Օսմանեան Արդի Կայսրութիւնը՝ Վիժելու Վրայ

ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԷՆՃԵԱՆ

Բոլորս կը յիշենք վերջին վեցամսեակին եւ յատկապէս նախորդ շաբաթներուն Թուրքիոյ հռետորական բարբանջանքները: Օրինակ՝ օր մը նախագահ Էրտողան յայտարարեց որ իսլամական խալիֆայութիւնը պիտի վերականգնեցնէ (արաբական երկիրներ դէմ արտայայտուեցան ծրագիրին):

Ան նաեւ յատարարեց, որ «Թուրքիա շարունակութիւնն է Օսմանեան փառապանծ կայսրութեան (ուրեմն այսօրուան Թուրքիան իր նախնիներուն ոճիրին համար պարտադրաբար յանցաւոր է):

Ապա ան զգայացունց յայտարարութիւն մը ըրաւ. «Լօզանի Դաշնագիրը պէտք է վերանայուի, որովհետեւ այդ ժամանակ Թուրքիա տկար ըլլալով, շատ բան կորսնցուցած էր (Յունաստան անմիջապէս հակադարձեց եւ ժանիքները ցոյց տուաւ):

Եւ այսպէս, օր մը նախագահ Էրտողան, օր մը իր խօսնակը, ուրիշ անգամ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու (լաւ որ ալպայօղլու չէր), ուրիշ օր մը խորհրդարանի նախագահը ետեւ ետեւի զանազան յոխորտալի արտայայտութիւններ ունեցան, իբրեւ թէ իրենց երկիրը գերպետութիւն դարձած ըլլար եւ շրջանին՝ Միջին Արեւելքին կ՛իշխէր: Օձի լեզու գործածելով, Թրամփին համոզեցին, որ Սուրիոյ քիւրտ կազմակերպութիւններու անդամները ահաբեկիչներ էին. Ամերիկան համոզուեցաւ՝ ի հեճուկս քիւրտերու անկախութեան երազներուն: Իրար ետեւէ սուրիական քաղաքներ գրաւեց Ամերիկայի մեղսակցութեամբ, իր ուժերը տեղադրեց Իտլիպի շրջանը եւ այնպէս թուեցաւ որ Սուրիոյ հիւսիսը գրաւուած էր թրքական զօրքերով: Ո՞վ կրնար զանոնք տեղահան ընել. ո՛չ ոք:

Ռուսիոյ հետ, նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ թուրքերը սկսան յարաբերութիւններ մշակելու եւ յայտարարեցին որ ազատ են իրենց բարեկամները որոշելու եւ անոնց հետ յարաբերելու. «ոչ ոքէ խրատի կարիք ունինք մեր գործերը վարելու համար»:

Նախագահ Էրտողան սպառնաց նոր յայտարարութեամբ մը՝ «Արեւմուտքը չի յիշեր Օսմանեան ապտակին ուժգնութիւնը»: Որպէսզի փաստէ, թէ Թուրքիա կը վերագտնէ իր օսմանեան փառքը եւ շրջանին մէջ տիրապետող պետութիւն է, սկսաւ սահմանէն դուրս ելլելու եւ ափրիկեան եւ հարաւային ամերիկեան երկիրներ այցելել պաշտօնական բնոյթով: Այդ այցելած երկիրներուն մէջ ալ Էրտողան շարունակեց իր կեղծ դիւանագիտութիւնը եւ այդ երկիրներուն խոստացաւ փառաւոր անցեալով Թուրքիոյ տնտեսական եւ քաղաքական աջակցութիւնն ու օգնութիւնը:

Տնտեսագէտները գիտէին Թուրքիոյ տնտեսութեան խարխուլ վիճակը եւ կը զարմանային շռայլուած խոստումներուն վրայ: Սակայն կը սպասէին՝ տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս պիտի իրականանային խոստումները:

Հոս հարց մը կայ. կ՛ենթադրեմ Թուրքիոյ նախագահը «փոքեր»ի բախտախաղ կը կարծէ խաղալ վտանգաւոր բաներ կատարելով, ինչպիսին՝ սպառնալիքներ արեւմտեան երկիրներուն՝ Եւրոպա եւ Ամերիկա ու «օսմանական ապտակ», Լօզանի դաշնագիր, զինուորական յարձակում Սուրիոյ վրայ, եւ ոչ-դիւանագիտական արտայայտութիւններ՝ ազատ ենք մեր բարեկամները որոշելուն մէջ կամ ազատ ենք ուզած երկրէն հարկ եղած բաներ գնելու: Բայց դիւանագիտութիւնը հռետորական բարբանջանք չէ, այլ կշռուած լեզու, կամ ըսենք բառախաղ:

Հակադարձութեան առաջին պատճառը եղաւ Ռուսիայէն զէնքեր գնելը, որ ՆԱԹՕի դաշնակից երկիրները վրդովեցուց: Ուզեցին հասկցնել, որ այդ քայլը սխալ էր: Արտաքին գործոց նախարարը պատասխանեց. «Մեզի պէտք եղած բանը, մեր ուզած երկրէն կրնանք գնել»:

Յանկարծ Էրտողան որոշեց նախագահական ընտրութիւններ իրականացնել՝ օտար երկիրներու աչքին փոշի նետելու համար եւ ներքին խնդիրները ծածկելու մտահոգութեամբ: Աշխարհը անակնկալի եկաւ, երբ կը սպասուէր, որ Նոյեմբերին կատարուին ընտրութիւնները: Ապա նոր նախարարական վարչութիւն մը պիտի կազմէր իր ձեռքին խաղալիք անձերով. Թուրքիոյ տնտեսութիւնը քայքայուած ըլլալով, իբրեւ փորձ՝ փորձեց ծածկել իրողութիւնը: Սպասուեցաւ որ համաշխարհային համբաւի տիրացած թրքահայ Տարօն Աճէմօղլու տնտեսութեան նախարար նշանակուի, վստահ ըլլալով, որ ան կրնար կասեցնել գահավէժ ընթացքը թրքական տնտեսութիւնը: Էրտողան նշանակեց իր ամէնէն մօտիկ անձը՝ իր քառասնամեայ փեսան, աղջկան ամուսինը, Պերաթ Ալպայրաքը: Հետեւեալ օրը թրքական լիրան որոշ չափով արժէզրկուեցաւ:

24 Յունիսի ընտրութիւններէն առաջ, Ամերիկայի Ծերակոյտը 18 Յունիսին վաւերացուց Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոց սահմանելու բանաձեւը, եթէ Թուրքիա գնէ ռուսական «ԷՍ-400» հակահրթիռային համակարգը: Թուրքիա յոխորտալով սպառնաց եւ վարչապետը հետեւեալ օրը «մտահոգիչ» որակեց Ծերակոյտին որոշումը, որ «կը հակասէ մեր միջեւ եղած ռազմավարական եւ դաշնակցային ոգիին»:

Մինչ այդ Ամերիկայի մէջ արտաքին գործոց նախարարը փոխարինուեցաւ եւ աւելի թրքամէտ մէկը եկաւ, որ ամէն անգամ հեռաձայնային կամ Անգարայի մէջ ուղղակի ներկայութեամբ «համաձայնութիւններ կը կնքէր» եւ թուրքերը կը հպարտանային իրենց կատարած խաղերով:

Յանկարծ նախագահ Թրամփ որոշեց Իրանը պատժելով՝ ծունկի բերել: Թուրքիա դարձեալ յոխորտալով դէմ արտայայտուեցաւ. «Մենք ստիպուած չենք հետեւելու Միացեալ Նահանգներու որոշումներուն եւ պիտի չմասնակցինք Իրանի դէմ կատարուած պատժամիջոցին»: Ճափոն ակամայ ընդունեց, իսկ Ամերիկայի «ամենավստահելի դաշնակիցը դէմ կ՛արտայայտուէր»: Եւրոպա մտահոգ էր այդ որոշումով եւ Մոկերինի կը յորդորէր եւրոպական ձեռնարկութիւնները, աշխուժացնելու Իրանի հետ առեւտուրը:

Տագնապը սրելու սկսաւ: Հարցը Իրանի դէմ պատժամիջոցը չէր, այլ գաղտնի ճանապարհով համաձայնուած էր, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած Էնտրու Պրանսըն պատուելին ազատ արձակուէր: Թրամփ համաձայնած էր, որ Իսրայէլի մէջ կալանաւորուած ահաբեկիչ կին մը ազատ արձակել պիտի տար: Խոստումը կատարուեցաւ, սակայն Թուրքիա փոխանակ պատուելին ազատ արձակելու, տնային կալանքի տակ դրաւ: Է՜հ, Թրամփի հետ մուկ-մո՞ւկ կը խաղաք երբ ան վրդոված է:

1 Օգոստոսին, պատիժները յայտարարուեցան: Թուրք երկու նախարարներ՝ արդարադատութեան նախարար Ապտիւլ Համիտ Կիւլ եւ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու, որոնք կապ ունէին պատուելին կալանաւորուած պահելուն մէջ, պատժամիջոցներու ենթարկուեցան: Ամերիկայի մէջ կամ ամերիկեան ենթակայութեան տակ եղող դրամատուներու մէջ անոնց ունեցած դրամական հաշիւները պիտի սառեցուէին եւ ամերիկեան հաստատութիւններ անոնց հետ պիտի չգործակցէին:

Հետեւեալ օրը, Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ պատժամիջոցներուն դէմ քայլեր պիտի առնուին եւ պիտի հակազդեն եւ «այս որոշումը, որ անարգալից միջամտութիւն է մեր իրաւական համակարգի գործերուն, մեծ վնաս պիտի հասցնեն երկու երկիրներուն միջեւ հարցերը լուծելու ուղղութեամբ»: Սպառնալիքը ծածկուած էր, բայց բացայայտ էր:

3 Օգոստոսին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցող արեւելեան Ասիոյ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին առիթով, Մեւլութ Չաւուշօղլու կը տեսնուի Մայք Փոմփէոյի հետ: Տեսակցութենէն ետք Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ դիւանագիտական մօտեցում որդեգրուած էր: Այո, թուրքերու համար դիւանագիտութիւնը ստախօսութիւն եւ խաբէութիւն կը նշանակէ, որուն մէջ կը գերազանցեն միւս բոլոր ազգերուն: Հանդիպումէն ետք Չաւուշօղլու շատ գոհ էր եւ կը հաստատէր, որ պիտի շարունակեն «սերտ համագործակցութեամբ լուծել հարցերը»: Յստակ էր Փոմփէօ խաբուած էր: Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի՝ Թրամփ եւ Էրտողան 15 Յուլիսին համաձայնած էին, որ թուրք կին ահաբեկիչ մը Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուի, որպէսզի ամերիկացի պատուելին ալ ազատուի:

Պատիժի ենթարկուող թուրք նախարարներէն մէկը հեգնանքով կը յայտարարէր, որ Ամերիկայի մէջ դրամ կամ տուն չունի, «նոյնիսկ «չէօփ» մը չունիմ. ի՞նչ պատիժ է այս»:

Արդէն ըսի, որ անպատկառ խօսքեր կ՛ըսեն ու կը սպառնան: Թուրքիա երկու տարի է որ կը պահանջէ Կիւլեն կոչուած թուրք իսլամ կրօնականը որ միլիառներու տէր է եւ Թուրքիոյ մէջ շատ համակիրներ ունի: Էրտողանը այսօրուայ դիրքին հասցնող անձն է, որ այժմ անբաղձալի է եւ դատական հետապնդումի առարկայ: Ամերիկայէն անոր վերադարձը կը պահանջուի առանց յաջողութեան: Թուրքիա ուրեմն առիթը գտաւ իր շանթաժը իրականացնելու, երբ տեսաւ որ Թրամփ անձնապէս հետաքրքրուած է պատուելիին ազատ արձակումով: Էրտողան հաշուի չառաւ, որ Թրամփ խաղալիք անձնաւորութիւն չէ, ոչ ալ Օպամա մըն է: Թրամփ հասկցաւ խաղը եւ անմիջապէս գործի անցաւ: Կը բաւէր թուրքերու ձեռքին խաղալիք դառնար: Սուսերամարտին մասնակցողները երկսայրի սուրեր ունէին: Էրտողան իր շուրջ հաւաքեց իր մարդիկն ու հակառակորդները: «ԼԱՒ» ընդդիմադիր կուսակցութեան խօսնակը առաջարկեց, որ Շիշլիի մէջ գտնուող Թրամփի աշտարակները գրաւեն: Միւս կողմէ ամերիկացի արդարադատութեան եւ ներքին նախարարներուն դէմ հակա-պատժամիջոցներ որոշեց կառավարութիւնը:

8 Օգոստոսը որոշուած էր իբրեւ ժամկէտ, որպէսզի պատուելին ազատ արձակուէր: Ժամկէտը անցաւ առանց արդիւնքի: Թուրքիա կը յամառէր իր պայմանին վրայ: Տրապիզոնի մէջ կայացած ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին նախագահ Էրտողան կատարեց ժամկէտի յայտարարութիւնը: Ժամկէտը անցնելէ ետք, Ամերիկայի մէջ յայտարարուեցաւ, որ թրքական ապրանքներուն վրայ կրկնակի մաքսատուրք պիտի գանձուի: Այս յայտարարութիւնը սարսափ ազդեց յաւակնոտ քաղաքագէտներուն վրայ: Թրքական լիրան թաւալգլոր կ՛ընթանար եւ տակաւին թուրք պատասխանատուները չէին զիջեր իրենց սխալ դիրքէն: Էրտողան ամբոխին առջեւ խօսելով՝ ըսաւ. «Ամերիկեան քրիստոնեայ եկեղեցիները կը ղեկավարուին գաղտնի կազմակերպութեան մը կողմէ, որուն մէջ FBI-ի եւ CIA-ի անդամներ կը գտնուին»: Շատ անարժէք սուտ մը՝ որուն ազդեցութիւնը աւելի ծանր է քան խօսքը:

Ուրբաթ, 10 Օգոստոսին, նախագահ Էրտողան յայատարարեց. «Անհեռանկարային է իր երկրին վրայ տնտեսական ճնշում բանեցնելը: Եթէ անոնք տոլարներ ունին, մենք ունինք մեր ժողովուրդը, իրաւունքն ու Ալլահը»: Սակայն լիրան կը շարունակէր իր անկումը։

Անգլիական «Տէյլի Մէյլ»ը գրեց, որ Ֆրանքֆուրթի մէջ սակարանները եւ դրամատուները «յարձակման» ենթարկուեցան եւ մարդիկ իրենց ունեցած եւրոպական դրամատուներու արժէտոմսերը ծախեցին, գիտնալով որ լիրայի անկումը հոն ալ պիտի ազդէր:

Թրքական լիրայի անկումը արձագանգեց Լատին Ամերիկայի, յատկապէս Արժանթինի մէջ: Եուրօ եւ փեսօ կապեր ունէին թրքական դրամատուներու հետ: Իսկ Թուրքիոյ մէջ, Կեդրոնական դրամատունը լիրան փրկելու համար, նախաձեռնութիւն չէր առներ եւ աւելին՝ կը մերժէր առնել: Յատուկ պատուիրակութիւն մը Ամերիկա եկաւ, իբր թէ համաձայնելու եւ տագնապը լուծելու: Բայց անամօթաբար ձախողեցաւ, որովհետեւ եկած էր խաղալու: Ամերիկայի մէջ կը սպասուէր որ պատուելին պատուիրակութեան հետ պիտի գար: Մեծ եղաւ զարմանքը, երբ նախագահ Թրամփի ակնկալած անձը եւ ուրիշ 15-20 ամերիկացիներ չէին եկած: Անոնք երկու հպատակութիւն ունեցող անձեր էին, որոնցմէ մէկը ՆԱԶԱի գիտնական մը. ձերբակալուած էին ահաբեկչութեան մասնակից ըլլալու սուտ մեղադրանքով: Կը կարծուի, որ այդ պատուիրակութիւնը վտարուեցաւ։

Ժատուիրակութիւնը մեկնեցաւ առանց որեւէ յայտարարութեան, մինչ Անգարայի մէջ կը սպասէին որ անիկա յաջողի իր խաղին մէջ:

Շաբաթ, 11 Օգոստոսին, ճշդուեցաւ որ թրքական լիրան 40 տոկոսով արժեզրկուած էր ամբողջ տարուան ընթացքին: «Ի՞նչ կրնայ պատճառ ըլլալ որ 15 Յուլիսին 2.8 ամերիկեան տոլար արժող լիրան այսօր 6 լիրա կ՛արժէ», ըսաւ Էրտողան՝ փոխանակ իրատես ըլլալու։ Տակաւին ան չէր ընդուներ որ ծունկի եկած էր: Ան կը դատապարտէր Ամերիկան, որ պատուելին կը փոխարինէր Թուրքիոյ հետ: «Ծախեցէ՛ք ձեր տոլարները եւ լիրա գնեցէք», կը յայտարարէր Էրտողան:

Երբ նկատի կ՛առնես ամիս մը առաջ յոխորտացող նախագահը եւ այժմու ինքնակորոյս ղեկավարը, կը հասկնաս, որ մարդը միայն ու միայն պոռոտախօս էր, դիւանագէտ չէր, հեռատես չէր: Կը յաւակնէր Հայաստանն ալ պատժել Ատրպէյճանի սիրոյն, առանց մտածելու որ արդեօք սա կարելի՞ էր:

Երեքշաբթի, 14 Օգոստոսին, ամերիկեան շուկան բարձր արժէքով փակեց օրը, իսկ Թուրքիոյ մէջ, շաբաթ մը տեւած մտավախութիւններէ եւ թրքական լիրայի անկումէն ետք, սակարանը հանդարտեցաւ: Հաւանաբար դրամ չմնաց ժողովուրդին մօտ: Հեռատեսիլի լուրերէն ցոյց կու տային, որ թուրքեր ամերիկեան տոլար կ՛այրէին՝ որպէս բողոքի նշան:

«Ֆորէյն Փալիսի Մեկըզին»ի մէջ հրատարակուեցաւ Սթիվըն Քուքի ստորագրութեամբ յօդուած մը, որուն խորագիրը այնքան իմաստալից է, որ յօդուածը կարդալու կարիք ալ չկայ: Խորագիրը հետեւեալն է՝ «Թրամփ Ամերիկացի Առաջին Նախագահն Է Որ Ճշդօրէն Հասկցաւ Թուրքիան»:

Յօդուածը կարդալու կարիքը կը տեսնէ՞ք:

asbarez.com

Տպել Տպել