իւրաքանչիւր խաղի արդիւնքին հետեւող քաղաքական վերլուծումներով։

Այս բոլորը առատ էին եւ օրինաչափ այսօրուան համակարգի տրամաբանութիւններն ու զարգացման միտումները նկատի ունենալով։ Առընթեր՝ միջազգային ամենալուրջ ու հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ոչ միայն մարզական, այլ նաեւ քաղաքական խմբագիրները հետեւութիւններ կը կատարէին այս բոլորի մասին։

Կային եւ դեռ կան անշուշտ քաղաքականօրէն մեկնաբանելու իրադրութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը պէտք է լոյսին բերել, նկատի ունենալով որ վարագոյրը իջած է արդէն խաղադաշտերուն վրայ, այսուհանդերձ կը թուի, որ քաղաքական վերլուծումները պիտի շարունակեն պահել իրենց հնչեղութիւնը։

Նախ անշուշտ կազմակերպիչ երկրի խնդրայարոյց կարգավիճակը։ Տնտեսաքաղաքական մեկուսացման ենթարկուած Ռուսիան նախագահական բարձրագոյն մակարդակի վրայ յատուկ քաղաքականութիւն մշակած էր եւ կիրարկած իր երկրի դիմագիծը ամենափայլուն տեսքով ցոյց տալու աշխարհին։ Ռուսիոյ ազգային խումբի յաջողութեան առաջադրանքէն աւելի Ռուսիոյ կարեւորագոյն փորձաքարն էր ներկայ ժամանակներուն մէջ ամենակազմակերպ կատարողականութեամբ հանդէս գալը։

Եւ պէտք է պատկերացնել թէ ինչ պիւտճէներու մասին է խօսքը՝ խաղադաշտերու, կեցութեան, փոխադրութեան պայմաններու, տարբեր ազգերէ համակիր զանգուածներ ընդունելու, մարզական միջազգային ֆետերասիոններու ներկայացուցչութիւններէ մինչեւ պետական բարձրագոյն պաշտօններ զբաղեցնող անձնաւորութիւններ հիւրընկալելու եւ ամիս մը ամբողջ այս բոլորի ապահովութիւնը ստանձնելու։

Միայն այն փաստը, որ արտառոց որեւէ միջադէպ չարձանագրուեցաւ կամ ապահովական որեւէ ցնցում տեղի չունեցաւ այս բոլորի ընթացքին Մոսկուային կու տայ կարեւոր առաւել մը։

Յայտնաբար մեկուսացման միջազգային քաղաքականութիւնը ամբողջական չէր, որովհետեւ տնտեսական պատժամիջոցներուն կրնային ընկերակցիլ նաեւ մարզական մրցաշարքը խափանելու միջազգային այլ որոշումներ, եթէ կիրարկուէր ամբողջական մեկուսացումի մօտեցումը։

Պատահեցաւ նաեւ այնպէս, որ յատկապէս այս վերջին շրջանին որոշակիօրէն փոփոխութեան ենթարկուեցան Ուաշինկթըն_Մոսկուա յարաբերութիւնները եւ փաստօրէն ֆութպոլի աւարտականի յաջորդ օրն իսկ կը կայանար Հէլսինքեան այնքան սպասուած միջնախագահական հանդիպումը։ Ռուսական եւ ամերիկեան ջութակներու լարերը ներդաշնակելու նախադրեալներ կը պարզուին։ Ֆութպոլի համաշխարհային մրցումի աւարտին եւ Հէլսինքեան հանդիպումի նախօրեակին նախագահ Թրամփ թուիթըրեան իր էջով կը շնորհաւորէ Մոսկուան, այս բոլորի բարձր կազմակերպութեան առիթով։

Միջազգային քաղաքականութեան կեդրոնացում խլած այլ ուղղութիւն մը այս առիթով բաւական մելան հոսեցուց եւ ելեկտրոնային տարածքներ նուաճեց։

Խնդիրը կը վերաբերէր գաղթականական միջազգային ալիքին։ Արդէն ախոյեան խումբի բաղադրիչ տարրերու ծագումները նկատի ունենալով դիտարկումները անմիջապէս կը կեդրոնանային Ֆրանսայի ազգային խումբի կարեւոր հատուածի ծագումնաբանութեան վրայ, ընդգծելու համար ,որ գաղթականական ալիքը խումբին շնորհեց աշխարհի ախոյեան ըլլալու հանգամանքը։

Հիմա բնականաբար նժարի վրայ կը դրուին բոլոր այն ոլորտները, ուր հասարակութեան գաղթական խաւը բերած է կարեւոր նպաստ եւ պատճառ հանդիսացած նոր նշաձողերու ապահովման, մինչ բանավէճերը կը թէժանան նժարին միւս կողմերու ներկայացումով։ Հիմնականին մէջ այստեղ եւս քաղաքական մօտեցումները կը գերիշխեն եւ յաջողութիւններ կը վերագրուին գաղթականները ընդունած իրերայաջորդ իշխանութիւններուն, կամ՝ տնտեսական տագնապները կը վերագրուին գաղթականներու ներհոսքը արգելակած իրերայաջորդ այլ տեսակի իշխանութիւններուն։

Ամփոփիչ պատկերը ֆութպոլի համաշխարհային մրցոյթին այն է, որ լատին ամերիկեան բեւեռը 2018-ին զիջեցաւ եւրոպական ցամաքամասին եւ որոշ հանգրուանէ ետք մոնտիալը վերածուեցաւ ըստ էութեան եուրոյի։ Աւելի ճիշդը, ափրիկեան գոյներով բնութագրուող եուրոյի։ Զուգահեռ՝ երեւցաւ նաեւ ապամեկուսացման փորձ կատարելու մէջ կազմակերպական փայլուն կատարողականութեամբ հանդէս եկած Մոսկուան։

Հերթը Քաթարին է։ Այն Տոհային է, որ ենթարկուած էր Րիատի մեկուսացման քաղաքականութեան, դիւանագիտական սուր տագնապներէ ետք տակաւ վերագտած իր տնտեսական դերակատարութիւնը։ Տոհան, որ այս անգամ մեկուսացման ենթարկուող այլ երկրի`Իրանի հետ կը կիրարկէ բնականոն յարաբերութիւններ եւ որ անպայման իր նախորդին նման պիտի աշխատի ֆութպոլը օգտագործել լիարժէք՝ քաղաքական հարցեր լուծելու ճանապարհին։

aztagdaily.com

Տպել Տպել