Հայեացքով՝ Դէպի Ապագայ

Այսօր «Ասպարէզ»ը 110 տարեկան դարձաւ: Այս տարիքը որքա՛ն ալ թերթի յարատեւութեան հարցով մեզ ինքնավստահութիւն ներշնչէ, մեր ժամանակներու արագ զարգացումները, առաջին հերթին՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նուաճումները եւ անոնց լոյսին տակ հասարակութեան հետաքրքրութիւններուն յագուրդ տալու անսահման ու այլազան հնարաւորութիւնները կրնան թերթի ու մանաւանդ տպագիր օրաթերթի գոյութիւնը հարցականի ենթարկել:

Ի՞նչ կարիք կայ այս օրերուն մեծ ծախսերու գնով թերթ տպագրել, երբ ամէն մարդ կը նախընտրէ առցանց միջոցներէ օգտուիլ: Այս հարցումը աւելի այժմէական կ՛ըլլայ մանաւանդ, երբ խմբագրութիւնը, ինչպէս այս օրերուն, դիմէ հանրութեան՝ նիւթական զօրակցութիւն խնդրելով: Թերթի ընթերցող մը, որ նաեւ մեզ միշտ նիւթապէս զօրակցած է, կ՛առաջարկէ տպագիր թերթը դարձնել շաբաթաթերթ եւ մնացեալ օրերը բաւարարուիլ առցանց թողարկումներով: Միայն տպագրութեան եւ թղթատարի մեր ծախսերը կը գերազանցեն չորս հարիւր հազար տոլարը, եւ ասիկա անշուշտ ծանր բեռ է թերթին: Մենք ուրախ ենք, որ մեծ է մեր բաժանորդներուն պատրաստակամութիւնը հոգալու այս ծախսը՝ իրենց բաժանորդագրութեան եւ նուիրատուութիւններուն ճամբով:

Անցեալ տարի մենք կամաւոր հիմունքներու վրայ բարձրացուցինք բաժանորդագրութիւնը՝ յիսուն տոլարով: Անշուշտ մտահոգ էինք, որ շատ քիչեր պիտի ընդառաջէին մեզ, իսկ ոմանք նոյնիսկ սխալ հասկնալով (կարծելով, որ նոր սակագինը պարտադիր է)՝ պիտի դադրեցնէին իրենց բաժանորդագրութիւնը: Երկու պարագային ալ մեր մտահոգութիւնները անհիմն դուրս եկան: Այս փաստը կը քաջալերէ՛ մեզ:

Մեզ խթան կը հանդիսանայ նաեւ ընդհանրապէս թերթին ցուցաբերուած համայնքին դրական եւ հոգատար վերաբերմունքը, որ կը դրսեւորուի լիաբուռն նուէրներով՝ յատկապէս տարեդարձի տօնակատարութեան ծիրէն ներս:

Անցեալի մեր փորձերը՝ առցանց ընթերցողներու աջակցութիւնը ստանալու, ցարդ յաջողութիւն չե՛ն գտած: Տակաւին այդ մշակոյթը չէ ստեղծուած մեր առցանց ընթերցողներու լայն շրջանակին մէջ: Պէտք է ըսել, որ այս հանգրուանին, գրեթէ բոլոր հայկական առցանց միջոցները անվճար են ու մենք չենք կրնար ըլլալ առաջինը՝ վճարովի դարձնելու այդ ծառայութիւնը: Մեր առցանց գովազդային եկամուտները օրէ օր կ՛աւելնան, սակայն տակաւին շատ հեռու են մեր ծախսերը բաւարարելէ: Ուրե՛մն, մենք յանձնառու կը մնանք թերթին տպագիր տարբերակը իր ներկայ յաճախականութեամբ պահելու, միաժամանակ՝ փորձելով առցանց մեր թողարկումները աւելի ճոխացնել, աւելի թարմացնել ու երիտասարդականացնել՝ յաջորդ սերունդին հետ մեր երթը շարունակելու վճռականութեամբ։

«ԱՍՊԱՐԷԶ»
14/08/218

Տպել Տպել