25 Յուլիս 1897. Խանասորի Արշաւանքին 121ամեակը. Հայրենատէր Հայուն ազգային ինքնավստահութեան վերականգնումը

Խանասորի արշաւանքին մասնակցած հայ ֆետայիներէն խմբանկար մը։ Դրօշակին առջեւ ոտքի կանգնած, ձախէն աջ՝ Իշխան Յովսէփ Արղութեան (արշաւանքի փոխ-հրամանատար), Վարդան (արշաւանքի հրամանատար) (Աղբիւր՝ Յակոբ Մանճիկեան, Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ալպոմ-ատլաս, Ա. հտր., Լոս Անճելըս, 1992)

Յու­լիս 25ի այս օ­րը, 121 տա­րի ա­ռաջ, թրքա­կան եւ ռու­սա­կան կայս­րու­թեանց տի­րա­պե­տու­թեան տակ երկ­փեղ­կո­ւած, այ­լեւ ա­նոնց մի­ջեւ կռո­ւախն­ձոր դար­ձած Հա­յաս­տան Աշ­խար­հը ապ­րե­ցաւ ազ­գա­յին ու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան իր ինք­նավս­տա­հու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի հպար­տա­ռիթ պա­հը։

Ինչ­պէս որ ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին մաս­նա­կից­նե­րէն եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման լու­սա­ւոր ռահ­վի­րա­նե­րէն ­Գա­լուստ Ա­լո­յեան հե­տա­գա­յին պի­տի գրէր իր սրտա­բուխ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան՝ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու կող­մէ պահ­պա­նո­ւած ու պան­ծա­ցո­ւած յե­ղա­փո­խա­կան եր­գին մէջ.

Կար­կուտ տե­ղաց ­Խա­նա­սո­րայ դաշ­տու­մը,
Ֆե­տա­յի­ներ դաշ­նակ­ցա­կան, վրէժ ա­ռան հով­տու­մը

Մի ժա­մո­ւայ մէջ ­Մազ­րիկ ցե­ղը ջնջո­ւե­ցաւ,
Խա­նա­սո­րայ ­Կա­նաչ դաշ­տը կար­միր ա­րեամբ ներ­կո­ւե­ցաւ:

Հա­յեր յի­շէք նո­ւի­րա­կան այս օ­րը,
Յու­լիս ամ­սու քսան­հին­գին կա­տա­րե­ցէք մեր տօ­նը:

25 ­Յու­լիս 1897ի ան­մո­ռա­նա­լի այդ օ­րը, պատ­մու­թեան դա­ժան դա­սա­ւո­րու­մով եր­կա­տո­ւած ու գե­րե­վա­րո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը, իր դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րուն յայտ­նա­բե­րած ու­ժե­րու գե­րա­գոյն լա­րու­մով, պատ­մու­թեան թա­տե­րա­բե­մին վրայ իր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նե­նա­լու ի­րա­ւուն­քը նո­ւա­ճեց։

Ինչ­պէս որ ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցած սի­րո­ւած եր­գը կը յու­շէ, մէ՛կ օ­րո­ւան մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը։ ­Քա­նի մը ժա­մէն քիւրտ յան­ցա­գործ­նե­րու կար­միր ա­րեամբ ներ­կո­ւե­ցաւ ­Խա­նա­սո­րայ կա­նաչ դաշ­տը։

Հա­րիւ­րա­ւոր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ա­րեան հե­ղու­մին պա­տաս­խա­նա­տուն էր թրքա­կան պե­տու­թեան ա­րիւ­նար­բու կա­մա­կա­տա­րը դար­ձած քրտա­կան ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բը, որ ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քով ա­րեա՛մբ պատ­ժո­ւե­ցաւ՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեա՛ն ո­րո­շու­մով։

24էն 25 ­Յու­լիս 1897ի լուս­ցող գի­շե­րո­ւան կա­նուխ ժա­մե­րուն, թուրք–­պարս­կա­կան սահ­մա­նը յանդգնօ­րէն հա­տե­ցին 253 դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­ներ, ո­րոնց 40ը՝ ձիա­ւոր։ Ար­շա­ւա­խում­բը ճամ­բայ ե­լաւ ­Սալ­մաս­տէն, ա­րա­գօ­րէն կտրեց Ա­րաուլ լե­րան լան­ջը եւ, լեռ­նա­յին ճա­նա­պար­հով, ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի ­Վա­նայ ­Լի­ճին հա­րաւ-ա­րե­ւել­քը գտնո­ւող Խա­նա­սո­րի դաշ­տը։

Խա­նա­սո­րայ դաշ­տը ա­մառ­նա­յին բա­նա­կա­վայրն էր ա­նարգ ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բին, որ իր ա­րիւ­նար­բու ա­շի­րա­թա­պետ ­Շա­րաֆ պէ­յի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, տա­րի մը ա­ռաջ, 1896ի Յու­նի­սին, ուղ­ղա­կիօ­րէն թի­կուն­քէն հա­րո­ւա­ծած ու կո­տո­րա­ծի են­թար­կած էր ­Վա­նէն Պարս­կաս­տան անց­նող ա­ւե­լի քան ե­րեք հա­րիւր հայ մար­տիկ­ներ։ Թր­քա­կան բռնա­կա­լու­թեան դէմ ըմ­բոս­տա­ցած յե­ղա­փո­խա­կան հա­յոր­դի­ներ էին ա­նոնք, ո­րոնք դաշ­նակ­ցա­կան ­Պե­տո­յի, ար­մե­նա­կան Ա­ւե­տի­սեա­նի եւ հնչա­կեան ­Մար­տի­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ ­Վա­նի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան ա­ռա­ջին կռիւ­նե­րը մղած էին եւ ան­զէն հա­յե­րու վրայ յար­ձա­կող թրքա­կան զօր­քը ետ մղած էին։ Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց հիւ­պա­տոս­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ ու ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ՝ թուրք կու­սա­կա­լին եւ ­Վա­նայ հա­յոց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ գո­յա­ցած էր հա­մա­ձայ­նու­թիւն, ո­րուն հի­ման վրայ հե­րո­սա­բար կռուած ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս պէտք է հե­ռա­նար ­Վա­նէն։

Այդ ե­րի­տա­սարդ­ներն էին, զի­նեալ եւ ան­զէն տղաք, որ նոյ­նինքն ­Պե­տո­յի, Ա­ւե­տի­սեա­նի եւ ­Մար­տի­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ կ­þուղ­ղո­ւէին դէ­պի ­Սալ­մաստ՝ Ատր­պա­տա­կան, երբ թուր­քեւ­պարս­կա­կան սահ­մա­նը չհա­տած՝ յար­ձա­կու­մի են­թար­կո­ւե­ցան եւ կո­տո­րո­ւե­ցան Շա­րաֆ պէ­յի ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բին կող­մէ։

Հայ­կա­կան ա­րիւ­նի այդ­պէս վա­տա­բար ու ա­նարգ հե­ղու­մը, քիւրտ հրո­սակ­նե­րու ձե­ռամբ, ան­պա­տաս­խան եւ ան­պա­տիժ չէր կրնար մնալ ու չմնա՛ց։

Եւ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը ե­կաւ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան այդ հա­տո՛ւ պա­տաս­խա­նը անջն­ջե­լիօ­րէն խա­րա­նե­լու ­Հա­յը սե­փա­կան Երկ­րին մէջ կո­տո­րե­լու ե­լած ա­մէն կար­գի ո­սոխ­նե­րու ճակ­տին։
Թր­քա­կան բռնա­տի­րու­թեան ծա­ռա­յա­կո­չո­ւած ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բը այդ­պէ՛ս ստա­ցաւ իր ար­դար պա­տի­ժը։

Իսկ ­Հայ­րե­նա­տէր ­Հա­յը վե­րա­կանգ­նեց իր ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը՝ դա­րե­րու գե­րու­թե­նէ ետք հայ­կա­կան այ­րու­ձի կազ­մե­լով եւ ի հե­ճուկս պարս­կա­կան, ռու­սա­կան թէ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց ճնշու­մի զօր­քե­րուն, սե­փա­կան հո­ղին ու կեան­քին տի­րու­թիւն ը­նող պատ­ժա­կան այդ ար­շա­ւան­քին ձեռ­նար­կե­լով։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը շատ եր­կար մտա­ծեց եւ նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թեան ու յա­ջո­ղու­թեան բո­լոր ե­րես­նե­րով եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով քննեց ու կշռա­դա­տեց իր քայ­լը, գործ­նա­կան ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թեան դի­մե­լէ ա­ռաջ։ ­Հարկ ե­ղաւ սպա­սել մին­չեւ 1896ի տա­րե­վեր­ջին եւ 1897ի տա­րես­կիզ­բին ­Թիֆ­լի­սի մէջ Հ.Յ.Դ. ­Ռա­յո­նա­կան ­Ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մին՝ եզ­րա­կաց­նե­լու եւ ո­րո­շե­լու հա­մար, որ ա­յո՛, պէ՛տք էր այդ­պէս՝ մե­ծա­թիւ ար­շա­ւա­խում­բով մը քրտա­կան ցե­ղա­խում­բը պատ­ժել եւ, նախ, անհ­րա­ժեշտ դա­սը տալ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք հա­յու ա­րիւն կը հե­ղէին՝ ան­պատ­ժե­լիու­թեան ա­պա­ւի­նե­լով։ Միա­ժա­մա­նակ՝ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու, ­Մար­տիկ­նե­րու եւ ­Պե­տո­նե­րու նա­հա­տա­կու­թեան վրէ­ժը լու­ծել։ Ու, տա­կա­ւին, հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ջար­դա­րար ­Սուլ­թա­նին, թէ՛ ­Պի­ղա­տո­սի պէս ձեռ­քե­րը լո­ւա­ցող Եւ­րո­պա­յին ազ­դա­րա­րել, որ այ­լեւս կա­րե­լի չէ բիրտ ու­ժով լռու­թեան մատ­նել կամ ա­րեան բաղ­նիք­նե­րու մէջ խեղ­դել փոր­ձել հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի մար­տու­նակ ձայ­նը։

Ա­ռա­ջին հեր­թին, հայ ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տագ­րա­կից քրտա­կան ցե­ղա­խում­բե­րը մեծ մա­սամբ ի վեր­ջոյ հասկ­ցան, որ ի­րենց իսկ ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ շա­հե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան սի­րոյն զէնք պէտք չէ բարձ­րաց­նէին հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր յե­ղա­փո­խա­կան զա­ւակ­նե­րուն դէմ։ ­Սուլ­թա­նին կող­մէ զի­նո­ւած, հո­վա­նա­ւո­րո­ւած եւ հա­յոց դէմ ար­ձա­կո­ւած, ա­րիւ­նա­լի կո­տո­րա­ծի ձեռ­նար­կած ու ան­պա­տիժ մնա­ցած քրտա­կան ցե­ղա­խում­բե­րէն շա­տեր ի վեր­ջոյ սթա­փե­ցան եւ անդ­րա­դար­ձան, թէ թշնա­մին հայն ու ­Հա­յաս­տա­նը չեն, այլ՝ նոյ­նինքն թրքա­կան պե­տու­թիւնն է։

Ա­ւե­լի՛ն. ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բին եւ ա­նոր մե­ծա­ւո­րին՝ ­Շա­րաֆ պէ­յի օ­րի­նա­կով ա­նուղ­ղայ բար­բա­րոս­նե­րուն տրո­ւե­ցաւ այն­պի­սի՛ «հա­մո­զիչ» դաս, որ բո­լորն ալ անդ­րա­դար­ձան, թէ այ­լեւս կա­րե­լի չէ հա­յու ա­րեան ու ինչ­քին հետ այդ­պէս վա­րո­ւիլ՝ ան­պա­տիժ սպան­նել ու յափշ­տա­կել, գող­նալ ու ա­ւե­րել։

Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին ան­մո­ռա­նա­լի դա­սե­րուն վեր­ջի­նը, այ­լեւ կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը ե­ղաւ այն, որ նոյ­նինքն ­Սուլ­թա­նին եւ ա­նոր հի­ւանդ մար­դու սնա­րին շուրջ հա­ւա­քո­ւած, միայն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «ժա­ռան­գէն» ա­ռիւ­ծի բա­ժին խլե­լու կայ­սե­րա­պե­տու­թեամբ կու­րա­ցած եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րուն հարկ էր լսե­լի ու հասկ­նա­լի դարձ­նել միեւ­նոյն հա­տու պատ­գա­մը. ­Հա­յը այ­լեւս ան­ցեա­լի ռա­յան ու ստրու­կը չէ, այլ՝ ազ­գա­յին իր ի­րա­ւունք­նե­րուն, Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար «Ա­զա­տու­թիւն կամ ­Մահ» վճի­ռով զէնք բարձ­րա­ցու­ցած անն­կուն մար­տիկն է։
Թէեւ իր շղթա­յա­զերծ­ման ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կը նոր ա­ւար­տած էր հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան պոռթ­կու­մը, այ­սու­հան­դերձ՝ ար­դէն կտրած էր ինք­նա­հաս­տատ­ման այն­քան կա­րե­ւոր ու­ղի, որ ի վի­ճա­կի էր այդ­պէս՝ 250է ա­ւե­լի մար­տիկ­նե­րով ար­շա­ւա­խումբ կազ­մա­կեր­պել եւ պատ­ժել հայ ժո­ղո­վուր­դին ու հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն սպառ­նա­ցող «ցեց»ե­րը…

1897ի տա­րես­կիզ­բին գու­մա­րո­ւած թիֆ­լի­սեան իր ­Ռա­յո­նա­կան ժո­ղո­վէն եւ ա­նոր հաս­տա­տած ա՛յս ո­րո­շու­մէն ետք ալ, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց յե­ղա­փո­խա­կան շրջա­հա­յե­ցու­թեամբ շար­ժիլ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քի կազ­մա­կերպ­ման իր աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան քայ­լե­րուն մէջ։ ­Մին­չեւ ­Յու­նիս 1897 շա­րու­նա­կո­ւե­ցան բուռն քննար­կում­նե­րը եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած եւ ­Ռա­յո­նա­կան ­Ժո­ղո­վի հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած պատ­ժա­կան ար­շա­ւա­խում­բի ա­ռա­ջար­կին շուրջ։ ­Թէեւ ոչ ոք վի­ճե­լի կը նկա­տէր հա­յոց ազ­գա­յին­–ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին կեն­սու­նա­կու­թիւնն ու մար­տու­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, այ­դու­հան­դերձ՝ կա­յին հիմ­նա­ւոր ա­ռար­կու­թիւն­ներ այդ­պի­սի մե­ծա­թիւ ար­շա­ւա­խում­բով ցու­ցա­կան քայ­լի մը ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան, նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թեան եւ, ին­չու ոչ, նաեւ յա­ջո­ղե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան հան­դէպ։

Ատր­պա­տա­կան հա­ւա­քո­ւե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու եւ ֆե­տա­յի­նե­րու ամ­բողջ փա­ղանգ մը։ ­Հոն էին ­Նի­կոլ ­Դու­մանն ու ­Վար­դա­նը (­Մեհ­րա­պեան), իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեանն ու ­Կա­րոն (Ա­րիս­տա­կէս ­Զօ­րեան, ­Ռոս­տո­մի կրտսեր եղ­բայ­րը), ­Յա­րու­թիւն Շահ­րի­կեանն ու ­Վազ­գէ­նը (­Տիգ­րան ­Տէ­րո­յեան), ­Գուր­գէնն (­Պաղ­տա­սար ­Մա­լեան) ու Սեւ­քա­րե­ցի ­Սա­քոն, Ք­րիս­տա­փոր Օ­հա­նեանն ու ­Գա­լուստ Ա­լո­յեա­նը, ­Փո­խիկն ու Ախ­պե­րը, տա­կա­ւին նո­րա­գիր պարզ զի­նո­ւոր Անդ­րա­նիկն ու շատ–­շա­տեր։ ­Շուրջ ե­րեք հա­րիւ­րի կը հաս­նէր ա­նոնց թի­ւը։

Ար­շա­ւա­խում­բի գա­ղա­փա­րին հա­մա­ձայն չէին Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի, ­Վար­դա­նի եւ ­Վազ­գէ­նի տա­րո­ղու­թեամբ հե­ղի­նա­կա­ւոր գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք Երկ­րի մէջ՝ յատ­կա­պէս Վաս­պու­րա­կա­նի տա­րած­քին, յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջին կա­ռոյց­նե­րու եւ դաշ­նակ­ցա­կան կուռ կազ­մա­կեր­պու­թեան ստեղծ­ման ռահ­վի­րա­նե­րը ե­ղած էին։ Ա­նոնք կը նա­խընտ­րէին զի­նա­կան թէ մարդ­կա­յին ու­ժե­րը խնա­յո­ղա­բար գոր­ծա­ծել, շա­րու­նա­կել լուռ եւ ա­նաղ­մուկ կազ­մա­կերպ­չա­կան գոր­ծը ու նոր թափ տալ Երկ­րի զին­ման եւ մար­տա­կան ու­ժե­ղաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ խու­սա­փե­լով ցու­ցա­կան քայ­լե­րէ, ո­րոնք մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ ա­ւե­լի ազ­դու կրնա­յին ըլ­լալ։ ­Մա­նա­ւանդ որ նոր պա­տա­հած էր ­Պոլ­սոյ մէջ Օս­մա­նեան Դ­րա­մա­տան գրաւ­ման ցու­ցա­կան քայ­լը։

Բայց ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի եր­կա­թեայ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ։ Ան կրցաւ պատ­ժա­կան ար­շա­ւա­խում­բի գա­ղա­փա­րին շուրջ հա­մա­խո­հու­թիւն ա­ռա­ջաց­նել։ Դու­մա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն ջերմ պաշտ­պանն էր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի կող­մէ ու­ղար­կո­ւած լիա­զօ­րը՝ ­Յա­րու­թիւն ­Շահ­րի­կեան, որ ­Թաւ­րիզ ա­ռա­քո­ւած էր յատ­կա­պէս Ար­շա­ւան­քին վե­րա­բե­րեալ ­Ռա­յո­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը փու­թաց­նե­լու յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։ Հ.Յ.Դ. Ատր­պա­տա­կա­նի Կ. ­Կո­մի­տէն ­Յու­նի­սի վեր­ջե­րուն վճռա­հա­տեց հար­ցը՝ ար­շա­ւա­խում­բի կազ­մու­թիւ­նը ա­րա­գաց­նե­լով եւ, զու­գա­հե­ռա­բար, Վազ­գէ­նին ու ­Գուր­գէ­նին յանձ­նա­րա­րե­լով, որ լա­ւա­պէս զի­նո­ւած 30 հո­գի­նոց խում­բով մը ուղ­ղո­ւին դէ­պի ­Վան ու ­Սա­սուն։

Նոյ­նինքն ­Վար­դան եւ Իշ­խան Ար­ղու­թեան նշա­նա­կո­ւե­ցան ար­շա­ւա­խում­բի հրա­մա­նա­տար եւ օգ­նա­կան հրա­մա­նա­տար։ ­Հա­րիւ­րա­պետ­ներ նշա­նա­կո­ւե­ցան ­Փո­խիկ եւ Ախ­պեր։
Իսկ ­Նի­կոլ ­Դու­ման, որ գլխա­ւոր դար­բինն էր պատ­ժա­կան Ար­շա­ւան­քի գա­ղա­փա­րին, նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ար­շա­ւա­խում­բի չորս յիս­նա­պետ­նե­րէն մէ­կը։ Ճշ­դո­ւե­ցան նաեւ տաս­նա­պետ­նե­րը։ ­Սեւ­քա­րե­ցի ­Սա­քո­յին վստա­հո­ւե­ցաւ ձիա­ւոր խում­բի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Եւ 21էն 25 ­Յու­լիս 1897ին ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը։

25 ­Յու­լիս 1897ին ­Խա­նա­սո­րի դաշ­տին վրայ գտնո­ւող ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բի բո­լոր տղա­մար­դիկ ա­րեամբ քա­ւե­ցին ի­րենց մեղ­քը։ ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ձեռք չեր­կա­րե­ցին կա­նանց եւ մա­նուկ­նե­րու վրայ։ ­Դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րու այդ վե­հանձն գա­ղա­փա­րա­կա­նու­թե­նէն օգ­տո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն ­Շա­րաֆ պէյ, որ կա­նա­ցի հա­գուստ հա­գած կրցաւ ճո­ղոպ­րիլ։ Ս­պան­նո­ւե­ցաւ նաեւ ա­նոր անձ­նա­կան հիւ­րը ե­ղող թուրք հա­րիւ­րա­պե­տը։

Եր­գին բա­ռե­րով՝

Սոս­կաց քիւր­տը՝ լե­ղա­պա­տառ մազ­րիկ­ցին,
Չէր ե­րա­զեր ջնջո­ւել ի սպառ քաջ ֆե­տա­յու գնդա­կէն:

— Եա­մա՜ն, Աս­տո­ւած, ֆե­տան ե­կաւ, ո՞ւր փախ­չինք,
Ը­սաւ որ­դուն կրծքին սեղ­մած լե­ղա­պա­տառ քրտու­հին։

— ­Մի՛ վա­խե­նար, հան­գիստ կե­ցիր, պա­ճի ճան,
Կա­նանց եր­բեք ձեռք տա­լու չէ վրէժխն­դիր քաջ ֆե­տան:

Ար­շա­ւա­խում­բը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տեց իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, բայց դէ­պի պարս­կա­կան սահ­ման նա­հան­ջի իր ճամ­բուն վրայ ընդ­հա­րում­ներ ու­նե­ցաւ մեր­ձա­կայ լեռ­նե­րէն խու­ժած քիւրտ զի­նեալ­նե­րու հետ։
Մ­ղո­ւե­ցան բուռն կռիւ­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ար­շա­ւա­խում­բը ու­նե­ցաւ ծանր կո­րուստ. նա­հա­տա­կո­ւե­ցան քսան մար­տիկ­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ հա­րիւ­րա­պե­տի օգ­նա­կան ­Կա­րոն, յիս­նա­պե­տի օգ­նա­կան­ներ ­Խա­նը, Կ­րե­տա­ցին եւ ­Սա­ղա­թէլ խան ­Զօհ­րա­պեա­նը, ինչ­պէս նաեւ տաս­նա­պետ­ներ ­Շա­ւարշն ու ­Խա­չի­կը։

Այ­սօր 120 տա­րի ան­ցած է ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քի պատ­մա­կան այդ օ­րէն, բայց կար­ծէք նաեւ այ­սօ­րո­ւան մեր սե­րունդ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած պատ­գամ էր ար­շա­ւա­խում­բի հրա­մա­նա­տա­րին՝ ­Վար­դա­նի կո­չը ­Խա­նա­սոր ար­շա­ւող­նե­րուն.–

«­Ցոյց տանք մեր հա­սա­րա­կու­թեան թե­րա­հա­ւատ մա­սին, որ ըն­դու­նակ ենք յե­ղա­փո­խա­կան — թէեւ ան­հա­ւա­սար — կռի­ւը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ռաջ տա­նե­լու. ցոյց տանք ամ­բողջ աշ­խար­հին, որ հայն էլ գի­տէ կռո­ւել ա­զա­տու­թեան հա­մար»։ Ի­րա­պէս ալ, նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի շար­քե­րուն մէջ, ­Խա­նա­սո­րի յան­դուգն Ար­շա­ւան­քը կամ­քեր կռա­նեց եւ ինք­նավս­տա­հու­թիւն ջրդե­ղեց։
Հայ­րե­նի հո­ղին, սե­փա­կան ինչ­քին ու պա­տո­ւին տէր ու տի­րա­կան կանգ­նե­լու յանդգ­նու­թեամբ լե­ցուց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու սիրտն ու միտ­քը։
Զ­գաս­տա­ցուց քիւրտն ու թուր­քը։

Իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց տէր կանգ­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան առ­ջեւ դրաւ ա­զա­տա­խոհ Եւ­րո­պան։
Եւ յատ­կա­պէս հայ ազ­գա­յին­–ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման առ­ջեւ բա­ցաւ կռի­ւը նո­րո­վի թա­փով շա­րու­նա­կե­լու եւ ծա­ւա­լե­լու լայն հո­րի­զոն­ներ՝ ան­խու­սա­փե­լի ան­կում­նե­րու եւ հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րու ար­նա­ներկ ճամ­բով վե­րա­կանգ­նե­լով ­Հայ­րե­նա­տէր Հա­յուն ազ­գա­յին՝ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կա՛ն ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը։

Ն.

Տպել Տպել