Ակնարկ. Արժանի Ըլլալու Համար` Պէտք Է Լիարժէք Ճանչնալ Արամն Ու Բոլոր Պետականակերտ Դէմքերը

Արամ Մանուկեանի արձանի ոդիսականը կը թուի, որ աւարտած է: Կը թուի, որովհետեւ կայքերու թէ ընկերային ցանցերու ճամբով տակաւին կը շարունակուի արծարծուիլ արձանի գեղագիտական բաժինը, տեղադրումի իրաւական ընթացակարգը, տեղադրումի վայրին նպատակայարմարութիւնը, անձին դերակատարութիւնը, կուսակցական պատկանելիութիւնը եւ ընդհանրապէս նման արձան կանգնեցնելու արարքին իմաստը:

Կարելի է ըսել, որ ընդհանրապէս, շատ քիչ բացառութիւններ զանց առնելով, միանշանակ չեն ընկալուած որեւէ արձանի տեղադրումի որոշումը, քանդակագործի գեղագիտական ճաշակը, ճարտարապետին ընտրած վայրը եւ անշուշտ անձնաւորութեան հեղինակութիւնը:

Այս պարագային այդ բոլոր մօտեցումներէն զատ հարցը կարելի է դիտարկել քաղաքական երկարատեւ գործընթացներու հետեւանքային իրավիճակի սահմաններուն մէջ: Եթէ խորհրդահայ պատմագրութիւնը մէկ կողմէ սեւացրէքեան քաղաքականութեամբ որոշ հատուածի մօտ ժխտական կերպար ներկայացուցած էր Արամ Մանուկեանը, միւս կողմէ ժխտողական քաղաքականութեամբ դէպքերու ընթացքը ներկայացուցած էր Արամի բացակայութեամբ: Միեւնոյն ժամանակահատուածին եւ յատկապէս մինչեւ Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացում` սփիւռքեան մէկ հատուածը եւս ենթակայ էր ժխտողական պատմագրութեան ազդեցութիւններուն: Արամի կերպարը, ցաւօք, անծանօթ էր եւ կը շարունակէ մնալ հսկայական զանգուածներուն:

Յայտնաբար վերանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան քսանհինգ տարիները բաւարար չեն եղած այս հիմնական բացը լրացնելու: Արամի կատարած պատմակերտ դերակատարութեան առարկայօրէն ծանօթ ոեւէ անձ չէր վիճարկեր անոր դերակատարութիւնը, հեղինակութիւնը, ազգ-հայրենիք փրկած ըլլալը, մեր շարունակականութեան ապահովման մէջ հիմնական ղեկավարութիւն ստանձնած ըլլալը, օրհասական պայմաններէն դէպի պետականութիւն անցումի կազմակերպումին մէջ անփոխարինելի դէմք հանդիսացած ըլլալու փաստը: Հետեւաբար չէր վիճարկեր նաեւ անոր արձանի ամենակեդրոնական հրապարակի ամենակեդրոնական վայրը տեղադրելու պահանջը:

Պահանջ, որ նշուած պատճառներով չժողովրդայնացաւ: Արամի ճամբով սակայն ճանաչողականութիւն ապահովելու առաջադրանքը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտած ամբողջ սերունդին: Այն ինչ որ կիրարկուեցաւ Արամի նկատմամբ իբրեւ քաղաքականութիւն, կը վերաբերի նաեւ պետականակերտ սերունդին, որ հայրենիք յղացքը առարկայացուց եւ մեզ փրկեց իբրեւ ազգ` մեր շարունակականութիւնը ապահովելու հայրենիքին մէջ:

Ճանաչողական աշխատանքի ոչ լիարժէք տարածուելու երեւոյթին մէջ պէտք է փնտռել ուրեմն Արամին եւ բոլոր Արամներուն յիշատակը յաւերժացնելու կոչուած որեւէ նախաձեռնութեան դիմաց բանավէճերու ծագման պատճառները:

Քաղաքական գնահատականները կրնան փոխուիլ իրերայաջորդ վարչակարգերով: Սակայն, եթէ համաժողովրդայնացած է կերպարը, որեւէ ստուեր ձգելու փորձ, որեւէ արուեստական բանավէճ ստեղծելու սադրանք կը մնայ տեղապտոյտի մէջ:

Հրամայական կայ ուրեմն այս ուղղութեամբ: Ծանօթացնել, զանգուածայնացնել, համաժողովրդայնացնել Արամն ու իր սերնդակից պետականակերտիչները, մեր համազգային կերպարները:

Յայտարարուած են արդէն Արամ Մանուկեանի բնակարանը վերակառուցելու եւ զայն տուն-թանգարանի վերածելու ծրագիրը, Արամի փողոցին վերանուանումի եւ այդ փողոցին վրայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած այգիի կառուցման եւ այնտեղ խորհրդարանի նախագահներուն եւ վարչապետներուն կիսանդրիներու զետեղման առաջադրանքները: Զուգահեռ, ակնկալելի է, որ թափ հաւաքէ Արամի եւ իր ընկերներուն համաժողովրդային ծանօթացման արշաւը:

Վարչապետ Փաշինեան, արձանի բացման արարողութեան ընթացքին կը յայտարարէր, որ պետական, հանրային այրերու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու առաքելութիւնն է ըլլալ արժանի Արամ Մանուկեանի առաքելութեան:

Արժանի ըլլալու համար Արամ Մանուկեանի առաքելութեան, պետական, հանրային այրերը, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները եւ համայն հայութիւնը նախ պէտք է լիարժէք ճանչնան մեր պետութիւնը հիմնադրող, հայրենիք կերտած եւ մեզ իբրեւ ազգ փրկած Արամն ու բոլոր պետականակերտ դէմքերը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել