Ակնարկ. Անգարայի Ինքնադասակարգումը Մոսկուայի Եւ Թեհրանի Կողքին

Ուաշինկթընի կողմէ երեք ուղղութեամբ միաժամանակեայ կը կիրարկուի տնտեսական պատժամիջոցներու քաղաքականութիւն: Եթէ Մոսկուայի եւ Թեհրանի նկատմամբ յայտարարուած պատժամիջոցները ունին հիմնականին մէջ տնտեսական բնոյթ, ապա Անգարայի դէմ ցարդ կիրարկուածը ամերիկացի քարոզիչի ձերբակալման եւ բանտարկման գործընթացին դերակատար եղած երկու նախարարներու ուղղութեամբ է: Բնոյթով` ոչ տնտեսական: Սակայն Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու թէժացման առընթեր թրքական լիրայի կտրուկ արժեզրկումը մտածել կու տայ, որ երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուած իրավիճակի զարգացման միտումները տնտեսական հետեւանքներ պիտի ունենան անմիջականութեան կշռոյթով:

Տնտեսագիտական առումով փորձագիտական վերլուծում պէտք է` ընդունելու համար այն եզրակացութիւնը, որ երկու նախարարներու նկատմամբ տրուած որոշումին գծով ինչ տեսակ քայլեր պէտք է ձեռնարկուած ըլլան, որոնք ազդած են ամբողջ երկրի ֆինանսական համակարգին վրայ: Առանց տնտեսական պատժամիջոցներ պաշտօնապէս որդեգրելու Անգարայի մօտ արդէն կայացած է այն յստակ միտումը երկրի դրամանիշի կտրուկ արժեզրկումին պատճառը Ուաշինկթընը նկատելու:

Այսպէս. Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն անհեռանկարային նկատած է իր երկրին վրայ տնտեսական ճնշում գործադրելու փորձերը, այդ շարքին` ֆինանսական համակարգի ապակայունացման ճանապարհով:

Նկատենք, որ Թուրքիոյ ֆինանսատնտեսական տագնապը, թէկուզ ոչ կտրուկ այս կշռոյթով, այնուամենայնիւ սկսած էր արդէն ամերիկացի քարոզիչին ձերբակալուելէն եւ այդ քայլին պատճառով երկու նախարարներուն դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներէն բաւական առաջ: Հիմա արդէն ֆինանսատնտեսական ճգնաժամը թեւակոխած է նոր հարթութիւն: Թուրքիոյ նախագահին համոզումով, տնտեսական ճնշումի քաղաքականութեան հետեւանքով, որ ըստ անոր` անհեռանկարային է:

Թէեւ Ուաշինկթընի ուղղուած հասցէականութիւնը ուղղակի չէ, բայց ուղերձը պարզ է: Հիմա լարուածութեան առումով թիրախը մէկ է, եւ բոլոր ուղղակի կամ անուղղակի մեղադրանքները այդ ուղղութեամբ կ՛արձակուին:

Անգարայի յայտարարութիւններուն մէջ կայ առանցքային մօտեցում: Թեհրանին եւ Մոսկուային ուղերձ յղել, որ Անգարան միեւնոյն դասակարգումին տակ է, եւ ինչպէս ռազմավարական նոր առանցքի իր գործընկերները, ինք եւս կ՛ենթարկուի Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ճնշամիջոցներուն: Թէեւ, Թեհրանն ու Մոսկուան ո՛չ միայն կ՛ենթարկուին արդէն տնտեսական պատժամիջոցներուն, այլ տարբեր երկիրներուն եւս կոչ կ՛ըլլայ միանալու պատժամիջոցային ընդհանուր քաղաքականութեան: Անգարա դեռ հոն չհասած ինքզինք կը դասէ միւս «զոհերու» շարքին:

Այս ինքնադասակարգումը կրնայ նպաստել Անգարա-Թեհրան եւ Անգարա-Մոսկուա յաւելեալ մերձեցման եւ համագործակցութեան ձեւաւորման ենթահողը ամրացնելու առաջադրանքին:

Փորձենք սակայն Երեւանէն դիտել այս նոր գործընթացները` անմիջապէս նկատելու համար, որ տնտեսական պատժամիջոցային քաղաքականութեան ենթակայ են սահմանակից Իրանը, սահմանամերձ ռազմավարական գործընկեր Ռուսիան, սահմանակից (թէկուզ փակ սահմանով) Թուրքիան, որ իր ֆինանսատնտեսական ճգնաժամը անհեռանկարային կը նկատէ, եւ որ սակայն կը վերագրէ միեւնոյն պատժող պետութեան: Եւ ենթադրենք, որ թրքական լիրայէն կամ իրանեան ռիալէն աւելի ռուսական ռուբլիի արժեզրկումն է, որ կրնայ որոշակի ազդեցութիւն ունենալ մեր երկրի ֆինանսատնտեսական իրավիճակին վրայ:

Տնտեսական տագնապները կրնան ապակայունացնել երկիրներու հասարակութիւնները: Երբ Էրտողան կը խօսի իր երկրի ֆինանսական համակարգին անկայունացման նպատակով գործադրուող ճնշումներուն մասին, ըստ էութեան կը զգուշացնէ իր ժողովուրդը ներթրքական հասարակութեան ապակայունացման վտանգէն: «Եթէ անոնք տոլարներ ունին, ապա մենք ունինք մեր ժողովուրդը, իրաւունքն ու Ալլահը», ըսած էր Թուրքիոյ նախագահը: Պարզ է ուղերձը. ժողովրդային զանգուածները պէտք է շարունակեն համախմբուած մնալ պետութեան շուրջ` կանխարգիլելու համար Ուաշինկթընի կողմէ կիրարկուող տնտեսական քաղաքականութեամբ ներքին անկայունութիւն ստեղծելու իրավիճակի դիմակայման համար: Անգարայի ուղղութեամբ տակաւին պատժամիջոցներ չեն որդեգրուած, այսուհանդերձ թրքական լիրան կտրուկ կ՛արժեզրկուի, եւ Էրտողան ըստ էութեան կը խօսի Թուրքիոյ ապակայունացման մասին: Թրքական լիրայի յաւելեալ արժեզրկումը կամ վերարժեւորումը կրնայ լոյս սփռել Թեհրանի եւ Մոսկուայի կողքին Անգարայի ինքնադասակարգումի քաղաքական շարժառիթներուն վրայ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել