Համաչափութեան թերի սկզբունքը

«Համաչափ» եզրոյթի գործածութիւնը թէ՛ նախորդ իշխանութեան օրով և թէ՛ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բառապաշարին մէջ անխուսափելիօրէն տեղի կու տայ շփոթի և սխալ մեկնաբանութիւններու ոչ միայն մեր ներքին դաշտի քննարկումներուն մէջ, այլև մեր պետական դիւանագիտութեան։

Նախկին Նախագահ Սերժ Սարգսեան քանի մը առիթներով հրապարակաւ սպառնացած էր Բաքուի իշխանութիւններուն «հաւաստիք» տալով, որ հայկական կողմի պատասխանը «յաջորդ» ազրպէյճանական նախայարձակման ըլլալու էր «անհամաչափ»…Բայց այդ օրը իսկապէս չտեսանք և յանկարծ մենք զմեզ գտանք Քառօրեայ Պատերազմի իրականութեան առջև և առանց համապատասխան պատրաստականութեան (preparedness)։

Այսօր, Վարչապետ Փաշինեան, իր կարգին, կ՚ապաւինի նոյն վերոյիշեալ եզրոյթին արտաքին աշխարհին առջև մեր քաղաքականութիւնը յստակացնելու յստակ միտումով։ Ան կը պնդէ, որ հայկական կողմի արձագանգը Ազրպէյճանի կողմէ որևէ խաղաղասիրական և անկեղծ կամարտայայտութեան ըլլալու է «համաչափ»…Նոյն ձևով ազրպէյճանական որևէ նախայարձակման դիմաց հայկական կողմի հակադարձութիւնը ըլլալու է…«համաչափ»։

Նորէն նոյն թակարդին մէջ կը գտնուինք և պարզ է, թէ ու՞ր թաղուած է այսօր առասպելական շան գլուխը… Մեղաւորը լեզուն չէ։ Մեղաւորը այն ռազմավարութիւնն է, որ Սերժ Սարգսեանի վարչակարգին կողմէ ի գործ դրուեցաւ մէկ ամբողջ տասնամեակ և որ ինք, իր կարգին, զայն փոխ առած էր Նախ. Քոչարեանէն և որ այժմ կը թուի յաջողապէս փոխանցուած ըլլալ մերօրեայ իշխանութեան։ Կարևոր չէ, թէ քանի անգամ և քանի ձևով Ազրպէյճան կ՚ոտնակոխէ Զինադադարի Պայմանագիրը և զոհեր կը խլէ մեր բանակի շարքերէն, մենք կը շարունակենք պնդել, որ մեր ռազմավարութիւնը պաշտպանողական է…Որմէ ինքնաբերաբար կը հետևի նաև այն, որ մենք ի վիճակի չենք «համաչափօրէն» վարելու մեր գործը։ «Համաչափօրէն հակադարձելու» գաղափարը ինքնին հականշային (oxymoron) տիպ է, եթէ մենք շարունակենք հաւատարիմ մնալ պաշտպանողական ռազմավարութեան գաղափարին և մեր ձեռքերը ի յառաջագունէ կապելուած պահել։

Ազրպէյճանական որևէ ոտնձգութեան պարագային, մեր պատասխանը սկզբունքով պէտք է ըլլայ «անհամաչափ», որպէսզի ըլլայ «համաչափ», որմէ և կը հետևի, որ պաշտպանողական ռազմվարութեան գաղափարը պէտք է հրապարակաւ սնանկ հռչակել։ Երբ թշնամի կողմը բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ ինք պատերազմի մէջ է մեզի դէմ և իր նպատակն է յափշտակել մեր հայրենիքը և բնաջնջել մեր ժողովուրդը, ան արդէն յստակացուցած է չափը իր ընելիքին։ Այս պայմաններուն մէջ, «համաչափութեան» թեման արդէն վաղուց սպառած է ինքզինք։

Կասկած չկայ, որ թշնամի կողմը կը պատրաստուի նոր արկածախնդրութեան։ Միայն ժամանակի խնդիր է։ Այդ մարտահրաւէրին մենք պիտի շարունակենք պատրաստ ըլլալ և մեր դիւանագիտութիւնն ալ պիտի գործէ նոյն օրակարգով։ Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ…Այսօր Նախարար Տօնոյեան պատգամ կը յղէր թշնամիին և միջազգային հանրութեան (ենթադրաբար, առաջին հերթին, Մոսկուայի), որ որևէ թշնամի արկածախնդրութեան պարագային հայկական կողմը կրնայ իր յատուկ զինատեսակները գործածելու «գայթակղութեան» մէջ գտնուիլ…Արդեօ՞ք կը խօսինք պաշտպանողական ռազմավարութիւնը վերջապէս թաղելու մասին։ Արդեօ՞ք եկած է օրը իրապաշտ քաղաքականութեան։ Արդեօ՞ք եկած է օրը այն քաղաքականութեան, որ իր մէջ պիտի ընդգրկէ ամբողջութիւնը մեր ազգային կարողականութիւններուն…Արդեօ՞ք արդէն ուժի մէջ է բազմամակարդակ մեր ռազմավարութիւնը, որ պիտի ըլլայ մեր յաղթանակի ռազմավարութիւնը (winning strategy)։

Ըսէ՛ք «ԱՅՈ», Պր. Վարչապետ։

Կարօ Արմենեան
Յուլիս 25, 2018
Ուաշինկթըն

Տպել Տպել