Ակնարկ. Միջազգային Վարկի Ապահովման Դիտակէտով

Վարագոյրը իջաւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն վրայ: Ներհայաստանեան առումով տակաւին կը քննարկուի մասնակցութեան համեմատութիւնը. Ճշգրիտ տուեալներու հիման վրայ կը ներկայացուին քաղաքապետական նախորդ ընտրութիւններու մասնակցութեան քանակը, համապետական ընտրութիւններու եւ համայնքային ընտրութիւններու մասնակցութեան շարժառիթներու տարբերութիւնները եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի նախապէս ապահոված քուէներու չափն ու յետյեղափոխական իրավիճակին մէջ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ժողովրդային ընկալելիութեան խնդիրները:

Անկախ ներքին հարթութեան վրայ տարատեսակ մեկնաբանութիւններէն, կայ մանաւանդ արդար ընտրութիւններու մասնակցած ըլլալու թէ՛ ժողովրդային եւ թէ՛ քաղաքական ընդհանուր համոզուածութիւն:

Ահա այստեղ է, որ ներհայաստանեան կարեւորագոյն համայնքի ընտրութիւնները իրենց վրայ կը կեդրոնացնեն արտաքին գնահատականներու պաշտօնական արձագանգները: Միջազգային ընտանիքի տարբեր ներկայացուցիչները կը հաստատեն եւ դեռ տարբեր առիթներու պիտի հաստատեն ընտրական մշակոյթի նոր ոստում կատարած ըլլալու փաստը մեր երկրին մէջ:

Բացարձակ պարզամտութեամբ պէտք չէ մօտենալ անշուշտ նման գնահատականներու ապաքաղաքական ըլլալուն: Դէտերու, միջազգային կառոյցներու, գերտէրութիւններու արտաքին գործոց գերատեսչական բաժանմունքներու յայտարարութիւնները կը նկատեն եւ համապատասխանօրէն կ՛արժեւորեն այն, ինչ որ իրենք կ՛ուզեն նկատել եւ բնականաբար չեն նկատեր այն, ինչ որ չեն ուզեր նկատել:

Կը թուի այս պարագային, որ մեր երկրի ժողովրդավարացման միտող քայլերը մանրադիտակի տակ առնուած են: Եւ գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ իրադարձութիւնները կը ստանան դրական արձագանգներ: Թէ՛ թաւշեայ յեղափոխութիւնը, թէ՛ փտածութեան դէմ պայքարը եւ թէ՛ այժմ քաղաքապետական ընտրութիւնները իրենց վրայ հրաւիրած են ինչպէս գերտէրութիւններու, այնպէս նաեւ միջազգային ընտանիքի առնչուած տարբեր համաժողովներու ուշադրութիւնը:

Յայտարարողական մակարդակի միջազգային ընդհանուր դրական մթնոլորտի ցուցանիշներէն կը նկատուին Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը, ՄԱԿ-ի առաջին դէմքին հայաստանեան իրադարձութիւններուն տուած աննախադէպ գնահատականը, պատմական ակնարկներով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի տարածքային խնդիրներով նուրբ ուղերձներ փոխանցող Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով յղած շնորհաւորագիրները: Բնականաբար անոնք բոլորը ունին նաեւ աշխարհաքաղաքական-տարածաշրջանային ենթաշարժառիթներ, որոնք կու գան լրացնելու դէպի Երեւան դրական ազդակներ յղելու այդ երկիրներու ընդհանուր քաղաքականութիւնը:

Եւ ըստ էութեան անտեղի չէ Ազրպէյճանի նախագահին կանխահաս անհանգստութիւնը Երեւանի ընտրութիւններուն` միջազգային դէտերու տուած դրական գնահատականին ուղղութեամբ:

Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները իբրեւ կազմակերպման եւ կայացման եղանակ նախաբանային իմաստ ունին յառաջիկայ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն համար: Խորհրդարանական ընտրութիւններու համար ժամկէտներու ճշդման նպատակով խորհրդակցութիւններու մեկնարկի յայտարարութիւնը կատարուած է արդէն: Քաղաքական երկխօսութեան հարթակը պարտադիր է: Հասկնալի է, որ ընտրութեան արդիւնքները կրնան ազդեցիկ հանգամանք ունենալ խորհրդարանի լուծարման կամ քաղաքական բանաձեւումով` նոր իրադրութեամբ գոյացած իրավիճակին մէջ նոր խորհրդարանի ձեւաւորման որոշումի համակողմանի ընդունման առումով:

Հանգուցալուծումները իրաւական հարթութեան մէջ պահելու համակողմանի մօտեցումը կը նպաստէ մեր երկրի միջազգային վարկի ու հեղինակութեան բարձրացման, որուն ենթահողը յայտնապէս գոյացած է` նկատի ունենալով միջազգային դրական արձագանգներն ու հակառակորդի բացայայտ անհանգստութիւնները:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել